Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատք Անյոյս Եւ Սէր

Յուլիս 7, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա.- Ասք Եւ Բեմ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա, իմ սէր» թատրերգութիւնը: Ելոյթի նախօրեակին բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը համացանցի վրայ թատրերգութենէն առնուած մէջբերումով մը լուսաբանած էր. «Կոնտոլեզիան մեր հայրենիքն է, մեր հո՛ղը, մեր ապագա՛ն…»: Թատրերգութիւնը, ուրեմն, գերազանցօրէն քաղաքական է:

Թատերագիրը.– Ա. Արծրունի (1932) աւարտած է Սաքրէ Քէօր վարժարանը: Շատ կանուխ սկսած է գործակցիլ լիբանանահայ թատերախումբերու հետ: Կազմաւորուած է ինքնազարգացմամբ, 60-ական թուականներու մթնոլորտին մէջ (Ֆրոյտ, Սարթր, Աննուի եւ այլք):

Արծրունիի գրականութեան քննարկումը կարելի է հիմնել երկու հանգամանքներու վրայ. նախ` այն, որ այդտեղ չենք շօշափեր ինքնաներդաշնակ (self consistent) գաղափարական համակարգ, կան դիրքորոշումներ, որոնք յարիր չեն անհեթեթի: Այսպէս, Արծրունի կը յայտնէ, որ ինք նախ մարդասէր է, ապա հայ, եւ ապա` գաղափական (ՀՅԴ) (1): Անհեթեթը չի դաւանիր տիեզերական անժամանցելի ճշմարտութիւններու եւ արժէքներու: Արծրունի ոչ մէկ իմաստով յետարդիական է (post modern), ինչպէս կարդացինք վերջերս (2): Այդ պիտի ենթադրէր հոգեւոր արժէքներու հանդէպ անպատկառ կեցուածք, մինչդեռ Արծրունի սրտցաւ հեղինակ է: Իր սեւ ծանակը կը խարանէ հոգեւոր անկումը: Արծրունի կ՛առաջադրէ «անհեթեթի դրական մտածողութիւններ» (3), Արծրունիի թատրերգութեան մէջ, ուրեմն, անհեթեթը արտաքին կաղապար մըն է, որ խորթ է ներքին ասքին:

Երկրորդ հանգամանքը կը վերաբերի գրական սեռին: Արծրունիի թատրերգութիւնները աւելի յարմար են ընթերցանութեան, քան կատարումի: Այդտեղ տիրապետող են երկարաշունչ մենախօսութիւններ, որոնք կ՛արտայայտեն հոգեկա՛ն շարժում-գործողութիւն: Գրեթէ ոչինչ «կը պատահի» բեմին վրայ: Թերեւս նաեւ այս էր պատճառը, որ 42 տարիներու ընթացքին իր գործերը բեմադրուած են լոկ վեց անգամ(4): Ներկայ ելոյթին մէջ կարգ մը մենախօսական ելոյթները հասկնալիօրէն կրճատուած էին:

Արծրունիի մօտեցումը բնազանցական է, հակապատմական: Անոր դիրքորոշումը գիտութեան եւ առհասարակ համակարգուած (systematic) մտքի հանդէպ ժխտական է: Կոնտալեզիայի ծերունին կը գտնէ փենիսելին, երբ կը փնտռէր քաղաքական ծրագիր: Մինչդեռ գիտական տեսութիւններու ձեւաւորումը կը պահանջէ հանճարեղ մարդոց հոյլի մը դարեր շարունակուող գործակցութիւն (5): Այդ օրէնքներու արմատները կ՛երկարին մինչեւ Հին Յունաստան եւ Բաբելոն: Արծրունի ընտրած է այլ ուղի, կ՛որոնէ «տիեզերական առեղծուածներ»(6), կը հաւատայ հեռաւոր Արեւելքի միսթիքին, կ՛առաջադրէ իրականութիւնը ընկալել ոչ թէ մտքի, այլ «հոգիի աչքերով»(1):  Գիտութեան արդիապաշտ (մոտեռնիստ) բանականութեան հանդէպ մերժողական կեցուածքները թափ ստացան ի տես Բ. Աշխարհամարտի արհաւիրքներուն: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (7):

Անհեթեթը, ինչպէս` այլ գաղափարական շարժումներ, պատմական երեւոյթ է, կը պատկանի որոշ ժամանակաշրջանի եւ աշխարհագրութեան: Արծրունի, սակայն, կը հաւատայ յաւերժականին եւ տիեզերականին: Կը հաւատայ, որ «անհեթեթը ծնած էր մարդ-արարածի ծնունդէն առաջ» (3): Կ՛առաջադրէ, որ իր Կոնտոլեզիան գոյ էր Ն. Ք. 7-րդ հազարամեակին եւ գոյ է այսօր, 8159 տարի անց (6141+2018): Ինչպէ՞ս հասկնալ: Ուրեմն ընդունի՞նք, որ կրնան հիմնովիլ մտածումի օժանդակ յենակները («scaffolds», ինչպէս գիրքեր եւ համացանց) կրնան փոխուիլ հաղորդակցութեան լեզուն, տնտեսական ընկերային համակարգերը, բայց մենք կը մնանք նոյն նախամա՞րդը: Նոյնինքն Արծրունի այլուր կը մէջբերէ. «Եթէ ստեղծագործութիւն մը բեմ չելլէ իր ծնունդէն քսան տարի ետք, մեռած է ան» (3): Ակնյայտ հակասութիւն: Այո՛, Արծրունիի գաղափարականը ինքնաներդաշնակ չէ: Հայրենի «Գրական Թերթ»-ը նրբանկատ կերպով կ՛ըսէ.  «Արծրունիի գրականութիւնը մի «տնկարան» (է) որտեղից յատուկ աճեցուած ծառատեսակներ են ճամբորդելու տարբեր ուղղութիւններով… (4):

Արծրունիի թատրերգութիւնները ուղղուած են համեստ զարգացումով հանդիսատեսին: Ակնարկները առնուած են մանկապատանեկան եւ կամ հանրածանօթ գրականութենէ: Այդտեղ են`  Մոխրիիկը, Կարմիր Գլխարկիկը, Արա Գեղեցիկը, նախամայր Եւան, Կղէոպատրա, Նափոլէոնը, Հաննիպալը (9), Արիստոտելը, Սոկրատը, Սալոմէն, թերահաւատ Թովմասը… Անուններ, զորս լսած ըլլալու համար բաւարար է ունենալ միջնակարգ ուսում:

Զուգահեռներ.- Արծրունի ազդուած է անհեթեթի օտար թէ հայ վարպետներէն (10): Այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն այսպէս կոչուած «Պոլսահայ անծանօթ» Արման Վարդանեանին (1930-2015):Կան բազմաթիւ զուգահեռներ: Առաջին հերթին կը տեսնենք ոչ թէ գործողութիւն եւ կուռ կառոյց, այլ`  «գաղափարահոգեբանական դիպաշար» եւ «տրամադրութիւնների վարիացիա» (փոխաձեւութիւն) (11):  Ակնբախ է անհատական գաղափարապաշտութիւնը: Երկուքն ալ հակադրուած են «կեղծ աստուածներու» եւ «կեղծ գաղափարախօսութիւններու»: Երկու գրողներուն մօտ ալ կը նկատենք ինքնակենսագրական տարրեր:

Երկու գրողներն ալ կու տան երեւոյթներու անհեթեթ թուացող արտաքինը: Այս օրինաչափ է անհեթեթի, որովհետեւ այն հակադրուած է պատճառականութեան (causality), հրաժարած է երեւոյթներու ներքին մեքենականութիւնը հասկնալու փորձ(ութեն)էն: Գաղափարական ինքնահակասական խառնաշփոթը նոյնպէս օրինաչափ է անհեթեթի համար,որովհետեւ այն հակադրուած է տրամաբանութեան: Անհեթեթը բողոք է, բայց ոչ`«ճանապարհի քարտէս»:

Կը փութամ յստակացնել, որ առարկութիւնը չի վերաբերիր թատրերգութիւններու բարդութեան: Իսկական արուեստը, ըստ էութեան, բարդ է: Եթէ բեմին վրայ ամէն ինչ պարզ եւ տարաբաղադրելի ըլլար, ապա պիտի չըլլար արուեստ, պիտի ըլլար ատենախօսութիւն: Ի դէպ երկու գրողներն ալ ցաւօք հակամէտ են երկարաբանութեան:

Զուգահեռներ կան նաեւ այլաբանութեան մէջ: Այսպէս, Վարդանեանին «Մամլեկը» (1977) եւ Արծրունիի «Զանգը» (1982)  կառուցուած են լաբիւրինթոսներու շուրջ: Մութ եւ անել բաւիղ մը, ուր կ՛ապրի մարդակեր ճիւաղը: Պարզ է, որ ակնարկը կ՛երթայ մտային սպաննիչ խառնաշփոթին: Վարդանեանին գիտնականը կը սպաննուի լաբիւրինթոսին մէջ, Արծրունիի Ծերունին կ՛անշնչանայ խճճուած իր «պարաններու» թնճուկին մէջ: Երկու թատերագիրները յաճախ կը գործածեն արտայայտչապաշտ տարրեր (դիմակ, խամաճիկ եւ այլն), ինչպէս եւ`  Ս. Գրային ակնարկութիւններ եւ տիպարներ (ինչպէս` Եղիա մարգարէ եւ առաքեալներ): Երկուքին մօտ ալ «մարդ»-ու հասկացողութիւնը ոգեղէն է, խորհրդապաշտ, գրեթէ միջնադարեան (12): Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան, որ ընդհանուր քարտուղարն է Աստուածաշունչի ընկերութեան, իր ակնարկով կը հաստատէ թատրերգութեան կրօնական ասքը (13): Զտարիւն անհեթեթը ի հարկէ անհամատեղելի է կրօնին հետ:

Երկու թատերագիրները կը սիրեն իրենց գործերուն եւ տիպարներուն տալ տարօրինակ հնչողական անուններ: Վարդանեանի թատրերգութիւններէն են` «Թոխոր», «Ախացել», «Պախունց»… Արծրունիի ներկայ փիեսը կը կոչուի «Կոնտոլեզիա», որուն տիպարներէն են Էտին եւ Տիտին: Վարդանեանի տիպարներէն` են Ապօլօլօ  եւ Պիպիլօլօ, կան նմանահունչ այլ օրինակներ: Ի տարբերութիւն Արծրունիի` Վարդանեանը ունի նաեւ հայկական աւանդատունէն ներշնչուած անուանումներ, ինչպէս` Պաղտասար Պարոնեան, Պարապունի, Քաջունի եւ այլն: Հարկ է դիտել տալ նաեւ, որ Արման Վարդանեանը կը խուսափի մերկապարանոց բարոյախօսութենէ:

Բնագիրը.– Թատրերգութեան շուրջ արդէն իսկ լոյս տեսած են բազմաթիւ ակնարկներ եւ տեսերիզներ: Կոնտոլեզիա կոչեցեալ վայրին մէջ կը կատարուին ծերակուտական ընտրութիւններ: «Շեֆ»-ը կ՛իշխէ սադրանքներու եւ ի հարկին բռնութեան միջոցով: Առաջինի համար կը գործածէ պետութեան մեքենան (Էտի եւ Տիտի), իսկ երկրորդին համար` պահակազօրը, որ, ըստ աւանդի, սեւազգեստ է: Շեֆի խորհրդական Ծերունին կը ներկայացնէ բոլոր գիտութիւնները համատեղ: Ակադեմիան հլու կը սպասարկէ իշխանաւորին: Գիտութեան հանդէպ ժխտական կեցուածքը անհեթեթի յատկանիշներէն մէկն է: Այս մասին` աւելի ուշ: Ելոյթին մէջ ժողովուրդը ներկայ է որպէս անգլուխ, տխեղծ խամաճիկներու ամբոխ: Բացակայ է կղերականը: Արծրունի կը դատապարտէ աներեւոյթ «գրողները», որոնք չէզոք կը մնան, որովհետեւ «ճկուն են»: Մեղադրանքը ի հարկէ ուղղուած է մերօրեայ գրողներուն:

Մեսիան կը յայտնուի շատ կանուխ: Միջին տարիքի թափառական մը, որ հազիւ թէ յուսայ դառնալ դռնապան: Գեղատեսիլ անճարակ մը, որ ունի շռնթալից անուն` Աննիպալ Արիստոտել: Իմա` պատերազմիկ փիլիսոփայ Արա Գեղեցիկ: Ծերակուտական նշանակուելու առաջարկը գայթակղութեան դուռ մը կը բանայ գործազուրկի առջեւ: Կը սկսի բարձրաձայնել հասարակ յայտարար լոզունգներ (սէր, հայրենիք, բնութիւն…) շատ արագ կ՛ընկրկի փորձութեան առջեւ: Ո՛չ ժողովուրդն է «ամբոխ խելագարուած», ո՛չ ալ Աննիպալը` ժողովուրդի ծնած առաջնորդը: Կը յաղթեն անտեսանելի ընդիմադիրները: Գահը անգամ մը եւս իր տէրը կը փոխէ:

«Կոնտոլեզիա»-ն ունի նախատիպ: Վաչէ Ատրունիի «Գահը» թատրերգութեան մէջ եւս (1984)  ժողովուրդը դրական-գործօն դեր չունի (14): «Ռօքօքքօ» գահին համար «կը գզուըտին» բռնակալներ: Ընկերութեան «դրսեցին», Ատրունիի յաւերժ ներկայ հտպիտը, կը փորձէ նստիլ գահին, որպէսզի բարեփոխութիւններ կատարէ: Աննիպալը նոյնպէս դրսեցի ոչնչութիւն մըն էր, որ պիտի փորձէր բարեփոխել առանձին եւ «վերէն»: Ինչպէս Աննիպալը, Հտպիտը եւս կ՛ահաբեկուի: «Գահ»-ին մէջ կը տիրէր կրկէսային մթնոլորտ, իսկ «Կոնտոլեզիա»-ին մէջ, ըստ բեմադրիչին «Պիւրլեսք»:

Բառախաղ.– Անհեթեթի աւանդութիւններէն մէկը գրոհն է լեզուի վրայ: Ընթերցողներէն ոմանք թերեւս յիշեն «Ճաղատ սոփրանօ»-ի այն տեսարանը, ուր երկխօսութիւնը կը վերածուի անկապ հնչիւնախաղի, կազմուած` «քօքօ» բառի շուրջ: «Օ» հնչիւնը այստեղ եւս հիմքն է շարք մը բառախաղերու, սկսեալ վերնագիրէն` «Կոնտոլեզիա»: Ապա կու գան «ռօքօքօ աթոռը», «ռօքօքօ միքրօ»-ն, «նակոռնի չոռնիա»-ն… Ինծի կը թուի սակայն, որ այս բառերը պատահական չեն: Կոնտոլը վտիտ նաւակ մըն է, որ բնաւ ատակ չէ դուրս գալու դէպի ալեկոծ ծով: Մեր հայրենիք Կոնտոլեզիան` նոյնպէ՞ս: «Rococo» զուարճալի անուն մըն է` հիմնուած լատիներէն Rocca-barocco բառակապակցութեան վրայ, որ կը նշանակէ «անձեւ քարքարուտ մարգրիտ»: Դէպքերը կը պատահին քարէ դարուն: Նակոռնի Չիոռնիա ռուսերէնով կը նշանակէ «Լեռնային Սեւաստան», այլ խօսքով` «Ղարաբաղ» (չիոռնի = ղարա = սիահ = սեաւ =  սեւ): Ղարաբաղին ուղղուած ակնարկը ինծի համար հասկնալի չէր: Ապա կար «սեռ-սեր-սէր» ֆրոյտավարի հնչիւնախաղը:

Անհասկնալի էր կարգ մը օտար եզրերու գործածութիւնը, երբ անոնք ունին համարժէք հայերէն. օրինակներ` «տեզինֆորմացիա, էնթրիկ, սիսթըմ», «ապատեղեկատուութիւն, սադրանք, համակարգ»:

Գիտաերեւակայական.– Թատերագիրի գիտութեան ըմբռնումը միջնադարեան է: Բիւզանդական, արաբական եւ այլ կայսրութիւններ կը ֆինանսաւորէին բացառապէս այն աշխատանքները, որոնք գործնական օգուտ ունէին, ինչպէս` բժշկութիւն, մեքենական սարքեր, քիմիական բաղադրութիւններ եւ այլն: Տեսական գիտութեան բացակայութեան պայմաններու տակ գիւտերը, յատկապէս` քիմիական գիւտերը, կը կատարուէին  որպէս արդիւնք կոյր փորձերու եւ պատահականութեան: Անհամեստութեան գնով կրնամ ըսել, որ ունիմ դոկտորական` փորձառական բնագիտութեան մարզին մէջ: Ունիմ առնուազն տասը տարուան փորձառութիւն գիտաշխանոցներու մէջ: Նոր ժամանակներու պատկերը բոլորովին տարբեր է: Անկարելի է ֆինանսաւորել աշխատանք, որ տեսականօրէն հիմնաւորուած չէ:

Կար նաեւ այլ հնադարեան երեւոյթ: Ծերունին ե՛ւ գիտնական էր ե՛ւ ընկերաբան, ե՛ւ փիլիսոփայ, ե՛ւ երազող բանաստեղծ, եւ…  Կար ժամանակ, երբ նոյն անձը կրնար ըլլալ ե՛ւ բժիշկ ե՛ւ փիլիսոփայ ե՛ւ աստղագէտ, ե՛ւ… Այսօր գիտնականներ հազիւ թէ կարենան տիրապետել նեղ մասնագիտութիւններու:

Թատրերգութեան մէջ կար եւս այլ միջնադարեան ըմբռնում: Ծերունին կապեր կը հաստատէր սահմանափակ թիւով ցիցերու միջեւ (բնագրի մէջ 10), գործածելով 3 գոյնի առասաններ: Այդ կապերուն թիւը սահմանափակ է, դիւրաւ հաշուարկելի (3x10x9/2=135): Այս կը յիշեցնէ միջնադարեան գիտութեան չորս տարրերը եւ բժշկութեան չորս հեղուկները (հումորներ) որոնցմով հարկ էր բաղադրել եւ բացատրել ամէն ինչ, որ անհամար է:

Ծերունիի ժխտական, թիւր կերպարը կ՛արտայայտէ բազմաթիւ շարժումներու, այդ շարքին նաեւ անհեթեթի խորշանքը գիտութենէն, յատկապէս` կորիզային ռումբի գործած արհաւիրքէն ետք (8):

Կար մանաւանդ փիլիսոփայական հարց: Ինչպէ՞ս կարելի էր հնարել բարձրախօս, երբ չկար ելեկտրականութիւն: Ինչո՞ւ նախ գոյ էր փենիսիլինը, ապա յայտնագործուեցաւ անոր առնչութիւնը բորբոսած հացի հետ (15): Կրկին ու կրկին կը շրջուի ժամանակի սլաքը: Միթէ պատմութեան ընթացքը ուղղուած է դէպի ե՞տ: Այս մասին եւս` աւելի ուշ:

Բեմայարդարում.– Հարկ է նշել, թէ Արծրունի մանրամասն բեմադրական նշումներ կ՛ընէ իր թատրերգութիւններու մէջ (16):  Լ. Մութաֆեան այդ կոչած է «թատրերագրական բեմադրութիւն»:

Թատրերգութիւնը ունի գերմանական արտայայտչապաշտութիւնը յիշեցնող նախաբան, ուր 12-15 խամաճիկներ մերկանման զգեստներով ժողովուրդին մէջ կը պտտին, պարաններէ կը կախուին եւ մեքենական շարժումներ կ՛ընեն: Բեմադրիչը այդ փոխարինած էր փակ վարագոյրին առջեւ շարուած միանման անգլուխ կմախք-տիկնիկներով: Բարձրադիր խոշոր բարձրախօսները կ՛ակնարկէին վերէն ջամբուած քարոզչութեան: Բարի:

Բազմաթիւ լեզուներով ծանուցումը, ներառեալ սանսկրիտ եւ սեպագիր, կ՛ակնարկէին այն դրոյթին, թէ թատրերգութեան ասքը ի զօրու է բոլոր ժամանակներու եւ աշխարհագրութիւններու համար:

Բեմը նուազապաշտ էր: Ճակտի պաստառը կ՛արտայայտէր գազանային ուժ, որ այսուհանդերձ կը թուէր ունենալ կանացի մազեր: Մեկնաբանելի: Արծրունիի նկարագրած նախապատմական համակարգիչը աւելի տպաւորիչ է, քան` ելոյթի աշխատասեղանը.- Գրեթէ մարդահասակ ձողեր, որոնց վրայ կան խոշոր օղակներ: Գունաւոր պարանները վար կու գան երկինքէն… ներողութի՛ւն, առաստաղէն: Աւելի յարիր է նաեւ Արծրունիի «տոմարակալութիւնը», սալիկները կը պատրաստուին խոնաւ կաւով:

