Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակի Վրայ Է Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» Խորագիրով Տեսահոլովակը

December 30, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակի վրայ է դասական եւ  ազգային երգերու հանրածանօթ մեկնաբան Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ կռիւ» խորագիրով տեսահոլովակը (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E,):

Տեսահոլովակին նախաձեռնութիւնը եղած է անձամբ Հաճեանին կողմէն:

Բառերուն հեղինակն ու պատրաստողը Սամուէլ Թադէոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան եւ երգիչ Սամուէլ Գալստեանին:

Բնագիրը նաեւ թարգմանուած է անգլերէնի` շնորհիւ Ռուբէն Ճամպազեանի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի:

«Առայժմ թարգմանութիւնը զետեղած եմ տեսահոլովակին տակը, յուսամ` նիւթական միջոցներ կը գտնեմ, եւ կարելի կ՛ըլլայ անգլերէնը զետեղել տեսահոլովակին մէջ, տողատակի ձեւով», նշած է երգիչը:

Տեսահոլովակը ամբողջութեամբ խաղարկային է եւ համալրուած է կենդանի նկարահանումներով: Այս առիթով անմիջական աջակցութիւն եւ արտօնութիւն տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ:

Նկարահանումները տեղի ունեցած են սահմանագիծին վրայ` Մռաւի բարձունքներէն մինչեւ Ֆիզուլիի զօրամասերը:

Տեսահոլովակը կը շօշափէ չորս հիմնական միտքեր.

1.- Արուեստագէտին ներդրումը` ազգ-բանակ գաղափարին, տալով կենդանի արտայայտութեան ձեւերէն մէկը:

2.- Երգիչը, բացի համերգասրահներուն մէջ իր ունեցած ելոյթներէն, նաեւ պատրաստ է եւ կը մեկնի հայ զինուորին համար երգելու ուղղակի սահմանագիծին վրայ, նաեւ խրամատներուն մէջ`  քաջալերելու եւ սատար կանգնելու հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ գործին:

3.- Յիշողութիւններ` 90-ական թուականներու մեր  ազատամարտիկներու յաղթանակին վերաբերող, եւ կապ` այսօր եւս շարունակուող թշնամիին ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարող հայու կամքի արտայայտութեան:

4.- Մշակոյթի գործիչն ու հայ զինուորը նոյն առաքելութիւնը ունին` պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, ազգային արժէքները, զէնքով ու երգով, եւ պահանջեալ հարկին նաեւ արուեստագէտին մասնակցութիւնը` յարատեւ կռուի այս դժոխքին` զէնք վերցնելով հայ զինուորին կողքին:

Նախորդը

Կաղանդի Լուրեր

Յաջորդը

Ճեմարանի 70-ամեակի Յոբելենական Հանդիսութեան Յաջորդեց Մտերմիկ Խրախճանք Մը` Երգիչ Յովսէփին Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.