Ժողովրդային Բողոք Եւ Դիմադրութիւն` Եկեղեցական
Կալուածներու Գրաւման Ոտնձգութիւններուն Դէմ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայոց եկեղեցական կալուածներու գրաւման կայսերական հրովարտակը, կնքուած փակ ծրարով հասաւ Էջմիածին եւ յանձնուեցաւ հայոց կաթողիկոս Հայրիկին:
Հայրիկ թիկնաթոռի վրայ նստած ունկնդրեց ազգապատկան կալուածներու գրաւման գոյժը: Ձեռքերը դողդղացին, աչքերէն արտասուք հոսեցան եւ հրովարտակը ինկաւ ոտքերուն տակ:
Եկեղեցական կալուածներու կորուստը եւ հայութեան նուիրական իրաւունքներու անիրաւ ու չարագործ ոտնահարումը խորապէս ցնցեցին ու հոգեկան ծանր տագնապի մատնեցին Վասպուրականի Արծիւը:
Հայրիկ վեհարանի Ծաղկեայ դահլիճի չորս պատերուն մէջ փակուեցաւ, դէմքը դէպի Արարատը մտածումներու մէջ թաղուեցաւ եւ յուսահատութենէն ու անզօրութենէն անճրկած սկսաւ կրկնել. «Ինչ անել, ինչ անել»:
Առաջին օրերուն կաթողիկոս, միաբանութիւն եւ ամբողջ ժողովուրդը ցնցուած, շանթահարուած ու անզգայացած վիճակի մատնուած էին:
Յաջորդող օրերուն սկսան ձայներ բարձրանալ` դիմադրելու, չտալու, ընդդիմանալու եւ պահանջելու կաթողիկոսէն` որ դիմէ Պետերբուրգ, կայսրին:
Յուզումը մեծ էր եւ ընդհանուր:
Երեւանէն շուրջ չորս հազար հոգի, առաջնորդական փոխանորդ Սուքիաս արքեպիսկոպոս Պարզեանի գլխաւորութեամբ քալելով Էջմիածին ուղեւորուեցան եւ Հայրիկի ներկայանալով ըսին.
– Վեհափառ, բողոքել, չտալ, ժողովուրդը ձեզ հետ է:
Բոլոր թեմերու առաջնորդները Էջմիածին կանչուեցան խորհրդակցելու եւ հրահանգներ ստանալու համար: Անմիջական որոշում առնուեցաւ, որ ոեւէ մէկը եւ որեւէ եկեղեցական մարմին չհամարձակի գրաւման հրամանին տակ ստորագրելու:
Աստրախանի թեմի առաջնորդ Արիստակէս եպիսկոպոս Սեդրակեան շոգեկառքով դէպի Էջմիածին ճամբուն վրայ երբ Ղարաքիլիսա հասաւ, շոգեկառք մտան տեղի ժողովուրդի երեք ներկայացուցիչներ եւ դառնալով դէպի սրբազանը ըսին.
– Սրբազան, ի՞նչ է ձեր կարծիքը եւ ի՞նչ էք մտածում այս նոր օրէնքի մասին:
– Ես իմ կարծիքը կ՛ասեմ իմ վեհափառ կաթողիկոսին լսելուց յետոյ, պատասխանեց Արիստակէս եպիսկոպոս:
– Սրբազան,- ըսին ժողովուրդի ներկայացուցիչները, ինչ էլ մտածելուց լինէք, գիտցէք, որ եթէ ձեր որոշումը միաձայն բողոք չլինի, դուք այստեղից ողջ չէք կարող դառնալ:
Բոլոր քահանաներուն հրահանգ տրուեցաւ` ոչ մէկ քայլ առնել եւ ոչ մէկ յանձնում կատարել` մինչեւ Էջմիածինէն կարգադրութիւն ստանալը:
Ազգային սուգ յայտարարուեցաւ եւ երեք օր եկեղեցիներ իրենց դուռերը փակեցին եւ սուգի զանգեր հնչեցուցին: Քահանաներ կոչեր արձակեցին` նզովելու եկեղեցւոյ թշնամիները: Եկեղեցիները ծայրէ ծայր լեցուեցան. պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմեա»-ի ժամանակ բոլորը ծունկի գալով նզովեցին նոր Յազկերտի գահն ու արեւը, իսկ «զամենաբարեպաշտ ինքնակալ մեծ թագաւոր մեր» ըսելու ժամանակ բոլորը դուրս ելան:
Երիտասարդներ դագանակներով, դաշոյններով եւ ատրճանակներով զինուած դիրքեր բռնեցին եկեղեցիներուն շուրջ եւ պատրաստուեցան դիմադրութեան:
* * *
Փոխարքայ իշխան Կալիցին գործի անցաւ: Կովկասի փոխարքայութեան հայաբնակ բոլոր վայրերու զինուորական եւ ոստիկանական իշխանութիւնները փոխարքայէն շտապ եւ կտրուկ շրջաբերականներ ստացան, որոնք կը հրահանգէին պահանջել հայոց եկեղեցական կալուածներն ու դրամները, միջոց չտալ բողոքելու, հսկելու որ հարստութիւնները չպահուին, իսկ եթէ հայերը դիմադրեն` զօրք բերել: Դրամատուները հրաման ստացան արգելքի տակ առնելու հայոց ազգապատկան գումարները:
Փոխարքան նաեւ հրահանգ ուղարկեց Էջմիածնի սինոտին` յանձնելու դրամներն ու հաշիւները: Թեմակալ առաջնորդներէն ալ պահանջուեցաւ դրամներու եւ գոյքերու ցուցակներ պատրաստել:
* * *
Պետերբուրգի եւ Թիֆլիսի ռուսական թերթերուն մէջ յօդուածներ հրապարակուեցան, որոնք հայ ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէին ենթարկուելու կայսեր օգոստափառ կամքին: Անոնք կը վստահեցնէին, որ կառավարութեան նպատակն է բարեկարգում կատարել եւ կ՛առաջադրէ.
ա.- Աւելի մեծցնել լուսաւորչական եկեղեցւոյ եկամուտները եւ հետեւաբար նպաստել անոր բարգաւաճման:
բ.- Ապահովել աղքատ եւ չքաւոր հոգեւորականները, որոնց վիճակը այժմ չափազանց ողբալի է:
գ.- Ազատել եկեղեցին եւ անոր կալուածները ապօրինի, անսահման յափշտակութենէն:
* * *
Պետական յանձնաժողովներ եւ զինուորական ու ոստիկանական իշխանութիւններ գործի լծուեցան:
Թեմակալ բոլոր առաջնորդները եւ քահանաները կանչուեցան, եւ անոնց պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ.
«Ի կատարումն յունիսի 12-ի որոշման, հաստատուած թագաւոր կայսեր կողմէ եւ Կովկասի կառավարչապետի հրամանի, կ՛առաջարկենք ձեզի` յանձնել ձեր գործակալութեան ենթակայ եկեղեցիներու գոյքի եւ ստացուածքի ցուցակը եւ օգնել մեզի` ստանալու այդ բոլորը, որոնց արդիւնքը պիտի երթայ հայ հոգեւորականութեան վիճակը ապահովելու գործին վրայ»:
Թեմակալ առաջնորդներ եւ քահանաներ, եկեղեցական իշխանութիւններէն ստացուած հրահանգին համաձայն կը պատասխանէին.
– Համաձայն եմ վեհափառ կաթողիկոսի հրամանի ու կարգադրութեան, որ սուրբ ու պարտադիր է ինծի համար, եւ կը հրաժարիմ որեւէ բացատրութիւն տալու եւ յանձնում կատարելու:
Ռուսական հեռաւոր շրջաններու մէջ գործող քանի մը քահանաներ, անտեղեակ անցուդարձերուն եւ Էջմիածնի մէջ առնուած որոշումին, անզգուշութիւն ունեցան ներկայանալու յանձնաժողովին եւ գոյքացուցակ յանձնելու: Լուրը արագ տարածուեցաւ: «Դաւաճան» քահանաները անմիջապէս Էջմիածին կանչուեցան:
Աստրախանի մէջ գործող եւ գոյքացուցակ յանձնած Գէորգ քահանայ Մկրտումեան եւ Սեդրակ քահանայ Աղաբալեան շոգեկառքով Էջմիածին կ՛ուղեւորուէին: Շոգեկառքը կանգ առաւ Ղարաքիլիսայի կայարանը: Ժողովուրդը լուր առնելով խուժեց անոնց վակոնը: Պետական պաշտօնեաներ հազիւ յաջողեցան ազատել զանոնք ծեծէ ու անարգանքէ:
* * *
Փոխարքայ իշխան Կալիցին որոշեց ծայրայեղ խստութիւններու դիմել եւ սպառնագին ուղերձներ յղեց հայոց կաթողիկոս Հայրիկին:
Հայրիկի պատասխանը յստակ էր եւ մեկին.
– Ռուսաց կառավարութիւնը իրաւունք չունի եւ չի կրնար գրաւել հայոց ազգային եկեղեցական կալուածները, որոնք ոչ թէ միայն ռուսահայոց, այլ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած համայն հայութեան սեփականութիւնը կը կազմեն:
Ամէն կողմէ բողոքի, դիմադրութեան եւ ըմբոստութեան ձայներ կը լսուէին, որոնք ուժ ու կորով կը ներշնչէին ծերունազարդ կաթողիկոսին:
Հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւնները համախմբեցին իրենց ուժերը եւ բողոքի ու դիմադրութեան կոչեր արձակեցին: Կազմուեցաւ Հայկական ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական կոմիտէ անունով գաղտնի մարմինը, որ մասնաճիւղեր կազմակերպեց հայաբնակ բոլոր քաղաքներուն, գաւառական կեդրոններուն եւ գիւղերու մէջ:
Ինքնապաշտպանութեան կոմիտէներուն նպատակն էր ամէնուրեք ժողովրդային բողոքի ցոյցեր կազմակերպել եւ ի պահանջել հարկին զինական դիմադրութիւն ցոյց տալ:
Ինքնապաշտպանութեան գաղտնի կոմիտէները զինական, թռուցիկ եւ ահաբեկիչ խումբեր կազմակերպեցին եւ թռուցիկներ տարածեցին:
Հայկական ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական կոմիտէն թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ Հայրիկի, խրախուսանքի խօսքեր ուղղեց` բողոքելու, դիմադրելու եւ յամառելու, եւ վստահեցուց, որ յեղափոխական կազմակերպութիւնները իր կողքին են:
* * *
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Հայրիկ պետական պաշտօնական հրաւէրով Թիֆլիս կանչուեցաւ:
Հայրիկ Թիֆլիս հասաւ տեղի չտալու վճռակամութեամբ: Շոգեկառքի կայարանին մէջ հազարաւոր հայեր «Կեցցէ՜ Հայրիկ, չստորագրես Հայրիկ» կոչերով դիմաւորեցին հայոց կաթողիկոսը:
Հայրիկ գունատ դէմքով լռութեան հրաւիրեց ժողովուրդը եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կեցցէ»:
Կայարանէն մինչեւ առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի ժողովուրդը «Կեցցէ՜ Հայրիկ» աղաղակներով հետեւեցաւ Հայրիկի կառքին: Քանի մը տեղեր երիտասարդներ փորձեցին կառքին ձիերը արձակել, որպէսզի իրենք քաշեն կառքը, բայց Հայրիկ բարկացաւ, յանդիմանեց եւ հեռացուց զանոնք:
Առաջնորդարանին մէջ Հայրիկ ընդունեց Թիֆլիսի հայոց պատգամաւորները, որոնք կաթողիկոսէն խնդրեցին չյանձնել կալուածները:
Հայրիկ ռուսական պետութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ վճռական կեցուածք ցոյց տուաւ եւ սպառնագին արտայայտութիւններուն առջեւ անյողդողդ մնաց:
* * *
Հայրիկ Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Էջմիածին եւ հասաւ Ղարաքիլիսա:
Ղարաքիլիսայի եւ շրջակայ գիւղերու ժողովուրդը կայարանին մէջ դիմաւորեց կաթողիկոսը: Ոստիկանութիւնը փորձեց արգիլել, որ ժողովուրդը չմօտենայ շոգեկառքին, բայց «Կեցցէ՜ Հայրիկ» աղաղակներով հայեր պատռեցին ոստիկանութեան շղթան եւ շրջապատեցին շոգեկառքը:
Հայրիկ շոգեկառքի վակոնին մէջէն, պատուհանէն դիտեց յուզուած ժողովուրդին ցոյցը եւ լսեց անոր ձայնը. «Հայրի՜կ, ժողովուրդը քեզ հետ է. կեցցէ՜ Հայրիկ»:
* * *
Շոգեկառքը Ղարաքիլիսայէն ճամբան շարունակեց դէպի Ալեքսանդրապոլ:
Շիրակի դաշտէն հազարաւոր հայեր, լսելով որ Հայրիկ կու գայ, աճապարեցին քաղաք հասնիլ:
Ալեքսանդրապոլի եւ գիւղերու ժողովուրդը ողողեց կայարանը:
Շոգեկառքը հասաւ կայարան: Ժողովուրդը կեցցէներով, ծափերով եւ խնդրական աղաղակներով Հայրիկը քաղաք հրաւիրեց:
Հայրիկ վակոնէն իջաւ, կառք նստաւ եւ ժողովուրդով շրջապատուած ուղղուեցաւ քաղաք: Քանի մը հուժկու երիտասարդներ արձակեցին կառքին ձիերը եւ իրենք քաշեցին:
Ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ փորձեց կեցնել մարդկային հեղեղը, բայց չյաջողեցաւ:
Ժխոր, աղմուկ, ծափեր, ժողովրդային երգեր եւ զօրակցութեան աղաղակներ փոշիի ամպերուն մէջ կ՛արձագանգէին:
Հայրիկ գունատ, յուզուած եւ արտասուաթոր աչքերով կը դիտէր ժողովրդային հսկայ ցոյցը, կը լսէր ժողովուրդին ձայնը եւ գլխու շարժումներով կը պատասխանէր:
29 յուլիս 1903-ի առաւօտուն Ալեքսանդրապոլի հայոց եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջէին: Հայեր բոլոր խանութները եւ գործատեղիները փակած էին: Հազարաւոր ժողովուրդ առաջնորդարանի դրան առջեւ խռնուած, Հայրիկի դուրս գալուն կը սպասէր:
Ժողովուրդին կողմէ պատգամաւորներ ներկայացան Հայրիկի եւ խնդրեցին որ կալուածները չյանձնէ: Հայրիկ խոստացաւ չստորագրել, չյանձնել, այլ բողոքել խիստ կերպով:
Յետոյ Հայրիկ դուրս ելաւ եւ ժողովուրդին ըսաւ.
– Ժողովո՛ւրդ հայոց, քանի կենդանի եմ կալուածները չպիտի յանձնեմ, այլ պիտի բողոքեմ, պաշտպանեմ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի դարաւոր իրաւունքները, վստահ եղէք, Հայրիկ կը լսէ ժողովուրդին արդար բողոքն ու հզօր ձայնը, որ իւր սիրտէն կու գայ: Միայն թէ դուք ալ ամուր եւ անսասան մնացէք:
Ապա Հայրիկ շքախումբով շրջապատուած գնաց դէպի կայարան: Ժողովուրդը հետեւեցաւ կաթողիկոսի կառքին, անընդհատ աղաղակելով.
– Հայրիկ, բողոքի՛ր, մերժի՛ր, չյանձնես, մենք քեզ հետ ենք. բողո՜ք, բողո՜ք:
Ճամբան գաւառապետի օգնականը մօտեցաւ կաթողիկոսի կառքին եւ փորձեց բարձրանալ, արագ քշել տալու համար, բայց ժողովորդը վար քաշեց զայն, պոռալով. «Կեղտոտների տեղ չէ այդ»:
Կայարանին մէջ գրգռուած ժողովուրդը գրոհ տուաւ դէպի ոստիկանական շղթան եւ քարեր նետեց անոնց վրայ, մինչ ամէն կողմ ազգային եւ ռազմական երգեր կը թնդային: