ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախ` Հայկական Պետականութեան Անբաժանելի Մաս
Վաչագան Գ. Բարեպաշտի Թագաւորութիւնը
– Արմինիա Կուսակալութեան Կազմէն Ներս
Հայոց պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ Արցախ մաս կազմած է հայկական պետականութեան:
Աւանդական պատմութեան համաձայն, Հայկ Նահապետի թոռ եւ Գեղամի որդի Սիսակ տէր դարձաւ Հայաստանի արեւելեան մասին: Սիսակի սերունդէն Վաղարշակ թագաւորի որդի Առան կուսակալ կարգուեցաւ Արաքս գետէն մինչեւ Կուրի հոսանքը տարածուող գօտիին, ուր կ՛աւարտի հայերէն լեզուն: Առանի անունով շրջանը կոչուեցաւ Արցախ` իբրեւ Առանի ծառաստան: Անոր սերունդէն գոյացան արցախցիք, իսկ իշխող նախարարական տունը կոչուեցաւ Առանշահիկ:
Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորի (Ն. Ք. 786-764) Կոտայքի մէջ յայտնաբերուած ժայռափոր արձանագրութեան մէջ կը յիշուի Զառ քաղաքը, որ հաւանաբար ներկայ Քարվաճառի շրջանին մէջ գտնուող երբեմնի Ծարի իշխանութեան կեդրոնն է: Իսկ Սարդուրի Բ. արքայի (Ն. Ք. 764-735) սեպագիր արձանագրութեան մէջ կը յիշուի «Կուրի եւ Արաքսի Միջագետքի տասնինը երկիրներու նուաճման մասին:
Յոյն պատմագիր եւ աշխարհագիր Ստրաբոն Մեծ Հայքի կազմէն ներս կը յիշէ Օրխիստինա` Արցախ նահանգը:

Տիգրան Մեծ արքայից արքայ (Ն. Ք. 95-55) Արցախի մէջ կառուցեց իր անունը կրող քաղաքներէն մէկը` Տիգրանակերտ:
* * *
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն (301) ետք, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռ եւ Վրթանէսի որդի Սուրբ Գրիգորիս, Կեսարիոյ մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ետք քրիստոնէութիւնը տարածեց Վրաստանի եւ Աղուանքի մէջ: Ան Արցախի եւ Աղուանքի առաջին եպիսկոպոսը եղաւ եւ հիմնեց Ամարասի վանքը:
Առաքելական քարոզչութեան ընթացքին հեթանոսներ Կասպից ծովու ափին, Վատնեան դաշտին մէջ բռնեցին Սուրբ Գրիգորիսը, ձիերուն կապեցին եւ ծովափնեայ քարերուն վրայ քաշկռտելով սպաննեցին: Սուրբին աշակերտները անոր մարմինը Արցախ փոխադրեցին եւ Ամարասի վանքին մէջ թաղեցին:
Աղուաններ 370-ական տարիներուն, Ուռնայր թագաւորին օրով ընդունեցին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն:
* * *
Հայաստան 387-ին բաժնուեցաւ Բիւզանդական եւ պարսիկ Սասանեան կայսրութիւններուն միջեւ, որմէ ետք Արցախ եւ Ուտիք նահանգները պարսից արքունիքին որոշումով միացուեցան Աղուանքի, իբրեւ վարձատրութիւն աղուանից արքաներու` Սասանեան արքայից արքաներու մատուցած ծառայութիւններուն:

Գիրերու գիւտէն ետք, Ե. դարու սկիզբը, Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները Արցախի մէջ ձեռնարկեցին հայերէն գիրի ու դպրութեան տարածման: Աւանդութեան համաձայն, առաջին դպրոցը Ամարասի վանքին մէջ բացուեցաւ:
Աղուանից Արսւաղէն թագաւոր 422-423-ին օժանդակեց Մեսրոպ Մաշտոցի, աղուան Բենիամին վարդապետին հետ աղուաներէն այբուբենը ստեղծելու համար:
Մեսրոպ Մաշտոց Այրարատ վերադառնալէն ետք մեկնեցաւ Աղուանք, հանդիպեցաւ Արսւաղէն թագաւորին եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ եւ կազմակերպեց աղուաներէն այբուբենի տարածումը:
Արսւաղէն թագաւորին աջակցութեամբ Մեսրոպ Մաշտոց քրիստոնէութիւնը ամրապնդեց Աղուանքի մէջ: Աղուաներէն թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը:
Սասանեան Պարսկաստանի կազմէն ներս գոյատեւող հայոց Արշակունեաց թագաւորութիւնը 428-ին ջնջուեցաւ եւ այնուհետեւ Հայաստան կառավարուեցաւ պարսից արքային կողմէ նշանակուող մարզպաններով, իբրեւ կեդրոն ունենալով մայրաքաղաք Արտաշատը:
Վարդանանց պատերազմին ժամանակ, Աւարայրի հաւատամարտին, 451-ին, Արցախի այրուձին, Առանշահիկներու գլխաւորութեամբ, գործօն մասնակցութիւն բերաւ:
Աւարայրի ճակատամարտէն ետք պարսկական բանակը յառաջացաւ Հայաստանի խորերը: Արցախցիք, իրենց անառիկ լեռներուն վրայ ամրանալով, բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերեցին:
Աղուանից Վաչէ Բ. թագաւորին մահէն ետք, 462-ին պարսից արքունիքի որոշումով կազմաւորուեցաւ Աղուանքի մարզպանութիւնը, իբրեւ կեդրոն ունենալով Պարտաւ քաղաքը: Արցախ եւ Ուտիք մնացին Աղուանքի մարզպանութեան կազմին մէջ: Պարտաւ տեղափոխուեցաւ նաեւ Աղուանից եպիսկոպոսը:
* * *
Վաչագան Գ. Բարեպաշտ յիշուած է իբրեւ Աղուանքի Վաչէ Բ. թագաւորի որդին կամ եղբօրորդին: Անոր տոհմական պատկանելիութիւնը յստակ չէ: Ան կամ աղուանից Արշակունիներու տոհմէն էր, կամ ալ Արցախի նախարարական Առանշահիկներու տոհմէն:
Պարսիկ Սասանեան կայսրութեան ներքին անիշխանական կացութեան եւ հեփթաղներու դէմ պայքարի պայմաններուն տակ պետութեան հեղինակութիւնը տկարացաւ: Զէնք բարձրացուցին նաեւ Կովկասի լեռնականները:
Սասանեան Պարսկաստանի կրօնափոխութեան եւ պարսկացման քաղաքականութեան դէմ 481-ին ապստամբութիւն բարձրացուցին նաեւ հայերը` Վահան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ: Ակոռիի եւ Ներսեհապատի յաղթական ճակատամարտերէն ետք, Ճարամանայի ճակատամարտին զոհուեցան մարզպան Սահակ Բագրատունի եւ Վասակ Մամիկոնեան:
Պարսից արքայից արքայ Պերոզ հեփթաղներու դէմ պատերազմին, 484-ին զոհուեցաւ եւ անոր յաջորդեց Վաղարշ:
Պարսկաստանի ներքին խառնակ կացութենէն օգտուելով, Վաչագան Բարեպաշտ, Արցախի մէջ ամրանալով, ինքզինք Աղուանքի թագաւոր հռչակեց: Ան Թարթառ գետի ափին Գիւտական աւանը հիմնեց եւ զայն մայրաքաղաք հռչակեց:
Աղուանքի թագաւորութիւնը կ՛ընդգրկէր Աղուանքը, Ուտիքը, Արցախը եւ Կամբեճանը:
Վաղարշ արքայից արքայ, Հայաստանի հարցը կայսրութեան կարեւորագոյն խնդիր նկատելով, որոշեց վերջնականապէս հրաժարիլ զրադաշտականութիւնը բռնի կերպով տարածելու քաղաքականութենէն եւ սիրաշահիլ հայերը: Հայերու եւ պարսիկներու միջեւ 484-ին կնքուեցաւ Նուարսակի դաշնագիրը, որուն համաձայն կը վերցուէր կրօնափոխութեան պարտադրանքը, դժուարութիւններ պիտի չստեղծուէին հայ եկեղեցւոյ գործունէութեան համար եւ արքայից արքան պիտի չմիջամտէր հայ նախարարներու ներքին գործերուն:
Վաչագան Բարեպաշտ, քաղաքական բարենպաստ կացութենէն օգտուելով ամրապնդեց իր սահմանները, եւ հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ, հայկական ինքնութեան պահպանման կեդրոն եւ միջնաբերդ դարձուց իր թագաւորութիւնը:
Վաչագան Բարեպաշտ պայքար մղեց հեթանոսական վերապրուկներու ու աղանդաւորական շարժումներու դէմ եւ եկեղեցական, լուսաւորական ու քարոզչական բուռն գործունէութիւն ծաւալեց: Իսկ թագաւորութեան հիմքերը ամրապնդելու համար ներքին կարգ ու կանոնը ապահովող օրէնքներ մշակեց:
Վաչագան թագաւորի ջանքերով ամէնուրեք եկեղեցիներ շինուեցան եւ դպրոցներ բացուեցան: Պաքուի հայկական առաջին եկեղեցին կառուցուեցաւ 500-ին:
Թագաւորին համար ուխտագնացութեան նուիրական վայր էր Ամարաս, նահատակ Գրիգորիս եպիսկոպոսի գերեզմանը:
Թագաւորը յաճախ դպրոցներ կ՛այցելէր եւ կը հրճուէր աշակերտներու ընթերցանութեամբ:
Եկեղեցական նախկին կանոններու ու պետական կազմակերպութեան մասին պահպանուած մատենագիտական նիւթերու հիման վրայ, եւ իրեն աջակից ունենալով անուանի մտածողներ Մատթէ, Աբրահամ Մամիկոնեան եւ Պետրոս Սիւնեցի, Վաչագան Բարեպաշտ կազմեց «Սահմանադրութիւն կանոնական»-ը:
Վաչագան Գ. Բարեպաշտի նախաձեռնութեամբ, Պարտաւէն արեւմուտք գտնուող թագաւորական ամարանոց Աղուէնի մէջ եկեղեցական ժողով գումարուեցաւ: Ժողովին մասնակցեցան տասնութ հոգեւորականներ` եպիսկոպոս եւ քահանայ, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ուտիքի աւագանին, իշխաններ եւ ազատներ:
Ժողովին ընդունուած կանոններու Առաջաբանին մէջ կ՛ըսուի, որ հրաւիրման պատճառը բազմաթիւ հակառակութիւններն էին աշխարհականներու եւ հոգեւորականներու, ազատներու եւ շինականներու միջեւ, իսկ նպատակը` ներգործութեան իրաւական միջոցներով զանոնք հարթելը:
Ժողովը ընդունեց քսանմէկ կանոն, որոնք յայտնի են իբրեւ «Վաչագան Աղուանից արքայի կանոնախումբ»: Ժողովին ընդունուեցաւ թագաւորին կազմած «Սահմանադրութիւն կանոնական»-ը:
Ժողովին ընդունուած կանոններէն կը հետեւի, որ մինչեւ այդ ժամանակ ազատները իրենց դաստակերտներէն կը վտարէին քահանաները, նոր քահանաներ կը կարգէին, եկեղեցիներուն մէջ սեղան կը կանգնեցնէին, նշխար կը տեղադրէին եւ պատարագ կը մատուցէին առանց եպիսկոպոսի համաձայնութեան, կիրակի օրերը իրենց ծառաներուն հետ եկեղեցի չէին երթար, հանգուցեալի հոգեբաժինը չէին յանձներ եկեղեցիին, հանգուցեալի յիշատակին նուիրուած պատարագ չէին կատարեր եւ կը շարունակէին ապրիլ հեթանոսաբար` ամուսնանալով մերձաւոր ազգականներու հետ եւ կին կ՛առնէին առանց պսակի օրհնութեան եւ առանց հիմնաւորուած պատճառի կ՛ամուսնալուծուէին կնոջմէ:
Ժողովը նուազեցուց աշխարհականներէն գանձուող պտղի եւ տասանորդ կոչուող տուրքերը: Աշխարհականներուն համար սահմանուեցան հոգեւոր բնոյթի պարտաւորիչ կանոններ: Արգիլուեցան քրիստոնէական գաղափարներուն հակասող հեթանոսական կենցաղավարութեան երեւոյթներ: Նաեւ` որոշուեցաւ հետապնդել դատապարտելի երեւոյթներ` ինչպէս իրարու վրայ մեղք բարդել եւ վանքի հասոյթներ յափշտակել:

Վաչագան Բարեպաշտ թագաւոր մահացաւ 510-ին եւ թաղուեցաւ իր հիմնած Եղիշէ Առաքեալի վանքին մէջ: Վանքը կոչուած է նաեւ Ջրվշտիկ եւ կը գտնուի Մատաղիս գիւղէն հիւսիս, Մռաւ լերան անտառապատ լանջին:
* * *
Արցախ եւ Ուտիք, իբրեւ Արեւելից կողմանք հայոց, նաեւ` իբրեւ Աղուանից կողմանք, երկար ժամանակ պահպանեցին ինքնուրոյն եւ ինքնիշխան գոյավիճակը:
Արաբներ, Իյատ իպն Ղանէմի գլխաւորութեամբ 640-ին ներխուժեցին Հայաստան: Հայոց իշխան եւ սպարապետ Թէոդորոս Ռշտունի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ, բայց պարտուեցաւ: Արաբներ 642-643-ին կրկին ներխուժեցին:
Արաբներու հետագայ ասպատակութիւններէն խուսափելու համար Թէոդորոս Ռշտունի 652-ին հաշտութիւն կնքեց Վերին Միջագետքի կառավարիչ Մուաւիայի հետ, որուն հիմամբ Հայաստան պահպանեց իր ներքին ինքնավարութիւնը:
Հայ-արաբական համաձայնութեան հիմամբ Սիւնիք եւ Արցախ կը դիտարկուէին իբրեւ Հայաստանէն առանձին միաւորներ:
Թէոդորոս Ռշտունիի 654-ին յաջորդեց փեսան` Համազասպ Մամիկոնեան, որ իր իշխանութիւնը տարածեց նաեւ Սիւնիքի եւ Արցախի վրայ:
Իբրեւ հայոց իշխան 661-ին Համազասպի յաջորդեց եղբայրը` Գրիգոր Մամիկոնեան, իսկ անոր յաջորդ Աշոտ Բագրատունի 689-ին զոհուեցաւ արաբներու դէմ պատերազմին: Անոր յաջորդեցին Ներսեհ Կամսարական, ապա` Սմբատ Բիւրատ Բագրատունի: Արաբները 695-ին ներխուժեցին Հայաստան եւ 701-ին նուաճեցին Հայաստանը, Վիրքն ու Աղուանքը:
Արաբական խալիֆայութեան կազմէն ներս, Հայաստան, Վերին Միջագետք, Ատրպատական եւ հարաւային Կովկաս 701-ին կազմաւորուեցան իբրեւ Արմինիա կուսակալութիւն:
Արմինիա կուսակալութեան կեդրոն դարձաւ Դուինը: Կուսակալութիւնը կառավարուեցաւ արաբ ոստիկաններով: Առաջին ոստիկան եղաւ Ապտուլլահ իպն Հաթէմ Պահիլի:
Ոստիկանը իր կողքին ունէր խալիֆայութեան հիւսիսային փոխարքայութեան կառավարիչին կողմէ ոստիկանի տեղապահ նշանակուած հայ իշխանը: Առաջին տեղապահը եղաւ Սմբատ Բիւրատ Բագրատունի:
Արմինիա կուսակալութիւնը իր կարգին բաժնուեցաւ չորս ամիրայութիւններու.

– Պարտաւի ամիրայութիւն կամ Առան` Աղուանք, Ուտիք եւ Արցախ:
– Տփխիսի ամիրայութիւն կամ Գիւրջան` Վիրք, Գուգարք եւ Տայք:
– Դերբենդի ամիրայութիւն կամ Զոլա երկիր:
– Դուինի ամիրայութիւն կամ Հայաստան` Սիւնիք, Այրարատ, Տուրուբերան եւ Վասպուրական: