Սեֆեան Պարսկաստանի Կազմէն Ներս
Ղարաբաղի Կուսակալութեան Կազմաւորումը Եւ
Թուրք-Պարսկական Պատերազմները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Շահ Աբասի Կողմէ Խաչենի Մելիքներու
Իրաւունքներու Հաստատում
Հայաստանի վրայ թուրքմէն Քարաքոյունլու եւ Աքքոյունլու ցեղերու տիրապետութեան ժամանակ հայ ազնուական տուներուն զգալի մասը կորսնցուցած էր իր ինքնավարութիւնը, բայց Արցախի լեռնային գաւառներուն մէջ իշխանական տոհմերը կրցան դիմակալել եկուորներու ճնշումները եւ պահպանել իրենց ինքնիշխանութիւնը:
Աքքոյունլուներու տիրապետութեան վերջին շրջանին Վերին Խաչենի մէջ կ՛իշխէր Ջհանշէ Բ., որուն հետագային յաջորդեցին Միրզաջան եւ Մելքոն: Իսկ Վարին Խաչենի մէջ Վելիչան իշխեց մօտաւորապէս 1470-էն 1510. անոր յաջորդեց Մեհրաբ:
***
Պարսկաստանի մէջ Սեֆեան հարստութիւնը հիմնուեցաւ 1501-ին, շահ Իսմայիլի կողմէ: Սեֆեանները շիի եօթներորդ իմամ Մուսա Քազիմէն սերած Սաֆիէտտին Արտապիլիի սերունդ էին եւ սուֆի տերվիշական խորհրդապաշտ Սաֆաուի միաբանութեան առաջնորդները:
Շահ Իսմայիլ առաջին հերթին յարձակում գործեց ուզպէքներուն վրայ եւ պարտութեան մատնեց զանոնք, որմէ ետք իր պետութեան կցեց Ղարաբաղը:
Շահ Իսմայիլի 1524-ին յաջորդեց որդին` շահ Թահմասպ:
Օսմանեան բանակը, մեծ վեզիր Իպրահիմ փաշայի հրամանատարութեան տակ 1532-ին յարձակման անցաւ Պարսկաստանի վրայ: Արագ յարձակողականով մը օսմանցիք գրաւեցին Պիթլիսը եւ հասան Թաւրիզ, իսկ 1534-ին անոնք գրաւեցին Պաղտատը:
Պարսկաստան ստիպուած հաշտութիւն խնդրեց եւ կողմերուն միջեւ զինադադար հաստատուեցաւ:
Պարսկական պետութեան կազմէն ներս Ղարաբաղի կուսակալութիւնը կամ պէյլէրպէկութիւնը կազմուեցաւ 1540-ին, եւ Շահվերտի Սուլթան Զիատօղլու Ղաջար կուսակալ նշանակուեցաւ:
Նոյն ժամանակ կազմաւորուեցան նաեւ Շիրվանի եւ Չուխուր Սաատի (Երեւան եւ Նախիջեւան) պէյլէրպէկութիւնները:
Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ պատերազմական գործողութիւնները վերսկսան 1548-ին: Պարսկական բանակը յարձակման անցնելով գրաւեց Թաւրիզը եւ իրեն հպատակեցուց Հայաստանի եւ արեւմտեան Վրաստանի մեծ մասը:
Օսմանեան բանակը 1553-ին հակայարձակման անցաւ եւ գրաւեց Էրզրումը:
Պատերազմի աւարտին, 1555-ին կնքուեցաւ Ամասիոյ դաշնագիրը, որուն հիմամբ Հայաստան բաժնուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ: Օսմանեան կայսրութեան անցան Փոքր Հայքը, Բարձր Հայքը, Աղձնիքը, Տուրուբերանը եւ Ծոփքը, ինչպէս նաեւ Միջագետքը եւ Վրաստանի արեւմտեան հատուածը: Պարսկաստանի մնացին Այրարատը, Գուգարքը, Արցախը, Ուտիքը, Սիւնիքը եւ Վասպուրականը, ինչպէս նաեւ Ատրպատականը, արեւելեան Վրաստանը եւ Տաղստանը:
