Չէզոքացնենք Յանձնուողականութիւնը, Վերանորոգուինք, Վստահինք Երիտասարդութեան, Դաշնակցականանանք Եւ Հետեւողական Գործով Շարունակենք Լիզպոնի Հինգին Ուղին
ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Երբ թշնամին կը շարունակէ ուրացման քաղաքականութիւնը, կը մերժէ իր գործած ոճիրները, ջարդերը, երբ համաշխարհային ընտանիքը լուռ է շրջանառուող ողբերգական ու անմարդկային լուրերուն վերաբերեալ եւ միայն դիտողի ու արձանագրութիւն պահողի կարգավիճակի մէջ է, երբ քանդուած, գրաւուած ու կերպարանափոխուած եկեղեցիներուն զանգերը չեն հնչեր, եւ դարերու «Հայր Մեր»-ը կարելի չէ հազարամեայ խորաններէն բարձրաձայնել, երբ դիւանագիտական ճիգերն ու խաղաղ միջոցները չեն արդիւնաւորուիր`...



















