Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Դեկտեմբեր 9, 2020
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լենկթիմուրի Արշաւանքները Եւ Քարաքոյունլուներու
Ու Աքքոյունլուներու Տիրապետութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղուանից Կաթողիկոսական Աթոռը Գանձասարի Մէջ

Գանձասար

Խաչենի գահերէց իշխան Հասան Ջալալի նահատակութենէն ետք, 1261-ին, անոր յաջորդեց որդին` Աթաբէկ Իվանէ, որ իշխեց մինչեւ 1287 եւ մահէն ետք անոր յաջորդեց որդին` Ջալալ Բ.: Իսկ Ջալալ Բ.ի յաջորդեց որդին` Իվանէ Բ.:

Հետզհետէ, Հասան Ջալալեաններու տիրոյթներուն միացան Դոփեաններու կալուածները` Ծար գաւառը:

Վերին Խաչենի կամ Ծարի տէր Գրիգոր Դոփեանի որդին էր Հասան Բ., որուն կինն էր Քուրդ Վաչուտեանի դուստր Մամքան: Հասան Բ. մահացաւ 1298-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Գրիգոր, որուն կինն էր Ասփա:

Զաքարեանները հետզհետէ սկսած էին տկարանալ: Նոյն ժամանակ, Մոնկոլական կայսրութեան կազմէն ներս, Վրաստան, Հայաստան, Աղուանք, Իրան եւ Իրաք կազմաւորուած էին իբրեւ առանձին իլխանութիւն: Իլխանութեան կազմէն ներս, Այրարատ, Սիւնիք, Խաչեն եւ Գուգարք Կիւրճիստան վիլայէթը կը կազէին: Իլխանութիւնը 1335-ին, Ապու Սայիտ իլխանի մահէն ետք կազմալուծուեցաւ:

Այս շրջանին, Զաքարեան տան ներկայացուցիչ Շահնշահի որդի Զաքարէ դարձաւ ամիրսպասալար, իսկ անոր եղբայր Իվանէի որդի Վահրամ` աթաբէկ: Այնուհետեւ ամիրսպասալար դարձաւ Զազա (1345-1380):

Զաքարեաններու տկարացման եւ անշքացման, եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկման (1375-ին) պայմաններուն տակ, Խաչենի Հասան Ջալալեաններու իշխանութիւնը կը մնար հայկական պետական գլխաւոր կազմաւորումը:

Իվանէ Բ. Հասան Ջալալեանի ԺԴ. դարու վերջաւորութեան յաջորդեց որդին` Ջալալ Գ.:

Հասան Ջալալեաններուն զինանշանը

Հասան Ջալալեանները իրենց զինանշանը ունէին: Գանձասարի վանքի մայր տաճարի հիւսիսային մուտքին վրայ քանդակուած են իրարու դէմ յանդիման քալող երկու առիւծներ: Աջակողմեան առիւծի ոտքերուն մօտ ուղեցոյց լուսատու վեցաթիւ աստղ է` յաւերժութեան խորհրդանիշով:

Հասան Ջալալեանները նաեւ իրենց տոհմական գորգերը ունէին, որոնք յայտնի են իբրեւ առիւծագորգեր, եւ որոնց վրայ առիւծներ պատկերուած են: Այդ գորգերէն նմուշներ մինչեւ այժմ պահպանուած են:

Իսկ Վերին Խաչենի մէջ Գրիգորի եւ Ասփայի որդի Հասան երկարատեւ իշխանութենէ ետք մահացաւ 1383-ին: Անոր յաջորդեց որդին` Վահրամ:

***

Լենկթիմուր Կեդրոնական Ասիոյ թրքական Պարլաս ցեղախումբէն էր. ան տարբեր ցեղերէ զօրքեր կազմելով եւ չակաթայ խաներու արշաւանքներուն մասնակցելով ընդարձակ տարածքներու տէր դարձաւ եւ սկսաւ դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւմուտք արշաւանքներու:

Պարսկաստանի վրայ արշաւանքը սկսաւ 1383-ին: Լենկթիմուր գրաւեց Խորասանը եւ շարժեցաւ դէպի Զագրոշեան լեռներ: 1386-ին գրաւեց Թաւրիզը, անցաւ Արաքս գետը եւ մտաւ Սիւնիք ու Արարատեան դաշտ: Այնուհետեւ անոր զօրքերը ներխուժեցին Արցախ եւ գրաւեցին Վերին Խաչենը:

Լենկթիմուրի զօրքերը Սասունի մէջ հերոսական դիմադրութեան հանդիպեցան: Վան երկարատեւ պաշարումէ ետք գրաւուեցաւ. Լենկթիմուրի հրամանով ողջ մնացած տղամարդիկ Վանի բերդի ժայռերէն ցած գլորուեցան, իսկ կանայք ու երեխաներ գերի տարուեցան:

Լենկթիմուր 1399 պատերազմի սկսաւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Եգիպտոսի մեմլուքներուն դէմ: 1400-ին ամբողջացուց Հայաստանի գրաւումը եւ մտաւ Վրաստան: Այնուհետեւ ան գրաւեց Սուրիան եւ 1401-ին` Պաղտատը:

Լենկթիմուրի զօրքերը 1402-ին, Անգարայի ճակատամարտին ծանր պարտութեան մատնեցին օսմանեան սուլթան Պայազիտ Ա.ի բանակը: Պայազիտ Ա. գերի ինկաւ եւ մահացաւ գերութեան մէջ:

***

Առիւծներ Գանձասարի պատին վրայ

Լենկթիմուրի արշաւանքներէն առաջ Կեդրոնական Ասիայէն Հայաստան եւ Փոքր Ասիա տեղափոխուած էին թուրքմէն թափառաշրջիկ Քարաքոյունլու (սեւ ոչխարաւոր) եւ Աքքոյունլու (սպիտակ ոչխարաւոր) ցեղերը:

Լենկթիմուրի մահէն (1405) ետք, գահակալական արիւնահեղ կռիւներէն օգտուեցան թուրքմէնական ցեղերու առաջնորդները: Հայաստանի եւ շրջակայ երկիրներուն տիրելու համար կռիւներ սկսան Քարաքոյունլուներուն եւ Աքքոյունլուներուն միջեւ:

Յաղթական կռիւներէ ետք Քարաքոյունլուներու ցեղապետ Քարա Եուսուֆ 1410-ին ուժեղ պետութիւն հաստատեց եւ Թաւրիզը իր մայրաքաղաքը ըրաւ: Քարա Եուսուֆի իշխանութեան մէջ կը մտնէին Հայաստան, Վրաստան, Ատրպատական եւ Իրանի արեւմուտքը:

Քարա Եուսուֆ շարունակեց պահպանել քոչուորական կենցաղը: Ան գահը զաւկին` Քարա Իսկենտէրի յանձնեց եւ Ալաշկերտ փոխադրուեցաւ:

Քարա Եուսուֆի տիրապետութեան շրջանին յարաբերական խաղաղութիւն հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ:

Քարա Եուսուֆի մահէն ետք, 1420-ին, գահակալական կռիւներ սկսան անոր զաւակներուն` Քարա Իսկենտէրի, Իսփէնտ պըն Եուսուֆի, Ջհանշահի եւ Ապու Սայիտի միջեւ: Քարա Եուսուֆ յաղթական դուրս ելաւ եւ Քարաքոյունլուներու ցեղապետ հռչակուեցաւ: Իսփէնտ հետագային Պաղտատի կառավարիչը եղաւ, Ապու Սայիտ` Երզնկայի կառավարիչը:

Խաչենի տէր Ջալալ Գ. Հասան Ջալալեան, քաղաքական բոլոր վերիվայրումները դիմագրաւելով, շարունակեց խաղաղութեամբ կառավարել իր երկրամասը. ան մահացաւ 1431-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Աղբասթ: Իսկ Վերին Խաչենի մէջ Վահրամ իշխանի յաջորդեց որդին` Ջհանշէ:

Քարա Իսկենտէր մահացաւ 1436-ին եւ անոր յաջորդեց եղբայրը` Ջհանշահ: Ան ճնշեց ըմբոստ ցեղապետները ու ամրապնդեց իր իշխանութիւնը: Արշաւանքներ կազմակերպեց դէպի Վրաստան եւ գրաւեց Պաղտատը: Իր օրով առեւտրական կապեր հաստատուեցան Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ:

