Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոլ Կիրակոսեանի Մահուան 25-ամեակին Առիթով. Կիրակոսեան Երեւոյթը

Յունիս 8, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Անոնք, որոնք տակաւին որոշ վերապահութիւններ ունին Փոլ Կիրակոսեանի արուեստի մեծութեան եւ գեղարուեստական բարձր որակին շուրջ, խնդրեմ` մինչեւ վերջ թող կարդան ստորեւ տրուած ականատեսի վկայութիւնս, ապա միայն թող եզրակացնեն:

Ձախէն աջ՝ Մովսէս-Հերկելեան , Փոլ Կիրակոսեան, Զաւէն-Խտըշեան եւ Պերճ Ֆազլեան

Անգամ մը եւս հաւաքուած էինք Զաւէն Խտըշեանի Պելվիուի բնակարանը: Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Զաւէնն ու իր կինը`  Սեդան, սովորութիւն ունէին իրինց տունը (որ չէի գիտեր՛ ինչո՛ւ աւելի ապահով կը թուէր) պարբերաբար հրաւիրելու գաղութիս արուեստագէտներէն եւ առհասարակ մտաւորականներէն շատեր, ընդհանրապէս՛ իրենց կիներով. ինչպէս՛ Պերճ Ֆազլեան, Վարուժան Խտըշեան, Փոլ Կիրակոսեան, Էտկար Դաւիթեան, Տիգրան Թամիրեան, Թորոս Տէր Յակոբեան, Սոնիա Նիկոլեան, Պետիկ Հերկելեան, Էտի Պահատրեան, Գր. Նորիկեան, Զաւէն Պաաքլինի, եւ այլն: Երբ նմանօրինակ դէմքեր տեղ մը հաւաքուին, բնականաբար կը քննարկուին նաեւ արուեստի տարբեր տեսակի լուրջ հարցեր: Այդ օր Փոլ Կիրակոսեանը կը բացակայէր: Կ՛ափսոսայինք անոր անժամանակ «մեկնումը» ու խօսքը կը դառնար իր շուրջ: Ներկաները համոզուած էին, որ կորուստը մեծ է եւ անդառնալի: Երբ կարծիք յայտնելու հերթը ինծի հասաւ, հայեացքները կեդրոնացան վրաս ու լռութիւն տիրեց: Խորունկ շունչ մը քաշելէ ետք, հանդատութեամբ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ ըսի.

– Չէ՞ք կարծեր, որ Փոլը Երեւոյթ է առհասարակ արուեստի պատմութեան մէջ: Ան  իր ինքնատպութեամբ եւ բացառիկ գունազգացողութեամբ չի զիջիր նոյնի՛սկ յետտպաւորապաշտ սերունդի կարգ մը նեկայացուցիչներու: Մենք կը զգուշանանք զինք հանճար կոչելու,պարզապէս կը վախնանք, որ շատեր մեզ ազգային սնապարծներ կրնան համարել:

Ներկաներէն մէկը  առարկեց.

– Մովսէ՛ս, Փոլը սիրելը ուրիշ բան է, գնահատելը` բոլորովին այլ: Չե՞ս կարծեր, որ զինք շատ սիրելուդ համար գնահատականը կը չափազանցես: Փոլն ալ տկարութիւններ ունի:

Պատասխանեցի.

– Ո՛չ, ընդհակառա՛կը: Բոլոր հանճարներն ալ ունեցած են եւ ունին տկարութիւններ: Գնահատականը անոնց լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն պէտք է վերաբերի: Անշուշտ, եթէ արուեստագէտի մը իր արժեքէն շատ աւելի բարձր գնահատական տրուի, ո՛չ թէ արուեստագէտը կը բարձրանայ, այլ սխալ գնահատողը կը նսեմանայ: Յետոյ, ի տարբերութիւն ձեզի, ես առիթը ունեցած եմ մօտէն շփուելու եւ ուսումնասիրելու Փոլի ստեղծագործական կեանքը: Պատկերացուցէք, որ ո՛չ միայն շուրջ տասնեակ մը յօդուածներ ստորագրած եմ անոր մասին, այլեւ հեղինակած, խմբագրած ու հրատարակած եմ նաեւ անոր երկրորդ պատկերագիրքը: Կը նշանակէ, թէ այն, ինչ որ կ՛ըսեմ, մակերեսային դատողութեան մը հետեւանք չէ, այլ` հետեւողական ուսումնասիրութեան մը արդիւնք:

Միայն Զաւէնը` իբրեւ երկար տարիներու մտերիմը Փոլին,  իրաւունք տուաւ ինծի: Միւսները լռեցին տարակուսանքով: Իսկ ոմանք ալ այնքան համոզուած չէին թուեր: Շարունակեցի.

Խաղաղութիւն գործ՝ Փոլ Կիրակոսեանի

– Փոլը զարտուղի ծնունդ էր :Ան  հազարամեակներու հոգեմտաւոր խորք ունեցող բացառութիւներէն էր:Անոր արուեստը  ներշնչման եւ աստուածային օժտուածութեան արդիւնք է: Իր պատահական  ծանօթներէն շատեր յաճախ  մանկամիտ  եւ հասարակ գծանկարիչ մը կը համարէին զինք: Ուրիշներ, որոնք քիչ մը աւելի կը սկսէին ճանչնալ իր անձն ու նկարագիրը, կը կարծէին, որ ան մանկամտութիւն եւ կամ պարզամտութիւն կը խաղայ: Իսկ անոնք, որոնք լաւապէս կը ճանչնան Փոլը եւ հնարաւորութիւնը ունեցած են էապէս թափանցելու անոր ներաշխարհէն ներս (Զաւէնին նման), կը համոզուին, որ անոր մանկական պարզ ու ջինջ խառնուածքն ու մտածելակերպը կու գայ իր մարդկային մաքրութենէն, իր հոգեւոր հաւատամքի  չխաթարուած անարատ խորքերէն: Այո՛, ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ Կիրակոսեանը եթէ եւրոպական երկրի մը ծնունդը ըլլար, այսօր պիտի դասուէր աշխարհի մեծերու շարքին:

Ձայներ լսուեցան.

– Այդ ինչպէ՞ս:

– Ատիկա պարզապէս անձնական կարծիքդ է:

– Ուրկէ՞ այսքան ինքնավստահութիւն:

– Կրնա՞ս  հիմնաւորել:

– Արուեստը գիտութիւն չէ, որ իրեղէն ապացոյցներով հիմնաւորուի: Արուեստի մէջ միակ անվիճելին իր վիճելիութիւնն է: Կ՛ընդունիմ նաեւ, որ գեղարուեստական անձնական ըմբռնումը իր դերը կ՛ունենայ արուեստի գնահատման մէջ: Հակառակ այս իրողութիւններուն, այնուամենայնիւ, իմ ականատեսի վկայութիւնները կը պատմեմ եւ եզրակացութիւնը կը վերապահեմ ձեզի:

Ներկաները  շտկրտուեցան ու տեղաւորուեցան աթոռներուն ու բազմոցներուն վրայ:Ես ումպ մը ջուր խմեցի ու սկսայ.

Քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերն էին: Ակամայ նստած էինք Կիրակոսեաններու տան համեմատաբար աւելի ապահով կարծուած մէկ սենեակը եւ հեռատեսիլը կը դիտէինք: LBC կայանէն  հանդիպում-զրոյց մը կը սփռուէր Ժպրան Խալիլ Ժպրանի կրտսեր գրչակիցներէն Միխայիլ Նայիմէի հետ: Վերջաւորութեան հաղորդավարը անակնկալ մը պատրաստած էր ականաւոր բանաստեղծին համար: Յանկարծ, Պրազիլէն նոր ժամանած, ներս մտաւ իր եղբօր աղջիկը` շքեղ ծաղկեփունջ մը ձեռքին: Միխայիլ Նայիմէն միայնակ կ՛ապրէր այդ օրերուն եւ տարիներէ ի վեր չէր տեսած իր հարազատներէն ոեւէ մէկը: Յանկարծակի հանդիպումէն ցնցուած՛  ծերունի բանաստեղծի դէմքին վրայ սկսան գծագրուիլ զարմանքի, վշտի, կարօտի, ուրախութեան, ափսոսանքի եւ այլ յուզումնախառն վիճակներ: Երբ նկատել տուի Փոլին կատարուածի յարափոփոխ  գեղեցկութիւնը, ան իր դուստրերէն Մանուելայէն խնդրեց, որ խաւաքարտ ու ածուխ բերէ իրեն: Մինչեւ որ նկարելու յարմարանքները հասնին յայտագիրը աւարտեցաւ: Փոլը նշմարելէ ետք դէմքիս վրայ առիթի կորսուած ըլլալու ափսոսանքը, անմիջապէս աւելցուց` «Դուն մի՛ մտահոգուիր», ու սկսաւ արագօրէն  ճեպանկարել` ընթացքին շնչելով, արտաշնչելով ու սուլելով նոյն կշռոյթով: Այս մէկը իր ստեղծագործական «արհեստագիտութեան» մաս կը կազմէր: Քանի մը վայրկեաններու ընթացքին տասնեակէ մը աւելի դիմանկարներ գծեց` պատկերելով Միխայիլ Նայիմէի տարբեր արտայայտութիւնները, բոլորն ալ` խիստ կենսունակ եւ արտակարգօրէն տպաւորիչ:

Իմ ներկայութեան  քանի մը անգամ պատահած է, որ երկվայրկեաններու ընթացքին իր դիմանկարը պատկերէ` առանց գրիչը վերցնելու թուղթին վրայէն: Ուրիշ օր մըն ալ իր փոքրիկ աղջկան՛ Մանուելային (որուն հանդէպ հայրական բացառիկ սէր եւ վերաբերմունք կը տածէր) դիմանկարը երփնագրեց միայն քանի մը վրձնահարուածներով, արդիւնքը՛մանկական բացառիկ անմեղունակ գեղեցկութիւն մը:

Ներկաները հետաքրքրուած կը հետեւէին. ես շարունակեցի:

Պետիկի դիմանկարի նախափորձերէն նմոյշ մը
Պետիկ իբրեւ յանձնառու մտաւորական
Բանաստեղծը գործ՝ Փոլ Կիրակոսեանի

Յաջորդ վկայութիւնը, որ պիտի տամ շատ աւելի յատկանշական է ու թելադրական: Դարձեալ ապահովական գետնի վրայ անկայուն եւ վտանգաւոր ժամանակներ էին: Եղբօրս մահէն տարի մը ետք, օր մը Փոլ Կիրակոսեանը հեռաձայնեց ու ըսաւ. «Քովս մարդ չկայ, վերը` արուեստանոց եկուր: Այսօր եղբօրդ պիտի ողջնցնեմ: Իր փորթրէն  պիտի գծեմ, եկուր, որ օգնես ինծի»: Պետիկը զարմանալի յիշողութիւն ունէր: Նարեկացին գրեթէ գոց գիտէր: Փոլը Նարեկացի արտասանել կու տար Պետիկին եւ այն ալ` գրաբարով: Հակառակ անոր որ իր գիտցած տասնմէկ լեզուներէն վերջինն էր հայերէնը, կը պնդէր, որ ամէն ինչ կը հասկնայ: Փոլը Պետիկին լաւ կը ճանչնար եւ զարմանալի հարազատութիւն մը կը զգար անոր հանդէպ եւ յաճախ  կ՛ըսէր. «Ան ինծի պէս է, ոգեղէն արժէքներու կը հաւատայ եւ ուրիշ աշխարհի մէջ կ՛ապրի» :Այս ոգեղէն արժէքներով սնանող արուեստագէտը, Աւետարանէն եւ Ժպրան Խալիլ Ժպրանէն ետք, ծրագրած էր նաեւ նարեկեան շարք մը ստեղծել: Փոլին օգնած ըլլալու միտումով հետս բերած էի տասէ աւելի Պետիկին լուսանկարներէն: Երբ երկարեցի իրեն, ան ծիծաղելով ըսաւ.«Եթէ ֆոթոներէն նկարեմ, եղբայրդ մեռած կը մնայ, ես պիտի ողջնցնեմ զինք»: Ատիկա  քովդ պահէ:Նախ տրցակ մը խաւաքարտ դրաւ սեղանին, վրձինը թաթխեց չինական մելանին մէջ եւ ինծի նայելով` սկսաւ խօսիլ Պետիկին հետ: Հիմա բառացիօրէն չեմ յիշեր ամէն ինչ, սակայն հետեւեալ բովանդակութեամբ նախադասութիւններ եւ բառեր կ՛արտասանէր. «Ճակատդ բաց է, վեր, դուն երկու մարդ ես, պոէտ ես, ըմբոստ ես, տխուր ես, բայց դուն հպարտ ես, բարի…խելացի…քաջ…մե՛ծ, շա՜տ մեծ…»: Այսպէս խօսելով, վայրկեաններու ընթացքին տասնեակ մը «փորձեր» կատարելէ ետք, ըսաւ` «Շո՛ւտ, կտա՛ւը բեր»:  Նկարակալին վրայ դնելէ ետք զայն, ներկաթաթաւ վրձինը ձեռքին` դիմացը կեցաւ, կեդրոնացաւ ու յանկարծ ջղային, պիրկ եւ հատու վրձնահարուածներով «յարձակեցաւ» սպիտակ կտաւին վրայ, ու քանի մը րոպէ ետք վերայառնած Պետիկը ներկայ էր արդէն, կարծէք` ստեղծագործական ներշնչման մէջ ըլլար: Առանց հանգիստ ընելու, նոյն արագութեամբ եւ նոյն թափով պատկերեց երկրորդ դիմանկարը Պետիկին, այս անգամ` թէեւ մտահոգ դէմքով, սակայն` ըմբոստ ու յեղափոխական տրամադրութեամբ: Եղբօրս նկարագրի այս երեսին մասին ոչ ոք խօսած էր իրեն: Ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ Պետիկը քաղաքական կամ յեղափոխական հարցերու վերաբերեալ չէինք զրուցած իրեն հետ: Զարմանալին ու Փոլ Կիրակոսեանի  արտակարգ տաղանդի մեծութիւնը հո՛ս է ահաւասիկ: Ես յուզուած էի … Եղբայրս յարութիւն առած էր ու զոյգ անհատականութեամբ դիմացս էր արդէն: Փոլը յոգնած ու լիցքաթափուած` բազկաթոռին փլաւ ու, չես գիտեր` ինչո՞ւ, հայացքը ուղղեց  պատուհանէն դուրս, դէպի անհունը եւ ապա աչքերը դանդաղօրէն փակեց` կարծէք ներսուզուելու համար այս անգամ դէպի սեփական ներաշխարհի ալքերը: Պահի լրջութիւնն ու լարուածութիւնը չքացաւ Փոլի կնոջ` Ճուլիեթի յանկարծակի ներս խուժելով: Նախ, երբ մեզ տեսաւ առանձին եւ անբնական կացութեան մէջ, դժգոհութեամբ գոռաց` «Այս ի՞նչ կը կատարուի հոս»: Փոլը սթափեցաւ եւ առանց տեղէն շարժելու` անթացուպով ցոյց տուաւ նորաստեղծ դիմանկարները, Ճուլիեթը մօտեցաւ եւ լաւ մը դիտելէ ետք զանոնք, դարձաւ ինծի, խոնաւ աչքերով, գոհունակութեամբ գրկեց-համբուրեց եւ ըսաւ .«Ճի՛շդ այսպէս էր Պետիկը, միայն Փոլը կրնայ այս տեսակ «շետեւրներ» ստեղծել»: Կիրակոսեան ընտանիքի իմ գործնական (երբեմն նաեւ` մտերիմ) յարաբերութիւններու ընթացքին յաճախ համամիտ չեմ եղած Ճուլիեթին հետ, սակայն այս պարագային ան բացարձակ իրաւունք ունէր: Այո՛, արուեստի պատմութեան մէջ կա՞յ ուրիշ մը, որ նոյն արագութեամբ եւ նոյն յաջողութեամբ, առանց լուսակարի, յետմահու  պատկերած ըլլայ իր ծանօթներէն մէկն ու մէկը: Ես չեմ յիշեր, եթէ դուք կը յիշէք, խնդրե՛մ, ըսէ՛ք: Փոլը ուրիշներ եւս պատկերած է միայն յիշողութեամբ, ինչպէս` Անտրէ Ճատղիւնն ու բանաստեղծուհի Նատիա Թուէյնին:

Այս երկու յատկանշական դէպքերը պատմելէ ետք ներկաները իրարու երես նայեցան ու լռեցին,լուռ էի նաեւ ես: Ամէն ինչ հասկնալի էր: Այնուամենայնիւ, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի արուեստի մասին իր ունեցած կարծիքը պարտադրելու ուրիշի մը: Թէեւ բոլոր պարագաներուն եզրակացութիւնը կը վերապահուի ընթերցողին, այնուամենայնիւ ապագային ժամանակը իր վճիռը կու տայ:

Այո՛, Փոլ Կիրակոսեանը քառորդ դար առաջ բաժնուեցաւ մեզմէ առ յաւէտ` մարդկութեան պարգեւելով մնայուն արժէք ներկայացնող այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ մէկը անցեալ տարի ներառուեցաւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր ժամանակակից արուեստի թանգարաններէն` Փարիզի «Սանթր տը Պոպուր»-ի  հաւաքածոյին մէջ: Անոր միջազգային ճանաչման վերելքը կը շարունակուի, եւ օր կու գայ, որ Փոլ Կիրակոսեան անունը կը դասուի աշխարհի մեծերու շարքին:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բարեւ

Յաջորդը

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Տիգրան Տատրեան (Ժէ.)  «Կատակե՞լ, Թէ՞ Չկատակել», Այս Է Խնդիրը
Արուեստ - Մշակոյթ

Տիգրան Տատրեան (Ժէ.) «Կատակե՞լ, Թէ՞ Չկատակել», Այս Է Խնդիրը

Մարտ 13, 2023
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

«Անտեսանելի» Հանրապետութիւնը

Փետրուար 13, 2023
Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական
Արուեստ - Մշակոյթ

Մանուկներու Ճանաչողական Շրջապտոյտ

Յունուար 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In