Նռան Գոյները Բ. Քանատահայ Բեմադրիչներ
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ.- Հայաստանեան երեք ժապաւէններու ակնարկներ ներառուած էին Ա. մասին մէջ: Ա.- Կարինէ Թորոսեան.- Ծնած է Պուրճ Համուտ: Ընտանիքը 1978-ին կը գաղթէ Քանատա, ուր Կարինէ կը մասնագիտանայ լուսանկարչութեան մէջ: Ապա Էկոյեանի հետ «Օրացոյցը» (Calendar 1993) ժապաւէնին մէջ (որուն գլխաւոր կերպարը լուսանկարիչ մըն է) սերտ գործակցութենէ ետք կ՛որոշէ անցնիլ շարժապատկերի բեմադրութեան ասպարէզ: Ունի աւելի քան 20 կարճամեթրաժ ժապաւէն: Արժանացած է...







