Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Առանձին` Հռոմի Դէմ – Բ. Կատարողական

Դեկտեմբեր 28, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Յօդուածին առաջին մասը կու տար գրողը եւ իր ժամանակը, թատերական առնչութիւններ, կառոյց, խորհրդանիշներ եւ լեզուական հարցեր:

Որմազդը գորշ եւ անորոշ պաստառ մըն է: Ցոյց կու տայ յուսալքուած, ընկճուած մինակ անձ մը: Այս յարիր է ե՛ւ Իբսենի մտայնութեան, ե՛ւ ելոյթի պրոշիւրին մէջ տեղ գտած բեմադրիչի խօսքին: Իբսեն յոռետես մըն էր, ընտրած էր կամաւոր աքսորը: Կերպարը կը թուի ըլլալ կիսամերկ եւ ամօթահար: Բայց չէ՞ որ ոչ թէ բժիշկը ի՛նք մերկացուած էր, այլ մերկացուցած էր կեղծաւորները:

Բեմական.- Բեմայարդարումը որպէս յղացում` յոյժ հնարամիտ է: Քանի մը շարժուն ծաւալներու եւ շրջող բեմի միջոցով ստեղծուած էին երեք տարբեր միջավայրեր: Կար հակադրութիւն` արդիապաշտ ճարտարապետական ձեւերու եւ հնատիպ հագուկապի միջեւ: Այդ մեկնաբանելի է: Բժիշկին աշխատասենեակը (ի  հարկէ զետեղուած` աջակողմեան դասու) կը գտնուէր (ժողովուրդէն) աւելի բարձր, անտեսանելի մակարդակի վրայ: Այդ յարիր է Իբսենի ջատագոված լուսաւորեալ ընտրանիի գաղափարին: Բարի՛: Կիսաթափանց պատուհանները կը ծառայէին շուքերու խաղի եւ թիկունքէն ծագող լուսաւորումի, որոնց մեկնաբանութիւնը ինծի համար յստակ չէր: Խմբագիրները եւ դատաւորները կանգնած էին վանդակի մը մէջ, որուն ճաղերուն շուքը մերթ ընդ մերթ կը տեսնուէր անոնց դէմքերուն վրայ: Ի՞նչն էր, որ կը կաշկանդէր զիրենք: Ուսանելի հարցում: Կար նաեւ սպիտակ ծաւալ մը, որ ըստ լուսաւորութեան, կը ստանար տարբեր գոյներ: Շա՛տ բարի: Իբսենի թելադրած հայելին, սակայն, փոխարինուած էր վարագոյրով մը: Վարագոյրը ի հարկէ հակադիրն է հայելիին: Առնուազն մէկ օտար ելոյթ բեմի ճակատը եւ «առաստաղ»-ը վերածած էր կիսաթափանց երերուն (փոփոխական) հայելիի մը,  որ ի հարկէ կը ցոլացնէր սրահը, հանդիսատեսը, մեր ներկան (1): Նոյնինքն Վարդան Մկրտիչեանը խոշոր հայելի մը գործածած էր իր «Նահանջը առանց երգի» մենաթատրոնին մէջ (2007): Դատարանի տեսարանին մէջ աւելցուած էր գրակալ-ամպիոն մը (podium) եւ ատենակալի մուրճ մը (փոխան` զանգակի): (Անիրապաշտ) այդ իրերը, որոնք հասարակ շտեմարանին կու տային դատարանի պատրանք: Թոմսըն կը կրէր «չափաւորական» իշխանութեան յարիր չափաւոր մական… ներողութի՛ւն, ձեռնափայտ: Բարի՛: Աւելցուած` 50-ական թուականներու պատկանող հեռաձայն մը եւ գրամեքենայ մը: Մինչդեռ բժիշկն ու քաղաքապետը կը հաղորդակցէին սպասուհիի միջոցով փոխանակուող ձեռագիր նամակներով…

Գոյներու ընտրութիւնը կրնար ըլլալ աւելի իմաստալից: Հարկ է, որ խմբագրատունը եւ «դատարան»-ը ըլլային աւելի մութ, գորշ եւ դժխեմ, բժիշկի բնակարանը` աւելի վառ  եւ կենսունակ: Խմբագրատան գոյները կրնային ըլլալ աններդաշնակ` արտայայտելու համար խմբագիրներու անսկզբունքային կեցուածքները: Այսուհանդերձ, շա՛տ բարի:

Երաժշտութիւնը չարագուժ էր, համահունչ` Իբսենի եղերական ասքին: Բեմադրիչը կը տեղեկացնէ, որ  երկու հիմնական բներգները առնուած են «Միջաստղային» եւ «Անկումը» ժապաւէններու երաժշտութենէն (2): Առաջինը տակաւ զարգացող խռովք մը կը թելադրէ: Բայց Հիթլերի աղէտալի կործանման հետ առնչութիւնը մեկնաբանելի է: Նացիներ ունէին ցեղամշակութեան (eugenics) հրէշային ծրագիր:  Սոկրատ-Նիցչէ-Իբսեն-նացի ցեղամշակումը, ուրախութիւն բոլորիս, մեղմացուած էր ներկայ ելոյթին մէջ (2): Բարի՛:

Կերպարներ եւ խաղարկութիւն.- Կեդրոնական կերպարն է բժիշկ Շթոքմանը (Վարդան Մկրտիչեան), որ գրեթէ անընդմէջ ներկայ է բեմին վրայ: Շթոքման նաեւ միա՛կ տիպարն է, որ կը զարգանայ թատրերգութեան ընթացքին: Միւս տիպարները անփոփոխ են, ձեւով մը կը ներկայացնեն նորվեկիական ընկերութեան «տարերային տուեալները»: Այս համահունչ է Իբսենի մտայնութեան, տարերքը կարելի չէ փոխել: Այս կը թելադրէ յուսահատութիւն, այլ ոչ` յեղափոխական ոգի: Իբսեն եղերերգակ մըն է, այլ ոչ` յեղափոխական մը: Շթոքմանի զարգացումը ժխտական է: Առաջին արարին մէջ լաւատես մըն է, «միաձոյլ մեծամասնութեան հետ` ձեռք-ձեռքի»: Չորրորդ արարին մէջ ամէնէն վիրաւորական ածականներով կը նախատէ եւ կը ձաղկէ ժողովուրդը: «Յեղափոխական» բժիշկը ներկայացուած է ծաղրանկարային գիծերով: Շթոքման կը մնայ դիւրաբորբոք միամիտ մը: Չ՛անդրադառնար, որ հանրային կարծիքը ձեւաւորուած է դրամատէր իշխանութեան եւ անոր խօսնակ «դեղին մամուլ»-ի կողմէ: Չ՛անդրադառնար, որ թշնամին ոչ թէ ժողովուրդն է, այլ` դրամատիրութիւնը: Շթոքման, ինչպէս` Տոն Քիշոթ, համակրելի ծաղրանկար մըն է: Տոն Քիշոթ եւս կը պայքարէր նորակազմ դրամատէր դասին դէմ, որ աղաւաղած էր ընկերային ազնիւ բարքերը: Երկու հերոսներն ալ չարաչար պարտուեցան: Մենք կը սիրենք Շթոքմանը` հակառա՛կ իր թերութիւններուն: Ո՛չ, մենք կը սիրենք զինք նոյնինքն այդ թերութիւններուն պատճառով, որոնք զինք աւելի մարդկային կը դարձնեն:

Կան նաեւ հանգամանքներ, որոնք կը բարդացնեն կացութիւնը: Շթոքման ունի  որոշ  փառամոլութիւն, կ’ակնկալէ, որ ժողովուրդը զինք ընդունի որպէս հերոս, ցոյց կու տայ կեղծ համեստութիւն: Իբսենի եւ Շանթի բնագիրներուն մէջ վարակի յայտնաբերումը անոր հրճուանք եւ չարախնդութիւն կը պատճառէ, փոխանակ` ցաւի: Կողքի նկարին մէջ համակրելի ծաղրանկար Անթոնի Շեր (4) ստացած է տարրալուծարանի տեղեկագիրը: Վարդան Մկրտիչեան` ընդվզած եւ մտահոգ, բայց ոչ` հրճուած: Տագնապահար կ’երթեւեկէր բեմի լայնքին: Մարմնի (յատկապէս թեւերու) լեզուն  կ’արտայայտէին հակասական հոգեվիճակներ (5): Ներկայ ելոյթի Շթոքմանը ներկայացուած է որպէս աներկբայօրէն դրական կերպար մը: Առաջին եւ երկրորդ արարներուն մէջ աւելի լրջախոհ է, քան կը թելադրէ Շանթի բնագիրը: Հետեւաբար երրորդ արարի  հոգեփոխութիւնը անկիւնադարձային չի թուիր:

Բժիշկին քաղաքական մրցակցութիւնը նիւթապէս աւելի յաջողակ եղբօր հետ մեզ կը շեղէ «ճշմարտութեան» փնտռտուքէն: Ի դէպ, ելոյթին մէջ այդ հակամարտութիւնը շեշտուած էր: Բժիշկը շնորհակալութիւն չյայտնեց իր եղբօր, որուն կը պարտէր իր բարեկեցիկ կեանքն ու դիրքը: Ընդհակառակը, սեղանին վրայէն թռաւ ֆիզիքապէս յարձակելու համար անոր վրայ: Վ. Մկրտիչեան խորապէս կ’ապրէր իր դերը: Սթանիսլաւեան իմաստով, նոյնացած էր բժիշկի տիպարին հետ: Այդ յարիր է ներկայ ելոյթին, որովհետեւ բժիշկը ներկայացուած է որպէս անխառն դրական կերպար: Բայց ակնյայտ է, որ միամիտ, անշրջահայեաց, հպարտ եւ դիւրագրգիռ Թովմաս Շթոքման ատակ չէ՛ր ղեկավար դառնալու: Շթոքմանի ծաղրանկարային կերպարը արտայայտելու համար հարկ էր պահել որոշ հեռաւորութիւն:

Քաղաքապետը հանդարտ, ինքնավստահ եւ արտաքնապէս խոնարհ անձ մըն է: Հակառակ իր գրեթէ մենատէր դիրքին` կը խուսափի ուժի ցուցադրութենէն: Ատակ է ըսելու` «Ձեր համեստ ծառան»: Աւելի՛ն. քաղաքապետին առաջարկած հանգրուանային լուծումը թերեւս յաջողէր առանց մեծ կորուստներու փրկել աւանի տնտեսութիւնը: Իբսեն այդպիսի կերպար մը կերտած է, որպէսզի հանդիսատեսը չկարենայ դիւրաւ զինք որպէս «հակահերոս» տեսնել: Այս իմաստով համակրելի, ներկայանալի եւ փորձառու դերասան Գէորգ Նալպանտեանի ընտրութիւնը շատ դիպուկ կատարուած էր: Շա՛տ բարի: Դիպուկ չէր անոր թելադրուած մեկնաբանութի՛ւնը: Մարմնի լեզուն համեստ չէր, դիւրաւ կը կորսնցնէր իր պաղարիւնութիւնը, սպառնալիքները կը կատարէր թունոտ լեզուով եւ մարմնով: Նալպանտեան շատ յաջող կերպով կրնար դրսեւորել աւելի բարեհամբոյր վարմունք: Թերեւս` պատահաբար, կային շատ յարիր «խախտումներ»: Քաղաքապետը առաջին անգամ սպառնաց, երբ նստած էր բեմի աջ (ուժեղ) կողմը, իսկ բժիշկը կանգնած էր ձախին: Այսինքն բժիշկը ստացած էր իշխող դիրք, երբ կը գտնուէր թոյլ գետնի վրայ, մինչ քաղաքապետը ունէր խոնարհ դիրք, երբ կը գտնուէր ուժեղ հողի վրայ: Շա՛տ բարի:

Խմբագիրը հետաքրքրական տիպար է. թատրերգութեան թերեւս ամենադժուար դերը: Հովսթատ պատեհապաշտ մըն է, ունի իր ստոր դերի գիտակցութիւնը: Հետեւաբար չունի արժանապատուութիւն: Այդ կ’արտայայտէ բացայայտօրէն: «Մենք` լրագրողներս, շատ բան չենք արժեր»: Զգուշ է, աշխատասէր, ունի քաղաքական հոտառութիւն: Ակնյայտօրէն գեղարուեստական հակում ունեցող Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանը բեմի վրայ տեսած եմ լոկ երկու անգամ: Կը թուի, թէ «նուազապաշտ» (մինիմալիստ) դերասան է: Այս իմաստով ցոյց բերաւ աւելի քան ընդունելի խաղարկութիւն: Հարկ է, սակայն,  որ աւելի լաւ ուսումնասիրէ մարմնի լեզուն: Առաջին արարին մէջ, օրինակ, քաղաքապետին երկիւղած բարեւելէ ետք անոր դէմ նստաւ` ոտքը ոտքին նետած եւ թեւերը տարածած: Մինչդեռ անհամեմատ գերադաս քաղաքապետը նստած էր համեստ դիրքով:

Թատրերգութեան մէջ կիներու դերը լուսանցքային է, որովհետեւ աւանը «տղամարդոց աշխարհ»-ն է:  Իբսենի թատրերգութիւններուն մէջ իգական կերպարները առ հասարակ արական տիպարներէն նուազ մշակուած են: Դիտած եմ առաջին եւ վերջին ելոյթները: Բժիշկին կնոջ եւ դստեր (Սիլվա Ատուրեան եւ Լիլիթ Գույումճեան) խաղարկութիւնը զգալի բարելաւում արձանագրած էր: Թղթակից Պիլլինկ պատեհապաշտ շարլաթան մըն է: Դրօ Միրզայեան ունի բեմական ներկայութիւն, բեմական ձայն, եռանդ, ուշիմութիւն եւ ներկայանալի արտաքին: Բարի երթ` բոլոր նորեկներուն:

Տպարանատէրը կը ներկայացնէ մանր պուրժուազիան: Մանր պուրժուազիան անկայուն դասակարգ է: Հետեւաբար Թոմսըն խորհրդանշականօրէն ֆիզիքապէս տկարակազմ է: Այլապէս վերջին արարին մէջ «նապաստակ»-ի նման պիտի չփախչէր: Այս իմաստով ամրակազմ Նժդեհ Մկրտիչեանին ընտրութիւնը ճիշդ չէր:  Մկրտիչեան անգամ մը եւս ցուցաբերեց վերամբարձ, ինքնագոհ քմծիծաղով, սինիք կերպար մը: Բարի՛: Կային անհասկնալի շարժումներ: «Չափաւորներու» միութեան ատենապետը անդադար կը քրտնէր առաջին արարին մէջ, երբ տակաւին իրեն համար անյարմար կացութիւն չկար: Չէր քրտներ «ատեան»-ի տեսարանին մէջ, ուր քաջ գիտէր, որ պարկեշտ մարդ մը եւ անոր ընտանիքը կը կործանէ:  Բնախօսութիւնը կ’ըսէ, թէ հարկ է, որ տեղի ունենար հակառակը:

Նաւապետը խօսափող մըն է, որ կը ներկայացնէ Իբսենի քաղաքական մտածողութիւնը` քանի մը իմաստով: Առաջին հերթին ազատ է, սակայն կաշկանդուած իր գաւառական աւանով, իր նաւով կը շրջի բաց ովկիանոսներուն վրայ: Անհատապաշտ մըն է: Չէ հետաքրքրուած տեղական քաղաքականութեամբ: Տեղեակ իսկ չէ քաղաքապետարանի ընտրութիւններէն: Ի սէր դանդաղամիտ հանդիսատեսին` խմբագիրը առաջին արարին մէջ կը բացայայտէ այդ: Նաւապետը նաեւ վերապահ է ժողովրդավարութեան հանդէպ: Հարկ է, որ նաւը վարէ բանիմաց նահապետը… ներողութի՛ւն, նաւապետը, այլ ոչ` նաւաստիներու խուժանը: Իբսեն կը խարանէ նաեւ բոլո՛ր կուսակցութիւնները, որոնք փոշեծուծի նման կը պարպեն մարդոց գլուխները «ազատ մտածողութենէ» (ծափահարութիւններ սրահին մէջ !!!): Ժան Պեքերեճեան փորձառու դերասան է, կրնար ցուցաբերել աւելի յանձնառու խաղարկութիւն:

Ներկաները չեն ճանչնար «Գինով»-ը: Այլ խօսքով, մաս չի կազմեր նորաստեղծ հասարակակարգին:  «Տուրք կը վճարէ» ոչ թէ դրամով, այլ` կենցաղով, տառապանքով:  Զինք կը կոչեն «դրսեցի», որ կարելի է հասկնալ որպէս այլախոհ: Անտուն է, ինչպէս եւ` գինով, ժամանակաւոր կերպով ձերբազատուած` ճնշող թապուներէ եւ ուրեմն ատակ` ունենալու «ազատ մտածողութիւն»: Այո՛, ան եւս կը կոխկռտուի: Յովսէփ Գափլանեան փորձառու դերասան է եւ մեզի ներկայացուց այն, ինչ որ պահանջուած էր բեմադրիչին կողմէ: Ափսոս, որ շեշտուած էր տեսարանին լոկ զաւեշտական կողմը:

Բժիշկի աները` Քիիլ (ելոյթին մէջ` Օրզէ), իր նախնիներէն ժառանգած է կաշեգործարան մը: Այս իմաստով, կը ներկայացնէ տեղական ճարտարարուեստը: Քիիլ հպարտ է իր ձեռներէց, հին ընտանիքի պատմութեամբ, արթնամիտ է եւ սրամիտ, բայց` տգէտ: Հարստութիւնը կը գործածէ նաեւ շահադիտութեամբ (speculation):  Մարդիկ զինք կը կոչեն «փորսուղ» (այլ ոչ` գաւթառ շուն): Բժիշկին յայտնագործումը կը նշանակէ` կործանում եւ վարկաբեկութիւն: Քիիլ իհարկէ պիտի դիմէր բոլոր միջոցներուն, ներառեալ` խաբէութեան, փրկելու համար իր անունն ու թոռներու ապագան: Կը սպառնայ փոխել իր կտակը, եթէ Շթոքման չհրաժարի իր կեցուածքէն: Այդ ի հարկէ «պլաֆ» մըն էր, որովհետեւ Քիիլ պապիկը կը սիրէ իր որդեգիր աղջիկն ու ժառանգորդ թոռները: Զաւէն Պաաքլինի մեզի ներկայացուց տիպար մը, որ ֆիզիքապէս զառամած է (որպէս հին սերունդ), բայց արտակարգօրէն եռանդուն են անոր միտքն ու հոգին: Ունի ե՛ւ սուր հիւմըր, ե՛ւ գռեհիկ «սատանայութիւն»:

«Ժողովուրդ»-ին դերը մեծապէս կրճատուած էր:  Կրճատուած էր մանաւանդ արարի սկզբնական մասը,  ուր «Ժողովուրդ»-ին անդամները առանձին են բեմի վրայ եւ կը զուարճախօսեն իրարու հետ: Հանդիսատեսը կը հասկնայ, որ ներկաները չեն նախատրամադրուած բժիշկին դէմ: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ կը գովէ բժիշկին քաջութիւնը:  Անկիւնադարձը կը կատարուի, երբ բժիշկը կը սկսի նախատել զիրենք եւ բաղդատել ագարակի անասուններու եւ վնասակար միջատներու: Ձեւով մը կրկնուեցաւ այն, ինչ որ տեղի ունեցած էր 23 դար առաջ, ճշմարտախօս Սոկրատի դատավարութեան ընթացքին:

Ելոյթի «ժողովուրդը» ա՛յլ բնոյթ ունէր: Անոնք եկած էին նախատրամադրուած: Աւելի՛ն. կը թուէր, թէ  եկած էին կատարելու կանխօրօք պատրաստուած բեմագրութիւն մը: Անոնք կամազուրկ տիկնիկներ էին, որոնք կը շարժէին ըստ խմբագիր Հովսթատի ցուցմունքներուն (տե՛ս կողքի նկարը): Այսպիսով, անոնք լիովին արժանի էին բժիշկի լուտանքներուն: Խուժանին առաջնորդն էր համակրելի երիտասարդ դերասան Մանուէլ Թոքմաճեանը: Այս յարիր է Իբսենի մօտեցումին այն իմաստով, որ հակահերոսը կը ներկայացուի այնպէս, որ հանդիսատեսը դիւրին դիրքորոշում չկարենայ ունենալ անոր դէմ:

Մեկնաբանական.- Բեմադրիչը թատրերգութիւնը ներկայացուցած է «սեւ ու սպիտակ»-ի սկզբունքով: Այս յարգալից վերաբերմունք չէ Իբսենի տաղանդին հանդէպ: Ինչպէս յօդուածի առաջին մասին մէջ յիշած էի, Իբսեն բարդ իրավիճակներու թատերագիր է: Արուեստի մեծ գործերը պատրաստ, դիւրամատչելի տարազներ չեն ջամբեր: Մինչդեռ ներկայ ելոյթին սրահին համար ամէն ինչ պարզ էր: Սպիտակ էր ի հարկէ ճշմարտութեան պաշտպան հերոս գիտնական բժիշկը, իսկ սեւ, անբան, պատեհապաշտ եւ շահամոլ` «միաձոյլ մեծամասնութիւնը»: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ «չար»-ի երեք գլխաւոր պաշտպանները` որպէս սեւ ստուերներ հրավառ խորապատկերի վրայ: Իմա` երեք սատանաներ` կանգնած գեհենի մուտքին: Դառնանք, բարբառենք նզովք մենք նախ Պետրոսին` քաղաքապետին: Դառնանք, բարբառենք նզովք ապա` Թոմսընին, եւն. (6):

Այս տպաւորութիւնը ստեղծելու համար շրջուած էր պատկերը: Ըստ կարելւոյն, սրբագրուած էին բժիշկի ծաղրանկարային թերութիւնները: Ծաղրանկարներու վերածուած էին «հակառակորդ  ճամբար»-ի տիպարները:

Ծաղրանկարի վերածուած էր յատկապէս «ամբոխը»: Այս յարիր էր երբեմնի այն զաւեշտներուն, որոնք կը ծառայէին քաղաքական քարոզչութեան: Իբսենի հակումը դէպի տաղտկալի բարոյախօսութիւն` այսպիսով շեշտուած էր: Ի դէպ,  բեմին վրայ Շթոքման ընտանիքը եւ նաւապետը ի հարկէ տեղաւորուած էին աջակողմեան դասին մէջ, իսկ խուժանը` ի հարկէ ձախակողմեան:

Աւելցուած էին այլ զաւեշտական տարրեր: Բժիշկը թքեց ոչ միայն իր քաղաքապետ եղբօր, այլեւ ծերունի աներոջ երեսին: Մինչդեռ բնագրին մէջ բժիշկը քաղաքավարութեամբ ներս կը հրաւիրէ զինք: Վերջին ելոյթին մէջ զաւեշտական տարրերը աճած էին, ըստ երեւոյթին, սրահին մէջ ծիծաղ յառաջացնելու համար: Բաղնիքի ջուրին մէջ կը մտնէին ոչ  թէ կենդանի էակներ (մանրէներ), այլ` «հրէշներ»: Տպարանապետը կ’ըսէ, որ ինք «նապաստակ» չէ, փոխանակ ըսելու, որ ինք «վախկոտ» չէ: Բժիշկը մարտահրաւէր կը կարդայ ոչ միայն Սատանային, այլեւ` Սատանայի զոքանչին: Ի սէր Պուտտայի, ի՛նչ գործ ունին զոքանչի կատակները Իբսենի թատրերգութեան մէջ:  Այդ ոչինչ, գինով քաղաքացիի ցաւոտ եւ իմաստալից միջնարարը վերածուած էր անհեթեթ տուրուդմբոցի: Մինչդեռ զեղչուած էին Իբսենի շատ հազուադէպ հիւմըրները: Պատռուած տաբատով բժիշկը պէտք էր ըսէր, թէ նման հաւաքի երթալու համար պէտք չէ, որ հագնէր իր լաւագոյն տաբատը:

Կայ նաեւ այլ հանգամանք մը, որ անտեսուած էր:  Բժիշկը կը ջատագովէ «ազատ մտածողութիւն»: Ատիկա թերեւս կարելի է մեծ քաղաքներու մէջ, ուր մարդիկ աւելի նուազ կը հաղորդակցին իրարու հետ: Գրեթէ անկարելի է գիւղական կամ նոյնիսկ գաւառական փոքր եւ սեղմ հաւաքականութիւններու մէջ: Գրեթէ անկարելի է մեր գաղութին մէջ: Ընկերաբանական բարբառին մէջ ատիկա կը կոչուի «թաղի ճնշում»: Թատրերգութեան դէպքերը կը պատահին աւանի մը մէջ, այսինքն` սեղմ հաւաքականութեան մը մէջ: Հարցի այդ երեսը բոլորովին կը բացակայէր: Առ երեւոյթ ազատատենչ ատենախօսութիւնները կ’արտասանուէին վերացական ոլորտի մը մէջ:

Կան նկատողութիւններ կատարողական գետնի վրայ: Ես չնկատեցի համապարփակ ուղղութիւն: Դերասանները չունէին միատարր ոճ մը, որ թելադրուած ըլլար թատրերգութեան ասքէն: Իւրաքանչիւրը կը խաղար ըստ իր հայեցողութեան: Վարդան Մկրտիչեանը ակնյայտօրէն Սթանիսլաւսկեան էր, նոյնացած էր իր դերին հետ, մինչդեռ Նժդեհ Մկրտիչեանը պահած էր որոշ հեռաւորութիւն մը: Երաժշտութիւնը համահունչ չէր բեմայարդարումին եւ աւարտական պատկերին: Լուսաւորումն ու «ապրող պատկերները» (tableaux vivants) ինքնանպատակ կը թուէին:

Թերեւս ամէնէն լուրջ դիտողութիւնը այն է, որ առ երեւոյթ «ճշմարտութեան» ջատագովութեան առընթեր Իբսեն դէպի մեր բեմը կը մաքսանենգէ իր ապաքաղաքական, ապաընկերային ցեղամշակ գաղափարները: Ի դէպ, այստեղ ջատագովուած անհատապաշտութիւնը գերազանցօրէն պուրժուական գաղափարաբանութիւն է: Հարկ է, որ թատերախումբին վարչութիւնը աւելի աչալուրջ մօտենայ թատրերգութիւններու ընտրութեան:

Կը ձայնակցիմ բոլոր անոնց, որոնք կը գնահատեն թատերախումբին նուիրումը եւ լուրջ գործեր բեմադրելու սիրոյն կատարուած զոհողութիւնները: Հարկ է, սակայն, արտաբերել նաեւ որակ եւ յանձնառու ասք: Յաջողութի՛ւն:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

1.- Greg Rindfleisch, 2017 յունուար, youtube.com/watch?v=_KfhoOavvI4:
2.- «Interstellar», 2014, բեմ. Christopher Nolan,  Երաժշտ.  Hans Zimmer: «The Downfall», 2004,  բեմ. Oliver Hirschbiegel, երաժշտ. Stephan Zacharias:
3.- Մարդոց «ազնուասերում»-ը չէր բաղդատուած շուներու ազնուասերման հետ:
4.- Sheffield Crucible թատրոն, բեմադրիչ`  Daniel Evans, 2010:
5.- Թեւերը կը պաշտպանեն երբ կուրծքի առջեւ են իսկ անպաշտպան կը ձգեն կուրծքը, երբ կռնակի ետեւ են: Այդ կը նշանակէ չափազանց ինքնավստահութիւն, հակառակորդի ստորագնահատում: Ձեռքերը գրպանին մէջ կը նշանակէ անտարբերութիւն, եւ այլն:
6.- Ներողամտութիւն կը խնդրեմ մեծն Չարենցէն:

 

Նախորդը

Նամակ` Յիսուս Պապային

Յաջորդը

Րաֆֆի Պչաքճեան Սերունդի 10 Նորագիրներ կը միանան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?