Արուեստ - Մշակոյթ

Ոտնակոխ Տունը

Կարճ Ծանուցում

 ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պէյրութի Գեղարուեստական ժապաւէններու 10-րդ փառատօնի (Beirut Art Film Festival BAFF) նախաձեռնութիւնները տեղի կ՛ունենան Ս. Ժոզեֆ համալսարանին կից Արեւելագիտութեան գրադարանի թատերասրահին մէջ (1): Տակաւին ընթացող կործանարար պատերազմին հակադրուած ծրագիրը այս տարի կազմուած է ականաւոր արուեստագէտներ ծանօթացնող 25 վաւերագրական գործերէ, առաւել` այժմ պատմութեան անցած, Թրիփոլիի «Սինեմա Փարատիզօ»-ն համարուող շարժապատկերի սրահին լուսանկարներու ցուցահանդէսէ մը, որ հաւաքական յիշողութեան «հնախուզութիւն» մըն է, ինչպէս ...

Ոտնակոխ Տունը

Թատերական «Լռատուութիւն»

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հոկտեմբերի առաջին շաբթուան երկայնքին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ  «Հայ ֆեստ» (հնչիւնախաղով` High Fest) կատարողական արուեստներու 16-րդ փառատօնը: Վերնագրի «լռատուութիւն»-ը ունի կրկնակի իմաստ: Նախ` այն, որ այս տողերը խիստ անբաւարար են եօթը օրերու վրայ երկարող միջոցառում մը արժեւորող ակնարկ մը սեպուելու համար: Երկրորդ`     նկատառումը, որ խորքին մէջ ցաւոտ պատճառն է առաջինին, այն է, որ փառատօնի հայկական ելոյթներէն ոչ մէկը...

Ոտնակոխ Տունը

Նամակներ Անանուն Տատիկի Մը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Լրատուական.- «Ակօս», «Արմենփրես», «Առաւօտ» եւ այլ հայկական կայքեր «Էրմենի Հապեր» թրքալեզու լրատուութենէն հրապարակած են լուսանկարչուհիի Սերրա Աքճանի բեմադրած «Սիրելի Ֆ.» (10 վ. 2024)  ժապաւէնի շուրջ ակնարկ մը (1): Կարճամեթրաժ վաւերագրութիւնը «Ենթագիր» (Ալթեազը) շարժապատկերի պարբերականի  «Տեսանելի/Ան-տեսանելի», «Ինքնա-գրաքննութիւն» (Կէօրիւնիւր /Կէօրիւնմեզ Օթօսանսիւր) վերնագրուած ծաղկաքաղ (anthology) պրակի (Fascicle) տեսերիզներէն մէկն է: Տակաւին հասանելի չէ համացանցի վրայ, որովհետեւ կը մասնակցի միջազգային մրցանքներու: Նոյն...

Ոտնակոխ Տունը

Զուգահեռ Որոնումներ. «Քաղցր Տուն Ատանա»

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Բեմադրիչը.- Ատանացի հայկական արմատներ  ունեցող Նակեհան Ուսքան հաստատուած է Թուրքիոյ մօտակայ յունական Լեպոս կղզիի վրայ (1): Արտադրիչն է «Տերտօ մայրիկը եւ ընկուզենին»  (Mother Derdo and the Walnut Tree, 68 վ. 2017) վաւերագրական ժապաւէնին, որուն անդրադարձած եմ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ (2): Ներկայ գործը ֆինանսաւորած է «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը: Վերնագիրը հետեւողութեամբ է «Sweet Home Alabama» (Andy Tennant 2002) ժապաւէնին,...

Ոտնակոխ Տունը

Մասնակի Ծիրանը Մենաւոր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շահադիտական.- «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին առաջին անգամ անդրադարձած էի տասը տարի առաջ, երբ անոր կեդրոնական ծրագիրն էր «Հայկական համայնապատկեր»-ը, այնպիսի գործերով,  ինչպէս` Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկը» (1, 2): Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վարչական յեղաշրջում, եւ փառատօնը անշեղ քայլերով ընթացաւ դէպի շուկայադրական «բիզնես»: Ակնարկներու վերնագիրները կ՛արտայայտեն անկումը. «Փոքրացող ածուի ծիրանը» (2015), «Փոքրիկ ածուի ծիրանը» (2016), «Թօշնող ծիրանի հեւքը» (2017), «Յօտուած ծիրանին»...

Ոտնակոխ Տունը

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

Բ.- Ջատագովական ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ 1980-ականներու ազատական միջոցառումներէն եւ 21-րդ դարու նախօրէին Քեմալ Տերվիշի (իմա` World Bank) ցաւոտ վճռական վիրաբուժութենէն ետք թրքական դրամագլուխները համաշխարհայնացուած են: Կարելի չէ խօսիլ թարիքաթներու տնտեսական անկախ քաղաքականութեան մասին: Երբեմնի ճարտարարուեստական դրամատիրութեան «Դրամագլուխ - նախանիւթ + աշխատանք - աւելի մեծ դրամագլուխ» խնդրայարոյց ձեւաչափը այլեւս գործնական եւ գրաւիչ չէ  Արեւմուտքի մէջ: Այժմ կը տիրէ, այսպէս կոչուած, «Finance Capital»-ը,...

Ոտնակոխ Տունը

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

Ա. Պատմական ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ո՞ւր է թաղուած շան գլուխը.- Թուրքիոյ պետական մեքենան եւ զայն հարուածող ուժերը կը գտնուին Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութեան տնօրինութեան տակ: Որո՞նք են, սակայն, իշխանութեան իսկական տէրերը: Պատասխանը ամէնուր նոյնն է. անոնք, որոնք տէրն են երկրի տնտեսութեան, հարստութեան:  Թուրքիոյ հարստութեան վստահաբար շատ մեծ, բայց ոչ շատ ճշգրտօրէն բացայայտելի տոկոսը կը պատկանի հոգեւոր պիտակներու տակ գործող եւ հետեւաբար անձեռնմխելի,...

Ոտնակոխ Տունը

Ամուսնականը Ճաղավանդակի Ետին

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Դիտեցի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի` Յարութ Գնդունիի թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ ներկայացուցած «Օթել փլազայի սենեակը» (Plaza Suite, Neil Simon, 1968) թատրերգութեան երրորդ ելոյթը: Ներկայացումին մասին արդէն իսկ հրապարակուած են աւելի քան հինգ ակնարկներ: Հաճելի եւ իմաստալից մրցանիշ մը: Շա՛տ բարի (1): Խոտոր խորապատկեր.- Թատրոնը հաւաքական երեւոյթ է, կարելի չէ զայն մեկուսացնել քաղաքականութենէ: Ներկայ պարագային,  առաջին հերթին հարկ է նկատել թուականը:...

Ոտնակոխ Տունը

Թատերական Պահեցողութիւն

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Գիւմրիի միջազգային թատերական Բ. փառատօնը կայացաւ մայիս ամսուն: Ծրագրի մասնակից 23 թատերախումբերէն միայն չորսը օտար էին (1): Հայրենի խաղացանկերու շուրջ նախորդ յօդուածի  դրոյթը ստուգելու միտումով հետեւեցայ առցանց հրապարակումներուն, որոնք ցաւօք բացառապէս կը կատարուէին փառատօնի կայքէջին վայ (2): Ցարդ կարելի չեղաւ տեսնել որեւէ անդրադարձ`  նոյնիսկ հայաստանեան մամուլին կողմէ: Պատկերը ցոյց կու տայ որմազդերու մեծ տոկոսը: Զանց առած եմ այն...

Ոտնակոխ Տունը

Բազում Ջանք Վասն…

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Դիտած եմ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի «Հայրս ո՞վ է» (Ray Cooney, It Runs in the Family, 1987) (1) զաւեշտի առաջին ելոյթը` բեմադրութեամբ Վաչէ Տօնէրեանի: Մօտիկ անցեալին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմ հանուած էին հայր Ռէյ ու հայրանման որդի Մայքըլ Գունիներէ ոչ նուազ քան երեք այլ գործեր որոնց անդրադարձած եմ: (2, 3, 4) Հեղինակը.- Կը նկատուի մեր ժամանակներու Ֆէյտոն (Georges...

Արման Պըզպզեան  Մեծատաղանդ Ասուպ Մը Եւս

Արման Պըզպզեան Մեծատաղանդ Ասուպ Մը Եւս

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Այս անգամ խօսքը չի վերաբերիր Հայոց ցեղասպանութեան, ստալինեան խժդժութիւններու եւ կամ անբուժելի հիւանդութիւններու իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն, այլ` քանդակագործ Արման Պըզպզեանի, որ հազիւ իր կեանքի քսանեօթը տարիները բոլորած` 1977-ին, «կամովին» վերջ կու տար իր կեանքին սիրոյ հողի վրայ: Թէեւ իր տաղանդը ասուպի նման քանի մը տարի միայն փայլատակեց արուեստի երկնակամարին վրայ, այնուամենայնիւ այն, ինչ որ կտակեց արուեստի պատմութեան, ոչ...

Ոտնակոխ Տունը

Աղիողորմ Կրկնեփ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը ներկայացուց Վաչէ Ատրունիի Հալէպի մէջ յօրինած  եւ բեմադրած «Մամէի վիզան» թատերախաղին մէկ տարբերակը (1): Դրդապատճառը սփիւռքի «Մայր գաղութէն» խուճապահար արտագաղթն է, գլխաւորաբար` դէպի Քանատա: Հեղինակը բազմաթիւ առիթներով յայտնած է, որ իր գործերու բներգը «սփիւռքի գոյավիճակ»-ն է: Գնահատելի եւ օրինակելի առաջադրանք է, ասոր շուրջ երկու կարծիք չկայ: Կը մնայ փշոտ հարցումը. «Ինչպէ՞ս»: Նախքան վարագոյրին բացուիլը` հանդիսատեսը...

Ոտնակոխ Տունը

Յետարդիական Խճանկարի Տեսակ Մը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 5, 6 եւ 7 ապրիլ 2024-ին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց հինգ շատ կարճ թատերակներու փունջ մը` «Տեսակ մը թատրոն» վերնագիրին տակ: Ասիկա թատերախումբին երրորդ նմանօրինակ ելոյթն էր, այն տարբերութեամբ, որ առաջին երկուքին` «Զրադաշտը դարձաւ շուն» (2016) եւ «Բարի բժիշկը» (2019),  թատրերգութիւններու դրուագները շատ աւելի սերտ առնչուած էին իրարու, առնուազն` որպէս ոճ եւ մօտեցում,...

Ոտնակոխ Տունը

Իր Մէջ` Մեր Մէջ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Լոնտոնի Բանաւոր պատմութեան ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Ողջակիզումի գրադարանին մէջ 30 ապրիլին պիտի ցուցադրուի Սիւզան Խարտալեանի «Իր մէջ` իմ մէջ» (68վ, 2023) վաւերագրական ժապաւէնը, որ ֆինանսաւորուած է Շուէտական շարժապատկերի հաստատութեան կողմէ եւ կը ներկայացնէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ 2014 թուականին առեւանգուած եւ սեռային նպատակով օգտագործման գերիներու վերածուած Իրաքի Սինճապ լեռնային շրջանի բնիկ երեք եզիտի աղջիկներու վկայութիւնները: Տեսերիզը դիտած եմ բեմադրիչին արտօնութեամբ(1): Մեկնակէտը.-...

Ոտնակոխ Տունը

Հայրենի Բեմերու Խաղացանկը Յետաղէտ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Սովորական.- Կը գտնուինք նոր թատերաշրջանի սեմին: Մօտիկ անցեալին «Ազդակ»-ի մէջ երկու բաժնով լոյս տեսած «Հաւաքական խոցի բեմականացումը» յօդուածին վերջաբանը ստուգելու առաջադրանքով գրաւոր դիմեցի ինծի ծանօթ աւելի քան տասը հայրենի թատրոններու` խնդրելով ստանալ անոնց  յետ քառօրեայ պատերազմ, կամ առնուազն յետարցախեան աղէտ խաղացանկերը: Ինչպէս հաւանաբար ընթերցողը գուշակեց, թատերախումբերուն մեծամասնութիւնը անտեսեց խնդրանքս: Երկու թատերախումբեր տուին ներկայ խաղացանկերը, որոնք արդէն իսկ տեսանելի...

Ոտնակոխ Տունը

Կինը Ծարաւ…

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շնորհակալ առիթը ունեցայ դիտելու Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» վիպակի մենակատարութեամբ բեմակացումը` բեմադրիչ-դերսանուհի Նարինէ Գրիգորեանի կատարումով: Մաթեւոսեանագիտութիւնս սահմանափակուած է «Տէրը» եւ «Մենք ենք մեր սարերը»  ժապաւէններու հեռատեսիլի կրկնուող դիտումներով եւ քանի մը պատառիկով: Ելոյթի նախօրէին կարդացած եմ վիպակը, զոր դերասանուհին ասմունքեց բեմի վրայ, կը թուի թէ` տառացիօրէն: Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին պատրաստած պրոշիւրը կ՛օգնէ այդ բարդ գործը ընկալելու: Աւելի ճիշդ`...

Ոտնակոխ Տունը

Տեսաբանութիւն Քաոսի Թատերական… Եւ Ոչ Միայն

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ցնորքներ կը ցնդին.- 17-րդ դարուն անկիւնադարձային թափ առած թուաբանական եւ ապա բնագիտական  նուաճումները տուն տուին նուազապաշտ (reductionist) որոշադրականութեան (Determinism), որուն կանուխ դրսեւորումն էր Լափլասի (1749-1827) յոխորտանքը, եւ որ հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ բնագէտ Lord Kelvin 1897-ին յայտարարեց, թէ տեսական բնագիտութիւնը աւարտած էր, թէ` այնուհետեւ կը մնար լուծել հերթական խնդիրներ` գործադրելով բնութեան ամբողջութեամբ յայտնաբերուած օրէնքները (1, 2): Տիեզերքը կը...

Ոտնակոխ Տունը

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հայ հեղինակներ.- Այստեղ զանց կ՛առնեմ յուշատօնային-ծիսական բնոյթի ելոյթներ, ինչպէս`  Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի «Գրիգոր Զոհրապ, գողգոթայի ճանապարհին» եւ Անահիտ Կիրակոսեանի «Փրկութեան հրեշտակը»: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ Վ. Ատրունիի «Գարնան երեք օրերը» եւ Լիլի Թովմասեանի «Կոմիտաս` Աստուծոյ պարգեւը», որոնց նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (12, 13): Կը ներկայացնեմ ինծի ծանօթ այն գործերը, որոնք  թատերագրական յաւակնութիւն ունին: Ե. «Գտնուած» (Found),  Անուշ...

Ոտնակոխ Տունը

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.- Խոցի հոգեբանական եզրը` «Trauma», կու գայ յունարէնէն: Մեր թուագրութենէ աւելի քան հազարամեակ մը առաջ սկսած արեւելեան Միջերկրականի քաղաք-պետութիւններու միջեւ,  ինչպէս եւ Պարսկական կայսրութեան դէմ մղուած պատերազմները կը պատճառէին մահ, աւեր, կորուստ եւ մարմնական հաշմում, զոր այդ դարերու բժշկութիւնը անկարող էր դարմանել: Պատերազմի խոցը ցցուն կերպով առկայ էր զինուորներու մօտ, որոնք ոչ միայն ենթակայ էին իրե՛նց մահուան, այլ...

Ոտնակոխ Տունը

Կանացի Աչքերով – Դ.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ.- Միջազգային «ԿԻՆ» շարժապատկերի 20-րդ փառատօնը կայացաւ 1-5 դեկտեմբեր 2023-ին: Բեմադրիչ Մարիամ Օհանեանի գլխաւորած կնոջական ձեռնարկը ներկայացնող  նախորդ ակնարկները (Ա. Բ. եւ Գ.) «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած էին անցեալ երկու տարիներու ընթացքին: Այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն այն գործերուն, որոնց բեմադրիչները հայեր են, եւ կամ բներգը առնչուած է հայկական ներկայ իրավիճակին: Այս տարի ցուցադրուած են 2022-23 թուականներուն նկարահանուած մրցոյթային,...

Page 2 of 15 1 2 3 15

Արխիւներ