Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Փետրուար 5, 2020
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայրիկի Դիմադրութիւնը Եւ Մերժումը`
Յանձնելու Մայր Աթոռի Գանձարանը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Եկեղեցական կալուածներու գրաւման դէմ ժողովրդային բողոքի եւ դիմադրութեան շարժումը հետզհետէ կը ծաւալէր եւ Գանձակի ու Պաքուի դէպքերէն եւ ռուսական բանակի ու ոստիկանութեան միջամտութիւններէն ետք լայն համեմատութիւններ կը ստանար:

Շուշի

Պաքուի դիմադրութեան (2 սեպտեմբեր 1903) լուրը հազիւ Շուշի հասած, քաղաքի հայերը խանութները, դպրոցները, ակումբներն ու գրադարանները փակեցին եւ եկեղեցիներուն դուռերը գոցեցին: Նոյն պահուն ընդունող յանձնախումբը Ագուլեցոց եկեղեցին գնաց արձանագրութիւն կատարելու: Հայեր տուներէն դուրս գալով փողոց իջան եւ խռնուեցան եկեղեցիներուն շուրջ:

Ելիզաւետպոլի նահանգապետ Լուցաու Շուշի հասաւ, անձամբ հետեւելու համար ընդունող յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Հայեր մեծ բազմութեամբ հաւաքուեցան եւ գացին դէպի այն հիւրանոցը, ուր իջեւանած էր նահանգապետը: Ոստիկանութիւնը անկարող եղաւ զսպելու ժողովուրդը: Ցուցարարները սկսան քարկոծել նահանգապետին նստած սենեակը եւ ջարդել ապակիները: Զօրքը վրայ հասաւ եւ սկսաւ աջ ու ձախ կրակել ժողովուրդին վրայ: Հայ կտրիճները իրենց ատրճանակներով պատասխանեցին: Կռիւը տեւեց քանի մը ժամ: Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ: Զօրքն ալ իր կարգին կորուստներ տուաւ:

Յաջորդ օր նահանգապետ Լուցաու առաջնորդարան գնաց, ջարդել ու խորտակել տուաւ դուռերն ու գանձարկղը եւ ապա արձանագրութիւն կատարեց:

Շուշի զինուորական պաշարման ենթարկուեցաւ եւ հայերու տուները, խանութները եւ հայկական հաստատութիւնները խուզարկութեան, իսկ Թեմական վարժարանը փակուեցաւ:

* * *

Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին

Կարսի մէջ, ընդունող յանձնախումբը 3 սեպտեմբերին գործի անցաւ: Առաջնորդական փոխանորդ Կիւրեղ վարդապետէն պահանջուեցաւ հայոց եկեղեցիներու կալուածներու ցուցակներն ու գոյքերը յանձնել: Կիւրեղ վարդապետ կտրուկ կերպով մերժեց: Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ զանգերը սկսան ղօղանջել: Ժողովուրդը սկսաւ խռնուիլ առաջնորդարանին բակը:

Աղմուկ, աղաղակ եւ իրարանցում ծայր տուին քաղաքին մէջ: Ժողովուրդը խումբերու բաժնուելով խմբուեցաւ եկեղեցիներուն շուրջ:

Երեւանի նահանգապետ Վլատիմիր Տիզենկաուզեն Կարս հասաւ, հետեւելու համար ընթացող աշխատանքներուն:

Ընդունող յանձնախումբը փորձեց բռնագրաւումներու գործադրութեան սկսիլ, բայց ժողովուրդը սկսաւ քարեր նետել յանձնախումբի անդամներուն եւ նահանգապետին վրայ:

Բանակային ուժեր վրայ հասան եւ նահանգապետի հրամանին վրայ կրակ բացին ժողովուրդին վրայ: Հայ երիտասարդները ատրճանակներով պատասխանեցին: Չորս հայեր նահատակուեցան եւ շատեր ալ վիրաւորուեցան: Ծանրօրէն վիրաւորուեցան նաեւ ռուս քանի մը զինուորներ:

Ժողովուրդը, խումբերու բաժնուելով եւ ազգային ու յեղափոխական երգեր երգելով սկսաւ փողոցները շրջիլ:

Ոստիկանութիւնը տուն տուն խուզարկութիւններ կատարեց եւ ութսունհինգ հայեր ձերբակալեց ու բանտ նետեց:

* * *

Պաքուի մէջ հայոց դիմադրութիւնը շարունակուեցաւ յաջորդող օրերուն, եւ ընդունող յանձնախումբին բոլոր ջանքերը` գոյքացուցակ կազմելու եւ բռնագրաւում կատարելու, անցան ապարդիւն: Զօրք ու ոստիկանութիւն բուռն դիմադրութեան հանդիպեցան:

Քանի մը օր տեւած ընդհարումներուն հայեր տուին տասնմէկ զոհ եւ վաթսունհինգ վիրաւոր:

* * *

Տաթեւի վանքը

Սիւնիքի առաջնորդական փոխանորդ եւ Տաթեւի վանահայր Ներսէս վարդապետ Մելիք Թանգեան թեմական գործերով Շուշի հասաւ, երբ քաղաքը տակաւին զինուորական պաշարման տակ էր:

Ոստիկանութիւնը, կասկածելով որ վարդապետը ժողովրդային խռովութիւններ հրահրելու համար Շուշի ժամանած է, ձերբակալեց զայն եւ բանտ նետեց:

Ներսէս վարդապետ մէկ ամիս բանտ մնաց եւ ապա ընդունող յանձնախումբին հետ եւ հարիւր ձիաւոր կոզակներու հսկողութեան տակ Տաթեւ տարուեցաւ, վանքին հարստութիւններն ու կալուածները յանձնելու համար:

Հակառակ կոզակներու եւ ոստիկաններու ի գործ դրած բոլոր բռնութիւններուն ու ճնշումներուն, Ներսէս վարդապետ որեւէ յանձնում չկատարեց:

Ընդունող յանձնախումբը զինու զօրութեամբ բռնագրաւեց վանքին դարաւոր հարստութիւնները:

* * *

Երեւանի նահանգի հայոց եկեղեցական կալուածներն ու գոյքերը «ընդունող» յանձնախումբին անդամներն ու նախագահը` Երեւանի փոխ նահանգապետ վրացի իշխան Միխայիլ Նակաշիձէ, 4 սեպտեմբեր 1903-ին Էջմիածին հասան եւ վեհարան բարձրանալով ներկայացան Հայրիկի:

Իշխան Նակաշիձէ դիմեց կաթողիկոսին.

– Ձերդ սրբութիւն, յայտնի է Ձեր սրբութեան` նախարարական ժողովի ներկայ տարուայ յունիսի 12-ի որոշումը, հաստատուած բարձրագոյն կամքով եւ հաճութեամբ, որով յետ այսու Ռուսաստանի հայ եկեղեցիներու եւ վանքերու կալուածներու, կայքի եւ դրամագլուխներու կառավարութիւնը պիտի ենթարկուի ներքին գործոց եւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն, պահելով ամէն մէկ եկեղեցւոյ եւ վանքի սեփականութեան իրաւունքը: Որքան մեզի յայտնի է, այդ հրամանը ներքին գործոց պարոն նախարարի միջոցով յայտնուած է Էջմիածնի սինոտիդ: Ես եւ իմ ընկերներս, որոնց պատիւ ունեցայ ներկայացնելու Ձերդ սրբութեան, կովկասեան բարձր իշխանութեան կողմէ նշանակուած ըլլալով Երեւանի նահանգի եկեղեցիներու եւ վանքերու ստացուածքները եւ դրամագլուխները ընդունող յանձնախումբի անդամներ, հրաման ստացած են այսօր գալ Վաղարշապատ եւ ստանալ Ձերդ սրբութեան հաճութիւնն ու աջակցութիւնը` ձեռնարկելու բարձրագոյն հրամանի ի կատար ածման:

Հայրիկ պատասխանեց.

– Ինծի ալ յայտնի է յիշեալ նոր որոշումը, որ միանգամայն անսպասելի էր համայն հայ ազգի եւ ինծի համար, քանի որ դժուար էր կարծել, թէ այդօրինակ կարգադրութիւն մը կրնար տեղի ունենալ եկեղեցւոյ մը վերաբերմամբ` առանց նախապէս անոր ներկայացուցիչին յայտնելու կամ գոնէ կարծիք հարցնելու: Այն օրէն, երբ ես Էջմիածին մտայ եւ երդումով ընդունեցի ռուսաց մեծազօր կայսեր հպատակութիւնը, ուխտեցի ըլլալ ամենահաւատարիմ հպատակ իմ թագաւոր կայսեր: Այսուհանդերձ պիտի ըսեմ հրապարակաւ, որ յիշեալ երդումիս հետ միաժամանակ երդում ըրի Աստուծոյ առջեւ` ինծի վստահուած եկեղեցւոյ առջեւ` մնալ հաւատարիմ սուրբ եկեղեցւոյս եւ ազգիս, պահպանել անոր դարաւոր սրբագործուած իրաւունքն ու արտօնութիւնները եւ երբեք չդաւաճանել իմ կոչմանս, եթէ նոյնիսկ մահ ինծի վիճակուի, այլ ինչ որ ստացեր եմ իմ նախորդներէս, նոյնը անթերի թողնել եմ յաջորդին: Մնալով հանդերձ հաւատարիմ հպատակ իմ թագաւոր կայսեր, կը յայտնեմ, որ երբեք չեմ կրնար իբրեւ հայոց հայրապետ, համաձայն ըլլալ ներկայ նոր օրէնսդրութեան եւ չեմ ընդունիր զայն երբեք, քանի որ միանգամայն կը յեղաշրջէ իմ հաւատացած եկեղեցւոյ դարաւոր իրաւունքներ եւ վարչական կարգեր:

Նակաշիձէ յարեց.

– Ձերդ սրբութիւն, հաւատալով հանդերձ Ձերդ սրբութեան հաւատարմական անկեղծ զգացումներուն եւ հովուապետական պարտաւորութեան, խնդրեմ ընդունեցէք, որ ես նոյնպէս իմ թագաւոր կայսեր ամենահաւատարիմ հպատակ եւ երդուեալ պաշտօնեան եմ: Ինծի համար նոյնպէս սուրբ է թագաւոր կայսեր կամքը, եւ ես, իբրեւ իմ թագաւորի երդուեալ պաշտօնեայ, պարտաւոր եմ նորին մեծութեան հրամանը անթերի կատարել: Թոյլ տուէք յայտնել, որ ես որեւէ եղանակով անշուշտ պիտի կատարեմ իմ կայսեր հրամանը, որուն համար դարձեալ կը խնդրէի Ձերդ սրբութեան հաճութիւնը:

Հայրիկ վճռական կերպով ըսաւ.

– Իմ համաձայնութիւնս յայտնել եւ այս խնդիրին առիթով ձեր ձեռնարկութեան մասնակից ըլլալ չեմ կրնար: Նոյնը եւ հրամայեր եմ իմ ներկայացուցիչներուն, թեմակալ առաջնորդներուն եւ սինոտականներուն, որոնք նոյնպէս ինծի հետ ուխտած են չմասնակցիլ այս խնդրին: Այսօր իսկ աշխարհի ամէն կողմերէն հայեր ինծի դիմելով իրենց ներկայացուցիչներու միջոցով` պատրիարք, եպիսկոպոս, առաջնորդ եւ ժողովուրդ, կը խնդրեն միջնորդ ըլլալ առ թագաւոր կայսրն` անխախտ թողնելու հայոց եկեղեցւոյ դարաւոր իրաւունքները:

* * *

Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Իշխան Նակաշիձէ հայոց կաթողիկոսին հետ իր տեսակցութեան արդիւնքը իսկոյն հաղորդեց Թիֆլիս` իշխան Կալիցինի եւ Պետերբուրգ` կառավարութեան:

Իր կարգին Հայրիկ նոյն օրն իսկ, սեպտեմբեր 4-ին հեռագրեց Թիֆլիս` իշխան Կալիցինի, ըսելով.

«Տխրագին հանգամանք, որ բարդեն զխնդիր կատարման որոշման յանձնաժողովոյ նախարարաց յ12 յունիսի, զօրացուցանեն զգիտակցութիւն անհրաժեշտութեան յանուն հովուապետական պարտուց իմոց` տալ զհանգամանօրէն բացատրութիւն եղանակի գործողութեանց իմոց առաջի ամենազօր հովանաւորի եկեղեցւոյ իմոյ: Զայս ունենալով առաջի աջաց` ըստ գրութեան տիար նախարարի ներքին գործոց յ13 օգոստոսի` յարգոյաբար խնդրեմ ի պայծառափայլութենէ ձերմէ, առնել զպատշաճաւորն միջնորդութիւն` թոյլ տալ ինձ երթալ ի Պետերբուրգ վասն յանդիման լինելոյ նորին մեծութեան վերոյիշեալ նպատակաւ»:

Կալիցին սեպտեմբեր 5-ին պատասխան հեռագիր ուղարկեց Հայրիկի.

«Էջմիածին – հայոց ծայրագոյն պատրիարք կաթողիկոսին.

Կը հաղորդեմ Ձերդ սրբութեան, որ նախարարներու խորհուրդի յունիսի 12-ի բարձրագոյն հաստատուած օրէնքը պէտք է Ձեր կողմէ ի կատար ածուի ճշդութեամբ եւ առանց յետաձգման: Մինչեւ որ այդ օրէնքը ճշդութեամբ չգործադրուի, ես անկարելի կը համարեմ միջնորդել` բարձրագոյն հաճութիւն ստանալ` Ձեր Պետերբուրգ երթալու համար»:

Իսկ Պետերբուրգէն, կառավարութենէն հեռագրուեցաւ Էջմիածին, ուր կ՛ըսուէր, թէ կայսերական հաճութեամբ ջնջուած է Պոլոժենիայի կանոնագրութիւնը:

Այս անգամ Հայրիկ նամակով մը դիմեց Նիկոլայ Բ. կայսրին.

«… Ութսուն եւ չորս ամեայ հասակիս ծերութեամբ ես յանձն առի աշխատութիւն անձամբ դիմել առ կայսերական վեհագոյն աթոռդ: Այլ աւա՜ղ, փակեցին այն ազատ ճանապարհ, որ բաց է ամենեցուն առջեւ»:

Նամակի վերջաւորութեան Հայրիկ կը խնդրէր կայսրէն փոխել տալ յունիս 12-ի որոշումը:

Կայսեր ուղղուած նամակին պատասխանեց ներքին գործոց նախարար Պլեվէ.

«Թագաւոր կայսրը բարձրագոյն հրամայել բարեհաճեց` յայտնել Ձերդ սրբութեան, որ նորին մեծութեան վճիռը` նոր կարգ հաստատել հայ եկեղեցական կալուածներու կառավարութեան գործին մէջ` անդարձ է եւ Ձեր ամենահպատակ խնդիրքը` փոխել յիշեալ օրէնքը` նորին մեծութեան կողմէ մնացած է անհետեւանք»:

* * *

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը

Իշխան Նակաշիձէ օրեր շարունակ Էջմիածնի շրջակայ գիւղերը շրջագայելէ եւ ազգապատկան ստացուածքները արձանագրելէ ետք, 15 սեպտեմբեր 1903-ին նորէն այցելեց մայրավանք եւ ներկայացաւ Հայրիկի, ըսելով.

– Ձերդ սրբութիւն, այսօր տասներորդ օրն է, որ մեկնելով Երեւանէն` ձեռնարկած եմ յունիս 12-ի բարձրագոյն հաստատուած օրէնսդրութեան գործադրութեան: Նոյն օրէնքի տրամադրութեամբ ընդունեցինք որոշ կալուածներ, որոնք կը պատկանէին մայր աթոռին: Բայց քանի որ նոյն օրէնքի մէջ խօսք կայ եւ դրամական գոյքերու մասին, որոնք կը պատկանին եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, հետեւաբար այստեղ, մայր աթոռի մէջ մեզի կը մնայ ուրիշ ընելիք մը եւս, որպէսզի բարձրագոյն հրամանը լիովին կատարուած ըլլայ: Իմ եւ ինծի հետ միասին կովկասեան բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ նշանակուած ընդունող յանձնախումբի խոնարհ խնդիրն է առ Ձերդ սրբութեան, որ բարեհաճիք հրամայելու` թոյլ տալ մեզի վերցնել գանձարանին մէջ եղած դրամական կարողութիւնն ալ:

Հայրիկ պատասխանեց.

– Ինչ որ կը վերաբերէր արտաքին կալուածներուն, դուք ազատ էիք վերցնել` Ձեր հայեցողութեան համաձայն, ինչպէս այդ կը տրամադրէ նոր օրէնքը, բայց ինչ որ կը վերաբերի մայր աթոռի գանձարանին, ատոր ես պիտի ըսեմ հետեւեալը: Մայր աթոռի անունին եւ վարկին հետ կապուած է գանձարանը: Յանձնելով վանքին գանձարանը ձեզի, ես երկրորդ օր իմ ձեռքով պիտի փակեմ եւ մայր տաճարը դուռը:

Նակաշիձէ ըսաւ, որ եթէ խնդիրը խաղաղութեամբ, քաղցրութեամբ եւ սիրով վերջանայ, վանքի առօրեայ պէտքերուն համար կառավարութենէն գուցէ գումարներ տրամադրուին:

Հայրիկ գոռաց իշխանի երեսին.

– Ես որ իմ ստորակարգեալներուս հրամայեցի չյանձնել երբեք եկեղեցւոյ սեփականութիւնը, ե՞ս ձեզի պիտի յանձնէի մայր աթոռի հարստութիւնը: Իմ վերջնական խօսքս է ասիկա: Գանձարանը իմ ձեռքովս չի յանձնուիր բնաւ ձեզի: Իսկ եթէ դուք որոշած էք անպատճառ ստանալ զայն, կրնաք ի գործ դնել ձեր մտադրած միջոցները:

Նակաշիձէի հրամանով գանձարանին դուռը կնքուեցաւ եւ առջեւը պահակ զինուորներ դրուեցան:

Իշխան Նակաշիձէ վերադարձաւ Երեւան: Յաջորդող օրերուն մեծաթիւ զօրքեր բերուեցան Վաղարշապատ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1970)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?