ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Այս անգամ խօսքը չի վերաբերիր Հայոց ցեղասպանութեան, ստալինեան խժդժութիւններու եւ կամ անբուժելի հիւանդութիւններու իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն, այլ` քանդակագործ Արման Պըզպզեանի, որ հազիւ իր կեանքի քսանեօթը տարիները բոլորած` 1977-ին, «կամովին» վերջ կու տար իր կեանքին սիրոյ հողի վրայ: Թէեւ իր տաղանդը ասուպի նման քանի մը տարի միայն փայլատակեց արուեստի երկնակամարին վրայ, այնուամենայնիւ այն, ինչ որ կտակեց արուեստի պատմութեան, ոչ միայն կը բաւէ իր անունը անմահացնելու, այլ նաեւ առիթ կ՛ընձեռէ մեզի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Քանատային` հպարտանալու իրմով: Սակայն ցարդ չենք կրցած գնահատել իր աւանդը ըստ արժանւոյն ու տէր կանգնիլ անոր ստեղծագործական ժառանգութեան, որ թէեւ քիչ է քանակով, սակայն բարձր է որակով:
Որպէսզի արդարացուի մեր տուած գնահատականն ու հասկնալի դառնայ, թէ ինչո՛ւ այսքան մօտէն կը հետաքրքրուինք անոր ստեղծագործական կեանքի որոշ մանրամասնութիւններով, նախ ցոյց տանք իր գեղագիտական ուժն ու կատարած ներդրումը առհասարակ արուեստի անդաստանին մէջ, ապա բացատրենք, թէ բանն ինչումն է:
Ան 1974-ին կ՛աւարտէ Քանատայի Կելֆ (Guelph) համալսարանի կերպարուեստի բաժանմունքը: Փոքր տարիքին սկսած որոնումները ոչ միայն եղած են բեղմնաւոր ու արդիւնաւէտ, այլ նաեւ ստեղծագործական տարբեր փուլերէ ետք ան դասականութենէն կրցած է հասնիլ մինչեւ վերացականութիւն: Նմանօրինակ քանքարի մը կորուստը մեծ եւ անդառնալի է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ առհասարակ կերպարուեստին համար: Անոր գործերու հմայիչ արտայայտչականութիւնն ու արտայայտած միտքերը կը հաստատեն, որ ան եղած է տարերքի մարդ: Ապրած եւ ստեղծագործած է բնազդաբար` պարզապէս անսալով իր ներքին անսանձելի ստեղծագործական մղումներուն: Եւ պատահական չէ, որ Տէյվիտ Սմիթ Կելֆ համալսարանի հրատարակած երկամսեայ պարբերականին մէջ 1975-ին կը գրէր. «Եթէ մէկ բառով պիտի ուզենք բնորոշել արուեստագէտ մը, ապա քանդակագործ Արման Պըզպզեանի պարագային այդ բառը spontaneous-ն է» («Guelph Alumnus» Jan-Feb,1975,Volume 8 Number 1), որ բառարաններու մէջ յաճախ կը թարգմանուի` իբրեւ ինքնաբուխ, ինքնայօժար կամ ինքնամատոյց: Այս բառերը թէեւ սխալ չեն, սակայն ամբողջական ալ չեն: Իրականութեան մէջ, երբ խօսքը կը վերաբերի արուեստագետներուն, spontaneous-ը այն արուեստագէտն է, որ տարերայնօրէն, ենթագիտակցաբար եւ առանց մտածելու կ՛արտայայտուի: Ինք եւս կը վկայէ այս մասին: Ան կը խոստովանի, որ` «Գաղափարներս այնքան արագ կը փոխուին, որ ես գրեթէ հնարաւորութիւն չեմ ունենար հակակշռելու զանոնք»: Իր արտակեդրոն եւ անհակակշիռ խառնուածքի իբրեւ արդիւնք` ան յաճախ փոխած եւ վերատեսութեան ենթարկած է ոչ միայն իր գաղափարներն ու տեսակէտները, այլ նաեւ` իր արտայայտչամիջոցները, ոճն ու առհասարակ Գեղեցիկի ընկալման ըմբռնումը: Նկատի ունենալով անոր մատղաշ տարիքը, տաղանդն ու մանաւա՛նդ իրաւութեամբ շաղախուած մարդասիրական կերտուածքը` անբնական չեն թուիր մեզի այս բոլորը, որոնց գրաւականն է անոր «Ընտանիք» խմբաքանդակը:
Սրբանկարչութեան մէջ գոյութիւն ունի «Սուրբ ընտանիք» թեման, ուր Յիսուս Մանուկը պատկերուած կ՛ըլլայ ծնողներուն հետ, շատ ջերմ, մտերմիկ ու յաճախ նաեւ` հոգեպարար փոխյարաբերութեան մէջ: Կերպարուեստագէտները երբ կ՛անդրադառնան այս նիւթին, իրենց ձգտումը կը մնայ նոյնը: Այսինքն` ստեղծել այնպիսի յղացք մը, ուր ընտանեկան համերաշխութիւնն ու աւանդութիւնները պահպանուած ըլլան, ու մանուկը ծնողական գգուանքի ներքոյ ինքզինք ապահով ու պաշտպանուած զգայ: Արման Պըզպզեան նկատելէ ետք ընտանիքներու հետեւողական քայքայումը, ամենայն սրտցաւութեամբ կը դրսեւորէ դաժան ճշմարտութիւնը, սակայն գեղագիտական ուժգնութեամբ ու գեղեցկօրէն «կը շպրտէ» զայն քաղաքակրթութեան երեսին: Հայրը, մայրը եւ որդին (որ հոս հանդէս կու գայ իբրեւ պատանի) կանգնած են իրարմէ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ: Թեւատ են անոնք ու մարմնապէս խոշտանգուած տեսք ունին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը խորասուզուած ու ծուարած է ինքն իր մէջ, առանձին` սեփական տագնապներու ու տառապանքներուն հետ: Այս առիթով ան կ՛ըսէ. «Ոմանք կը թելադրեն ինծի ընտանիքի անդամները իրարու մօտեցնել, սակայն քանի՞ ընտանիք կայ այսօր, որոնց անդամները մօտիկ են իրարու եթէ մարդիկ կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզեմ, պէտք է որ դիտեն գործերս»:
Մեզի ծանօթ չէ արուեստագէտ մը, որ իրմէ առաջ անդրադարձած ըլլայ այս ցաւոտ հարցին: Ան կրցած է կերտել պառակտուած ընտանիքի մը հոգեպէս բզքտուած կերպարները` գերլարուած իրավիճակի մէջ, որոնք սակայն ընդհանրացուած են ու պատգամ մը կու տան ակնդիրին: Հոս հանդէս կու գայ իբրեւ յանձնառու արուեստագէտ, որուն այնքան պէտք ունի մարդկային բարոյական ծիրէն շեղած մարդկութիւնը: Պըզպզեանի «Ընտանիք»-ը այսօր, աւելի քան երբեք, այժմէական կը հնչէ: Ընտանիքներու համատարած քայքայումը իր ողբերգական հետեւանքներով մեր ժամանակի ընկերային կեանքի մեծագոյն եւ հրատապ խնդիրներէն մէկը կը համարուի:
Եթէ «Ընտանիք»-ը իր բովանդակային նորարարութեամբ ու կատարողական բարձր մակարդակով կոչուած էր զարմացնելու եւ հիացնելու արուեստի աշխարհը. ապա անոր մետաղեայ եւ գունաւոր ժապաւէններով իրագործուած շարքը, ըլլայ ոճային թէ արտայայտչաձեւի առումներով, նորութիւն էր եւ նոր դուռ մը կը բանար ծաւալատարածական արուեստի անդաստանին մէջ: Այս առումով, Պըզպզեանէն ներշնչուած շատեր յայտնի անուններ են այսօր, իսկ ինք, որ առաջին յղացողն է գունաւոր ժապաւէններու արտայայտչամիջոցին, տակաւին կը մնայ շուքի մէջ:
Այս վաղամեռիկ քանդակագործի ստեղծագործութիւններէն շատերուն ճակատագիրը տարտամ կացութեան մատնուած է: Guelph Alumnus պարբերականի վերոյիշեալ համարին մէջ Տէյվիտ Սմիթի ստորագրած յօդուածէն կ՛իմանանք, որ «Ընտանիք» խմբաքանդակը Կելֆ քաղաքի Raud York փողոցի վրայ գտնուող «Ռոյըլ պենք»-ի դիմաց պէտք է որ դրուած ըլլայ: Իսկ «Մկրտութիւն» խմբաքադակին մաս կազմող «Քրիստոսի գլուխը» դիմաքանդակին տեղը չի յիշուիր: Ինչ կը վերաբերի անոր «Ժապաւէններ»-ու շարքին, կարծէք թէ անոնցմէ որոշ թիւ մը եւս լքուած վիճակի մէջ կը գտնուի: Օրինակի համար, Waterloo համալսարանի ուսողութեան եւ համակարգիչի մասնաշէնքի բակը զետեղուած Պըզպզեանի մէկ մետաղեայ կոթողային քանդակի (C S) մասին նոյն բարձրագոյն հիմնարկի անձնակազմէն մէկը «Տէյլի Պուլեթին» պարբերականի 2000 թիւի փետրուարի համարին մէջ կը զարմանայ ու կը բողոքէ, թէ ինչո՞ւ «Computer Science» յուշարձանը առաջ կապոյտ էր, իսկ հիմա` վարդագոյն: Իսկ վերոյիշեալ նոյն պարբերականի 2008 թուականի 4 յուլիսի համարին մէջ կը հրատարակուի նոյն քանդակին լուսանկարը, որ այս անգամ թէեւ վերադարձած է իր նախկին գոյնին` կապոյտի, սակայն յանկարծ օր մը կ՛անհետանայ: Կան վկայութիւններ, որոնց համաձայն, խնդրոյ առարկայ յղացքը կա՛մ գողցուած է, կա՛մ փճացուած եւ կա՛մ ալ հանուած ու պահ դրուած պէտք է որ ըլլայ համալսարանի պահեստանոցին մէջ: Ամէնէն հաւանականն ու տրամաբանականը այս վերջինը կը թուի ըլլալ: Նոյն բաժնի ուսանողներէն մէկը` Թոնի Թարկուզքինի, վերոյիշեալ պարբերականի նոյն համարին մէջ, ցաւ յայտնելէ ետք կատարուած դէպքի մասին, կ՛աւելցնէ. «Կարծէք, թէ այսօր մարմնիս մէկ մասը մահացաւ»: Ունինք նաեւ անպաշտօն տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն, համալսարանի հայ ուսանողներէն ոմանք ատենին հետաքրքրուած են այս հարցով ու նոյնիսկ բողոք ներկայացուցած են համալսարանի ղեկավարութեան: Որովհետեւ ամէն ինչ անորոշ է ու ոչ վաւերական, չենք շտապեր եզրակացնելու, այլ մեկնաբանութինները կը ձգենք ընթերցողներուն: Այնուամենայնիւ երկու բան յստակ է: Առաջինը այն է, որ եղածը թիւրիմացութեան հետեւանք չի կրնար ըլլալ. իսկ երկրորդը քաջալերական տեղեկութիւն մըն է: Քանդակագործ եւ կոթողային արուեստի վարպետ Յակոբ Ճանպազեան մեզի տեղեկացուց, որ Պըզպզեանէն երկու գործեր գոյութիւն ունին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ: Առաջինը`«Bronze Untitled» (Անվերնագիր անագապղինձ) ցուցադրութեան դրուած է կեդրոնի գրադարանին մէջ, իսկ երկրորդը` «Dare Devil of Sassoon» (Սասնայ Ծուռ), որ ծաւի գոյնի է եւ զետեղուած է կեդրոնին բակը: Այս մէկը բարեբախտութիւն մըն է Հայ կեդրոնի համար:
Վստահաբար Հայ կեդրոնին վերակացուները գիտեն անոնց գեղարուեստական արժէքը եւ ամենայն հաւանականութեամբ կը պահեն ու կը պաշտպանեն զանոնք: Բացի վերոյիշեալներէն` դեղնականաչաւուն գոյնի մետաղեայ ժապաւէնով իրագործուած քանդակ մըն ալ կայ Art Gallery of Guelph-ի հաւաքածոյին մէջ, որ խորագրուած է «David of Sassoon» (Սասուցի Դաւիթ):
Արման Պըզպզեանի օժտուածութիւնն ու մարդկային ու ազգային արժէքներու մեծարումը պատահական չէ: Անոր մեծ հայրը եղած է յայտնի ձուլագործ վարպետ, որուն գործը շարունակած են իր հայրն ու երկու հօրեղբայրները: Թէեւ ինք անձամբ ուղղակիօրէն ներգրաւուած չէ ձուլագործութեան մէջ, սակայն առհաւականօրէն ժառանգած ըլլալու է զայն: Պըզպզեան ինք եւս կը վկայէ այս մասին. «Ես կը զգամ, որ կ՛ընեմ այն, ինչ որ կ՛ընէր մեծ հայրս: Վստահ եմ, որ ժառանգած եմ զայն իրմէ: Կաղապարները ձեռքովս կը պատրաստեմ, որ դիւրին գործ չէ: Հարկաւոր է հաճոյքով աշխատիլ»:
Արման Պըզպզեանի ստեղծագործական արժանիքները երկուքն են: Նախ` կերպարուեստի ողջ պատմութեան մէջ ինք քանդակագործն էր, որ ընտանիքի անդամները (հայր, մայր եւ որդի) իրարմէ հեռու կանգնած իբրեւ տառապեալներ կը քանդակէր: Մարդկութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը: Ապա` առաջինը եղաւ, որ գունաւոր մետաղեայ ժապաւէններով քանդակներ յղացաւ:
Պըզպզեանները ճանչցողները կը վկայեն, որ անոնցմէ շատեր եղած են աւանդապահ, հայրենասէր, արուեստասէր ու մարդասէր անձնաւորութիւններ, որոնց մասնագիտական յաջողութիւններն ու կատարած մարդասիրական գործերը եւս այդ կ՛ապացուցեն: Արման ծնած, մեծցած է նմանօրինակ ընտանիքի մը մէջ, ուր կազմաւորուած ու ամրագրուած կը թուի ըլլալ նաեւ իր յախուռն, արդարամիտ ու պինդ նկարագիրը:
Այսքանը իմանալէ ետք հարկաւոր է, որ նախ յայտնաբերուին ու ցանկագրուին անոր գործերը, եւ ապա մասնագիտօրէն ուսումնասիրուելէ, վերլուծուելէ ու մեկնաբանուելէ ետք միայն գնահատուին անոնք, որպէսզի ան իր բարձրորակ ստեղծագործութիւններուն եւ իր բերած նորութիւններուն համապատասխան արժանի տեղը գրաւէ արուեստի պատմութեան մէջ: Լաւ կ՛ըլլայ, որ ընթերցողներէն անոնք, որոնք յաւելեալ տեղեկութիւններ ունին Արման Պըզպզեանի եւ անոր գործերուն մասին. եւ կամ կրնան յստակացումներ կատարել, կապուին մեզի հետ եւ կամ ուղղակիօրէն հրապարակեն զանոնք: