Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գանձասարի Կաթողիկոսական Տագնապը Եւ Շահվերտի Ու Իպրահիմ Խալիլ Խաներուն Միջամտութիւնները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գանձակի վանք Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան 1763-ին հօր` Փանահ Ալի խանի յաջորդ հռչակուած էր: Աւարներուն եւ Շուշիի բնակիչներու աջակցութեամբ կրտսեր եղբայրը` Մեհրալի բէկը պարտութեան մատնելէ ետք Իպրահիմ Խալիլ յաղթականօրէն մտաւ Շուշի: Մեհրալի բէկ, որ դաշտային Ղարաբաղի քոչուոր ցեղերուն եւ Ղուբայի Ֆաթհ Ալի խանին հետ դաշնակցած էր, սկիզբը Ասկերանի մէջ կեդրոնացաւ եւ յետոյ փախուստ տուաւ Ղարաբաղի սահմաններէն: Հետագային ան...




















