Վերջերս լոյս տեսաւ սփիւռքահայ նշանաւոր ու արժէքաւոր գրագէտ, վաստակաշատ խմբագիր, գրաքննադատ, հրապարակագիր եւ սերունդներու հայեցի կազմաւորման, հայ գրականութեամբ տոգորման առաքելութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմը ձգած Պօղոս Սնապեանի «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» հատորը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 27 յունիս 2023-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գիրքի շնորհահանդէսին նուիրուած ընդարձակ անդրադարձ մը, ինչպէս նաեւ գիրքին յառաջաբանը:
Երկու Խօսք`
Հատորի Կազմութեան Մասին
ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Պօղոս Սնապեանի արխիւին մէկ կարեւոր տոկոսը կազմող նամակները` թէ՛ ուղարկուածները եւ թէ՛ ստացուածները, խնամքով կը պահուին Այնճարի իր տուն-թանգարանին մէջ: Տարիներու ընթացքին Պ. Սնապեան առանձին-առանձին թղթապանակներու մէջ հաւաքած եւ գուրգուրանքով խմբած է զանոնք: Ներկայ հատորով հրատարակուող ստացուած նամակները (բացի Համաստեղի եւ Արամ Հայկազի հինգական նամակներէն) բոլորն ալ անտիպ են: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք անոնցմէ մէկ մասին բնագիր օրինակները Սնապեան յանձնեց Երեւանի Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին (ԳԱԹ)` պահելով հանդերձ անոնց կրկնօրինակները:
Արդարեւ, մեր մօտ կը գտնուին բնագիրները` Յակոբ Կարապենցի, Լեւոն Մկրտչեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Գոհար Թէօլէօլեանի, Ա. Արփինէի, Ժիրայր Աթթարեանի, Արմանտի, Գուրգէն Գաբրիէլեանի, Համօ Սահեանի, Վահէ Օշականի, Անահիտ Օշականի, Վահէ-Վահեանի, Հեղինէ Մուրադեանի եւ Զաւէն վրդ. Չինչինեանի նամակներուն, իսկ մնացեալ հեղինակներունը, ինչպէս նշեցինք, կրկնօրինակներ են:
Այս հատորով լոյս ընծայուող նամակներուն քառասուն հեղինակները մեզմէ առյաւէտ բաժնուած անուանի գրողներ եւ մտաւորական դէմքեր են բոլորը անխտիր, եւ այս սկզբունքով աշխատանքը ընթացք առած էր տակաւին 2013 թուականին, երբ մէկ տարի անց Պօղոս Սնապեանն ալ բռնեց յաւերժի ճամբան…
Վերջերս, երբ ստանձնեցինք մեր ուսերուն ծանրացած այս «խղճի պարտքը», դէմ յանդիման գտնուեցանք խիստ ծանր, սակայն «քաղցր» պարտաւորութեան մը. Պ. Սնապեան, որ նախաձեռնած էր այս գործի հրատարակութեան (մօտ երեսուն հեղինակ, 150 նամակներով), ա՛լ չկար եւ այս նամակներուն մէջ արծարծուող կարգ մը հարցեր լուսաբանութիւններու կը կարօտէին: Ուստի յարմար նկատեցինք ծանօթագրութիւններով յաւելեալ լոյս սփռել անոնց վրայ` քաջ գիտնալով, որ ան իր կենդանութեան այս նամակները պիտի հրատարակէր առանց դոյզն իսկ հպումի, իրենց կուսութեան մէջ: Աւելցնենք, որ չենք ծանօթագրած շատ ծանօթ դէմքեր, դէպքեր կամ օտար բառեր (օրինակ` շառլաթան, սկանտալ, ռիսկ, սիմվոլ, ֆէս, քէօր եւ այլն): Ըսենք նաեւ, որ յարգած ենք հեղինակներուն կէտադրական, ուղղագրական եւ լեզուական առանձնայատկութիւնները` անհրաժեշտ պարագային միայն թեթեւակի միջամտութիւն կատարելով:
Արդարեւ, մեր ձեռքին տակ գտնուող մեծամասնութեամբ ձեռագիր այս գրաշարուած նամակները (որոնց աւելցուցինք նաեւ ինը հեղինակներու նամակներ եւս) կը կարօտէին նախ եւ առաջ բաղդատական սրբագրութիւններու, դժուար ընթեռնելի բաժիններու վերստուգման եւ յաւելեալ ճշգրտումներու: Պատասխանատուութիւնը մեծ էր…
* * *
Նամակները թիւով 223 հատ են եւ տրուած են նամակագիրներուն ազգանուններու կամ առ առաւել ծանօթ գրական ծածկանուններու այբբենական կարգով: Կան, որ ներկայացուած են միայն մէկ, իսկ ուրիշներ քսանէ աւելի նամակով: Այս պարագան ո՛չ թէ անոր համար որ թերագնահատուած էր այս կամ այն հեղինակի գրական արժէքը, այլ մեր քով գտնուող թղթապանակներուն մէջ գոյութիւն ունէր միայն այդ մէկ հատիկը: Յիշեցնել պէտք է նաեւ, որ տեղի սղութեան պատճառով զանց առինք, թէեւ` ափսոսանքով, կարգ մը նամակներ, որոնց բոլորին հրատարակութիւնը, մէկ ծածկի տակ, անկարելի պիտի ըլլար: Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ Կարապենցի 100, Լեւոն Մկրտչեանի 43, Արմանտի 45 նամակները միայն կրնային լեցնել նոր հատոր մը: Անցնինք:
* * *
Վերջին էջերուն զետեղուած լուսանկարներու փունջը վերցուած է Պ. Սնապեանի անձնական հարուստ ալպոմէն, որ կը գտնուի իր տուն-թանգարանին մէջ, Այնճար: Այս լուսանկարները բոլորն ալ, առաւել կամ նուազ չափով աղերս ունին նամակներուն բովանդակութեանց հետ, եւ բացի քանի մը հատէն` կը հրապարակուին առաջին անգամ:
* * *
Վերջապէս, Պ. Սնապեանին ուղղուած այս նամակները ոչ միայն կը ցոլացնեն իր սերունդին յոյզերն ու տագնապները, ուրախութիւններն ու ցաւերը, տառապանքներն ու սպասումները, այլեւ կ՛արժեւորեն այն առանցքային դերակատարութիւնը, որ ունեցաւ ան (եւ իրեն հետ` նաեւ իր սիրելի «Բագին»-ը), զօրաշարժի ենթարկելով սփիւռքահայ ու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հայրենի ժամանակակից գրողներն ու մտաւորականները` շնորհիւ իր ներքին հրայրքին եւ աներեր անհատականութեան: Ան հանդիսացաւ այն ամուր օղակը, որ գիտցաւ լարել միտքերն ու հոգիները` միշտ ու միշտ ի սպաս ՀԱՅ գրականութեան: