Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յետարդիական Խճանկարի Տեսակ Մը

Մայիս 13, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 5, 6 եւ 7 ապրիլ 2024-ին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց հինգ շատ կարճ թատերակներու փունջ մը` «Տեսակ մը թատրոն» վերնագիրին տակ: Ասիկա թատերախումբին երրորդ նմանօրինակ ելոյթն էր, այն տարբերութեամբ, որ առաջին երկուքին` «Զրադաշտը դարձաւ շուն» (2016) եւ «Բարի բժիշկը» (2019),  թատրերգութիւններու դրուագները շատ աւելի սերտ առնչուած էին իրարու, առնուազն` որպէս ոճ եւ մօտեցում, որովհետեւ հեղինակուած էին նոյն թատերագիրներու կողմէ (Ռեմոն Ժպարա եւ Նիլ Սայմըն): Ելոյթներուն անդրադարձած եմ օրին (1, 2):  Ներկայ ելոյթի պատկերներու թատերագիր կամ բեմագիրները առնչուած են այն առումով, որ բոլորը ժամանակակից ամերիկացիներ են:

«Տասը վայրկեանի» թատերակներ.- Թատերագիրներու ամերիկացի ըլլալու հանգամանքը թերեւս վճնորոշիչ է, որովհետեւ այդ սեռը  աւելի տարածուն է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մէկ արարնոց կարճ թատերակներ նորութիւն չեն: Ընթերցողը հաւանաբար առիթ ունեցած է դիտելու Չեխովի «Արջը» եւ «Առաջարկութիւնը», որոնք ընդհանրապէս միասին կը ներկայացուին, որպէսզի ելոյթը մօտաւորապէս ժամ մը տեւէ: «Տասը վայրկեան»-ի ձեւաչափը այդ գաղափարը կը տանի մինչեւ սպառում: Կը մնայ հասկնալ, թէ այդ ձեւաչափը ինչո՞ւ կ՛որդեգրուի:

Առաջին հերթին կ՛որդեգրուի ուսանողական ելոյթներու համար, որովհետեւ  երկար պատրաստութեան եւ մեծ ծախսի կարիք չունի: Նոյն պատճառով կ՛ընտրուին նաեւ դերասանական ունկնդրութիւններու (audition) համար: Կրնայ ծառայել, ուրեմն, թատերախումբին նոր ուժեր գրաւելու նպատակով: Բարի՛:

Թատերական արհեստավարժ խումբերու ելոյթներու պարագային, սակայն, առկայ է ցաւոտ եւ թերեւս աւելի կարեւոր պատճառ: Ներկայ բջիջայինի, «Ինսթակրամ»-ի, «Թիք-թոք»-ի  եւ հաղորդակցութեան նման միջոցներու գերիշխանութեան դարուն մարդոց, յատկապէս` երիտասարդներու, ուշադրութիւնը դարձած է կարճատարած: Այլեւս դժուար է հանդիպիլ հանդիսատեսի, որ տրամադիր է երեք ժամանոց համլեթներ դիտել: Ձեւաչափը պարտաւոր է փողոցային բարբառով ըլլալ` «փաթ-քիւթ-վերջ»:

Դիպաշարերու ընտրովի ամփոփում.- «Տեսակ մը թատրոն» ելոյթին մասին լոյս տեսած են առնուազն 2 ակնարկներ: Զանց կ՛առնեմ մանրամասնութիւններ, որոնք կրկնութիւն պիտի ըլլան: Կը կատարեմ նկատողութիւնները, որոնք այս կան այն չափով անտեսուած են:

Ա. «Մինչ ինքնաշարժը կը սպասէ» (While the Auto Waits).- Հեղինակ` Օ. Հենրի, բեմականացում` Ուոլթըր Ուայքս (1969):

