ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Թորոնթոյի մէջ կայացող Համազգային ընկերակցութեան կազմակերպած շարժապատկերի 16-րդ «Նուռ» փառատօնը ունէր ցուցադրութեան պատկառելի զանգուած. շուրջ 65 գլխաւորաբար կարճամեթրաժ ժապաւէններ, որոնցմէ քանի մը հատին նախապէս անդրադարձած եմ(1): Այստեղ պիտի ներկայացնեմ այն գործերը, որոնք աւելի սերտ առնչուած են մեր ներկայ կացութեան:
Ա.- Ժամանում (Homecoming), Րաֆֆի Մովսիսեան, 2020, 18վ.: Շարժապատկերի արհեստավարժ ծանօթ քննադատին առաջին բեմադրութիւնն է: Կը խօսի թաքուն ցաւի մը մասին: Հայկ` միջին տարիքի տղամարդ մը, Ամանորը իր ընտանիքին հետ դիմաւորելու համար ժամանակաւորապէս կու գայ տուն, կը ժամանէ: Օդակայան տանող ճամբուն վերեւ կը տեսնենք տօնական լոյսեր, որոնք սարդոստայն կը թելադրեն: Խորհրդանշակա՞ն: Ապա դէպի իր հայրենի աւան տանող ճամբուն շուրջ` լերկ լեռներ եւ անխնամ տարարածութիւններ: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայկ պարտադրուած էր երթալ խոպան (արտագնայ աշխատանքի): Դրան շեմին զինք ուրախ կը դիմաւորէ տարեց մայրը (այլ ոչ` երիտասարդ կինը), նորածին երրորդ թոռնիկը գրկին: «Տե՛ս, քո սիրուն աչքերն ունէ»: Հայկ, սակայն, ուրախ չէ իր երրորդ որդին տեսնելով: Հեռաձայնի (ռուսերէն եւ հակիրճ) խօսակցութենէն հանդիսատեսը արագ կը կռահէ, որ ան 2-րդ ընտանիք մը կազմած է խոպանի մէջ, եւ որ իր վաստակը բաւարար չէ երկու ընտանիք պահելու: Այժմ բեռը աւելի եւս ծանրացած է: Հայկ դժգոհ է իր աւագ որդի Յակոբէն, որովհետեւ շնորհալի պատանին հակուած է երաժշտութեան` կիթառի: Բայց այդպիսով «չի կարելի տղամարդ լինել», իմա` «փող աշխատել», ընտանիք պահել: Ա՛յդ է Հայկին ցաւը, այլ ոչ խղճի խայթը` իր զաւակներուն մօրը դաւաճանած ըլլալուն համար: Հայկ կը յանդիմանէ եւ կը վշտացնէ Յակոբը, որ իր եղբօր «Ջան գառնուկ» երգին ընկերակցող հաճելի երաժշտութիւն պատրաստած էր(2): Հայկ կը վրդովի, երբ մայրն ու կինը կը միջամտեն: Կը զգայ, որ սէրը եւ նիւթականը կորսնցնելէ ետք, կը կորսնցնէ նաեւ իշխանութիւնը: Յակոբ նուիրուած է ընտանիքին: Զգայուն է: Ամանորի նուէր սիրուն յարմար պլուզը կը թողու եղբօր` պատրուակելով թէ չափը փոքր է: Կան կողմնակի բներգներ: Ընտանիքը կը տօնէ երկու Ամանոր: Հայկ հեռատեսիլը կը միացնէ ռուսական կայանի, թերեւս այդպիսով մտովի Ամանորը կը տօնէ իր մի՛ւս ընտանիքին հետ:
Ուշ գիշերին Յակոբ կ՛արթննայ աղմուկի պատճառով: Նստասենեակին մէջ Հայկ կը կոպտէ կինը: Կը մեղադրէ որդին սխալ դաստիարակելով: Դո՛ւ ես յանցաւոր: Խզումը եւ ցաւը յանգած են բռնութեան: «Ցաւացնում ես, Հայկ» … «Ի՞նչ գիտես դու ցաւի մասին» … «Երանի չգայիր, Հայկ» … Որո՞ւ ցաւն է աւելի խոր … Յակոբ քարացած է մուտքին մօտ: Մթութեան մէջ կը լսենք մօր-հօր ձայնը. «Աստուա՛ծ իմ» … ապա հայրը , «Յակո՛բ … Յակո՛բ …»
