Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Նոյեմբեր 25, 2020
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ինքնիշխան Իշխանութիւններ Արցախի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 

– Համամ Գրիգոր Արեւելցի Եւ Սահակ Սեւադա

Պաղտատ գերեվարուած եւ նահատակուած Սմբատ Խոստովանողի որդին` Աշոտ Բագրատունի հօր փոխարէն 855-ին դարձաւ հայոց սպարապետ:

Բուղա ետ կանչուեցաւ Պաղտատ եւ Աշոտ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց ամբողջ իշխանութիւնը:

Աշոտ Բագրատունի 862-ին խալիֆայութենէն ստացաւ հայոց իշխանաց իշխանի տիտղոսը: Նոյն ժամանակ Աշոտ սպարապետութիւնը յանձնեց եղբօր` Աբասի:

Աբասեան խալիֆայութիւնը սկսած էր տկարանալ եւ մասնատուիլ: Տեղական կառավարիչները ստեղծած էին իրենց սեփական զօրքերը: Իսլամութենէն ներս սիւննի-շիի պայքարները արիւնալի կռիւներու վերածուած էին: Խալիֆայի  պահապան զօրագունդը, որ Կեդրոնական Ասիայէն բերուած թուրքերէ կազմուած էր, այնքան զօրացաւ, որ սկսաւ արհամարհել խալիֆային հեղինակութիւնը: Հետզհետէ կազմաւորուեցան Ռուստամիներու, Իտրիսիներու, Աղլապիներու, Սամանիներու, Թահիրիներու, Թուլունիներու եւ Սաֆարիներու պետութիւնները:

Հայաստանի վրայ արաբական տիրապետութիւնը դարձած էր ձեւական, եւ Աշոտ Բագրատունի իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց երկրի վարչական, ռազմական եւ տնտեսական իշխանութիւնը:

Զաքարիա Ա. Ձագեցի կաթողիկոս յաջողեցաւ լեզու գտնել արաբներուն հետ, պաշտպանեց հայ եկեղեցւոյ դաւանութիւնը յոյն եկեղեցւոյ նկրտումներէն եւ կասեցուց Պոլսոյ Փոտ պատրիարքի հայ եկեղեցւոյ քաղկեդոնականութիւն պարտադրելու փորձերը:

Զաքարիա Ա. Ձագեցի կաթողիկոսի ջանքերով 869-ին ժողով հրաւիրուեցաւ, որուն մասնակցեցան իշխանական տուներու ներկայացուցիչները: Որոշուեցաւ Աշոտ Բագրատունին հայոց թագաւոր հռչակել:

Գէորգ Բ. Գառնեցի կաթողիկոս, որ 877-ին յաջորդեց Զաքարիա Ա. Ձագեցիի, իր կարգին սատարեց Աշոտ Բագրատունիի հայկական պետականութեան վերականգնման ջանքերուն: Ան խալիֆայութեան առջեւ բարձրացուց հայկական պետականութեան վերականգնման հարցը:

Աշոտ Բագրատունի 885-ին Երազգաւորսի մէջ Գէորգ Բ. Գառնեցիի ձեռամբ թագաւոր օծուեցաւ:

***

Բագրատունեաց թագաւորութեան կազմէն ներս Արցախի Առանշահիկները, իրենց երկու ճիւղերով, վերստին զօրացան եւ երկու փոքր թագաւորութիւններ հիմնեցին:

Խաչեն գետ

Արդարեւ, Եսայի Ապու Մուսէի թոռ Գագիկ` Դիզակի, իսկ Սահլ Սմբատեանի թոռ եւ Համամ Ատրներսեհի որդի Համամ Գրիգոր Բարեպաշտ Արեւելցի` Խաչենի մէջ, թագաւորութիւններ հաստատեցին:

Համամ Գրիգոր Արեւելցի Թարթառ գետի ափին Հաւքախաղաց բերդը կառուցեց եւ իր թագաւորութեան ենթարկեց յարակից երկրամասեր: Անոր թագաւորութեան սահմանները հասան Սեւանայ լիճի հարաւ-արեւելեան ափերէն մինչեւ Մուղանի դաշտ, Ուտիքի արեւմտեան գաւառներ եւ Կամբեճան` Կամբեճ եւ Աղուան (Ալազան) գետերու ստորին հովիտը:

Համամ Գրիգոր Արեւելցի հայ եւ աղուանից եկեղեցիներու միջեւ եղած տարաձայնութիւնները հարթեց:

Սաւիրները (սեւորդիներ), որոնք Կասպից ծովու արեւմտեան ափերուն` Դարբանդի եւ Աղուանքի մէջ հաստատուած էին, սկսան տարածուիլ դէպի Ուտիք, ուր անոնց մէկ մասը քրիստոնէութիւնը ընդունեց: Իրենց նահապետ Գէորգ Սեւիի անունով անոնք կոչուեցան սեւորդիներ, իսկ Ուտիք նահանգի մէկ մասը անոնց անունով յորջորջուեցաւ Սեւորդեաց գաւառ: Սեւորդիները աստիճանաբար հայացան եւ հետագային այլեւս չեն յիշուիր աղբիւրներու մէջ:

Գտչավանք

Այս ժամանակ ալ Ուտիքի մէջ բարգաւաճեցաւ Գանձակ քաղաքը, ուր հաստատուեցաւ Աղուանից կաթողիկոսական աթոռը:

Համամ Գրիգոր Արեւելցի Սեւանայ լիճի հարաւ-արեւելեան կողմը գտնուող Մեծ Մազրա գիւղին մէջ 881-ին խաչարձան կանգնել տուած է «Գրիգոր Ադրներսեհեան», «Ադրնարսեհի որդի» անունով: Տիգրանակերտի աւերակներուն մօտ եւս իր անունով արձանագրութիւն պահուած է:

Համամ Գրիգոր Արեւելցի մահացաւ 898-ին:

***

Համամ Գրիգոր Արեւելցիի մահէն ետք անոր չորս որդիներուն միջեւ գահակալական պայքարներ սկսան:

Սմբատ Ա. Բագրատունի թագաւոր, որ Ատրպատականի Աֆշին ամիրան պատմութեան մատնելէ ետք խաղաղութիւն հաստատած էր, արշաւանքներ կազմակերպեց դէպի Գուգարք, ուրկէ դուրս մղեց վրացիները եւ շրջանը վերամիացուց Հայաստանի:

Սմբատ Ա. 899-ին գահերէց իշխան Ատրներսեհ Բագրատունին վրաց թագաւոր թագադրեց:

Սմբատ Ա. թագաւոր համաձայն գտնուեցաւ, որ Արցախ եւ Աղուանք վարչական չորս միաւորներու բաժնուին: Այսպիսով կազմաւորուեցան չորս գահերէց իշխանութիւններ.

– Հերեթ Կամբեճան, որուն մեծ իշխան հռչակուեցաւ Համամ Գրիգորի որդի Ատրներսեհ Բ.: Կ՛ընդգրկէր բուն Կամբեճանը (Խորին Հայք. Կուր գետի եւ Կապկոհ լեռներու միջեւ տարածուող գօտին` Կամբեճ եւ Ալազան գետերու հովիտները), վրացական Հերեթ երկրամասը եւ բուն Աղուանքի Շաքի նահանգը: Կեդրոնը հաւանաբար Ալազանի աջափնեակն էր:

Փառիսոսի բերդ

– Փառիսոս, որուն մեծ իշխան հռչակուեցաւ Համամ Գրիգորի որդի Սահակ Սեւադա: Կ՛ընդգրկէր Արցախի Փառիսոս կամ Փառնես եւ Ուտիքի Գարդման գաւառները: Կեդրոնը` Փառնես բերդաւանը:

– Խաչեն, որուն մեծ իշխան հռչակուեցաւ Համամ Գրիգորի որդի Վախթանգ Սակառ: Կ՛ընդգրկէր Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերէն Արցախի լեռնաշղթայ, Հագարի գետի հովիտը, հիւսիսէն` մինչեւ Մռաւի հիւսիսային լանջերը եւ արեւելեան կողմէն կը հասնէր մինչեւ Մուխանք գաւառ (Կարկառ գետէն հարաւ): Նշենք, որ բուն Խաչեն կ՛ընդգրկէ Թարթառ, Խաչեն եւ Կարկառ գետերու հովիտները: Խաչենի իշխանութեան միացուեցաւ նաեւ Պարտաւի յարակից գօտին` Կաղանկատոյք աւանով եւ Աղուէն բերդով:

– Քթիշ կամ Դիզակ, որուն մեծ իշխան հռչակուեցաւ Եսայի Ապու Մուսէի թոռ Գագիկ: Կ՛ընդգրկէր ներկայ Հադրութի շրջանը:

***

Արծրունի եւ Սիւնի իշխանները վէճի մէջ էին Նախճաւանի պատկանելիութեան հարցով: Նախճաւան (Նախիջեւան) անցեալին պատկանած էր Մարդպետունիներուն եւ Արշակունիներու անկումէն ետք անցած էր Արծրունիներուն:

Սմբատ Ա. թագաւոր Նախճաւանի պատկանելիութեան հարցը լուծեց ի նպաստ Սիւնիներուն:

Թագաւորի կարգադրութենէն դժգոհ Գագիկ Արծրունի բանակցութեան մէջ մտաւ Ատրպատականի ամիրա Եուսուֆի հետ: Եուսուֆ միջնորդեց խալիֆային մօտ, Սմբատի փոխարէն թագաւոր ճանչնալու Գագիկ Արծրունին: Խալիֆայի ուղարկած թագով Գագիկ 908-ին թագաւոր թագադրուեցաւ Եուսուֆի ձեռքով: Այսպիսով կազմաւորուեցաւ Վասպուրականի թագաւորութիւնը:

Գագիկ Արծրունի եւ Եուսուֆ յարձակեցան Սմբատի վրայ: Հայոց արքան ամրացաւ Արշարունիք գաւառի Կապոյտ բերդին մէջ եւ մէկ տարուան դիմադրութենէ ետք անձնատուր եղաւ եւ 914-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Արաբներ թագաւորին մարմինը Դուինի մէջ Խաչի վրայ գամեցին:

Սմբատ Ա.ի որդի Աշոտ Բ. Երկաթ գլխաւորեց անկախութեան պահպանման համար պայքարը:

Աշոտ Բ. եւ եղբայրը` Աբաս արաբներէն ազատագրեցին շարք մը երկրամասեր:

Փառիսոսի մեծ իշխան Սահակ Սեւադա թագաւորին գլխաւոր աջակիցը դարձաւ եւ նպաստեց հայկական կեդրոնացեալ պետութեան ամրապնդման: Դուստրը` Սահականոյշ ամուսնացաւ Աշոտ Բ.ի հետ:

Այս ժամանակ ալ Սահակ Սեւադա ճնշեց Մովսէս Ուտէացիի ապստամբութիւնը:

Եուսուֆ ամիրա 915-ին կրկին ներխուժեց Հայաստան: Աշոտ Բ.ի հօրեղբօրորդի Աշոտ Շապուհեան Եուսուֆի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի թագաւոր:

Մռաւի լեռներ

Աշոտ Շապուհեան պայքար սկսաւ թագաւորին դէմ: Յովհաննէս Դրասխանակերտցի կաթողիկոս փորձեց հաշտեցնել կողմերը եւ վերջ տալ եղբայրասպան կռիւներուն, բայց անօգուտ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գուգարքի Շամշուլդէ բերդին տէրերը ապստամբութեան դրօշ պարզեցին Բագրատունեաց գահին դէմ:

Սահակ Սեւադա, որ նախապէս դժգոհ մնացած էր Նախճաւանի հարցը ի նպաստ Սիւնիներուն լուծուած ըլլալով, քաղաքական պայմաններու փոփոխութեան լոյսին տակ դիրքորոշուեցաւ  ի նպաստ Սիւնեաց Սմբատ իշխանին:

Սիւնեաց իշխան Սմբատի եւ Աշոտ Բ.ի միջեւ կռիւներ սկսան: Սահակ Սեւադա օգնեց Սմբատի: Կռուի ժամանակ Սահակ Սեւադա եւ որդին` Գրիգոր գերեվարուեցան եւ Աշոտ Բ. թագաւորին հրամանով կուրացուեցան:

Այս ժամանակ, Բիւզանդիոնի Կոստանդին Ծիրանածին կայսր (913-էն 920 եւ 944), թուարկելով Հայաստանի պետական կարեւորագոյն կազմաւորումները, որոնց հետ բիւզանդական արքունիքը գրագրութիւն ունէր, կը յիշատակէ նաեւ Խաչենի իշխանը:

***

Աշոտ Բ. 922-ին խալիֆայէն թագ ստացաւ եւ ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի շահնշահ:

Բագրատունիներու գերագահութիւնը ընդունեցին արաբ ամիրաները եւ կեդրոնախոյս հայ իշխանները:

Աշոտ Բ. Երկաթի 928-ին յաջորդեց եղբայրը` Աբաս: Աբասի 953-ին յաջորդեց որդին` Աշոտ Գ. Ողորմած, որ մայրաքաղաքը Կարսէն Անի տեղափոխեց:

Սահակ Սեւադայի որդի Յովհաննէս Սենեքերիմ 958-ին հիմնեց Փառիսոսի թագաւորութիւնը: Պարսից արքունիքը եւ Բիւզանդիոնի կայսեր ներկայացուցիչ Դաւիթ Մագիստրոս ճանչցան անոր թագաւորութիւնը: Բիւզանդական արքունիքը Յովհաննէս Սենեքերիմի թագ եւ արքայական ծիրանի ուղարկեց:

Անանիա Ա. Մոկացի կաթողիկոս փորձեց մեղմել անջատողական ձգտումները: Ան 958-ին Սիւնիք այցելեց եւ Ջիվանշիր իշխանի որդի Վահանը եպիսկոպոս ձեռնադրեց: Ապա անցաւ Արցախ եւ Աղուանք:

Աղուանից Սահակ կաթողիկոս հակադրուեցաւ Անանիա Ս. Մոկացիի, սակայն անոր ապստամբական քայլը ճնշուեցաւ:

Այս ժամանակ, Աշոտ Գ. Ողորմածի եղբայր Մուշեղ 963-ին հիմնեց Կարսի թագաւորութիւնը:

Աշոտ Գ. Ողորմածի 977-ին յաջորդեց որդին` Սմբատ Բ.: Աշոտ Գ.ի կրտսեր որդի Գուրգէն 982-ին հիմնեց Տաշիր-Ձորագետի թագաւորութիւնը, իսկ Սմբատ Սիւնի 987-ին հիմնեց Սիւնիքի թագաւորութիւնը:

Սմբատ Բ.ի 990-ին յաջորդեց որդին` Գագիկ Ա. թագաւոր, որ պայքար սկսաւ Փառիսոսի թագաւորութեան դէմ:

Գանձակի ամիրա Փալտուն, միանալով Գագիկ Ա.ի, յարձակեցաւ Փառիսոսի վրայ: Գանձակի ամիրային ուժերը պայքարի դաշտ իջան նաեւ Խաչենի իշխանութեան դէմ:

Յովհաննէս Սենեքերիմ մահացաւ 1003-ին եւ անոր յաջորդեց եղբօրորդին` Փիլիպպէ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն (24 Նոյեմբեր 2020)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?