Երեկոյ է (աղօտ լոյսը կ՛օգնէ թաքնուելու), հանրային պարտէզի նստարանի մը վրայ գորշ ու պարզունակ հագուկապով, դէմքը գլխարկով եւ քողով ծածկած գեղեցիկ երիտասարդուհի մը կը կարդայ Սթիվընսընի «Նոր արաբական գիշերներ»  (New Arabian Nights, 1882) հեքիաթային գիրքը, որ կը պատմէ իշխանազուն Ֆլորիզելի արկածները: Հոյահարուստ Parkenstacker ընտանիքի ժառանգ երիտասարդ մը կը թափառի, հաւանաբար` կնորսութեան նպատակով: Ինքնաշարժն ու վարորդը մօտակայ կէտի մը վրայ կը սպասեն հաւանաբար որսը որջ փոխադրելու համար: Երիտասարդուհին, որ նոյնպէս այդտեղ էր մարդորսական ծրագրով, կը յաջողի գրաւել երիտասարդին ուշադրութիւնը` գիրքը նետելով անոր ոտքերուն առաջ: Իշխանազունը արագ կը կռահէ, որ կինը սուտեր կը յօրինէ իրեն հետամուտ եւրոպացի դաժան դուքսերու մասին, բայց կը շարունակէ ձեւացնել, թէ կը հաւատայ: Խաղը անակնկալօրէն կ՛ընդհատուի, երբ կը յայտնուի սպասեակ կին մը, որ երիտասարդուհին կը քաշկռտէ դէպի մօտակայ ճաշարանի խոհանոց: Իշխանազունը կը կարդայ գիրքին վերնագիրը, ապա աղջկան երազանքի խորհրդանիշ գիրքը կը նետէ աղբաման: Որսը այդ օր յաջող չէր անցած, բայց հոգ չէ, ինք պահ մը զուարճացած էր: Բեմականացումը, բեմադրութիւնն ու երիտասարդի խաղարկութիւնը, սակայն, ա՛յլ ուղղութեամբ ընթացած էին: Աւարտական տեսարանին մէջ երիտասարդը պահ մը փորձեց հետեւիլ աղջկան եւ անոր վերադարձնել գիրքը, իմա` երազանքը: Այստեղ առկայ է ինքնութիւնը, ոչ թէ` որոնելու կամ փոխելու ձգտում, այլ` զայն քողարկելու զաւեշտական միամիտ փորձեր: Երիտասարդին երկբայական կերպարը, հետեւաբար եւ այլապէս համակրելի դերակատարին խաղարկութիւնը համոզիչ չէին: Շատ աւելի յաջող էր Անի Պարիկեանի մարմնաւորումը, թէեւ անյարիր էր անոր շքեղ ու գեղեցիկ հագուկապը, մանաւանդ որ առաջին իսկ պահուն երիտասարդուհին երիտասարդին կ՛ըսէ, որ ծպտուած է իր սպասուհիի կերպարանքով: Կար նաեւ ծիծաղաշարժ  անտեսում: Վերնագրի սպասող ինքնաշարժը ցոյց տրուեցաւ իբրեւ բեմի աջ կողմ, մինչդեռ իշխանազունն ու իր վարորդը ուղղուեցան դէպի բեմի ձախ ելք: Ոչինչ, բարի՛:

Բ.- Հարսանեկան պատմութիւնը (The Wedding Story, 2012, Julianne Homokay):

Թատերակի յոյժ վիճելի առաջադրանքը այն է, որ պէտք չէ մանուկները մոլորեցնել գեղեցիկ հեքիաթներով, այլ` ի սկզբանէ պատրաստել իրական  կեանքի, որ անհրապոյր է: Կեդրոնական կերպարը հեքիաթասաց մըն է, որ մանուկ հանդիսատեսներու կը սկսի պատմել իտէալ ամուսնութեան մը մասին: Ամոլը, որ ծաղրանկարային ձեւով թառած է հարսանեկան խոշոր կարկանդակի մը վրայ, կը սկսի առարկել: Ծայր կու տայ եռակողմանի վիճաբանութիւն: Լարումը, շնորհիւ կոճատ ամոլի կենսունակ խաղարկութեան, տակաւ կը սաստկանայ, մինչեւ որ հասնի բեկումի: Ելոյթին մէջ, սակայն, ի տարբերութիւն բնագիրին լարումը ընթացաւ քանի մը ելեւէջներով: Շեշտը դրուած էր աւելի ֆիզիքական շարժումի, քան` երկխօսութեան վրայ:

