Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խռոված Ապաստան

August 13, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի «Անահիտ» մրցանակը ստացաւ «Եւա» ժապաւէնը  (2017, 94 վ.):

Անկախ իր գեղարուեստական արժանիքներէն` ժապաւէնը ունի քաղաքական կարեւորութիւն: «Եւա»  առաջին խաղարկային ժապաւէնն է, որ ֆինանսաւորուած եւ պատրաստուած է հայ-իրանական գործակցութեամբ: Դերասաններն ու բեմադրիչը հայեր են, իսկ թեքնիք անձնակազմը` իրանցիներ: Հարկ կա՞յ բացատրելու Հայաստան-  Իրան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Քաղաքական է նաեւ այն պատճառով, որ ցոյց կու տայ Հայաստան-Ղարաբաղ կենսական (օրկանիք) կապը: Նկարահանումները ամբողջութեամբ կատարուած են Ղարաբաղի մէջ: Լեզուն Ղարաբաղի բարբառն է:  Հերոսուհին` Եւան (Նարինէ Գրիգորեան) մասնակցած է ղարաբաղեան պատերազմին` որպէս ռազմաճակատային հիւանդանոցի բժշկուհի եւ վաստակած` «Խենթ Եւա» տիտղոսը: Ժապաւէնի խորապատկերն է հայ մարդու կեանքը յետպատերազմեան Ղարաբաղի մէջ: Բեմադրիչը ցոյց կու տայ պատերազմի կործանարար ազդեցութիւնը հայ մանուկներու վրայ: Ի զուր չէ, որ Ազրպէյճան միջամտած է արգիլելու համար անոր ցուցադրութիւնը պոլսական փառատօնի մը ծիրէն ներս:

Անահիտ Աբադ (1968 Թեհրան) վկայեալ բեմադրիչ մըն է: Շատ կանուխ սկսած է շարժապատկերի շուրջ յօդուածներ գրել «Ալիք» օրաթերթին մէջ: 2010 թուականէն ի վեր ղեկավարն է Իրանեան շարժապատկերի հաստատութեան Բեմադրիչի օգնականներու եւ ծրագրողներու կեդրոնական խորհուրդին: Նկարած է հայկական բեմագրութիւններով շարք մը վաւերագրական ժապաւէններ, ինչպէս`  «Իրանահայերու դերը իրանական շարժապատկերի պատմութեան մէջ», «Հին Ջուղան եւ ջուղայեցիները», «Իրանահայութիւնը», եւ այլն: Աբադ կ՛ըսէ, որ չի յիշեր իր նկարած շատ մը ժապաւէններու վերնագրերն իսկ: Ըստ Նարինէ Գրիգորեանին, «Եւան» Անահիտ Աբադի առաջին երկարամեթրաժ խաղարկային գեղարուեստական ժապաւէնն է: Անահիտ Աբադ կ՛ըսէ, որ Եւայի, իմա` ուժեղ հերոսական հնարամիտ կնոջ կերպարը արդիւնքն է 17 տարուան ընթացքին իր մէջ հասունցած խմորումներու:

Դիպաշարը.- Եւային ամուսինը կը մեռնի խորհրդաւոր պայմաններու մէջ: Ոստիկանութիւնը քրէական գործ կը յարուցէ Եւային դէմ: Ամուսինին հարազատները կ՛ուզեն Եւային դուստրը` Նարէն խլել: Եւան (պատասխանատուութենէ) կը փախչի դէպի Հայաստանի սահմանամերձ Քարվաճառ, ուր կ՛ապրին իր ազգականները: Այդ Ղարաբաղի մէջ է նաեւ, որ Եւա ունեցած է իր առաջին մեծ սէրը: Հերոսուհիին սիրած տղան զոհուած էր ճակատամարտի մէջ: Եւան անմիջապէս ամուսնացած է երեւանցի հարուստ եւ ազդեցիկ մարդու մը հետ: Բայց ինչո՞ւ կինը պիտի  առնէր այդպիսի այպանելի քայլ: Առեղծուած մը եւս: Պարզ է` Եւային նման արտասովոր կին մը  Քարվաճառի մէջ չէր կրնար երկար ժամանակ աննշմար մնալ: Հետեւաբար Եւան կը ծրագրէր կեղծ անձնագիրով փախչիլ արտասահման: Եւ ահա Եւան կը յայտնէ իր ինքնութիւնը` բժշկելու համար անոք տղեկ մը … Ուժեղ կինը կը դադրեցնէ փախուստը, կ՛որոշէ դիմագրաւել իր պատասխանատւութիւնները:

Գեղարուեստական.-  Ժապաւէնին կառոյցը կը յենի վերյիշումներու վրայ: Ժամանակի ընթացքը միալար եւ անընդմէջ չէ. այս իրողութիւնը կը բարդացնէ դէպքերու պատճառական (causal) ընկալումը: Հարցականները կը բազմանան: Ոչ միայն Եւան, այլեւ ամբողջ հաւաքականութիւնը կ՛ապրի անորոշութեան եւ տագնապի մէջ:

Փախուստի տեսարանները ունին անիրական, մղձաւանջային բնոյթ: Ժապաւէնին գոյները գորշ են, սառն դեղնաւուն, բայց մարդկային յարաբերութիւնները` ջերմ: Կը տեսնենք աւերուած տուներ, շիրիմներ եւ, ի հարկէ, ղարաբաղեան վանդակաճաղեր: Երաժշտութիւնը  կը պատկանի Վահան Արծրունիին, ատիկա ժողովրդական թախծոտ, գեղեցիկ երգ մըն է, որ կը յիշեցնէ միջնադարեան տաղերը:

Համացանցի վրայ կան հատուածներ (1, 2): Կը յուսամ, որ ժապաւէնը կը ցուցադրուի Լիբանանի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ անոր: Փառատօնի մասին` աւելի ուշ:

———————

  1. www.youtube.com/watch?v=1t8rxzDQ5o0
  2. www.facebook.com/Yevamovie/videos/181804342233873/ 
Նախորդը

Աղմուկը Եւ Անոր Վնասները

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Անոր Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920 – Բ.

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.