Առկայ են այլ բներգներ, ինչպէս` ընկերային յարաբերութիւններ, տիրող մշակոյթի երկուութիւնը, Փաշինեանի նսեմացումը` բաղդատած Փութինի… Այդ պիտի կարօտէր շատ աւելի լայն ժամանակի, քան` 18 վայրկեանի: Բայց «Կինոկենտրոն»-ի տրամադրած գումարը բաւարար էր այսքանին: Այսքանն ալ բաւարար էր, սակայն, հանդիսատեսը անհանգստացնելու: Առ այդ, բեմադրիչը խաղարկային ժապաւէնին տուած է որոշ վաւերագրական բնոյթ: Յակոբին կերպարը իր տարիքէն շատ աւելի հասուն կերպով մարմնաւորած է պատանի Արկադի Աղաբալեանը, իսկ հիանալի երաժշտութիւնը յօրինած է Արեգ Գալոյեանը:
Բ.- Յաջորդ կայարանը` դրախտ.- (Next Station Paradise) Յարութ Մաքեան, 2022, 25 վ:
Իբրեւ աղաղակող տարբերութիւն Ր. Մովսիսեանի «Ժամանում»-ին` ժապաւէնը ունի արտառոց ծաղրապատկերային (Մաքեանի բառերով` «գրոտեսկ» – grotesque) բնոյթ: Բացման տեսարանը կը թելադրէ, որ բեմադրիչին ցաւը, բազմաթիւ այլ աւաններու նման, լքեալ Կապանն է: Իւրաքանչիւր տարի Հայաստանը կը լքէ Կապանի (երբեմնի) բնակչութան հաւասար մարդ, կ՛ըսէ ծանուցում մը: Ադամ` բանաստեղծ տղայ մը, եւ իր մօտիկ ընկերը` Յարութ (Մաքեա՞ն !!!) կանգնած են երկաթուղային կայարանի առաջ, ուրկէ տասնամեակներէ ի վեր շոգեկառք չէ անցած(3): Ադամ կ՛արտասանէ`
«Ու ես փորձում եմ քայլել
Ու ես փորձում եմ լողալ,
Բայց ջուրը սառն է շատ …
… ու ես էլի դողալով
Հայելու դիմաց նստած, ու էլի գոռալով`
Յաջորդ կայարանս` դրախտ կը գնամ
(Ադամ դէպի երկինք գոռալով կ՛եզրակացնէ) Ինչո՞ւ ես լքել մեզ, Աստուա՛ծ…
Բանաստեղծութեան հեղինակը նոյնինքն բեմադրիչն է, որ քանի մը առիթով նշած է, թէ ժապաւէնը , որուն վերնագիրը ընգծած եմ արտասանուած տողերու մէջ, ունի կիսակենսագրական բնոյթ: Անգործ, անհեռանկար երիտասարդը կը դառնայ փողոցային խուլիկան, թմրամոլ, կը դիմէ մանր յանցագործութիւններու եւ կամ մարմնավաճառութեան: Միտքն ու հոգին կը խամրին:
«Ծեծ ուտելուց չե՞ս յոգնել», կ՛ըսէ Ադամ Յարութին (կողքի նկարը ցոյց կու տայ անոր վիրաւոր դէմքը) , ապա իր տաքարիւն, բայց թոյլ ընկերը, անոր սիրած մարմնավաճառ աղջիկը` Մերին, եւ անոր անդամալուծուած մարզիկ եղբայրը` Տիգոն, պաշտպանելու համար կը դառնայ բիրտ բոզատէր-կաւատ(4): Հաշմուած մարզիկը հարկադրուած է իր անուաւոր աթոռին քամուած դիտել, թէ ինչպէ՛ս իր քոյրը յաճախորդներու հետ կը մտնէ «Վարդագոյն մարդ»-ու մեռելաթաղ մեքենան, որ կը ծառայէ որպէս հանրատուն:
Ուշ գիշերին Յարութ Տիգոն կը տանի հեռու, նախ թմրանիւթով անոր երանութիւն կու տայ, կը պատմէ երջանիկ յուշեր եւ ապա վերջ կու տայ սիրած ընկերոջ տառապանքին` անուաւոր աթոռը գլորելով զառիթափն ի վար: Մահ` հաշիշով օծուն ու բալասանով:
Ժապաւէնին մէջ ներառուած է ձաղկ մը` «քաղաքէն» (իմա` Երեւանէն) եկած հիւրախաղի մը: Միջին տարիքի, ոչ չքնաղ կին մը «կրոթեսկ յուզումով կ՛արտասանէ Շէյքսփիրի «Լինել թէ չլինել»-է ետք ամէնէն ճանաչելի տողերը` Ժիւլիեթի պատշգամի մենախօսութիւնը` դիմելով որդիին տարիքով պատանիի մը(5):
Ժապաւէնին ամէնէն ցնցող դրուագը այն է, երբ Տիգոյին թաղումին ընթացքին քոյրը կը պարտադրուի յաճախորդի մը արտառոց պահանջին գոհացում տալու բաց գերեզմանէն միայն քանի մը քայլ անդին, մինչ «Վարդագոյն մարդ»-ը, մխացող բուռվարը ձեռին, կը կատարէ թաղման կարգ:
«Վարդագոյն մարդ»-ու կերպարը չունի աներկբայ մեկնաբանութիւն: Ան իրաւատէրն է մեռելաթաղ ինքնաշարժին եւ այդ իմաստով «դրամատէր»-ի կերպար է: Համասեռամոլ մըն է, որ իր վրայ վերցուց է հոգեւոր (կաթողիկանման, ոչ հայեցի) ծիսակատարութիւնը եւ ապա կազմակերպեց խորհրդանշական մրցավազք(6): Իմա վազք` դէպի երազանքներու իրականացում: Վազք, որ կ՛աւարտի մահով: Միեւնոյն «Վարդագոյն մարդ»-ը իր մեռելաթաղը (գործարքի միջոցը) կը վաճառէ Ադամին, որպէսզի Յարութ եւ Մերի փախչին, հեռանան )բայց դէպի ո՞ւր) : Ինչպէ՞ս առնչել այս բոլորը զիրար, ինչպէ՞ս առնչել այս բոլորը Հայաստանի դառն իրականութեան: Չունիմ պատասխան:
Աւարտական տեսարաններուն մէջ Ադամ դանդաղ կը քալէ դէպի լքուած կայարանի ամայի մթութիւն: Մաֆիոզներու սեւ ինքնաշարժը կը հետեւի անոր: Ադամ կը դառնայ եւ կը դիմագրաւէ զանոնք: Գիտէ, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն: Կը լսենք կրակոց: Ադամ չէր վճարեր «պաշտպանութեան հարկը»: Այդ կարելի է առնչել Հայաստանի իրականութեան: Մթին պատկեր:
Գ.- Լոյսի կաթիլներ (Light Drops, 2021, 90վ), Արման Չիլինգարեան:
Ժապաւէնի խորապատկերը Խ. Միութեան փլուզումին յաջորդող ցուրտ ու մութ տարիներն են: Բացման տեսարանին մէջ մշուշոտ (անորոշութիւն) լերկ լեռներու վրայ ծանծաղ խրամի մէջ ծուարած զինուորներ կը խօսին մարտական վարքի մասին: Օրինակ կը բերեն հռոմէական բանակը(9): Այդ բանալի մըն է վերծանելու համար հռոմէացի հարիւրապետի տեսիլը, որ շարունակ կը տանջէ գլխաւոր հերոս Արսէնը:
Արցախեան աղէտէն ետք կարելի չէ անվրդով լսել այդ տղաքը, երբ պարզ է, որ ղեկավարութեան (մեղմ ըսուած) ապիկարութեան պատճառով անոնք ի սկզբանէ դատապարտուած էին «թնդանօթի միս» դառնալու: Քիչ անց կը տեսնենք յենակէտի փտած հրամանատարը, որ չքաւոր զինուորներու հարազատներուն ուղարկած պարէնը կ՛իւրացնէ եւ սեռային ոտնձգութիւններ կ՛ընէ կին զինծառայողներու հանդէպ:
Արտապատկերային կերպով լսուող Ռ. Հախվերդեանի «Ճերմակ ձիս» երկը կը հակադրուի երկխօսութեան(7).
