Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը Պիտի Մասնակցի Տէյր Քամարի Փառատօներուն
Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Յուլիս 15-էն սեպտեմբեր 10 Տէյր Քամարի մէջ տեղի ունենալիք փառատօներուն շարքին 13 ձեռնարկներուն մաս կը կազմէ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը: Այս առիթով «Ազդակ» մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ, որպէսզի մանրամասնէ փառատօնին իր ներկայացումին մասին: Միքայէլեան նշեց, որ իր ներկայացուցած երգացանկը կը բաղկանայ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող 14 խանդավառ երաժշտական կտորներէ, որոնք կը պատկանին սպանական, գնչուական, հայկական...

