***
Ղարաբաղի կուսակալութիւնը վերջնականապէս ձեւաւորուեցաւ 1554-ին: Անիկա ունէր շուրջ 35 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ կ՛ընդգրկէր Արցախը, Ուտիքը եւ Սիւնիքի մէկ մասը: Կուսակալութեան կեդրոնը Գանձակն էր, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը պարսիկներ էին:
Ղարաբաղի կուսակալութեան բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին: Հոն կեդրոնացած էին նաեւ շուրջ 50 հազար թուրք թաթարներ, որոնք մեծամասնութեամբ թափառաշրջիկներ եւ կիսաքոչուորներ էին:
Կուսակալութեան իշխող ուժը տեղացի հայ մելիքներն էին: Ամէնէն աւելի ազդեցիկ էին Վարին Խաչենի Հասան Ջալալեանները: Մեհրաբ իշխան, որուն կինն էր Շահում, իշխեց շուրջ կիսադար մը եւ մահացաւ 1560-ին: Անոր յաջորդեց Ջալալ Դ.:
Հայ մելիքները ինքնիշխան տէրերն էին իրենց տիրոյթներուն եւ գրեթէ չէին ճանչնար կուսակալի իշխանութիւնը:
Առաջին կուսակալ Շահվերտի Զիատօղլու իշխեց մինչեւ 1570: Անոր յաջորդեց շահ Թահմասպի որդին` Սուլթան Ալի Միրզա, որ կառավարեց մինչեւ 1577:
***
Պարսից շահ Թահմասպ մահացաւ 1575-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` շահ Իսմայիլ Բ., որ մահացաւ 1577-ին եւ 1578-ին անոր յաջորդեց եղբայրը` շահ Մոհամէտ Խուտապանտա:
Օսմանեան բանակը 1578-ի ամրան յարձակման անցաւ Պարսկաստանի վրայ: Օսմանեան զօրքերը արագօրէն գրաւեցին Վրաստանը եւ ամրան վերջաւորութեան պաշարեցին Շիրվանը:
Օսմանցիք շրջանի թաթարներուն աջակցութեամբ ճնշեցին տեղացիներու եւ պարսկական զօրքերու դիմադրութիւնը, բայց յետոյ պարսիկներ հակայարձակման անցան եւ ազատագրեցին Շամախին: Օսմանեան բանակը քաշուեցաւ Դերբենդ:
Պարսիկներ 1580-ին հաշտութիւն խնդրեցին, բայց կռիւները վերսկսան Վրաստանի մէջ:
Օսմանեան ստուար զօրաբանակ մը Մուսթաֆա Լալա փաշայի հրամանատարութեան տակ ներխուժեց Ղարաբաղ, այնուհետեւ աւերեց Երեւանը եւ հասաւ Գեղարքունիք:
Օսմանցիք ռազմական նոր յենակէտեր հաստատեցին ու ամրացուցին, եւ Կարսն ու Երեւանը զինուորական կեդրոններ դարձուցին:
Օսմանեան օգնական նոր ուժեր հասան ճակատ եւ Սեֆեանները Կովկասէն վտարելու նպատակով արշաւանքը սկսաւ: Կովկասի արեւելեան շրջաններուն մէջ կեդրոնացած պարսկական ուժերը ջախջախուեցան:
Օսմանեան զօրքերը 1585-ին գրաւեցին Սեֆեաններու մայրաքաղաք Թաւրիզը:
Պարսկական զօրքերը դիմադրութեան անցան եւ որոշ յաջողութիւններ արձանագրեցին, բայց նոյն ժամանակ, 1587-ին Մոհամէտ Խուտապանտա շահ գահընկէց եղաւ, իսկ ուզպէքները արեւելեան կողմէն յարձակման անցան: Սեֆեան արքունիքին հեղինակութիւնը համարեա չքացաւ:
Մոհամէտ Խուտապանտա շահին յաջորդեց տասնեօթամեայ որդին` շահ Աբաս:
Օսմանեան կայսրութեան եւ Սեֆեան Պարսկաստանի միջեւ 1590-ին կնքուեցաւ Իսթանպուլի դաշինքը, որուն հիմամբ Պարսկաստան կորսնցուց Անդրկովկասը:
***
Շահ Աբաս մայրաքաղաքը Սպահան փոխադրեց, զօրացուց բանակը եւ 1597-ին յարձակում գործեց ուզպէքներուն վրայ ու Հերաթի արիւնահեղ ճակատամարտին ծանր պարտութեան մատնեց զանոնք:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկիզբ առած էր ջալալիներու շարժումը, եւ աւազակախումբերու անսանձ արշաւանքները պատուհաս դարձած էին անպաշտպան ժողովուրդի գլխուն: Հայոց հայրենիքի աւերածութիւնները կը շարունակուէին եւ ամբողջ Հայաստան դժոխքի վերածուած էր:
Օսմանեան կայսրութեան պառակտուած կացութենէն օգտուելով Շահ Աբաս 1603-ի աշնան Սպահանէն յառաջանալով մտաւ Թաւրիզ եւ կոտորեց օսմանեան զօրքը: Այնուհետեւ ան անցաւ Արաքսի միւս ափը, գրաւեց Նախիջեւանը եւ պաշարեց Երեւանի բերդը. պաշարումը տեւեց ինը ամիս:
Պարսկական բանակը 1604-ին տարերային թափով սկսաւ իր արշաւանքները դէպի Շիրակ, Բասեն, Արճէշ, Վան, Խնուս եւ Էրզրում:
Էրզրումի մէջ կեդրոնացած թրքական բանակը ահեղ թափով հակայարձակման անցաւ: Շահ Աբաս բռնեց նահանջի ճամբան:
Շահ Աբասի գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր հայ ժողովուրդը զանգուածաբար տեղափոխել Պարսկաստան եւ հայութեան միջոցով զարգացնել իր երկրին առեւտուրն ու ճարտարարուեստը: Այսպիսով, մեծաթիւ հայութիւն բռնագաղթուեցաւ Պարսկաստան եւ 1606-ին Սպահանի կողքին հիմնուեցաւ Նոր Ջուղան:
***
Արցախի վրայ 1580-ին սկսած թրքական արշաւանքները ընդհատ կերպով կը շարունակուէին:
Թուրք-պարսկական պատերազմներու շրջանին Խաչենի իշխանութեան կազմէն ներս գոյատեւող տոհմակից իշխանութիւնները քաղաքականապէս ինքնուրոյն դարձան եւ ներքին սահմաններով բաժնուեցան:
Շահ Աբաս 1603-ին Խաչենի իշխանութեան գաւառներու իշխանաւորները օժտեց մելիքական տիտղոսներով եւ լայն իրաւունքներով:
Այսպիսով կազմաւորուեցան Գիւլիստանի, Ջրաբերդի, Խաչենի, Վարանդայի եւ Դիզակի, ինչպէս նաեւ Քաշաթաղի, Զանգեզուրի եւ Մեղրիի մելիքութիւնները:
Շահ Աբասի գլխաւոր նպատակն էր հայկական վստահելի զօրք պահել շրջանին մէջ, որովհետեւ տեղացի թուրքերուն համակրանքը օսմանեան կայսրութեան կողմն էր եւ թուրք-պարսկական պատերազմներու ժամանակ կ՛անցնէին օսմանցիներուն կողմը:
Ղարաբաղի կուսակալութեան մէջ միայն Գանձակ քաղաքը եւ Կուր գետի ափերուն փռուած քանի մը գիւղեր պարսկական էին եւ ի վիճակի չէին պահելու շրջանը իբրեւ պարսկական նահանգ:
Շահ Աբասի կողմէ 1606-ին Ղարաբաղի կուսակալ նշանակուեցաւ Մոհամէտ խան իպն Խալիլ Զիատօղլու, որ իշխեց մինչեւ 1615 եւ զայն փոխարինեց Մուրշիտ Ղուլի խան, որ իշխեց մինչեւ 1620, այնուհետեւ` Մոհամէտ Ղուլի խան` 1620-էն 1626, եւ Տաուտ խան` 1626-էն 1640:
***
Շահ Աբաս մահացաւ 1629-ին եւ անոր յաջորդեց թոռը` Սաֆի Ա.:
Թուրք-պարսկական ընդհատ բախումները կը շարունակուէին: Օսմանեան բանակը 1638-ին գրաւեց Պաղտատը:
Օսմանեան կայսրութեան եւ Իրանի սահմանին վրայ գտնուող պարսկական Ղասրէ Շիրին քաղաքին մէջ 1639-ին հաշտութեան դաշինք կնքուեցաւ երկու պետութիւններուն միջեւ:
Ղասրէ Շիրինի դաշնագիրը Ամասիոյ 1555-ի դաշնագիրին վերահաստատումն էր` Օսմանեան կայսրութեան ընդլայնումով:
Այսպիսով Օսմանեան կայսրութեան կ՛անցնէր ամբողջ Միջագետքը` Պաղտատ կեդրոնով, ինչպէս նաեւ Կարսի շրջանը եւ Վանը: Սահմանագիծը կը սկսէր Քարթլի-Կախեթի թագաւորութեան կազմի մէջ գտնուող Ջաւախքի լեռներէն, Ախուրեանի հունով կը հասնէր Արաքս գետ, կը թեքէր արեւմուտք, ապա Հայկական Պարի ջրբաժան գիծով, Մասիսներու գագաթներով կ՛երկարէր մինչեւ Վասպուրականի լեռներ եւ Զագրոշի լեռնաշղթայով կը հասնէր Միջագետք:
***
Պարսից շահ Սաֆի Ա. մահացաւ 1642-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Շահ Աբաս Բ., որ գահակալեց մինչեւ 1666 եւ անոր յաջորդեց որդին` Սիւլէյման Ա.:
Սեֆեանները սկսան տկարանալ եւ Պարսկաստանի մէջ ամէնուրեք սկսան ժողովրդային ապստամբութիւններ, իսկ պէյլէրպէկերը աւելի ինքնուրոյնութիւն ձեռք ձգեցին:
Պարսկաստան բաժնուած էր տասներեք պէյլէրպէկութիւններու` Երեւան, Ղարաբաղ, Շիրվան, Թաւրիզ, Ղազուին, Համատան, Ֆարս, Քերման, Աստարապատ, Մաշհատ, Հերաթ, Մերվ եւ Քանտահար:
Սեֆեան պետութեան կազմին մէջ պահպանուած էին նաեւ մանր թագաւորութիւններ ու իշխանութիւններ: Քարթլի-Կախեթիի կազմին մէջ էին Շորագեալ (Շիրակ), Լոռի-Փամբակ եւ Ղազախ-Շամշադին: Առանձին տեղ կը գրաւէին Արցախի եւ Սիւնիքի մելիքութիւնները:
Արցախի մելիքները ներքին լայն ինքնավարութիւն ստացած էին: Խաղաղութիւնը պահպանելու համար անոնք լեռնային անմատչելի ծերպերուն վրայ ամրոցներ կառուցեցին:
Խաչենի մելիք Ջալալ Դ. մելիքութեան իրաւունք ստացած էր Շահ Աբասէն: Ջալալ Դ.-ի յաջորդեց որդին` Մեհրաբ Բ.: Մեհրաբ Բ.-ի որդին էր Վելիչան Գ., որ իշխեց մինչեւ մահը` 1686 եւ անոր յաջորդեց որդին` Մուլքի բէկ:
Իրբեւ Ղարաբաղի պէյլէրպէկի Տաուտ խանի փոխարէն 1640-ին կրկին կուսակալ եղած էր Մոհամէտ Ղուլի խան, որուն 1650-ին յաջորդած էր Մուրթազա Ղուլի խան:
***
Գանձասարի Պետրոս Խանձկեցի կաթողիկոս վախճանեցաւ 1675-ին, որմէ ետք կաթողիկոս ընտրուեցաւ Երեմիա Բ. Հասան Ջալալեան:
Սակայն Սիմէոն եպիսկոպոս Խոտորաշէնցի ինքզինք կաթողիկոս հռչակեց Սիմէոն Դ. անունով: Այսպիսով պայքար սկսաւ Սիմէոն Դ.-ի եւ Երեմիա Բ.-ի միջեւ:
Սիմէոն Դ. Խոտորաշէնցի Ջրաբերդի մօտ, Մռաւ լեռնաշղթայի հարաւային լանջէն սկիզբ առնող Թարթառի հարկատու Թրղի գետի ձախ ափին 1691-ին կառուցեց Երից Մանկանց վանքը, ուր կեդրոնացաւ Աղուանից հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը:
Վանքի դրան ճակատակալ քարին վրայ արձանագրուած է. «Ի թուին Ռճխ-ին ի ժամանակս Շահ Սուլէյման մեծի արքային Պարսից ես Սիմէօն շնորհիւն Աստուծոյ կաթողիկոս Աղուանից շինեցի զեկեղեցիս ընդ հարազատ եղբար իմոյ Իգնատիոս վարդապետին, որ եմք որդիք Սարգիս քահանային Մեծ շինացւոյ, յաղաւթս յիշեցէք որդիք Նոր Սիաւնի»:
Վանքը ունի երկու քարուկիր եւ թաղակապ խուցեր: