Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Մէկ Ազգ, Քանի Մը Ժողովուրդ

Յուլիս 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿ ՊԱԹԹԱԼԵԱՆ

Կան որքա՛ն ընդհանրացած ճշմարտութիւններ, որոնք ճգնաժամի պահերուն հարցականի տակ կը դրուին, եւ անոնց անվիճելիութիւնը վերատեսութեան ենթարկելով, կասկածներ կը յառաջանան` աւելի լարելով այդ պահու կացութիւնը: Այսպէս կարելի է բնութագրել ներկայ իրավիճակը հայութեան, որուն որոշ զանգուածներուն մէջ զարգացած են ատելութեան ու այլամերժութեան զգացումները, եւ տիրած է զանգուածային նեղ մտայնութիւնը: Այս ոչ ազգանպաստ պայմաններուն մէջ շատեր կը քարոզեն, որ հայութիւնը իր ներքին լուրջ հակասութիւններու պատճառով կորսնցուցած է ազգի հանգամանքը, եւ ատիկա վերադարձնելը կարելի է անոր շարքերը զտելով եւ կարգ մը հատուածներէ հայու կոչումը խլելով: Այս վերջինն ալ ներքին ճակատի սպառնալիքներէն ամէնէն վտանգաւորն է, որ կը պահանջէ լուրջ հետապնդում ու կտրուկ արմատախլում:

Նախ եւ առաջ պէտք է պարզ բացատրութիւն տալ ազգ հասկացողութեան շուրջ: Դասական ըմբռնումով, ան կը նշանակէ աշխարհատարածքի մը վրայ ապրող հաւաքականութիւն, որուն անդամներուն միջեւ կան մարմնային, մտաւոր ու հոգեւոր նման յատկութիւններ, որոնց միջոցով այդ հաւաքականութիւնը կը զատորոշուի միւսներէն: Այս ցեղային-պատմական ըմբռնումին կողքին, կան նաեւ այլ մօտեցումներ, որոնք կը կեդրոնանան ուրիշ գործօններու վրայ, օրինակ` անհատի կամքն ու նախընտրութիւնը, կամ քաղաքացիական-քաղաքակրթական արժանիքները եւ այլն:

Անդրադառնալով, մեր պարագային, ժամանակի եւ տեղի ազդեցութիւններու բերումով, խորթութիւններ ստեղծուած են հայ ազգի կազմութեան մէջ, եւ որոշ նիւթական ու բարոյա-հոգեբանական տարբերութիւններ յառաջացած են անոր զաւակներուն մօտ` հետագային դրսեւորուելով մշակոյթի, միտքի ու ապրումի ոլորտներուն մէջ: Ի հարկէ այդ տարբերութիւնները չարգիլեցին ազգային մակարդակի վրայ համագործակցութեան ու մտերիմ յարաբերութիւններու մշակման, սակայն հաստատ է նաեւ, որ այդ զանազանութիւնները իրենց տեղը գտան յարաբերական այդ ամբողջ եղանակին մէջ: Հասնելով մինչեւ 20-րդ դար` կերտեցինք պետականութիւն եւ անկախ թէ կիսանկախ պայմաններու մէջ աշխատեցանք համայն հայութիւնը դարձեալ համախմբել մէկ ստուերի տակ ու Երեւանը վերածել նոր Անիի, սակայն` ի զուր, երբեմն աւելի արմատացան տարբերութիւնները «ներսի եւ դուրսի միջեւ», շատ անգամներ ալ մէկը բոլորովին ուրանալով իր իւրայատկութիւնները` նոյնացաւ միւսին հետ: Այս բարդ յարաբերական ընթացքը կը շարունակուի մինչ օրս, երբեմն գեղեցիկ համերաշխութեամբ, իսկ յաճախ ալ` բիրտ փոթորկումով: Այս առումով, խնդրայարոյց նմուշներէն մէկն է քաղաքական հարցերու շուրջ ըմբռնումներու եւ մտածողութիւններու տարբերութիւնը, որ շատ անգամ պատճառ դարձած է զիրար չհասկնալու, եւ այդ պատճառով ալ` զիրար մերժելու, պարսաւելու:

Դժբախտաբար պարտութեան ու յուսախաբութեան ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի խորացած են այդ տարբերութիւնները եւ հասած` իրենց գագաթնակէտին: Այժմ հայկական աշխարհին մէջ ոչ թէ քաղաքական աշխարհահայեացքներու ու տեսլականներու բնական տարբերութիւն կայ, այլ` ուղղակի հակասութիւն, ինչ որ լուրջ մտահոգութիւն է, որովհետեւ կը խոչընդոտէ մէկ ազգի տրամաբանութեամբ ծրագրելն ու գործելը:  Գլուխէ մը կը լսենք` «Արցախը արցախցիին հարցն է եւ ոչ թէ մերը, ինչո՞ւ մենք պիտի տուժենք իրենց պատճառով», ուրիշ մըն ալ կ՛աւելցնէ` «Ան, որ բարեկամանայ թուրքին հետ, դաւաճան է»: Այս հակասական տեսակէտները լսելով` պահ մը դժուար է հաւատալ, որ բոլորն ալ մէկ ազգի հարազատ զաւակներն են եւ հրաւիրուած են իրարու հետ աշխատելու` յանուն հայրենիքի հզօրութեան ու բարօրութեան: Այստեղ հարցականը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս իրերամերժ համոզումներուն մէջ ընդունելի միջին եզր գտնել:

Վերջաւորութեան, մենք ոչ թէ լոկ հող ու հայրենիք կորսնցնելու արհաւիրքի առջեւ ենք, այլեւ` մեր ազգի իրականութիւնը, եւ ատոր գիտակցելով, աշխատանք պէտք է տարուի` միաւորելու բաժան-բաժան դարձած ազգը, որովհետեւ այնքան ատեն որ մենք մէկ ընտանիք չենք ներկայացներ, տուն ու հարստութիւն ունենալը երկրորդական է:

 

 

 

Նախորդը

Հայերը Պէտք Չէ Վանեն Օտարները Եւ Միաժամանակ Բողոքեն, Որ «Ոչ Ոք Կը Մտահոգուի Մեզմով»

Յաջորդը

Պուրճ Համուտով Ապրող Պետիկը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?