Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալվատոր Տալիի Կողքին, Մոնաքոյի Մէջ Կը Ցուցադրուին Նաեւ «Նոազ Արք»-ի Մենաշնորհեալ Գեղանկարիչներէն Երեքը

May 4, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Իբրեւ կարեւոր իրադարձութիւն արուեստի գերիրապաշտ աշխարհին մէջ` 14 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան կերպարուեստի յատկանշական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի «Տէօ սան վենթ տէօ» (222), ցուցասրահին մէջ, որ կը գտնուի իշխանուհի Քարոլի անունը կրող գլխաւոր պողոտային վրայ: Միջազգային բնոյթի այս ցուցահանդէսի կազմակերպիչն է քանատական «Արթ իվոլուշըն» ցուցասրահ-պատկերասրահը, որ կը համարուի աշխարհի արուեստի խոշորագոյն կեդրոններէն մէկը: Իր ընտրութիւններուն մէջ դժուարահաճ ու բծախնդիր կեցուածք որդեգրած այս «Օնլայն մարքեթինկ քոմփանի»-ին ներկայացուցած կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհով մէկ` սկսեալ Վանքուվըրէն մինչեւ Սիտնի:

Երկար տարիներէ ի վեր «Նոազ Արք» ցուցասրահը կը գործակցի «Արթ իվոլուշըն»-ի հետ, որուն կը տրամադրէ նաեւ որոշ բնօրինակներ «Ժիկլէ»-ի  համար: Այս ցուցահանդէսին Սալվատոր Տալիի,  Չարլզ Պիլիչի եւ Թոլըր Քրանթսընի կողքին, «Արթ իվոլուշըն»-ը կը ցուցադրէ նաեւ «Նոազ Արք»-ի մենաշնորհեալ գեղանկարիչներէն երեքին` Վահրամին, Սուրէն Ոսկանեանին եւ Դաւիթ Դաւթեանին ստեղծագործութիւնները: Իր ընդհանուրին մէջ արուեստի այս ձեռնարկը գերիրապաշտ դպրոցին ձօնուած է:

Սալվատոր Տալին յայտնի է բոլորին, ան դասական գերիրապաշտութեան քանի մը լաւագոյններէն (ըստ ոմանց` ամենամեծը) մէկը կը համարուի: Գերիրապաշտ դպրոցին կը պատկանի նաեւ Չարլզ Պիլիչի արուեստը: Ան արժանացած է բազմաթիւ միջազգային գնահատանքներու, որոնց շարքին` Ֆլորանսի «Պիենալէ Լորենցօ 11 մակնիֆիքօ» գեղանկարչական մրցանակին: Անոր ստեղծագործութիւնները հանգրուանած են աշխարհի ամենահեղինակաւոր թանգարաններէն ու հաւաքածոներէն շատերու մէջ, ինչպէս` Մոնաքոյի Ալպերթ իշխանի, Վատիկանի, ՄԱԿ-ի, Սպիտակ տունի…:  Չարլզ Պիլիչի գերիրապաշտութիւնը կը տարբերի դասականներէն, որովհետեւ անոր շօշափած բնաբանները ժամանակակից աշխարհի (յատկապէս` Սիտնիի) միջավայրն ու կեանքը կը դրսեւորեն երեւակայական ձեւազեղծուած  ոլորտներու վրայ, ուր թէեւ հեղինակը կը խուսափի շրջապատի ճնշող ու վայրագ երեւոյթներէն, սակայն գեղեցկութիւնը կը տուայտի ժամանակակից կեանքի քմայքին տակ:

Երրորդը` Թոլըր Քրանթսըն  երիտասարդ տարիքին հետեւած է չմշկասահքի արուեստին ու իբրեւ Քանատայի քանի մը լաւագոյններէն մէկը` արձանագրած է շօշափելի նուաճումներ: Ան շրջան մը ապրած է (1974-էն ետք) ու ստեղծագործած Մեքսիքայի մէջ, ուր ներշնչուելով տեղական ժողովրդական արուեստներէն` ստեղծագործած է գերիրապաշտական հակումներով, բայց սեփական լեզուամտածողութեամբ եւ իւրայատուկ արտայայտչաձեւերով: Տասնեակ տարիներէ աւելի գործակցած է «Արթ իվոլուշըն»-ի հետ, իբրեւ անոր մենաշնորհեալ լաւագոյն գեղանկարիչներէն մէկը ու ձեռք բերած նախ համաքանատական եւ ապա` համաշխարհային ճանաչում: Մահացած է 2015-ին:

Վահրամն ու Դաւիթ Դաւթեանը կը պատկանին անհեթեթ-գերիրապաշտ դպրոցին, որ խորհրդային միութեան փլուզման ժամանակաշրջանին ծնունդ առաւ միաժամանակ երեք քաղաքներու` Մոսկուայի, Քիեւի եւ Երեւանի մէջ: Այդ երկուքը` իբրեւ նոյն դպրոցին պատկանող արուեստագէտներ, ընդհանրութիւններ ունենալով հանդերձ, տարբեր անհատականութիւններ են: Երկուքն ալ թէեւ միջնադարեան կեանքն ու միջավայրը կը տեղափոխեն նոր ժամանակներու զգայական դաշտի վրայ, այնուամենայնիւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն է եւ ունի իր սեփական գերիրապաշտական եւ անհեթեթ լեզուամտածողութիւնն ու համապատասխան յղացքային կառուցուածքը:

Մինչ Սուրէն Ոսկանեանը կը համարուի կնոջ էութիւնը բացայայտող ու դրսեւորող նոր-վիպապաշտ մը, սակայն անոր մերկուհիները կ՛ապրին, կը բանին ու կը «ցանկան»  գերիրապաշտ-երազային ոլորտներէ ներս, առանց առնչուելու շակալեան օնիրիզմի հետ: Ընդհակառակը, Շակալի երազային կերպարները կը թեւածեն ու կը ծփան հողային բնոյթի բնանկարներու (մեծամասամբ գիւղական) երկրակամարներուն վրայ, իսկ Ոսկանեանի կին կերպարները հողային են, կեցուածք կ՛ընդունին տարաշխարհիկ միջավայրի մէջ ու կը յատկանշուին իրենց պարկեշտ ու անարատ տարփականութեամբ ու մերկ գեղեցկութեամբ:

Սալվատոր Տալիի, Չարլզ Պիլիչի եւ Թոլըր Քրանթսընի շարքին ցուցադրուող հայրենի գեղանկարիչներէն Վահրամը, Սուրէն Ոսկանեանն ու Դաւիթ Դաւթեանը թէեւ կը շարունակեն արժանանալ միջազգային ուշադրութեան ու գնահատման, այնուամենայնիւ անոնք դեռեւս համեմատաբար նուազ յայտնի են` թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ մանաւա՛նդ հայրենիքի մէջ: Այս պակասը լրացնելու համար, իբրեւ առաջին քայլ, կը խոստանանք անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին գրել վերլուծական եւ մեկնաբանական առանձին յօդուած ու մօտիկ ապագային հրատարակել հայ մամուլի էջերով:

Ի դէպ, յիշեալ երեք հայ գեղանկարիչները չեն միայն, որ կ՛արժանանան միջազգային հանրութեան գնահատանքին, շատեր կան, որոնք օտարներու մէջ աւելի ծանօթ են, քան` մեր քով: Գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ մենք տակաւին այս գերզարգացած դարուն չունինք մասնագիտացած ո՛չ արուեստի պարբերական եւ ո՛չ ալ առանձին կայք:

Եւ այսպէս, երբ չկայ հեղինակաւոր հաղորդամիջոց  եւ անոր համապատասխան տրամաբանական եւ համոզիչ մասնագիտակցուած արուեստաբանութիւն, միջակներէն շատեր կը շարունակեն անուն ձեռք բերել, իսկ արժանաւորներէն ոմանք կը մնան լուսանցքի վրայ, նեղ ազգային շրջանակներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Լաւ Է Ունենալ Ընկերներ, Որոնք Մեզի Նման Չեն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.