Քարաքոյունլուներու պետութեան կազմէն ներս,

Արեւելեան Հայաստան եւ յարակից երկրամասեր կազմուեցան իբրեւ առանձին կուսակալութիւն: Կուսակալի կեդրոն դարձաւ Նախիջեւան: Կուսակալութիւնը իր կարգին շրջաններու բաժնուեցաւ: Հիւսիս-արեւելեան Հայաստանի կեդրոն դարձաւ Երեւան: Սիւնիք եւ Արցախ շարունակեցին մնալ ինքնավար:

Ջհանշահ բարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերեց հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ: Աղթամարի Զաքարիա Գ. կաթողիկոս,

իբրեւ Արծրունի ազնուական տան շառաւիղ,  իրաւունք ստացաւ զօրք պահելու եւ պաշտպանելու կաթողիկոսարանի տիրոյթները:

Զաքարիա Գ. կաթողիկոս Ջհանշահի եւ անոր կնոջ անձնական հովանաւորութիւնը կը վայելէր:

Ջհանշահի թոյլտուութեամբ ամենայն հայոց կաթողիկոսական աթոռը, շուրջ հազար տարուան ընդմիջումէ եւ դեգերումներէ ետք 1441¬ին վերահաստատուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

Խաչենի իշխան Աղբասթ մահացաւ 1456¬ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Սայտուն: Վերին Խաչենի մէջ Ջհանշէ իշխանի յաջորդեց որդին` Հասան Դ., որ ամուսնացած էր Քուրդ Բ. Վաչուտեանի դուստր Թաթունի հետ:

Այս նոյն ժամանակ Սիւնիքէն վեց հազար տուն հայեր, շրջակայ իսլամ տիրակալներու հալածանքներէն խուսափելու համար իշխան Բեշքեն Օրբէլեանի գլխաւորութեամբ տեղափոխուեցան Լոռի: Ժամանակ մը ետք, երբ Ռուստամ Օրբէլեան Այրարատեան երկրի կառավարիչ նշանակուեցաւ, անոնք վերադարձան: Ռուստամ Էջմիածնի վանքին եօթը գիւղ նուիրեց:

Ջհանշահի բարեացակամ վերաբերմունքին շնորհիւ Արցախի եւ յարակից շրջաններու ազնուական տուներու ներկայացուցիչները իրաւունքներ ստացան եւ մելիքի տիտղոսին արժանացան: Ջհանշահ յատուկ հրովարտակով ճանչցաւ Արցախի մելիքներուն իշխանութիւնը:

Ջհանշահ մահացաւ 1467¬ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Հասան Ալի:

***

Աքքոյունլուները, որոնք Ջհանշահի օրով հարկատու էին Քարաքոյունլուներուն, իրենց ցեղապետ Ուզուն Հասանի գլխաւորութեամբ պատերազմ սկսան:

Քարաքոյունլուներու ցեղապետ Հասան Ալի 1468¬ին նուաճուեցաւ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Այսպիսով կազմաւորուեցաւ Աքքոյունլուներու ընդարձակ պետութիւնը, որուն կազմին մէջ մտաւ նաեւ Հայաստան:

Ուզուն Հասան հովանաւորեց հայ հոգեւորականութիւնը, սիրաշահեցաւ հայ իշխանական տուները եւ անոնց ներկայացուցիչներուն բարձր պաշտօններ տուաւ:

Վերին Խաչենի եւ Ներքին Խաչենի իշխանական տուներու ներկայացուցիչներ լայն առանձնաշնորհումներ ստացան:

Ներքին Խաչենի իշխան Սայտուն մահացաւ 1470¬ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Վելիչան, իսկ Վերին Խաչենի մէջ Հասան Դ.¬ի յաջորդեց որդին` Ջհանշէ Բ.:

Ուզուն Հասան նաեւ աշխարհագիր կազմակերպեց, կարգաւորելու համար տուրքերը: Տուրքի ենթակայ էին 15¬էն 60 տարեկան տղամարդիկ: Ճշդուեցաւ նաեւ տուրքերու չափը: Հարկահաւաքման պաշտօններ վստահուեցան հայերուն:

Ուզուն Հասան մահացաւ 1473¬ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Եագուպ Ուզուն Հասան, որ իշխեց մինչեւ 1490: Աքքոյունլուներու պետութիւնը 1502¬ին անշքացաւ:

***

Արցախի յարակից գօտիներուն մէջ հաստատուած թուրքմէն թաթար թափառաշրջիկ ցեղերու ոչխարներու հօտերուն համար անհրաժեշտ էին ընդարձակ արօտավայրեր:

Արցախի դաշտային շրջանները վերածուեցան քոչուոր ցեղախումբերու ձմեռնային բնակավայրերու, իսկ լեռնային շրջաններուն մէջ մնացին հայերը, իբրեւ ապաւէն ունենալով իրենց ամեհի լեռները:

Այսպիսով, ազգագրական գետնի վրայ Արցախ բաժնուեցաւ երկուքի. լեռնային շրջան, բնակուած` հայերով, եւ դաշտային շրջան, բնակուած` թրքական ցեղախումբերով:

Եկուոր թուրքերը Արցախի փոխարէն սկսան գործածել Ղարաբաղ (սեւ այգի) անունը:

Թուրք քոչուոր ցեղախումբերը, տարեկան քանի մը տեղափոխութիւններով, գարնան, իրենց հօտերով եւ ամբողջ ունեցուածքը էշերու վրայ բեռցնելով, ձմեռնային արօտավայրերէն կը բարձրանային Արցախի անտառախիտ լեռներու խոտառատ եւ գեղեցիկ արօտավայրերը, ուր գետերու ու աղբիւրներու մօտ կը լարէին իրենց թաղիքէ վրանները:

Աշնան, առաջին ցուրտերուն հետ քոչուոր անասնապահները կ՛իջնէին դաշտային շրջաններ:

***

Աղուանից կաթողիկոսութիւնը կազմաւորուած էր 552¬ին եւ կը ճանչցուէր իբրեւ հայոց կաթողիկոսութեան ենթակայ նուիրապետական աթոռ: Առաջին կաթողիկոսը եղած էր արցախցի Աբաս եպիսկոպոսը (552¬էն 596):

Աղուանից կաթողիկոսութեան թեմերը կ՛ընդգրկէին բուն Աղուանք, Ուտիք եւ Արցախ:

Կաթողիկոսը կ՛ընտրուէր թեմակալ առաջնորդներու եւ հրաւիրուած աշխարհականներու կողմէ եւ կը ձեռնադրուէր հայոց կաթողիկոսէն: Կը կրէր կաթողիկոս Աղուանից, Լփնաց եւ Չողայ տիտղոսը:

Կաթողիկոսութեան կեդրոններ եղած են Կապաղակ, Պարտաւ, Ամարասի վանք, Զարեքավանք, Խաշմի վանք եւ Գանձակ:

Բուն աղուան ժողովուրդին մէկ մասը հայացաւ, իսկ միւս մասը ձուլուեցաւ եկուոր քոչուոր ժողովուրդներուն մէջ: Աղուանից կաթողիկոսութեան անուանումը դարձաւ վերացական հասկացողութիւն:

Աղուանից կաթողիկոսութեան աթոռը ԺԴ. դարուն տեղափոխուեցաւ Գանձասարի վանք եւ ի հոգեւորս ենթարկուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի:

Աղուանից կաթողիկոսութիւնը այնուհետեւ սկսաւ կոչուիլ Գանձասարի կաթողիկոսութիւն:

Կաթողիկոսութիւնը կը տնօրինէր բուն Աղուանքի` Կապաղակի, Շաքիի եւ Բաղախատի, եւ Մեծ Հայքի Արեւելից կողմանց` Պարտաւի, Ամարասի, Ուտիքի, Գարդմանի, Հաշուի, Մեծ Կուենքի, Գանձասարի եւ Բաղասականի թեմերը: Տարբեր ժամանակներ նաեւ` Հաբանդի, Շամախիի, Շիրվանի, Պաքուի եւ Դերբենդի թեմերը:

 

 

Նախորդը

ՅՅայտարարութիւն (7 եւ 8 Դեկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?