Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Պէտք Չէ Վանեն Օտարները Եւ Միաժամանակ Բողոքեն, Որ «Ոչ Ոք Կը Մտահոգուի Մեզմով»

Յուլիս 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Ալեքսանդր Լափշին

Իբրեւ թերթի հրատարակիչ` յաճախ կը ստանամ  ենթադրեալ փաստացի «լուրեր», սակայն յստակ ստուգումներէ ետք կը պարզեմ, որ անոնց մեծ մասը բամբասանք է:

Բամբասանքի տարածման  վառ  օրինակ դարձաւ իսրայէլցի ճամբորդ պլոկըր եւ լրագրող Ալեքսանդր Լափշին, երբ անցեալ շաբաթ եկաւ Լոս Անճելըս: Անոր այցը որոշ հայերու կողմէ բամբասանքներու եւ ատելութեան խօսքի տեղիք տուաւ:

Անոնց համար, որոնք ծանօթ չեն Լափշինին, ըսենք հետեւեալը. ան քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան, իսկ 2011-ին եւ 2012-ին մեկնած է Արցախ: Ազրպէյճան զայն ներառած է «սեւ ցուցակ»-ի մէջ` անոր Արցախ այցը նկատելով անօրինական: Այնուհետեւ, 2016-ին նախագահ Ալիեւ խնդրած էր Պիելոռուսիայէն` ձերբակալել եւ արտայանձնել Լափշինը` Ազրպէյճանի: Երկու ամիս Պիելոռուսիոյ բանտը մնալէ ետք, 7 փետրուար 2017-ին նախագահ Ալիեւի անձնական ինքնաթիռով  Լափշինը տեղափոխած են Պաքու, ուր ան ենթարկուած է կեղծ դատավարութեան եւ դատապարտուած` երեք տարուան ազատազրկման: 11 սեպտեմբեր 2017-ին Լափշին բանտախուցի մէջ յարձակման ենթարկուած է դիմակաւորուած չորս ազրպէյճանցի գործակալներու կողմէ, որոնք կոտրած են անոր ծնօտը, կողոսկրները եւ ձեռքը` մասամբ անդամալոյծ  դարձնելով զայն: Ան երեք օր անցուցած է Պաքուի հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժինին մէջ յետոյ Ալիեւ ներում շնորհած է անոր եւ զայն վտարած` Իսրայէլ, ուր ան եւս երկու շաբաթ հիւանդանոց մնացած է: Ազրպէյճանցի պաշտօնեաները կեղծօրէն պնդած են, որ Լափշին փորձած է ինքնասպան ըլլալ, բան մը, որ ան հերքած է կտրականապէս: Քանի մը անկախ բժիշկ-փորձագէտներ հաստատած են, որ Լափշինի դէմ մահափորձ կատարուած է Պաքուի մէջ:

Բանտէն ազատ արձակուելէն ի վեր Լափշին շրջած է տասնեակ երկիրներ` բացայայտելով Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգը եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները` սեփական քաղաքացիներու եւ Արցախի մէջ հայերու հանդէպ:

Հակառակ անհիմն լուրերու, ըստ որոնց, Լափշին Իսրայէլի գործակալ է,  ան  մեծ  բախում  ունեցած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ, որոնք բազմիցս նախազգուշացուցած են զայն, որ եթէ հասկնայ, թէ ո՛րն է լաւը իր եւ իր ընտանիքին համար, ուրեմն եւ պէտք է դադրի քննադատելէ Ազրպէյճանը: Իսրայէլի պաշտօնեաները Ազրպէյճանը բնութագրած են իբրեւ «Իսրայէլի դաշնակից» եւ ըսած` իրեն, որ իր գործողութիւնները կը հակադրուին Իսրայէլի շահերուն: Նոյն բացասական պատգամը տրուած  է Լափշինի, երբ ան հանդիպում ունեցած է ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու հետ: Իսրայէլ նաեւ նախազգուշացուցած է Լափշինը այն մասին, որ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն պիտի չտրուի իր մոլտովացի կնոջ, քանի դեռ ան չէ դադրեցուցած վատաբանել Ազրպէյճանը:

Լափշին ներկայիս կը շրջագայի Քանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Մեքսիքա, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ պետական  պաշտօնեաներու հետ` բացայայտելու համար Ազրպէյճանի  մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ պաշտպանելու արցախահայութեան շահերը:

Այս տեղեկութեան առնչուող իմ աղբիւրը ո՛չ Լափշինն է, ո՛չ ալ անոր քննադատները: Գոյութիւն ունի երկու պաշտօնական փաստաթուղթ` Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէի, որոնք  անկախ կերպով քննարկած են ինչպէս Լափշինի, նոյնպէս ալ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած տեղեկութիւնը:

2018-ին Լափշին Ազրպէյճանի դէմ բողոք ներկայացուցած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Դատարանը 2021-ին 32 էջնոց որոշումով մը հաւաստի նկատած է, որ Ազրպէյճան փորձած է սպաննել զայն եւ պարտաւորեցուցած է Ազրպէյճանի` 30 հազար եւրօ փոխհատուցում վճարել Լափշինին, բան մը, որ Ազրպէյճան մերժած է ընել:

2022-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէն 10 էջնոց զեկոյցի մը մէջ ընդունած է, որ Պիելոռուսիա խախտած է Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի քանի մը յօդուած` ձերբակալելով եւ արտայանձնելով Լափշինը Ազրպէյճանի, այսպիսով վտանգի ենթարկելով անոր կեանքը:

Ահա՛ քանի մը հետաքրքրական փաստ` «Լափշին ընդդէմ Ազրպէյճանի» դատական գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռէն:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Եւրոպական դատարանը խաբելով` ըսած է, որ Լափշին երկու նամակ գրած է Պաքուի հիւանդանոցէն` իբր թէ շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Ալիեւի` ներում շնորհելուն համար եւ` յայտարարած, որ բանտապահները փրկած են իր կեանքը: Լափշին հերքած է, որ ինք գրած է այս նամակները: Եւրոպական դատարանը եզրակացուցած է, որ Ազրպէյճանի պնդումներուն «յատկապէս դժուար է հաւատալ` հաշուի առնելով այն դժուարութիւնները, զորս դիմողը (Լափշին)  ունէր իր թեւին կապուած»: Այսուամենայնիւ, կան որոշ հայեր, որոնք աւելի շատ կը հաւատան Ազրպէյճանի սուտերուն եւ կեղծ նամակներուն, քան` Եւրոպական դատարանի վճիռին, այն իմաստով, որ  պատճառ չկայ կասկածելու Լափշինի խօսքին: Դատարանը նաեւ «հաւանական» նկատած է Լափշինի այն պնդումը, որ Պաքուի բանտախուցին մէջ զինք սպաննելու փորձ եղած է:

Ազրպէյճանցի դատաւոր Լաթիֆ Հուսէյնով, որ «Լափշին ընդդէմ Ազրպէյճանի» դատական գործով նշանակուած եօթը դատաւորներու շարքին էր, մերժած է մասնակցիլ: Զայն փոխարինած է ազրպէյճանցի  այլ դատաւոր մը` Ճէյհուն Քարաչայեւ, որ մնացած դատաւորներուն հետ միաձայն` կողմ քուէարկած է  «2-րդ յօդուածի խախտում յայտնաբերելու օգտին», որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի «Կեանքի իրաւունքն է»:

Եզրափակելով, անոնք, որոնք առանց որեւէ ապացոյցի կը մեղադրեն Լափշինը լրտեսութեան մէջ, կը վանեն իրենց  աջակցած ազգութեամբ ոչ հայը, որ վտանգած է իր կեանքը` պաշտպանելով արցախահայութեան իրաւունքները: Ասիկա կը հակասէ հայերու մշտական բողոքներուն, թէ աշխարհի մէջ ոչ ոք  մտահոգուած է  Հայաստանի եւ Արցախի ծանր իրավիճակով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Մէկ Ազգ, Քանի Մը Ժողովուրդ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?