«Վերջին անգամ ների՛ր ինձ, Տէ՛ր,
Տե՛ս, կորցրել եմ քաջութիւնս,
Իջեցրել եմ իմ դրօշը`
Հպարտութիւն կոչուող նաւի …»
Արսէն չի կրնար իր արկածամահ ծնողքի թաղման մասնակցիլ, որովհետեւ հարուածած էր ընկերոջ, կոտրած` անոր կզակը եւ դատապարտուած` արգելափակման(8): Վէճին դրդապատճառը այն էր, որ այլ ընկեր մը չէր արտօնուած տուն այցելել, ապա` առանձին ուղարկուած հետախուզութեան եւ զոհուած: Արսէն կ՛արձակուի բանակէն, կը հասնի Երեւան եւ քալելով կ՛ուղղուի դէպի տուն, որովհետեւ վարորդին վճարելու դրամ չունի: Անցորդ մը իր ինքնաշարժով զինք ձրի կը փոխադրէ: Այդ ժապաւէնին դրսեւորած իրերօգնութեան առաջին դրուագն է: Տան դրացին (տպաւորիչ դերասանուհի Մարինէ Պետրոսեան) զինք կը դիմաւորէ հարազատ զաւկի նման եւ կը յանձնէ ծնողքի ձգած աւանդը. Հայկական անցագիրներ եւ զոյգ մը մատանի: Խորհրդանշական` ի հարկէ: Ժապաւէնին մէջ ակներեւ է կարօտախտը (նոսթալժի) երբեմնի նուազ «բիզնեսամոլ» մթնոլորտին: Սպիտակ սաւաններով (պատա՞նք) ծածկուած հօրենական տան մէջ կը տեսնենք անհոգ մանկութեան յիշողութիւններ արթնցնող լուսանկարներ եւ իրեր, ինչպէս` ծովեզերքէն բերուած խեցի:
Կը տեսնենք մանաւանդ մուտքի դրան կողքին կախուած պատմական զանգ մը(10): Խորհրդանշական զանգը կը ծառայէ նաեւ ժապաւէնին դրուագները ազդարարելու դերը: Առաջին զանգով կը տեսնենք, որ Արսէնին դրացի ընկերը, որ ճամպրուկը ձեռին կը լքէր իր մանկութեան «հայաթը», կը սթափի եւ քայլերը կ՛ուղղէ ետ:
Արսէն յաջորդ առաւօտ խունկ կը վառէ թարմ հողակոյտին վրայ, որուն կողքին զինք կը սպասէին ծնողքի ոգիները: Զինակից ընկեր մը, որ քահանայ ձեռնադրուած է, կը մօտենայ Արսէնին եւ վշտացած ընկերոջ կ՛օգնէ, որ հասկնան զիրար եւ բաժնեկցին իրարու ցաւերը: Հաշտութիւնը կը կայանայ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Պատանի Նարեկ իր մանկութեան խաղալիքները կ՛այրէ հիւանդ մօր թէյ պատրաստելու համար (տե՛ս կողքի նկարը): Լոյսի կաթիլ մը եւս, որ երանգ մը կը նօսրացնէ մութը եւ կը ջերմացնէ ցրտահար սրտերը:
Արսէնին սիրած աղջկան հայրը յենակէտի հրամանատարին միջոցով ծեծի կ՛ենթարկէ զինք, կ՛ապտակէ իր դուստրը եւ կ՛արգիլէ հանդիպումները: Բայց սէրը կը յաղթէ: Զոյգը կ՛ընթրէ իրարմով երջանիկ: Սեղանանման տախտակին վրայ կան մոմ մը, երկու շերտ հաց եւ հասարակ տուփեղէն մը:
Ժապաւէնը ունի բարեզարդ աւարտ: Վատառողջ կնոջ կը տեսնենք հիւանդանոցի մը մէջ` կնոջ անկողնի կողքի աթոռին վրայ քնացած: Դժկամ հայրը կը հաշտուի աղջկան ընտրանքին հետ: Հայաթին մէջ մանուկներ կը խաղան, մինչ մին բոլորին աղիւսներ կը բաժնէ, որպէսզի ջերմանան(11):
Արսէն բոլորը կը հրաւիրէ թատրոն` դիտելու համար աշքանազի հրեաներու կեանքէն առնուած թատրերգութիւն մը, որ համահունչ է իր կացութեան: Փոքր սրահին մէջ հայր ու ըմբոստ դուստր կողք-կողքի, համերաշխ կը դիտեն:
Աւարտական տեսարանին մէջ գիշերային Երեւանը կը լուսաւորուի: Լեւոն Թեւանեանի յօրինած նուազապաշտ գեղեցիկ երաժշտութիւնը կ՛արտայայտէ 90-ականներու ձայնոլորտը:
Վերնագիրը կարելի է կարդալ «Յոյսի կաթիլներ»: Բեմադրիչին առաջադրանքը եղած է մեղմել Հայաստանի մէջ տիրող անհանդուժողութեան թունաւոր մթնոլորտը եւ ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւն թելադրել: Տա՛յ Աստուած:
«Բոլորի Խաղաղութիւնը» եւ քանատահայ բեմադրիչներ
Դ.- «Բոլորի խաղաղութիւնը» (The Peace of All), Կերի Կանանեան, 77վ, 2023
Ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ, արժանթինահայ ժապաւէնը խաղաղութեան մարդասիրական կոչ մըն է` ի տես արցախեան աղէտին: Բայց ուշադրութի՛ւն, ինչպէս նոյն վերնագիրը լռելեայն կը թելադրէ, «Բոլորի»-ն կ՛ընդգրկէ նաեւ ազերին: Ժապաւէնը ուղղուած է օտար հանդիսատեսին. առ այդ, իրադարձութիւնները կը դիտէ օտարի «անաչառ» աչքերով: Այդ նախապայման է շահելու համար արեւմտեան հանդիսատեսին վստահութիւնը, միաժամանակ կրնայ ծառայել սթափեցնելու մեզմէ անոնք, որոնք կարիք ունին սթափելու, բոլո՛րս:
Բացման տեսարանները օտար հանդիսատեսին կը տեղեկացնեն օսմանեան պետութեան շրջանին գործադրուած քրիստոնեայ հպատակներու ջարդերը: Այստեղ հարկ էր յիշել քիւրտերու եւ այլադաւան մահմետականներու ջարդերը, որոնք (նուազ թափով) շարունակուեցան հանրապետական Թուրքիոյ մէջ(12):
Կան բազմաթիւ տեսակցութիւններ` բացառաբար արցախաբնակ հայերու հետ: Այդտեղ, ուր կ՛արտայայտուի կորուստը, ցաւը եւ խաղաղ ապրելու ցանկութիւնը: Բայց ուշադրութի՛ւն, կ՛արտայայտուին նաեւ ատելութիւնը, ոխը եւ արեան ծարաւը: Առաջին պատերազմին մասնակցած, այժմ տարեց մարտիկ մը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս չէ խնայած իր կեանքին համար պաղատող 18-ամեայ ազերին, քաշած` ատամները, ապա` սպաննած(13): Թէ ինչպէ՛ս, հետեւելով իր հրամանատարի օրինակին, ազերիի մը գանկով խմիչքի թաս պատրաստած է: Ի՛նչ փոյթ, ի վերջոյ անոնք բարբարոսներ են, մինչդեռ մենք արիական ցեղին կը պատկանինք: Վկայութիւնները հնարովի չեն: Աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ ցնցուած էի, երբ Արցախ առաջին այցելութեան ընթացքին լսեցի նման դրուագներու մասին: Առաւել մտահոգիչ էր, սակայն, ակներեւ սպառնացող վտանգի անտեսումը եւ անհիմն յոխորտանքը: Այժմ փոթորիկ կը հնձենք, արնաթաթաւ փոթորիկ: Մեր գլուխները աւազի մէջ թաղած չենք կրնար իրադարձութիւնները ճիշդ ընկալել եւ ըստ այնմ յառաջանալ: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ խրախճանքներ, որոնց կը մասնակցին բարձրաստիճան կրօնականներ եւ պետական այրեր:
Ժապաւէնը ապա ցոյց կու տայ ներկայ աղէտը` պատճառական (causal) կապ մը թելադրելով հանդիսատեսին: Մենք կը տեսնենք աւերն ու կորուստները: Տեսակցութիւններ` գերեվարուած, խոշտանգուած եւ ստորացուած հայ զինուորներու հետ: Կը լսենք Եկմալեանի հոգի խռովող «Տէ՛ր, կեցցո»-ն, երբ մարդիկ կ՛այրեն իրենց տուները: Սեւ հիւմը՞ր: Աւելի ուշ կը լսենք Սերժ Թանգեանի զայրոյթ երգը, ձեւով մը ձայնային կցում (մոնթաժ): Աւարտական տեսարաններուն մէջ կը տեսնենք տեղահանուած հայերու թշուառ իրավիճակը: Եռաբլուրին մէջ թարմ բլրակներ օրէ օր կ՛աւելնան: Բոլորը մէկ բան կը ցանկան, խաղաղութիւն: Ամէն գնո՞վ: Ի՞նչ եզրակացնել:
Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած են շարք մը թելադրական պատկերներ: Երբ կը խօսուի հողի հայկականութեան մասին, կը տեսնենք ազերիական լքուած պատմական գերեզմանատուն: Ապա` հայկական բանակի լքուած դիտակէտ` աշտարակ, ոչ պատմական գերեզմանատուն (տես կողքի նկարները): Նոյնինքն Պարգեւ սրբազանի ոգեշունչ քարոզի ընթացքին բեմի կողքին կը տեսնենք դատարկուած աւազի ժամացոյցը մը, պահը աւարտած է: Սեւաթոյր հիւմը՞ր: Աւելի ուշ կը տեսնենք ուղիի ճիւղաւորում մը, ուր ուղիղ ընթացող արահետը ընդհատուած է իսկ թեքողը կը շարունակուի, բայց, դէպի ու՞ր:
Ծանօթ չէ, թէ Համազգային փառատօնը ի՞նչ նկատառումներով ներառած է օտար հանդիսատեսի ուղղուած, օտար ակնոցով դիտուած քարոզչական ժապաւէն մը: Ի դէպ, բեմադրիչի խորհրդատուն եղած է պրազիլցի պատմաբան, դասախօս Heitor Loureiro, որուն հետազօտութեան դաշտերն են ցեղասպանութիւնն ու սփիւռքները, գիտաշխատող եղած է Մատենադարանին մէջ: Ունի հայերու վերաբերող 3 դրական թուացող հրատարակութիւններ, գլխաւորաբար (ինծի ոչ ծանօթ) փորթուգալերէն լեզուով (14,15): Ժապաւէնին ընկալումը ցաւոտ էր, բայց` ուսանելի: Մենք ոչ մէկ ձեռքբերում կ՛ունենանք իրարու հետ «տուն-տուն» կամ «աչխփուկ» խաղալով: Հարկ է տեղեակ ըլլալ, թէ օտարը, յատկապէս` Արեւմուտքի օտարը, ինչպէ՞ս կը տեսնէ մեզ:
—————————-
- Որոնց շարքին են.- Սերժ Աւետիքեան- «Վերադարձ դէպի Սէօլէօզ», Ովսաննա Շեկոյեան- «Գլխիվայր», Օրֆելիա Համբարձումեան, «Գիւղը, որ կանգնի», Վահան Գրիգորեան- «Ցեխ», …
Երգը ներառուած է Բ. կարգի երաժշտութեան դասագրքին մէջ: Այդ ցոյց կու տայ կրտսեր եղբօր տարիքը:
- Կայարանը այժմ կը վերածուի ակումբի: Տե՛ս կողքի զոյգ լուսանկարը:
- Մերի (Mary) կամ Մարիամ Աստուածամօր անունն է: Մեկնաբանելի:
- Միջին անգլերէնի անբաւարար իմացութեան պատճառով յաճախ «Wherefore art thou Romeo» կը թարգմանուի «Ու՞ր ես դուն, Ռոմէօ՛»:
- Կաթողիկէ գդակը եւ վարդագոյն հանդերձանքը կրնան ակնարկներ ըլլալ ֆրանսայի: Կերպարը հմայուած է յետսամասերով եւ կը կրկնէ ֆրանսական «rap» երգի մը բառերը.-« je veux te péter la rondelle, mon ami», որուն մեղմացուած թարգմանութիւնն է` «Կ՛ուզեմ ջարդել յետսամասդ»: Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած է նաեւ սեռային այլ արտառոցութին մը` տարահանդերձութիւնը (Transvestite կամ ֆրանսերէնով traversi):
- Երգը սիրային է, բայց ժապաւէնի պարունակին մէջ կ՛առնէ այլ իմաստ:
- Լքուած հօրենական տան մէջ կը տեսնենք Արսէնին ձեռնոցները:
- Այո՛, հռոմէացիք գերեվարուած զինուորները չէին սպաններ, բայց պատճառը: բարոյականութիւնը չէր: Առողջակազմ, մարզուած տղամարդիկ բարձր գինով կը վաճառուէին եւ յաճախ կը պարտադրուէին դառնալ «gladiator»-ներ (լատիներէնով` սուսերամարտիկ), իրենց արեան եւ կեանքի գնով զուարճացնելու համար զեխ Հռոմը:
- Բեմադրիչը կը տեղեկացնէ, որ զանգը պատկանած է Արեւմտահայաստանի «խոնարհուած» եկեղեցիի մը:
- Աղիւսը վառարանին վրայ կը տաքցուի եւ ապա կը տարուի պաղ անկողին:
- Ինծի ծանօթ վերջին սպանդը տեղի ունեցած է 1995-ին, Պոլսոյ մէջ:
- Վաւերականութիւնը շեշտելու համար ժապաւէնը կու տայ հայուն անունը` Կամօ Հայրապետեան:
- «Հայոց ցեղասպանութեան 100 տարի` ժխտողականութիւն, լռութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ, 1915-2015», 2019 (փորթուգալերէն), «Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմ. վիճարկումներ «զոհ» եւ «ցեղասպանութիւն հասկացութիւններու շուրջ ներկայ ժամանակներու մէջ»` 2021, Tempo e Argumento ամսագիր, Catholic Armenians in Brazil Cultura Teolցgica ամսագիր, 2023:
- Յետարդիական աշխարհահայեացի մէջ ընդունելի չէ աներկբայ զօրակցութիւն որեւէ դատի: Առ այդ, հարկ է մշուշապատել ոճրագործը զոհէն բաժնող սահմանագիծը:
Շար. 1