Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օսմանեան Բանակին Ջարդը Վարանդայի Մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Արցախցիները Մերձկասպեան Հողեր Տեղափոխելու Ռուսական Ծրագիր Դերբենդ (Տաղստան). հայոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին պատմական կառոյց է Գանձասարի Եսայի եւ Երից Մանկանց Ներսէս կաթողիկոսներու եւ Արցախի մելիքներու կողմէ ռուսաց Պետրոս Մեծ ցարին ուղարկուած 18 նոյեմբեր 1724 թուակիր օգնութիւն հայցող նամակին իբրեւ պատասխան, ցարը հրովարտակով մը բարեհաճեցաւ հայերը ընդունիլ իր բարձր հովանաւորութեան տակ եւ ամենաողորմածաբար...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օսմանեան Բանակին Կողմէ Երեւանի Գրաւումը Եւ Սիւնիքի Ու Արցախի Շրջափակումը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի միջնաբերդ սղնախներէնՇող գիւղը Շուշիէն հարաւ-արեւելք, Կարկառ գետի աջ ափին: Հոն կեդրոնացած էին Աւան եւ Թարխան իւզպաշիները: Արցախի սղնախներու ղեկավարներու եւ Գանձակի շիի առաջնորդներու միջեւ կնքուած դաշնագիրէն ետք, Սիւնիքի ազատագրական շարժման առաջնորդ Դաւիթ Բէկ նոյնպէս փորձեց հանդուրժողական յարաբերութիւններ ստեղծել հարեւան շիի պարսկամէտ խաներուն եւ շահ Թահմասպ Բ.ի հետ:...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օսմանեան Զօրքերու Ներխուժումը Եւ Արցախ-Ռուսաստան Յարաբերութիւններ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Գանձակի Դաշնագիրը Օսմանեան սուլթան Ահմէտ Գ., օգտուելով Սեֆեաններու տկարացումէն, որոշեց յարձակիլ Պարսկաստանի վրայ եւ վերստին գրաւել Անդրկովկասն ու Ատրպատականը: Էրզրումի մէջ Ապտուլլահ փաշայի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ 150 հազարնոց բանակ, որ խախտելով Ախուրեան-Զագրոշ սահմանը, 1723-ին ներխուժեց Իրանի տարածք: Օսմանեան զօրքերը արագ յառաջխաղացքով ամրան գրաւեցին Թիֆլիսը, որմէ ետք շարժեցան դէպի Գանձակ: Գանձակի պաշտպանութեան մասնակցեցան...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Գանձասարի Եսայի Հասան Ջալալեան Կաթողիկոս` Ազատագրական Շարժման Առաջնորդ  ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի Սղնախներու Կազմակերպումը Պարսից շահ Սիւլէյման մահացաւ 1694-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Սուլթան Հիւսէյն: Պետութեան հեղինակութիւնը սկսաւ տկարանալ եւ ամէնուրեք ծայր առին ժողովրդային ապստամբութիւններ: Անիշխանութիւնը հետզհետէ տարածուեցաւ: Գանձասարի մէջ 1701-ին կաթողիկոս ընտրուեցաւ Վելիչան Գ. իշխանի որդի Եսայի Հասան Ջալալեան, յաջորդելով հօրեղբօր` Երեմիա Բ. Հասան Ջալալեանի: Եսայի կաթողիկոս առաջին հերթին միաւորեց...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Սեֆեան Պարսկաստանի Կազմէն Ներս Ղարաբաղի Կուսակալութեան Կազմաւորումը Եւ Թուրք-Պարսկական Պատերազմները ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Շահ Աբասի Կողմէ Խաչենի Մելիքներու Իրաւունքներու Հաստատում                                                                                             Շահ Աբաս Հայաստանի վրայ թուրքմէն Քարաքոյունլու եւ Աքքոյունլու ցեղերու տիրապետութեան ժամանակ հայ ազնուական տուներուն զգալի մասը կորսնցուցած էր իր ինքնավարութիւնը, բայց Արցախի լեռնային գաւառներուն մէջ իշխանական տոհմերը կրցան դիմակալել եկուորներու ճնշումները եւ պահպանել իրենց ինքնիշխանութիւնը: Աքքոյունլուներու տիրապետութեան վերջին շրջանին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Լենկթիմուրի Արշաւանքները Եւ Քարաքոյունլուներու Ու Աքքոյունլուներու Տիրապետութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աղուանից Կաթողիկոսական Աթոռը Գանձասարի Մէջ Գանձասար Խաչենի գահերէց իշխան Հասան Ջալալի նահատակութենէն ետք, 1261-ին, անոր յաջորդեց որդին` Աթաբէկ Իվանէ, որ իշխեց մինչեւ 1287 եւ մահէն ետք անոր յաջորդեց որդին` Ջալալ Բ.: Իսկ Ջալալ Բ.ի յաջորդեց որդին` Իվանէ Բ.: Հետզհետէ, Հասան Ջալալեաններու տիրոյթներուն միացան Դոփեաններու կալուածները` Ծար գաւառը: Վերին Խաչենի կամ Ծարի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Սելճուք-Թրքական Եւ Մոնկոլական Արշաւանքներ Խաչենի Գահերէց Իշխանութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հասան Ջալալ` Հայոց Արեւելից Կողմանց Գահերէց Իշխան Սելճուք-թրքական թափառաշրջիկ ցեղախումբեր Տուղրիլ բէկի (993-1063) առաջնորդութեամբ 1047-ին սկսան արշաւանքներ կազմակերպել Հայաստանի վրայ: Երկրորդ արշաւանքը տեղի ունեցաւ 1048-ին, երրորդը` 1054-ին: Անոնք ներխուժեցին հայկական գրեթէ բոլոր երկրամասեր եւ աւերեցին շէն բնակավայրեր: Սկզբնական այդ արշաւանքներուն սակայն անոնք չյաջողեցան թափանցել Արցախ: Սելճուքեան մեծաթիւ զօրքեր 1064-ին, Ալփասլանի գլխաւորութեամբ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Ինքնիշխան Իշխանութիւններ Արցախի Մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ  - Համամ Գրիգոր Արեւելցի Եւ Սահակ Սեւադա Պաղտատ գերեվարուած եւ նահատակուած Սմբատ Խոստովանողի որդին` Աշոտ Բագրատունի հօր փոխարէն 855-ին դարձաւ հայոց սպարապետ: Բուղա ետ կանչուեցաւ Պաղտատ եւ Աշոտ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց ամբողջ իշխանութիւնը: Աշոտ Բագրատունի 862-ին խալիֆայութենէն ստացաւ հայոց իշխանաց իշխանի տիտղոսը: Նոյն ժամանակ Աշոտ սպարապետութիւնը յանձնեց եղբօր` Աբասի: Աբասեան խալիֆայութիւնը սկսած էր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի Միհրանեան Եւ Առանշահիկ Իշխանները - Սահլ Սմբատեան, Ատրներսեհ Եւ Եսայի Ապու Մուսէ Հայաստանի վրայ արաբական տիրապետութեան հաստատումէն ետք Արցախ պահպանեց իր ինքնիշխան գոյավիճակը: Միհրանեանները, որոնք պարսիկ Սասանեան արքայատոհմէն Միհր իշխանի սերունդներն էին, Ուտիքի Գարդման գաւառին` Շամաքոր գետի հովիտին մէջ կեդրոնացած, իշխանութիւն հաստատած էին: Միհրանեաններ դաւադրաբար կոտորեցին Արցախի տէր Առանշահիկներու շառաւիղներէն շատեր, աստիճանաբար իրենց իշխանութիւնը ամրապնդեցին Կուրի եւ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախ` Հայկական Պետականութեան Անբաժանելի Մաս Վաչագան Գ. Բարեպաշտի Թագաւորութիւնը - Արմինիա Կուսակալութեան Կազմէն Ներս Հայոց պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ Արցախ մաս կազմած է հայկական պետականութեան: Աւանդական պատմութեան համաձայն, Հայկ Նահապետի թոռ եւ Գեղամի որդի Սիսակ տէր դարձաւ Հայաստանի արեւելեան մասին: Սիսակի սերունդէն Վաղարշակ թագաւորի որդի Առան կուսակալ կարգուեցաւ Արաքս գետէն մինչեւ Կուրի հոսանքը տարածուող գօտիին, ուր կ՛աւարտի հայերէն...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պաքուի Հայոց Կոտորածը Եւ Ինքնապաշտպանութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հայրիկի Կոնդակը, Պատգամաւորութիւնը Եւ Դիմումները Պաքուի մէջ, 6 փետրուար 1905-ի երեկոյեան ժամը 4:00-էն սկսեալ թաթար հրոսակները փողոց թափելով սկսան հայեր ջարդել: Ամէն կողմէ կը լսուէր` «Էրմէնի տըր, վուրը՛ն» (հայ է, զարկէ՛ք): Քաղաքի տարբեր թաղերէ հրացաններու ու ատրճանակներու ձայները կ՛արձագանգէին: Փողոցներէն հետիոտն եւ ձիակառքերով անցնող հայերուն վրայ կրակ կը բացուէր եւ զոհեր ու...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Հայրիկի Հովուապետական  Ուղեւորութիւնները Եւ Գէորգեան Ճեմարանի Հիմնադրութեան Երեսուն Ամեակը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայրիկ, Վաղարշապատի շրջանի գիւղերը շրջագայելէ եւ մայր աթոռ վերադառնալէ ետք, 1904-ի յուլիսի վերջաւորութեան կրկին հովուապետական շրջագայութեան ձեռնարկեց: Հայրիկ, իրեն ընկերակից ունենալով Լեւոն աբեղան եւ իր եղբօրորդի Խորէն Խրիմեանը, Էջմիածնի մայրավանքէն մեկնեցաւ Երեւան, ուր առաջնորդարանին մէջ հանգչելէ եւ ճաշելէ ետք ճամբայ ելաւ դէպի Դարաչիչագ: Մինչեւ քաղաքի ծայրը կաթողիկոսին ուղեկցեցան առաջնորդական...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Սասունի Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Հայրիկի Դիմումները Եւրոպայի Եւ Ամերիկայի Պետական Շրջանակներուն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայոց ազգային եկեղեցական կալուածներն ու հարստութիւնները 1903-ի ամրան եւ աշնան, այս կամ այն կերպով, մասամբ գրաւուեցան ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ: Ազգային համայնական դիմադրութիւնը մասամբ յաջողեցաւ սանձել ռուսական իշխանութիւնները: Հայոց կաթողիկոսին բոլոր խնդրանքները` անձամբ Պետերբուրգ երթալու եւ տեսնուելու ցարին հետ, մերժուած էին: Հայրիկ 12 դեկտեմբեր 1903-ին պաշտօնական խնդրագիր մը...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պոլսոյ Եպիսկոպոսական Ժողովին Դիմումը Ցարին` Ետ Առնելու Եկեղեցական Կալուածներու Գրաւման Հրամանը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հայկական Ինքնապաշտպանութեան Յեղափոխական Մարմիններուն Դիմադրութիւնը Եւ Հակահարուածը Եկեղեցական կալուածներու գրաւման կայսերական հրովարտակի հրապարակումէն ի վեր Հայրիկ մնայուն կերպով Պոլսոյ պատրիարքարանը տեղեակ կը պահէր դէպքերու հոլովոյթէն: Փոխադարձաբար, պատրիարքարանը իր տարած աշխատանքներուն եւ կատարած դիմումներուն շուրջ շարունակ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր Հայրիկի: Պոլսոյ պատրիարքարանը իր դիրքին համաձայն ստանձնած էր...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Սուրբ Էջմիածնի Գանձարանի Հարստութիւններուն Պետական Պաշտօնական Կողոպուտը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Էջմիածին Իշխան Նակաշիձէի եւ ընդունող յանձնախումբին կողմէ Սուրբ Էջմիածնի Գանձարանին դուռը կնքուելէն եւ մայրավանքէն անոնց հեռացումէն ետք (15 սեպտեմբեր 1903-ին), Հայրիկ հոգեկան ծանր տագնապի մատնուեցաւ: Վեհափառը անվերջ կը ծխէր եւ ման կու գար դահլիճին մէջ: Կաթողիկոսը առանձին չձգելու համար Կորիւն, Կոմիտաս եւ Խորէն վարդապետները եւ վեհափառին եղբօրորդի Խորէն Խրիմեան հերթով...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Հայրիկի Դիմադրութիւնը Եւ Մերժումը` Յանձնելու Մայր Աթոռի Գանձարանը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Եկեղեցական կալուածներու գրաւման դէմ ժողովրդային բողոքի եւ դիմադրութեան շարժումը հետզհետէ կը ծաւալէր եւ Գանձակի ու Պաքուի դէպքերէն եւ ռուսական բանակի ու ոստիկանութեան միջամտութիւններէն ետք լայն համեմատութիւններ կը ստանար: Շուշի Պաքուի դիմադրութեան (2 սեպտեմբեր 1903) լուրը հազիւ Շուշի հասած, քաղաքի հայերը խանութները, դպրոցները, ակումբներն ու գրադարանները փակեցին եւ եկեղեցիներուն դուռերը գոցեցին:...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Ժողովրդային Դիմադրութիւն` Ի Պաշտպանութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրական Իրաւունքներուն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսաստանի եւ Կովկասի թեմերու առաջնորդներու եւ սինոտի անդամներու խառն ժողովէն եւ անոնց հաւաքական հրաժարականէն ետք, 11 օգոստոս 1903-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայրիկի հրամանով եւ Սուքիաս արքեպիսկոպոս Պարզեանի նախագահութեամբ կայացաւ վանահայրերու եւ առաջնորդական փոխանորդներու ժողովը: Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Ժողովին կը մասնակցէին Սուրբ Հռիփսիմէի վանքի վանահայր Յուսիկ եպիսկոպոս Մովսիսեան, Սեւանի վանքի...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Հայոց Եկեղեցական Կալուածները Չյանձնելու Միաձայն Որոշում ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ալեքսանդրապոլի մէջ կայացած հսկայ ցոյցը ազդանշանը եղաւ ժողովրդային համատարած դիմադրութեան: Հայրիկ երբ Ալեքսանդրապոլէն Էջմիածին հասաւ, արդէն հազարաւոր ժողովուրդ վանքին բակը խռնուած կը սպասէր: Երբ կառքը մօտեցաւ, «Կեցցէ Հայրիկ» աղաղակները որոտացին: Հայրիկ մտաւ տաճար, աղօթեց Իջման Սուրբ սեղանին առջեւ եւ բարձրացաւ վեհարան: Բազմաթիւ պատգամաւորներ այդ օր ներկայացան Հայրիկի եւ խնդրեցին չյանձնել կալուածները: *...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Ժողովրդային Բողոք Եւ Դիմադրութիւն` Եկեղեցական Կալուածներու Գրաւման Ոտնձգութիւններուն Դէմ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայրիկ Հայոց եկեղեցական կալուածներու գրաւման կայսերական հրովարտակը, կնքուած փակ ծրարով հասաւ Էջմիածին եւ յանձնուեցաւ հայոց կաթողիկոս Հայրիկին: Հայրիկ թիկնաթոռի վրայ նստած ունկնդրեց ազգապատկան կալուածներու գրաւման գոյժը: Ձեռքերը դողդղացին, աչքերէն արտասուք հոսեցան եւ հրովարտակը ինկաւ ոտքերուն տակ: Եկեղեցական կալուածներու կորուստը եւ հայութեան նուիրական իրաւունքներու անիրաւ ու չարագործ ոտնահարումը խորապէս ցնցեցին...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Հայոց Եկեղեցական Կալուածներու Գրաւման Կայսերական Հրովարտակ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հայերը Ռուսադաւան Դարձնելու Եւ Ռուսացնելու Ծրագիրներ Նորին պայծառափայլութիւն իշխան Կալիցինի սանձազերծած հայահալած քաղաքականութիւնը իբրեւ վախճանական նպատակ կը հետապնդէր հայութեան ձուլումը ռուս ժողովուրդին մէջ: Փոխարքան կը ձգտէր առաջին հերթին հայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյն դիմագիծը ջնջել եւ հայութիւնը օրթոտոքսութեան կապել, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին մէջ գործող ամէն կառոյց ու միութիւն օրէնքէ դուրս հռչակել: Այնուհետեւ...

Page 12 of 17 1 … 11 12 13 … 17

Արխիւներ