Բեմայարդարը աւելցուցած է հոյամողէսի ոսկոր մը, զետեղուած` պատուանդանի վրայ: Այդ զէնքի խորհրդանիշ է: Թանկարժէք սուրերը կը ցուցադրուին նման պատուանդաններու վրայ: Օծման արարողութեան ընթացքին Շեֆը, փոխան սուրի, այդ ոսկորով ազնուականի կոչում տուաւ Աննիպալին: Բացի այդ, կը յիշենք որ Քիւպրիքի «2001 անջրպետի ոդիսական» (1968) ժապաւէնի բացման տեսարանին մէջ ոսկորը կը գործածուի որպէս առաջին ձեռնտու զէնք: Շա՛տ բարի՛: Ձայնափող ոստրէն կը պահուէր գահին մօտիկ սնտուկի մէջ: Այդ կը խորհրդանշէ իշխանութեան մենաշնորհը` ձայնասփռումի վրայ: Բարի՛: Հաշիշի ծխամորճը կը խորհրդանշէր հաճոյք եւ ցնորք: Բարի՛: Հռոմէական դափնեպսակը փոխարինուած էր ոսկորի շարոցով, որ պահպանուեցաւ երբ հագուկապը արդիական դարձան: Ոչի՛նչ, բարի: Պահպանուեցան նաեւ դերակատարներու զատորոշող նշանները, որոնք անվերծանելի էին` ի բաց առեալ ծերունիի ճակտի «ամենատես աչք»-էն, որ կը տեսնուի հին եգիպտական որմանկարներու մէջ եւ ոչ միայն…

Որմազդը կրնար աւելի արտայայտիչ ըլլալ: Լուսաւորութիւնն ու երաժշտութիւնը ցայտուն դեր չունէին: Նախերգանքը հիւսիսային ժողովուրդներու ծիսական երգեցողութիւն մըն էր, որ կը թելադրէր ոգեղէնը, իսկ երկրորդ արարի վարագոյրէն առաջ` երգեհոնանման համադրական սլացիկ (synthetic crescendo) երաժշտութիւն, որ կը թելադրէր ծանրակշիռ իրադարձութիւններ: Ի դէպ, բեմադրիչը կը տեղեկացնէ, որ դէմքի դրոշմները ներշնչուած են “The Viking” շարքէն: Այդ համահունչ է երաժշտութեան: Բարի՛:

Հետախոյզ Էտիի զեկոյցները, ինչպէս այլեւս «Գասպար Իփէկեան»-ի համար օրինաչափ դարձած է, կը կատարուէին բեմի ձախ անկիւնէն:

11 յունիս 2018
(Շար. 1)

————————————

1.- Արմինէ Սարգսեան «Զրոյց իրատես», 8 փետ. 2011:
2.- Ժ. Դանիէլեան, «Արա Արծրունին` անհեթեթի եւ այլաբանութեան ուղիներով», «Ազդակ», 10 մայիս 2018:
3.- Ա. Արծրունի  «Մտորումներ – թատրոնի ծնունդն ու ընթացքը» «Ազդակ», 21 մարտ 2017
4.- «Գրական Թերթ», «Աղասի Այվազեանի թատրոնը», 26  նոյ. 2013:
5.- Ոմանք դպրոցական տարիներէն կրնան յիշել, թէ եւ Մաքսուէլի ելեկտրամագնիսական հաւասարութիւնները եկան Քուլոնի ելեկտրական օրէնքէն շուրջ ութսուն տարի ետք (1784-1862), բազմաթիւ գիտնականներու ներդրումներու համադրութեամբ (Ամփեր, Ֆարատայ, Օմ եւ այլք):
6.- Վ. Գարաօղլանեան, «Ազատ մտածող մտաւորականը», «Ազդակ»,  10 մայիս 2018:
7.- Տե՛ս «Ճաղատ սոփրանոն», «Ազդակ», 14 յունիս 2013:
8.- Սակաւաթիւ գիտնականներ սատարեցին կորիզային ռումբի պատրաստութեան («The Manhattan Project», 1942-46), բազմաթիւ ականաւոր եւ շարքային գիտնականներ դատապարտեցին ծրագիրը:
9.- «Հաննի-Պաալ» կը նշանակէ «շնորհ-Աստծու», «Պարգեւ»: Յունարէն եւ ֆրանսերէնի մէջ հո տառը կը զեղչուի:
10.- Ինչպէս անհեթեթի հայրենի ռահվիրա Աղասի Այվազեան:
11.- Լ. Մութաֆեան, «Արման Վարդանեանի աշխարհը»  2000:
12.- Արման Վարդանեան, «Լաւ մը» 2003
13.- Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, «Արդ, հասնինք գլխագիր բանին», «Ազդակ» 4 յունիս 2018:
14.- Վաչէ Բրուտեան, «Գահը», «Ազդակ» 23 յուլիս 1984:
15.- Penicillin-ի գիւտը պատահական չէր, ինչպէս տարաձայնուած է: Fleming մանրէներ «ցանած» էր տարբեր միջավայրերու մէջ: Անոնք չէին աճած բորբոսի շուրջ:
16.- Արա Արծրունի, «5 թատրերգութիւններ», 2012:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Մենք Կը Խնդանք

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?