ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի Միհրանեան Եւ
Առանշահիկ Իշխանները
– Սահլ Սմբատեան, Ատրներսեհ Եւ Եսայի Ապու Մուսէ
Հայաստանի վրայ արաբական տիրապետութեան հաստատումէն ետք Արցախ պահպանեց իր ինքնիշխան գոյավիճակը:
Միհրանեանները, որոնք պարսիկ Սասանեան արքայատոհմէն Միհր իշխանի սերունդներն էին, Ուտիքի Գարդման գաւառին` Շամաքոր գետի հովիտին մէջ կեդրոնացած, իշխանութիւն հաստատած էին:
Միհրանեաններ դաւադրաբար կոտորեցին Արցախի տէր Առանշահիկներու շառաւիղներէն շատեր, աստիճանաբար իրենց իշխանութիւնը ամրապնդեցին Կուրի եւ Արաքսի միջեւ տարածուող ընդարձակ շրջաններու վրայ եւ իրենց վերապահեցին Աղուանքի առաջին իշխանի տիտղոսը:
Միհրանեաններ Գրիգոր Վարազ իշխանին օրով, Աղուանից Վիրօ կաթողիկոսին միջոցով քրիստոնէութիւն ընդունեցին, խնամիական կապեր հաստատեցին հայ ազնուական տուներու հետ եւ հայացան:
Այնուհետեւ անոնք ստանձնեցին Գարդմանից տէր եւ Աղուանից իշխան տիտղոսը, եւ թագ, դրօշակ ու զինանշան կրեցին:
Գրիգոր Վարազ իշխանի դուստրն էր Հեղինէ, տղան` Ջիվանշիր:
Ջիվանշիր եղաւ Արցախի եւ Ուտիքի գահերէց իշխան եւ սպարապետ եւ իրեն ենթարկեց Կուրի ձախ ափին տարածուող Կամբեճանը: Ճկուն քաղաքականութիւն վարելով ան երկրամասը զերծ պահեց իսլամներու ոտնձգութիւններէն: Իր անկախութիւնը պահպանելու համար ան յատուկ առանձնաշնորհումներով ամրապնդեց հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան հեղինակութիւնը:
Ջիվանշիր իշխան դաւադրաբար սպաննուեցաւ Պարտաւի իր դղեակի պարտէզին մէջ: Անոր մահուան առիթով Դաւթակ Քերթող գրեց «Ողբք ի մահն Ջեւանշէրի` մեծն իշխանին» դամբանականը:
* * *
Խազարները, որոնք թրքական ցեղ մըն են, իրերայաջորդ ներխուժումներով հասած էին հիւսիսային Կովկաս: Անոնք թափառաշրջիկ անասնապահներ էին եւ հայ մատենագրութեան մէջ յիշուած են խազիրք ձեւով:
Խազարներ, հիւսիսային Կովկասը ասպատակելէ ետք ներխուժեցին Աղուանք եւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները: Անոնք գրաւեցին եւ աւերեցին Թիֆլիսը:
Խազարներ իսլամութիւնը ընդունեցին եւ Խազարական խաքանութիւնը կազմաւորեցին, իբրեւ մայրաքաղաք ունենալով Սեմենդէրը (ներկայ Տաղստանի մէջ) եւ այնուհետեւ` Իթիլը (Աստրախանէն հիւսիս):
Խազարներ Աղուանքը իրենց հարկատու դարձուցին եւ դաշինք կնքեցին Բիւզանդիոնի հետ` ընդդէմ արաբական խալիֆայութեան: Խազարական խաքանութեան ենթարկուեցան նաեւ պուլկարները, սաւիրները եւ հոները:
Հոներ հայոց եւ աղուանից հոգեւորականութեան դիմեցին, քրիստոնէութիւն ընդունելու համար:
Աղուանից իշխան Վարազ Տրդատ, Ջիվանշիր իշխանի որդին, խազարական խաքանութեան ուղարկեց Իսրայէլ եպիսկոպոսը, որ քրիստոնեայ մկրտեց հոներու իշխանները:
Խազարական խաքանութիւն բանակները բազմիցս ներխուժեցին Հայաստան, Վիրք եւ Աղուանք:
Մրուան խալիֆա 735-ին 150 հազար հոգինոց զօրք կազմեց եւ ուղարկեց խազարներուն դէմ: Խալիֆայի բանակին մէջն էր հայոց զօրամասը` Աշոտ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ: Խալիֆայութեան բանակը ներխուժեց Խազարական խաքանութեան սահմաններ եւ պարտութեան մատնեց խաքանին զօրքը:
Հետագային եւս խազարներ թափանցեցին Հայաստան, Վիրք եւ Աղուանք:
Խազարներու վերնախաւը հետագային յուդայական կրօնը ընդունեց:
* * *
Առանշահիկ եւ Միհրանեան տոհմերը տեւական պայքարի մէջ էին: Միհրանեանները աստիճանաբար տկարացան եւ ամբողջութեամբ ենթարկուեցան խալիֆայի գերիշխան կամքին:
Միհրանեաններու տոհմի ներկայացուցիչ Վարազ Տրդատ Գ. եւ որդին` Ստեփանոս 821-ին սպաննուեցան:
Վարազ Տրդատ Գ.ի դուստր Սպրամ Խաչեն տարուեցաւ, ուր մայրը զայն ամուսնացուց Առանշահիկ Սահլ Սմբատեանի որդի Ատրներսեհի հետ:
* * *
Սահլ Սմբատեան Արցախի Խաչեն գաւառին մէջ իշխանութիւն հաստատեց, Արցախի վրայ արշաւանքի ձեռնարկած արաբական զօրքերուն դէմ հերոսական մարտեր մղեց եւ իրեն միացուց Գեղարքունիքը:
Սահլի որդի Ատրներսեհ իր տիրոյթներուն միացուց Արցախի Վայկունիք (ներկայիս` Քարվաճառի շրջանը) եւ Սիւնիքի Սոթք գաւառները: Ան իրեն կեդրոն ընտրեց Հանդաբերդը, որ կը գտնուի հիւսիսային Արցախի (Քարվաճառ) Քնարաւան գիւղին մօտ, անտառապատ լերան գագաթին. բերդին արեւելեան կողմը կը գտնուի Հանդաբերդի վանքը:
Հետագային Ատրներսեհ իրեն կեդրոն ընտրեց Ծար գիւղը, որ կը գտնուի ներկայ Քարվաճառ քաղաքէն հարաւ-արեւելք, Թարթառ գետի ակունքին մօտ, ընդարձակ հովիտի մը մէջ եւ չորս կողմէն ձիւնապատ լեռներով ու ժայռերով շրջապատուած է:
* * *
Արաբական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւնները սաստկացած էին Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ: Խալիֆայութիւնը սկսած էր թուլնալ ու մասնատուիլ: Հայ իշխանական տուները աստիճանաբար սկսան ընդլայնել իրեց տիրոյթները: Ամէնէն աւելի զօրացան Բագրատունիները:
Եուսուֆ ոստիկան 851-ին մտաւ Հայաստան, ասպատակ սփռեց եւ ամէնուրեք աւերածութիւններ տարածեց: Հայեր յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Եուսուֆ սպաննուեցաւ Մուշի մէջ:
Մութաուաքիլ խալիֆայի հրամանով Բուղա 852-ին ներխուժեց Հայաստան: Հայ իշխանները ամէնուրեք յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Արաբական զօրքերը 853-ի գարնան աւերեցին Սիւնիքը եւ քալեցին Արցախի վրայ, ուր սակայն կատաղի դիմադրութեան հանդիպեցան:
* * *
Եսայի Ապու Մուսէ Եռանշահիկ իշխան հարաւային Արցախի եւ Ուտիքի մէկ մասին գերիշխան տէրն էր, իբրեւ կեդրոն ունենալով Քթիշ բերդը, որ կը գտնուի Հադրութէն հիւսիս-արեւմուտք, անտառախիտ Քթիշ լերան վրայ, Տող գիւղին հիւսիսային կողմը: Բերդին մօտ, Ճգնաւորի լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին կը գտնուի Գտիչ վանքը:
Յաղթական արշաւով Պարտաւ հասնելով, Բուղա թուղթ ուղարկեց Քթիշ, Եսայի իշխանին յոխորտանքով հրամայելով յօժարակամ իր ոտքը գալ:
Եսայի իշխան պատասխան նամակ ուղարկեց Բուղայի` ըսելով. «Ինձնից հեռանաս` խաղաղութիւն է, իսկ եթէ ոչ, պատերազմ է, կռիւ, ճակատամարտ»:
Բուղա, Եսայի իշխանին նամակը կարդալով զայրացաւ եւ իր զօրքով քալեց դէպի Քթիշ:
Քթիշ հասնելէն ետք Բուղա համոզուեցաւ որ դիւրին չէ զայն գրաւել եւ բանակ դրաւ բերդին արեւելեան պարիսպներուն տակ: Ան նախ հրամայեց ամրոցներ շինել եւ ապա կանգնեցուց հզօր բաբաններ` բերդին պարիսպները խորտակելու համար: Այնուհետեւ Բուղա փորձեց լերան ստորոտը քանի մը տեղ փորելով հասնիլ բերդ, բայց բոլոր ջանքերը ապարդիւն անցան:
Պաշարելով Քթիշը` Բուղա ամբողջ տարի մը հոն մնաց եւ քսանութ գրոհ ձեռնարկեց, բայց ամէն անգամ ալ ջախջախուեցաւ անոր բանակը եւ ետ մղուեցաւ:
Բուղա, զայրացած` Եսայի Իշխանին լուր ղրկեց յօժար կամքով իջնել բերդէն, այլապէս սպառնալով իր մօտ գտնուող հազարաւոր հայ գերիները մորթել եւ անոնց արեան գետով Իշխանաձորի ջրաղացը դարձնել:
Տեսնելով որ Եսայի իշխան չենթարկուիր, Բուղա հրամայեց մորթել իր մօտ գտնուող բոլոր գերիները: Բայց հազիւ կոտորածը սկսած, Եսայի իշխանի զինուորները վրայ հասան եւ հողմացրիւ ըրին Բուղայի մարդասպանները: Իշխանաձորի մէջ, Գտիչ վանքին ուղղութեամբ մինչեւ օրս ալ կը մնան Արիւնոտ ջրաղացի աւերակները:
Քթիշ բերդին ջուրը 12 քիլոմեթր երկարութեամբ խեցեղէն խողովակներով, կու գար Բերդասարի ստորոտը գտնուող Թաղալ աղբիւրէն:
Բուղայի բոլոր ջանքերը` բերդին ջուրը կտրելու համար, ի զուր անցան: Ան չէր գիտեր որ բերդը կրնար այդքան հեռուէն ջուր ստանալ: Բուղա որոշեց ամէն գնով յայտնաբերել բերդին ջուրը: Վերջապէս ան գտաւ պառաւ կին մը, որ կաշառք ստանալով խորհուրդ տուաւ եօթը օր ծարաւ պահել ջորի մը եւ յետոյ ձգել բերդին շուրջ: Ծարաւ ջորին հասաւ աղբիւրին ակունքը եւ սկսաւ սմբակներով քանդել գետինը: Թշնամին, քանդելով ջորիին ցոյց տուած տեղը, գտաւ ջուրին ակը եւ աւերեց:
Բայց Բուղա յետոյ համոզուեցաւ որ Քթիշ խմելու ջուրի ուրիշ աղբիւր ունի:
Խայտակառութենէ փրկուելու համար Բուղա հրամայեց դրօշակներ պարզել, փողեր հնչեցնել եւ գունդ առ գունդ շարժիլ սարն ի վեր:
Եսայի Ապու Մուսէ արեւածագէն առաջ արդէն իր բանակով դուրս ելած էր բերդէն: Հայ զինուորները արձանացած կանգնած էին եւ իրենց տեղէն չէին շարժեր, մինչեւ որ թշնամին մօտեցաւ իրենց:
Այդ պահուն հայ քաջերը խոյացան թշնամի բանակին վրայ եւ ջարդեցին ու ցիր ու ցան ըրին զայն:
Բուղա, պարտուած` նամակ գրեց Պաղտատի Մութաուաքիլ խալիֆային եւ խոստովանեցաւ որ անպարտելի է Քթիշի տէրը:
Եսայի Ապու Մուսէ յայտարարեց, որ իր կռիւը ոչ թէ խալիֆային դէմ է, այլ իր իրաւունքները չճանչցող բռնակալի մը դէմ:
Պաղտատէն, խալիֆային անունով գրութիւն ուղարկուեցաւ Արցախ: Նամակին համաձայն, հայ իշխանը անմեղ կը ճանչցուէր:
Եսայի Ապու Մուսէ վեհանձն գտնուեցաւ եւ գնաց Բուղայի մօտ, որ զայն ընդունեց մեծ պատիւներով:
* * *
Բուղա 854-855-ին ձերբակալեց հայոց իշխան եւ սպարապետ Սմբատ Բագրատունին, Եսայի Ապու Մուսէ իշխանը, Խաչենի տէր Սահլ Սմբատեան իշխանը եւ անոր որդիներ Ատրներսեհն ու Յովհաննէսը, ինչպէս նաեւ այլ իշխաններ եւ բռնի զանոնք Պաղտատ ուղարկեց: Սակայն Բուղա չկրցաւ նուաճել Վասպուրականի Արծրունիները եւ հարկադրուած ճանչցաւ անոնց իշխանութիւնը:
Գերեվարուած հայ իշխանները չարչարանքներու ենթարկուեցան: Սմբատ Բագրատունի մերժեց իրեն եղած կրօնափոխութեան պահանջը եւ նահատակուեցաւ, ստանալով Խոստովանող անունը:
Արցախի իշխաններու գերեվարութեան պայմաններուն տակ Ատրներսեհի կինը` Սպրամ փոխարինեց զանոնք եւ զարկ տուաւ մշակոյթի զարգացման:
Գերութենէ վերադառնալէն ետք Ատրներսեհ ամրացաւ Վայկունիք գաւառին իր հօրենական Հանդաբերդի մէջ:
Ատրներսեհի յաջորդեց որդին` Գրիգոր: