Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստղա-Հնագիտական Վարկածներ Զօրաց Քարերուն Շուրջ

Յունուար 16, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
2
Share on FacebookShare on Twitter
Ա.- Առաջին Սերունդ – Հերունի Եւ Այլք

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Մօտիկ անցեալին լրատուական միջոցներու մէջ  կրկին մակերես ելաւ քաշկռտուք մը, որ կարելի չէր կոչել գիտական բանավէճ: Դրդապատճառը հնագէտ դոկտ. Ա. Փիլիպոսեանի  զեկոյցն էր Զօրաց քարեր հնավայրի պեղումներուն շուրջ: (1, 2)  Յայտնաբերուած հնածոներու մէջ զգայացունց նորութիւններ չկան: Պրոնզէ դարու դամբարաններու նուիրուած  բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակուած են: (3)

Աւանդը.- Կողքի պրոնզեայ թերթիկը գտնուած է Սեւանի աւազանէն եւ կը ներկայացնէ արեգակնային դրութեան պատկերացումը պրոնզէ դարու աւարտին (11-րդ դար ն.ք.). երկիրը (ներքեւ), արեւը (վերեւ), ապա լուսինը եւ այդ շրջանին ծանօթ հինգ մոլորակները (Փայլածու, Արուսեակ, Հրատ, Լուսնթագ եւ Երեւակ) ներկայացնող խորհրդանիշներ(4): Նկատել, որ պատկերացուած բոլոր երկնային մարմիններուն յարաբերական դիրքերը շարժուն են: Այդտեղ չկան աստղեր: Երկնակամարի վրայ մոլորակներու դիրքի փոփոխութիւնը նկատելու համար բաւարար է հետեւիլ առաւելագոյնս քանի մը ամիս, մինչդեռ աստղերու դիրքերը կը փոխուին շատ աւելի դանդաղ, այդ կարելի է նկատել միայն այն ատեն, երբ հազարամեակներ շարունակ ճշգրիտ տոմարներ կը պահուին: Երկնակամարի փոփոխութեան գլխաւոր պատճառը այն է, որ երկրի առանցքը իր ուղղութիւնը տակաւ կը փոխէ:

Հնագէտներ նկատած են, որ իրենց ուղղութեան համար երկնային հիմք ունեցող կառոյցներ (ինչպէս` եգիպտական բուրգերը) դարերու ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուած են` հետեւելով երկնային «շեղումներու»: Երկնային ուղղութիւնները այսպիսով կ՛օգնեն ճշդելու կառոյցին տարիքը: Էլմա Պարսամեան,Պարիս Հերունի (5) եւ այլք փորձած են նոյն սկզբունքով որոշել Զօրաց քարերուն տարիքը:

Քիչ մը աստղագիտութիւն.- Երկիրը ենթակայ է երկնային մարմիններու ձգողութեան, յատկապէս` արեւի, լուսնի եւ հսկայ մոլորակ Լուսնթագի: Ձգողութիւնները պատճառ կը դառնան, որ  դարձող Երկրի առանցքը իր ուղղութիւնը փոխէ երկու ձեւերով:

Առաջին.- Տղոց  (երբեմնի) խաղալիք հոլը  ենթայ է երկրի ձգողութեան: Անոր առանցքը կը թաւալի` գծելով կոն մը, որ այքան ալ կայուն չէ: Առանցքի այս  շրջանը գիտական բարբառով կը կոչուի «կանխում» (precession): Հոլին պտոյտը կը տեւէ երկվայրկեաններ, իսկ անհամեմատ աւելի մեծ Երկրի առանցքի շրջանը կը տեւէ շուրջ 26 հազար տարի: Առնուազն չորս հազար տարի առաջ ձեւաւորուած ախթարքը (Horoscope) այժմ պտտած է մօտ 55 աստիճան: Այդ կը նշանակէ, որ մեր բոլորին կենդանակերպերը կատարած են ոչ թէ մէկ, այլ երկու ամսուան ոստում(6): Այս կէտը կը յանձնեմ ախթարք բաժնի ուշադրութեան:

հնագոյն տոմար

Երկրորդ.- Շեղումի անկիւնը (նկարին մէջ նշուած «Շ» տառով) նոյնպէս փոփոխական է: Ներկայիս այդ 23,4 աստիճան է: Տասը հազար տարի առաջ եղած է 24,2 աստիճան: Ուշ պրոնզէ դարէն ի վեր ատիկա շեղած է մօտ ( իմա` լոկ)  0,2 աստիճան:  Օրաթերթի էջի երկայնքին նման շեղում կը համապատասխանէ շուրջ 1,5 մմ-ի, այսինքն` կէս գիրի հասակ: Լոկ կէս գիր` աւելի քան 3 հազար տարուան ընթացքին: Պարզ է ուրեմն, որ աստղա-հնագիտական չափումները հարկ է որ կատարուին ամենա-ամենամեծագոյն ճշգրտութեամբ:

Պատմական.- Ոչ գիտական անհաւաստի աստղաբաշխութիւնը, որ կարեւոր դեր կը գրաւէր հաւատալիքներուն մէջ, հիմնուած էր գիտական աստղագիտութենէ ստացուած հաւաստի տեղեկութիւններու վրայ:  Չինաստան ունի հնագոյն անընդմէջ  աստղագիտական ճշգրիտ տոմարները: Բաբելոնը ունէր զարմանահրաշ աստղագիտութիւն, որ հիմնուած էր ապշեցուցիչ գրահաշիւի (algbra) վրայ (7): Նկատել սակայն, որ անոնք հզօր պետութիւններ էին: Գիտութիւնն ու տոմարները կը կարօտին հաստատուն պետութեան: Հնագէտներու ծանօթ առաջին աստղագիտական արձանագրութիւնը 32 հազար տարեկան է: Այդ ոսկորի վրայ գծուած լուսնային «օրացոյց» մըն է: Հարիւրաւոր պրոնզէդարեան «աստղադիտարան»-ներ կան ամէնուր: Չակերտած եմ, որովհետեւ նման կառոյցներ կարելի է պատրաստել հասարակ միջոցներով: Հարկ չկայ հեռու վայրերէ քարշ տալ եւ տաշել հոյա-քարեր (mega-lith): Գործածուած են գերաններ եւ շատ աւելի փոքր ժայռեր: Լոկ երկու գերան կանգնեցնելով` կարելի է որոշել երկնային մարմիններու ծագելու կամ մար մտնելու ուղղութիւնները: Այդպէս կը ճշդուին թուականներ: Փայտակերտ աստղադիտարաններ պարբերաբար կը յայտնուին ամէնուր: Ասոնցմէ ամէնէ նշանաւորն է բնիկ ամերիկացիներու «Medicine Wheel»-ը («Բուժիչ անիւ», նկատել` ծիսական առնչութիւնը): հնագոյն աստղադիտարանը կը գտնուի  երբեմնի վերին Եգիպտոսի մէջ (այլ ոչ` Հայաստանի, Նապթա, 6-րդ հազարամեակ, Ն.Ք.): Հետաքրքրական են յատկապէս «նախակարապետեան» ծագումները: Երբ երկնակամարի ամէնէն փայլուն աստղը` Շնիկ (Sirius) աստղը ծագէր արեւէն անմիջապէս առաջ, այդ կը նշանակէր, որ Նեղոսը պիտի յորդի: Այդ յոյժ կենսական տեղեկութիւն էր Եգիպտոսի համար: Շնիկը կը գտնուի Հայկի (Orion ) համաստեղութեան մէջ: Հայկ որսորդ մըն էր իր շնիկով:  Նապթայի պարզունակ «աստղադիտարան»-ը  կարող է ատիկա ցոյց տալ: Կ՛ենթադրուի, որ Մեծամօրի աստիճանաձեւ «աստղադիտարան»-ը (զիկկուրատ, 26-րդ դար, Ն.Ք.) նոյնպէս ծառայած է Շնիկ աստղի «արեւային ծագումը» (helical rise) ճշդելու(8): Պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ բերքահաւաքի նուիրուած տօնակատարութիւնները կը սկսէին այդ օր: Նկատել` Շնիկի առկայութիւնը ամէնուր:

Կը նկատենք կարեւոր հանգամանք մը: Պարզունակ «աստղադիտարան»-ը կ՛առնչուի ծիսակատարութեան հետ: Այս իմաստով վատահամբաւ են միջին ամերիկեան աստղադիտարան-բուրգերը, ուր մարդկային զոհաբերութիւններ կը կատարուէին գլխաւորաբար արեւ աստուծոյն:

Կայ նաեւ առնչութիւն պաշտամունքային վայրերու եւ դամբարաններու միջեւ: Ատիկա շարունակուած է քրիստոնէութեան շրջանին: Գերեզմանատուներ կը գտնուէին եկեղեցիներու կից: Այսպիսով, կը համատեղուին «աստղադիտարան»-ը, «տաճար»-ը եւ մահաստանը (necropolis):

Տաճարներուն ու դամբարաններուն շուրջ կը կանգնեցնէին «երկայն-քարեր» (menhir)(9), երեւելի մարդոց դամբարաններուն շուրջ կը կանգնեցնէին քարէ շրջանակներ (cromlech): Վերջերս պեղուած Զօրաց քարերու կեդրոնական գլխաւոր դամբարանին շուրջ եւս կայ նման բան:

Ի դէպ, այդ դամբարանը հնավայրին միակ մասն է, որ ենթարկուած է ակադեմական ուսումնասիրութեան: Աստղա-հնագիտական բոլոր վարկածները կը յենին անհատական, անհաւաստի եւ անհաշուետու նախաձեռնութիւններու վրայ:

Լեզուաբանական.- Հայերը հնավայրը կոչած են «Զօրաց քարեր», թրքերէնով` «Ղոշուն թաշ»: «Ղոշուն» կը նշանակէ զինուորական ջոկատ: Ինչպէս շատեր գիտեն, «թաշ» կը նշանակէ քար: Բազմաթիւ վայրերու մէջ կան մահացած զինուորականներու յիշատակին նուիրուած «մենհիր»-ներու շարաններ: Ամէնէն նշանաւոր շարանները կը գտնուին Քարնաքի մէջ Ֆրանսա (Տե՛ս կողքի նկարը): Կը պատկանին 3-5-րդ հազարամեակներուն Ն.Ք.: Ըստ ոմանց, տեղացիք հնավայրը կը կոչէին «Ցից քարեր» կամ «Տիք-տիք քարեր»: «Տիք» թրքերէնով կը նշանակէ «ցից»: «Քարահունջ» անուանումը նոր է: Հնավայրէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ, Գորիսի մօտիկ սարալանջի մը վրայ կայ այդ անունը կրող գողտրիկ գիւղ: Կը կարծուի, թէ կը նշանակէ «ժայռերու տակ ծուարած»:  Հնչիւնային նմանութիւններուն վրայ հիմնուած եզրակացութիւնները (օր. Քար-նաք) բոլորովին անհիմն են: Կը պատկանին Հայաստանը որպէս ողջ աշխարհի քաղաքակրթութեան օրրան ներկայացնող վարկածներու դասին: Բանասէր դոկտ. Հրաչ Մարտիրոսեանը ջրած է հնավայրի «Քարահունջ» անուանումը(10):

Վարկածներ.- Աստղա-հնագիտական առասպելները Արեւմուտքի մէջ նորաձեւութիւն դարձան 60-ական թուականներուն (11): Այդ շրջանին կը ծաղկէին «հիփփի»-անման շարժումներ: Անոնք խոր անվստահութեամբ կը նայէին «ուղղափառ» գիտութեան ասքերուն: Իմաստութիւն կը փնտռեն նահապետական անցեալին մէջ եւ այլուր: Այս առանձին նիւթ է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ ծիսակատարութիւն Սթոնհենճի մէջ: Աստղա-հնագիտական առասպէլներու նորոյթը Հայաստանի մէջ ստացաւ շեշտուած ցեղակրօն բնոյթ, սկսաւ հրապարակային արտայայտութիւն գտնել շատ աւելի ուշ: Ուշացումին պատճառը շատ հաւանաբար քաղաքական էր: Աստղա-հնագիտութիւնը ի հարկէ ծանօթ էր հայ ակադեմականներուն: Հրատարակուած են լուրջ ուսումնասիրութիւններ` Մեծամօրի եւ այլ հնավայրերու շուրջ: Կան երկու հիմնական վարկածներ, որոնք գլխաւորաբար կը միտին երկարել հնավայրին տարիքը: Առաջինը Պարսամեան-Հերունի վարկածն է, իսկ երկրորդը` Վ. Վահրադեանի:

Անձնապէս «բախտը»  ունեցած եմ աշնանային գիշերահաւասարի օր մը (Vernal Equinox) Զօրաց քարերու մօտ  հանդիպելու դոկտ. Վահրադեանի արշաւախումբին: Բախտը ունեցած եմ նաեւ վարկածը իմանալու իր բերնէն:

Ա.- Պարիս Հերունի  (Պարիս Սաչեան, 1933-2008) ճարտարագէտ մըն էր, մասնագիտացած` ռատիօ-հեռադիտակներու մարզին մէջ (12): Հիմնած եւ վարած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի ալիքահաւաք սարքերու (Antenna Systems) բաժինը, ինչպէս եւ` Ռատիօ-բնագիտութեան հաստատութիւնը: 1984 թուականին հնագէտ Օնիկ Խնկիկեանին հետ գտնուած է Զօրաց քարերու մօտ: Ի դէպ, Խնկիկեան (ծնած` 1940-ին, Պուլկարիա) կը հաւատայ, որ  նախքան Քրիստոս 5-րդ հազարամեակին (միջին քարէ-դար) Պալքանները կը գտնուէին Անատոլիայի եւ, հետեւաբար, արգասաբեր մահիկի ազդեցութեան ոլորտին մէջ(13): Այս համահունչ է այն վարկածին, թէ եւրոպական աստղադիտարանները կառուցուած են հայկական ճարտարագիտութեամբ: Խնկիկեան անձամբ աստղա-հնագիտական տեսութիւններ չէ մշակած:

Ի տարբերութիւն Հերունիի եւ այլոց` Էլմա Պարսամեան (1929 ) Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ աշխատող աստղա-բնագէտ մըն է: Հրատարակած է շուրջ 130 մասնագիտական յօդուածներ: 80-ական թուականներուն, իր մասնագիտութենէն հեռու, ուսումնասիրած է Մեծամօրը եւ հաշուարկած` «զիկկուրատ»-ի տարիքը` հիմնուած այն ենթադրութեան վրայ, որ անիկա ուղղուած է Շնիկի ծագումին: Պարսամեան խորամանկօրէն նշած է, որ հաշուարկներուն մէջ գոյ է անորոշութիւն (uncertainty), որովհետեւ հարկ էր, որ հնադարեան աստղագէտը «ճիշդ» դիրքաւորուէր զիկկուրատի հարթակին վրայ, բայց ինչպէ՞ս: Բացի այդ, իր հաշուարկը կը համընկնէր դասական միջոցներով կատարուած հնագիտական ենթադրութիւններուն հետ: Ուրեմն` ոչ մէկ հարց: Այս առաջին աստղա-հնագիտական տեսութիւնն էր Հայաստանի մէջ: Պարսամեան առաջարկած է նոյն մեթոտը գործածել Զօրաց քարերու պարագային, զորս կոչած է Քարահունջ կամ հայկական Stonehenge: Պարսամեան, սակայն, չէ շարունակած այդ ծրագիրը` թերեւս խուսափելով մասնագէտներու անբարենպաստ ակնարկներէն:

Մեծամօրի տեսութեան հրատարակումէն 10 տարի ետք, երբ «61 տարին կոտրեր էր դուռը», Հերունի կատարեց զգայացունց յայտնութիւն` Զօրաց քարերուն շուրջ: Հերունի գործածած էր Պարսամեանի մեթոտը` առանց անոր հետ կապուելու եւ կամ նոյնիսկ յիշելու անոր անունը: (Պարսամեան այս մասին իր դժգոհութիւն արտայայտած է հրապարակաւ:) Հերունիի աստղագիտական վարկածը կը հիմնուի այն կէտին վրայ, որ 84 քարեր անցքեր ունին: Այդ անցքերը կրնան ծառայել երկնային ուղղութիւնները աւելի ճշգրտօրէն որոշելու համար: Այդ անցքէն կարելի է տեսնել, թէ ե՛րբ որոշ աստղ մը կը գտնուի այլ ժայռի մը եւ կամ հեռաւոր լերան մը վերեւ: Այս ենթադրութիւնները վստահաբար ճիշդ են: Հերունի կ՛առաջարկէ, որ կաւէ կամ փայտէ լիցքեր գործածուած են ամրացնելու համար խողովակները եւ ճշդելու անոնց ուղղութիւնը: Թերեւս այդպէս էր: Քանի մը անցքեր փորուած են արմուկաձեւ: Փոքրիկ հայելիի մը օգնութեամբ կարելի է ստուգել, թէ ե՛րբ որոշ աստղ մը կը գտնուի ժայռի ուղիղ վերեւ: Այս ենթադրութիւնը թերեւս ճիշդ է: Հայելիներ գոյութիւն ունեցած են Ն.Ք. չորրորդ հազարամեակին: Հայելիներ գտնուած են նաեւ Զօրաց քարերու դամբարաններուն մէջ (2-րդ հազարամեակ, Ն.Ք.): Պարզ չէ սակայն, թէ անոնք բաւարար որակ ունէի՞ն: Հերունի իր գիրքին մէջ (5) կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ նման գործիքներ գտնուած են, բայց ցոյց չի տար որեւէ լուսանկար կամ այլ ապացոյց: Փիլիպոսեան ակնյայտ թունոտ հեգնանքով յայտարարեց, թէ որեւէ «խողովակ» չէ յայտնաբերուած:

Հերունի կը պնդէ, որ նման անցքեր գոյութիւն չեն ունեցած որեւէ այլ տեղ: Ասիկա ճշգրիտ չէ: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ անցքաւոր քար մը «Ամազոնի սթոնհենճ»-ի մէջ (Պրազիլ): Շրջանը ի պատիւ այդ «աստղադիտարան»-ին` կը կոչուի parque arqueológico do solstício (Արեւադարձի հնագիտական այգի):

Կան աւելի բարդ վարկածներ: Գիշերահաւասարի (equinox) միջօրէին արեւի աստիճանը հաւասար է վայրի հորիզոնականին: Ասիկա կարելի է դիւրաւ փաստել (տե՛ս գծապատկերը): Հայաստան 39-րդ հորիզոնականին վրայ է: Քարեդարեան «գործիք»-ին անկիւնը իսկապէս մօտ է այդ թիւին: Հերունիի ենթադրութիւնը ոչ թէ սխալ է, այլ` անհաւանական: Այդ անկիւնը որոշելու համար բնաւ հարկաւոր չէր պազալթի մէջ ճշգրիտ անցքեր փորել: Կարելի էր պարզապէս չափել ցողի մը շուքին երկայնքը: Հերունիի տուեալներով, յստակ չէ, թէ շարանը ճշգրտօրէն ունի՞ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւն: Յստակ չէ նաեւ երրորդ քարի դերը: Յստակ չեն նաեւ շարք մը այլ կէտեր:

Հերունի այսքանով չի բաւարարուիր, ան ունի այլ օրակարգ, կը շարունակէ` ըսելով, որ հայեր այդ ձեւով գիտցած են ոչ միայն Սիսիանի աշխարհագրական հորիզոնականը, այլեւ` երկրագունդի շառաւիղը: Այս վարկածը հիմնաւորուած չէ: Շառաւիղը հաշուելու համար հարկ էր չափումներ կատարել իրարմէ մեծ հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու վայրի մէջ(14):

Ապա կու գան վարկածները, որոնք ոչ միայն աստղագիտական են, այլեւ` պատմական:

Հնավայրի մէջ եղած են 223 քարեր: Եթէ բոլորը գործածուին ուղղութիւններ որոշելու համար, ապա կը ստանանք շուրջ 25 հազար կարելի գիծ: Երկնային մարմիններուն թիւը մեծ է: Եթէ յիշենք, որ քարերը երկրաշարժի եւ այլ պատճառներով վստահաբար խախտած են, ապա կը ստանանք անլուծելի քաոս: Երկնքի վրայ, բաղդատաբար հսկայ լուսնի եւ արեւու, տրամագիծերը լոկ 0,5 աստիճան են: Հարցը կը մեղմանայ, եթէ գործածուին միայն 84 անցքեր ունեցող քարերը. այսուհանդերձ, կը մնայ քաոսային: Կարելի  չէ որեւէ հաւաստի հաշուարկ կատարել: Այս ուղղութեամբ Հ1-ի վրայ ելոյթ ունեցած է Հնագիտական հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը:

Հերունի կ՛ըսէ, որ յենած է այդ գիծերուն` որոշելու համար Երկրի թեքումի փոփոխութիւնը եւ, հետեւաբար, «յայտնաբերած», որ այդ 7500 տարեկան է: Եթէ յիշենք, որ պրոնզէ դարէն ի վեր շեղումը լոկ 0,3 աստիճան է, ապա այդ հաշուարկը կը դառնայ բոլորովին անհաւաստի: Նոյնն է պարագան արեւադարձի եւ այլ շեղումներուն: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ, թէ վերը տեսնուած որպէս դիտակ գործածուած քարը թեքած է մօտ 21 աստիճան: Անցքաւոր քարերու աւելի քան կէսը  բոլորովին տապալած է:  Ինչպէ՞ս կարելի է հիմնաւորել 0,3 աստիճանի շեղումը` հիմնուած այդ քարերուն ուղղութեան վրայ:

Հերունիի ծրագիրը ոչ թէ աստղագիտական է, այլ` ազգայնամոլական: Հերունի կ՛ուզէ հնավայրի ճամբով հիմնաւորել այն վարկածը, որ քաղաքակրթութիւնը ծնունդ առած է Հայաստանի մէջ, Ն.Ք. 40-րդ դարուն, թէ` հնավայրը եղած է Ար (արեւ) աստծու եւ իր դպրութեան դպիր Տիրի տաճարը: Ար բարի է, փաստ, որ հնավայրին մէջ չէ յայտնաբերուած զոհասեղան: Գլխիվայր շրջուած այլ տրամաբանութեամբ մը Հերունի կ՛ենթադրէ, թէ քանի որ նման հաշուարկներ կը կարօտին բարդ թուաբանութեան, ապա հնավայրը հարկ է, որ ծառայած ըլլայ նաեւ որպէս համալսարան: Հերունիի անիրապաշտ գծանկարը ցոյց կու տայ մահիկ մը: «Ս» գիրի նմանութեամբ կառոյց կայ Սթոնհենճի մէջ: Զօրաց քարերու կեդրոնական դամբարանին շուրջ կայ ոչ թէ մահիկ, այլ` աւերակ շրջանակ (Cromlech): Գծանկարը թեքուած է դէպի հիւսիս` այդ չգոյ «նմանութիւնը» թելադրելու համար:

Ոչ մասնագէտ ընթերցողի համար Հերունիի գիրքը կը թուի ըլլալ յոյժ գիտական: Կ՛ըսէ, որ գտած է բազմաթիւ գործիքներ, բայց ցոյց չի տար որեւէ լուսանկար:Այդտեղ կան բազմաթիւ ցուցակներ եւ տարազներ (ֆորմիւլա): Քիչ մը անհամեստութեան գնով կը հաստատեմ, թէ ես, որ բնագիտութեան դոկտորական ունիմ եւ դասաւանդած եմ աստղագիտութիւն, չկրցայ տեսնել առնչութիւն` այդ տոմարներու եւ տարազներու միջեւ: Ցաւօք, մղուած եմ ենթադրելու, որ անոնք զետեղուած են մեր աչքերուն «փոշի փչելու» համար: Ի դէպ, գրահաշիւային գծային (linear) տարազները անբաւարար էին հաշուելու բարդ դրութիւններու (System) ընթացքը: Ատիկա միայն իր գիրքի հրատարակութենէն ետք կարելի դարձած է` շնորհիւ թուայնացման: Աստղագիտութիւնը այժմ կ՛ապրի փառաւոր «ոսկեդար»:

Հեղինակաւոր «Springer»-ի հրատարակած «Համաշխարհային աստղագիտական ձեռատետրը» (manual) 2014-ին 7 էջ երկարութեամբ յօդուածով մը անընդունելի կը գտնէ Հերունիի վարկածները(15):

Հերունիի աւանդը կը շարունակեն իր աշակերտ Գուրգէն Վարդանեանը եւ այլք(16):

(Շար. 1)

————————————

  1. Տես, Օրինակ, Թումանեան Գարեգին, «Բրոնզեդարեան դամբարանները մահուան պատկերացումներում եւ դրանց կառուցուածքի առանձնայատկութիւնները», «Պատմաբանասիրական Հանդէս», թիւ 2, 2011
  2. Տես https://armeniasputnik.am/armenia/20170907/8563777/armenia-astxaditaran-zorac-qarer.html
  3. Տես www.newsinfo.am/arm/article/view/V1QQz5G9t7
  4. Mercury, Venus, Mars, Jupiter եւ Saturn
  5. Herouni, ParisArmenians and Old Armenia:archaeoastronomy, linguistics, oldest history. Tigran Mets.2004. Պարիս Հերունի «Հայերը եւ հնագոյն Հայաստանը (ՀիմքերըՀայոց)» 2006
  6. Իւրաքանչիւր ամիս կը համապատասխանէ 360/12 = 30 աստիճանի: Ուրեմն 55 աստիճան կը նշանակէ շուրջ 2 ամիս:
  7. Բաբելոնեան կարգ մը տեսութիւններ բարելաւուեցան միայն 19-րդ դարուն: Նման վարկածներ կան մայաներու շուրջ:
  8. Ծագման պահը որոշ չափով կը տարբերի վայրէ վայր: Մեծամօր շատ աւելի հիւսիս է, քան` Նապթան:
  9. Գույումճեան բառարանը ատիկա անյաջող կերպով թարգմանած է որպէս «հնաքար»
  10. file:///C:/Users/User/Desktop/Քարահունջ-Stonehenge.-առասպելի-վերջը.pdf
  11. Տես, օրինակ, «Stonehenge Decoded», Gerald Hawkins, 1963
  12. Ռատիօ-հեռադիտակները կը բանին եզի ծանօթ հեռատեսիլի «dish»-երու (պնակ) սկզբունքով: Ամէնէ խոշորը ( 500մ) կը գտնուի Չինաստանի մէջ: Շատ աւելի կը հրապուրէ զբօսաշրջիկնները, քան գիտնականները:
  13. Տես, օրինակ, Օ. Խնկիկեան, «Հայերի ծագման Պալքանեան տեսութիւնը եւ հնագիտական տուեալներ», «Պատմաբանասիրական Հանդէս» 1, 2007
  14. Այդ Ն.Ք. 3-րդ դարուն մօտ 10 առ հարիւր ճշգրտութեամբ կատարած է Աղեքսանդրիոյ գրադարանապետ Eratosthenes
  15. Carahunge – A Critical Assessment, Handbook of Archaeoastronomy and Ethnoastronomy, Springer 2014
  16. Գուրգէն Վարդանեան,  «Քարահունջ աստղադիտարան», Որոտան,7 մարտ 2011 անկիւնը իսկապէս մօտ է այդ թիւին:
Նախորդը

Ցեղասպանութեան Ժամանակ Ճափոնցիները Օգնած Են Փրկուած Հայերուն Եւ Յոյներուն

Յաջորդը

«Հիումընզ Ռայց Ուոչ»-ի Ներկայացուցիչ. «Թուրքիոյ Մէջ Կը Ցանկան Վախի Կայսրութիւն Ստեղծել»

RelatedPosts

Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Երկնային Վաչկատուններ

Օգոստոս 6, 2022
«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը.  Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ
Արուեստ - Մշակոյթ

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը. Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ

Յունիս 20, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 7, 2022

Comments 2

  1. Ashot Piliposyan says:
    4 years ago

    Հարգելի Դոկտ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
    Ես հնագետ Աշոտ Փիլիպոսյանն են: Պաշտպանել եմ թեկնածուական և դոկտորական ատենախոսություններ հնագիտությունից: Դոկտորական ատենախոսությանս թեման է “Հայկական լեռնաշխարհը Հին Մերձավոր Արևելքի պատմամշակութային փոխառնչությունների ոլորտում Ք.ա. IV-I հազարակյակներում”: Ունեմ նաև պրոֆեսորի կոչում: Հանդիսանում եմ Ռուսաստանի բնական գիտությունների և Գերմանիայի EWAN ակադեմիաների արտասահմանյան անդամ: Ներկայումս Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Հայոց պատմության ամբիոնի վարիչն եմ Չեմ սիրում նշել կոչումներս ու ձեռքբերումներս: Սա պարզապես արեցի, որ Ձեզ պարզ դառնա, թե ես, այնուամենայնիվ, ինչ որ բանի հասած մասնագետ եմ:
    Մեծ հետաքրքրությամբ կաարդացի Ձեր մեկնաբանությունները Զորաց քարերի մասին: Հասկացա, որ Դուք լուրջ և բանիմաց մասնագետ եք, ուստի ինձ իրավունք վերապահեցի խորին շնորհակալություն հայտնել Ձեր հանգամանալից ու անաչառ գրախոսույան համար:
    Ես իսկապես 5 տարի պեղումներ եմ իրականացնում Զորաց քարերում և շատ կարևոր տեղեկություններ եմ գտել այդ եզակի հուշարձանի մասին: Ձեզ հավաստիացնում եմ, որ հնգամյա աշխատանքի արդյունքում հավաքած և վերգետնյա, և դամբանային նյութերը թույլ են տալիս ասել, որ այդ հուշարձանի վաղագույն տարիքը չի անցնում 4000 տարուց (հաշված մեր օրերից): Կենտրոնական դամբարանում, որը Դուք շատ ճիշտ ներկայացրել եք որպես կրոմլեխ, ես պեղել եմ 4 տարբեր մշակութային շերտերի պատկանող թաղումներ: Դրանցից ամենավաղը վերաբերում է Ք.ա. XIX-XVIII դդ., հաջորդը՝ Ք.ա. XIV-XIII դդ., երրորդը՝ Ք.ա. X-VIII դդ., իսկ վերջինը՝ Ք.ա. V-IV դդ.: Դամբանախցում հայտնաբերվել են 4 հասում մարդկանց (2 տղամարդ, 2 կին) և 1 երեխայի կմախքներ: Պեղվել են շուրջ երեք տասնյակ կավանոթներ, 10-ից ավել բրոնզե ապարանջաններ, մատանիներ, մազխիլ, 5 երկաթե նիզակ, 2 երկաթե դանակ և այլ արտեֆակտներ: Ասեմ նաև, որ դամբանախցում հայտնաբերվել են նաև XII-XIII դդ. միջնադարյան խեղու բեկորներ, ապակե ապարանջանի մասեր և ուլունքներ: Չի բացառվու, որ այդ շրջանում Զորաց քարերի դամբանախցերը (դրանց ընդհանուր քանակը 30-ից ավելի է) ապաստտան ու թաքստոց են ծառաել մոնղոլների ասպատակություններից մազապուրծ տեղացիների համար: Սրանք թույլ են տակիս ասել, որ դա իրոք դամբարան է և ոչ թե աստղադիտարան: Բացվել են ևս 4 այլ դամբարաններ, որոնց պատերի քարերի և ծածկասալերի վրա կան անցքեր: Դրանք բացվել են երջանկահիշատակ Պարիս Հերունու մահվանից հետո և նրան չէին կարող ծանոթ լինել: Այս տարի հյուսիսից հարավ ձգվող օրթոստատ կանգնած քարերից մեկի ստորին հատվածը մաքրելիս բացվեց հիմքին արված անցք: Միանշանակ է, թր դրանից աստղերին չէին կարող նայել: Այսինքն “աստղադիտարանի” հակավարկածը լուրջ նյութական հիմնավորում ստացավ: Սա էլ հենց առաջ բերեց այն աղմուկը, որին Դուք տեղյակ եք:
    Ուզում եմ հաստատապես ասել Ձեզ, որ իր նպատակը բոլորովին էլ Պարիս Հերունու տեսակետը ջնջելը կամ անվանակելը չէ: Զորաց քարեր հնագիտական հուշարձանը եզակի է ողջ տարածաշրջանի համար և իմ համեստ խնդիրն է գիտական պեղումների միջոցով այն ներկայացնել մասնագետներին և հանրությանը: Հերունու անունը պարբերաբար հնչեցնողներն իրականում իրենց կոմերցիոն գործարքներն են ուզում շահարկել, դա սքողելով ականջահաճո հայրինասիրության սին հայտարարություններով: Այդ թվում նաև Գուրգեն Վարդանյան վերնագրով երիտասարդը, ով ժամանակին իմ ուսանող է եղել, իսկ այժմ զբաղվում է Դուբայից Հայաստան ապրանքների ներկրմամբ:
    Հարգելի Դոկտ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
    Մեկ անգամ ևս ընդունեք խորին շնորհակալությունս և երախտիքս Ձեր գիտական և հիմնավոր հրապարակման համար:
    Հարգանքով՝
    Աշոտ Փիլիպոսյան

    Reply
  2. Hratch Barsoumian says:
    4 years ago

    Ե՛ս եմ շնորհակալ ձեր ներողամիտ և ազնիւ խօսքերի համար:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In