Հեքիաթասացը ի վերջոյ մէկդի կը դնէ լաթակազմ հեքիաթագիրքը (իմա` դաստիարակչական կանոնի (canon) պատկանող դասագիրքը) եւ կ՛որոշէ մանուկները ծանօթացնել իրականութեան, զոյգի իսկական ինքնութեան: Կը պարզուի, որ հարսնացուն` 37 տարեկան, ինքզինք վոտքայի եւ Xanax-ի (3) տուած կին մըն է, իսկ փեսացուն` 24-ամեայ անողնայար տղայ մը, ունի միասեռական հակումներ: Ամուսնութիւնը կը կնքուի ոչ թէ փոխադարձ կամ նոյնիսկ միակողմանի սիրոյ, այլ անպատեհ իրադարձութիւններու պատճառով: Ենթադրենք, թէ նման դէպք պատահած է, բայց մի՞թէ այդ է ընդհանուր պատկերը: Ինչո՞ւ ջամբել այդ սեւաթոյր պատգամը: Ի դէպ, նկատել, որ այդ ելոյթի երկրո՛րդ հեքիաթագիրքն էր, որ կը նետուէր աղբաման: Բայց չէ՞ որ հանդիսատեսները ոչ թէ Փոլի կամ Արմենչիկի ռապիսը լսող «տիկնայք եւ պարոնայք» էին, այլ` (հաւանաբար վարժարանի մը) մանուկ սաները:

Գ.- Ինքնաշարժներու արձանագրութեան գրասենեակին մէջ.– (The DMT One Nick Zagone 1998) (4):

Բացման տեսարանին մէջ գրասենեակի պաշտօնեայ կինը անմխիթար կը հեկեկայ: Ներս կը մտնէ տղամարդ մը: Քանի մը «ռութին» հարցումէ ետք կինը կ՛անցնի անձնական հարցումներու: Տղամարդը նախ կը զարմանայ, ապա կը  վրդովի, բայց երբ հարցումները կը հասնին իր ներքեւի ներքնազգեստին, կը սկսի խտիղ առնել եւ կը մտնէ խաղին մէջ, որ արագ կը ստանայ բացայայտ սեռային բնոյթ, եւ ի վերջոյ երկու սէրազուրկ-սեռազուրկ (deprived) կերպարները կը հասնին բոցավառ սեռային հեշտանքի: Այստեղ հարկ է նշել, որ յոյժ համարձակ խաղարկութիւնը արտակարգ տպաւորիչ էր:

Գլխաւոր հարցը կը կայանար ընկալելուն մէջ` գնդացիրի արագութեամբ արձակուած բազմաթիւ մշակութային ակնարկները, ինչպէս  «Tie me up or tie me down?!», «Bob or Carol or Ted or Alice?!», որոնք, ըստ իս, ծանօթ, թարգմանելի եւ վերծանելի չեն «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի հանդիսատեսին:  Բեմադրիչը օգնած էր ընկալելու ակնարկներէն մէկը.-  Parsley! / Sage! / Rosemary! / Thyme! արտապատկերային երգին միջոցով, որ կը խօսի անփոխադարձ սիրոյ մասին (5): Բարի՛:

Կինը կը վերադառնայ իր ողբին: Ներս կը մտնէ յաջորդ խնդրարկուն, որ երիտասարդուհի մըն է: Կինը «ռութին» երկու հարցերէն ետք կրկին վաւաշոտ ձեւով կ՛անցնի անձնականին: Սեռային անխտրականութեան (bisexual) ակնարկը  համարձակութեան նշաձողը քիչ մը եւս կը հրէ: Տեսակ մը` արկածախնդրութիւն:

Դ.- «Այսօրուան պնակը» (Today՛s special  Greg Vovos 2003):

Թատերակը ձեւով մը հակապատկերն է Օ. Հենրիի պատմուածքին: Զոյգը այստեղ եւս կը ձեւացնէ այն, ինչ ինք չէ, բայց հանդիպումը ոչ թէ պատահական է, այլ ծրագրուած` յղիացած կնոջ կողմէ, որ կը փորձէ իրենց ամուսնութեան նոր կեանք տալ: Տղամարդը, իր կարգին, կը փորձէ ուղղել ինքզինք, օրինակ` հրաժարիլ կնոջ համար անախորժ ծխախոտէ:

Ի տարբերութիւն բոլոր մնացեալ պատկերներէն, հանդիպումը կը թելադրէ բարեզարդ աւարտի հաւանականութիւն:

Այստեղ եւս տեղ գտած է առնուազն մէկ բացայայտ սեռային (գրգռուածութեան) համարձակ ակնարկ (6):

Այստեղ եւս կնոջ խաղարկութիւնը աւելի համոզիչ էր թերեւս առաջին հերթին այն պատճառով, որ ղեկը կնոջ ձեռքն էր, մինչ տղամարդը ձեւով մը յանպատրաստից «քննութիւն կ՛անցընէր». այդ բաւական բարդ հարց է, երբ քննուողը անփորձ է, իսկ քննիչը` փորձառու: Յամենայն դէպս` բարի՛:

Ե.- Մոլախոտի երազներ.- Անհատի պաշտամունքի քաղաքական հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ, տարիքի կարգով բեմի աջ կողմէն ներս կու գան երեք անանուն քաղաքացիներ.- X, Y եւ Z, որոնք բնագիրի (բայց` ոչ ելոյթի) մէջ նման են ռոպոթներու: Երիտասարդ «Z» անփորձ է, չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս հարկ է վարուիլ: Կը յայտնուի առաջնորդը, հարկ է խանդավառ առոյգ ծափահարել եւ բացագանչել: Ամենատարեց «X»-ը յուսախաբ է, բայց իրեն համար արդէն ուշ է, երիտասարդին խորհուրդ կու տայ «նոր երազներ երազել» (sic): Այստեղ կան աւարտի ընտրանքներ: Բնագրին մէջ հսկիչները դուրս կը տանին «Z»-ը, որովհետեւ դժգոհութիւն կը յայտնէ: Ելոյթին մէջ կը լսուին սպառնալի ոտնաձայներ, բայց հսկիչներ չեն յայտնուիր: «Z» թերեւս հետեւելով «X»-ի խորհուրդին` կ՛որոշէ դուրս ելլել բեմի ձա՛խ կողմէն, այսինքն` ոչ դէպի այն իրավիճակ, ուրկէ եկած էր: Առաջնորդին ձայնը կը խեղդուի աղմուկի մէջ: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Ելոյթին շուրջ լոյս տեսած ակնարկները խոտոր եզրակացութիւններու յանգած են:  Աւելի քան պարզ է, որ թատերակը կը թելադրէ կամազուրկ մոլախոտեր չդառնալ: Բարի՛:

Ի դէպ, այստեղ եւս առկայ էին սեռային համարձակ արտայայտութիւններ, ինչպէս` «նախաարբունքային գրգռիչ երազ», կամ` «քաղաքական առագաստ»: Առկայ էին մեկնաբանելի տարրեր: Որպէս աներեւոյթ առաջնորդի պատկեր` կը տեսնենք ականաւոր Մակրիթի (Renռ Magritte 1898-1967) անզանազանելի քաղքենի (պուրժուա) կերպարը` ադամորդիի մեղքը խորհրդանշող խնձորով: Առաջնորդը ի հարկէ պիտի նախընտրէր հպատակներուն ներկայացուիլ արտակարգ ուժ եւ իմաստութիւն ներշնչող պատկերով մը: Անզանազանելի մարդու պատկերը, սակայն, կարելի է նաեւ մեկնաբանել այլ կերպ, թէ ցուցափեղկի մէջ զետեղուած առաջնորդները փոխարինելի հասարակ էակներ են, ոչ թէ գերմարդիկ: Կը նկատենք, որ երկու տարեց անդամները իրենց հետ բերած էին ծափափայտիկներ (slapstick): Այդ յիշել կու տայ commedia dell՛arte-ի անպատկառ ելոյթները: Հսկիչները երբեք պիտի չարտօնէին նման բացայայտ հեգնանք: Բայց այդ եւս կարելի է մեկնաբանել այլ կերպ, որ` վերնախաւը քաջ տեղեակ է, թէ կատարուածը կեղծիք է, բայց այդ հարց չէ, այնքան ատեն որ իշխանութիւնը կը մնայ իրենց ձեռքերուն մէջ: Իրավիճակը ցաւօք այդ է գրեթէ ամէնուր: Բարի՛:

Եւ վերջապէս.- Հինգ պատկերներուն ընդմէջէն անցնող «կարմիր թելը», որ ոչ թէ սահուն, այլ ելեւէջներով կ՛ընթանայ, թերեւս երազանք-պատրանքն է, որ կրնայ զաւեշտականօրէն փարատիլ եւ կամ ողբերգականօրէն խորտակուիլ` բախելով իրականութեան խութերուն: Կարելի է ի հարկէ հարց տալ, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ որոշուած է պատկերներու յաջորդականութիւնը, բացի այն նկատառումէն, որ միեւնոյն դերակատարը չի կրնար յաջորդական դրուագներու մէջ գտնուիլ: Անձնապէս տակաւին չեմ յաջողած գոհացուցիչ միանշանակ պատասխան գտնել, որովհետեւ ընտրուած դրուագները կրնան այլազան մեկնաբանութիւններ ունենալ: Պէտք է յուսալ, որ ընտրութեան նպատակը մտքի մարզանք թելադրել էր:

Զանազան հեղինակներու զանազան բներգներով գրուած փոքր գործերու մէկտեղումը համահունչ է Արեւմուտքի մէջ (եւ ցաւօք` ոչ միայն) այժմ գերիշխող յետարդիական ոգիին եւ դրոյթներուն, ըստ որուն, իրականութիւնը խճապատկեր մըն է, որմէ կը բացակայի … ինքնաներդաշնակ ձեւաւորում: Յետարդիականութիւնը կը մերժէ եւ նոյնիսկ կը ձաղկէ «մեծ ասքերը» (grand narratives), ինչպէս, օրինակ, ընկերվարութիւն եւ կամ որեւէ այլ հաւատամք:

Ուրախալի է ի հարկէ, որ թատերախումբը զօրագրած է նոր ուժեր եւ բեմադրած` նոր գործ մը, այլ ոչ` բազմիցս կրկնուած ձեւաչափի մաշած-մաշեցուած կատակերգութիւն մը: Շա՛տ բարի: Կ՛ուզեմ արձանագրել սակայն, որ անբաղդատելիօրէն աւելի նախընտրելի է բեմադրել գործեր, որոնք ունին իմանալի զարգացում եւ ընկերային ասք: Բարի՛ երթ:

————-

  1. Տես «Առ սոսնձումն սեաւ», Ա. եւ Բ., «Ազդակ», 9 եւ 10 օգ. 2016:
  2. Տես «Մեծարանքի զարտուղիներ», «Ազդակ» 23 օգ. 2019:
  3. Անձկութիւն (anxiety) մեղմող ընթացիկ դեղահատ մը:
  4. DMV – Department of Motor Vehicles: փողոցի բարբառով վերնագիրն է «Օթօներու գրասենեակինը»:
  5. «Scarborough Fair», Simon & Garfunkel, 1966:
  6. Տղամարդը կ՛ըսէ, թէ կինը իր մէջ «փայտացում» կը յառաջացնէ:
    7. Weed կամ մոլախոտ կը նշանակէ անօգուտ, անբաղձալի (այլ ոչ թունաւոր) բոյս: Կրնայ նշանակել նաեւ թոյլ անձ: Գանգատող «էքս»-ը կը սաստեն որպէս «whiney weed», կաղկանձող թուլամորթ: Թարգմանութիւնը կը թուի մնալ անլուծելի հարց մեր ելոյթներուն մէջ:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Մայիս 2024)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Գրախօսականներ Եւ Անդրադարձներ Պերճ Թերզեանի Գիրքերուն Մասին Եւ Իրեն Հետ Եղած Հարցազրոյցներ»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Comments 1

  1. Հրաչ Պարսումեան says:
    1 year ago

    Վրիպակ.- Երկրորդ հատուածի առաջին տողը կարդալ «Թատերագիրներու ամերիկացի ըլլալու հանգամանքը թերեւս վիճակագրական է,…»

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?