Հուրի Վարդանեանին Գիծը Եւ Գոյնը
Հայրենիքը հողն է, քաղաքը, գիւղը, տունը, լեզուն, մշակոյթը, մարդը... Ապրելով իր հողէն հեռու, մարդը կրնայ ունենալ ազգային ձգտումներ` ընտրելով գրիչը, բեմը կամ վրձինը... Հուրի Վարդանեան ծնած ըլլալով եւ ապրելով Լիբանան` ընտրած է վրձինը. «Վաղ տարիքիս, բոլոր պզտիկներուն պէս, ինքս ալ կը սիրէի գծել: Կը զարմանայի, երբ ուսուցիչներս յատուկ հայեացքով կը դիտէին «խծբծանքներս», կ՛ըսէ գեղանկարչուհին: Հուրի Վարդանեանին ուսուցիչները, ծնողքն ու զինք...














