Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կինը Ծարաւ…

Մարտ 1, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Շնորհակալ առիթը ունեցայ դիտելու Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» վիպակի մենակատարութեամբ բեմակացումը` բեմադրիչ-դերսանուհի Նարինէ Գրիգորեանի կատարումով:

Մաթեւոսեանագիտութիւնս սահմանափակուած է «Տէրը» եւ «Մենք ենք մեր սարերը»  ժապաւէններու հեռատեսիլի կրկնուող դիտումներով եւ քանի մը պատառիկով:

Ելոյթի նախօրէին կարդացած եմ վիպակը, զոր դերասանուհին ասմունքեց բեմի վրայ, կը թուի թէ` տառացիօրէն:

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին պատրաստած պրոշիւրը կ՛օգնէ այդ բարդ գործը ընկալելու: Աւելի ճիշդ` հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կողմնորոշուած է բեմադրիչ-դերակատարը: Կու տամ անձնական ընկալումս:

Մաթեւոսեան ընթերցողին կու տայ կրկնուող թելադրանքներ (hint): Բացման նախադասութիւնը կ՛ըսէ. «Խանձարուրի կապերը լուռ քանդում էր մի փոքրիկ ամպ»: Փոքրիկ-խանձարուր-նորածին: Պատկերը կը կրկնուի աւարտական տողերուն մէջ: Կը կրկնուին նաեւ մահուան պատկերներ աղուէսի դիակ մը լերկ ծերպերու մէջ, կացնահար մեռնող տանձենին, իր ձագերը կերակրելու անկարող վիրաւոր գայլը, որ «կը հեռանայ  մեռնելու թաքուն մի տեղ»: Նորածին եւ մահ: Հերոսուհին որդեկորոյս մայր մըն է, որուն ցրտամահ նորածինի պատկերը տակաւին վառ է իր գիտակցութեան մէջ: Նոյնինքն Մաթեւոսեան իր «Ծառերը» վիպակին մէջ կ՛ըսէ, թէ ի տարբերութիւն մեզի` անասունները յիշողութիւն չունին, «հրեն, բաց դաշտում կովն արածում է` առանց յիշողութիւնների,  իսկ հորթին երէկ են մորթել»: Վիպակը անասունի մը մասին չէ: Հերոսուհին` Սաթիկը, վշտահար կին մըն է, որուն արտակարգ ներուժը զինք կ՛առանձնացնէ միւս կիներէն, ինչպէս այլաբանական հզօր գոմշուհի Սաթիկը կ՛առանձնանայ իր շուրջ որոճացող հլու այլաբանական կովերէն:

Գոմշուհիի տիրուհին զոհուած զինուորի մը մայրն է եւ այդ պատճառով մօտիկութիւն կը զգայ Սաթիկին:

Վիպակը ոդիսական մըն է, որովհետեւ հերոսը վտանգաւոր փորձութիւններէ փորձառութիւն կուտակելէ եւ թերեւս այլաբանականօրէն բեղմնաւորուելէ ետք կը վերադառնայ սկզբնակէտ հովիտ: Ուղեւորութիւնը, սակայն, կը կատարուի ոչ թէ իրական, գոյ աշխարհագրութեան վրայ, այլ Մաթեւոսեանի ներաշխարհի «երեւակայուած» (imagined) հայրենիքի մը մէջ, ուր կ՛ապրին` փչան որսորդ Ադամը, խեւ Մացակը, ալեհեր Սարգիս պապը, կթուորուհի Մանիշակը, հայկական գամփռը` ի հարկէ, եւ շարք մը այլ երեւակայածին կերպարներ (2,3): Այս առումով, Մաթեւոսեան նման է Համաստեղի, որ եղեռերգակն էր կորուսեալ «երեւակայուած» հովուերգական (Idyllic) հայրենիքի մը: Վիպակին հովիտը` սէգ լեռներով շրջապատուած (պաշտպանուած), ինչպէս Համաստեղի, այնպէս եւ Մաթեւոսեանի աշխարհը վտանգուած է: Կնոջ փոխնակ (surrogate) գոմէշը փոխնակն է նաեւ հեղինակին, կը պայքարի բնութիւնը (իմա` հայրենիքը) աղաւաղող եւ ապականող ասֆալտի, պեթոնի եւ թուջին (թափծու, ֆոնթ) դէմ, որոնք կը ծածկեն սեւ ցելերը, գոմշացուլի հետքերը եւ կ՛արգելափակեն կենարար ջուրը: Մաթեւոսեան բնագրին մէջ կը սպրդեցնէ իր այլախոհ հաւատամքը, թէ` «բնապաշտութիւնը պետականօրէն չի հովանաւորւում, բայց ինքը համոզուած բնապաշտ է»:

Բացայայտ բնապաշտական ակնարկ է  այն, որ յղանալու նախորդ գիշեր Սաթիկին «կ՛այցելէ Գոմէշների աստուածը»:

Կատարողական.- Բեմը նման էր գոմի կամ յարդանոցի, այլ ոչ` հովուերգական հովիտի: Խորքի ճակտին, շարունակ լուսարձակի տակ, երկփեղուած ծառի բունը կրնայ խորհրդանիշը ըլլալ կնոջ շարունակ մղկտացող խոցին: Բարի՛: Աւարտական տեսարանին մէջ ծաղկած ծառը ծածկեց խորապատկերը: Պարանը ե՛ւ գոմէշի պոչն էր ե՛ւ մտրակ ե՛ւ կալանք: Շա՛տ բարի:

Մաթեւոսեանի վիպակին մէջ կան կրկնուող գոյներ, ինչպէս` շէկ, կարմիր, սեւ, սպիտակ, զմրուխտ… գոյներ, որոնք կը կրկնուին Մինաս Աւետիսեանի կտաւներուն մէջ: (Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ Մինասի կնոջ դիմանկարը): Այդ չի կրնար զուգադիպութիւն ըլլալ: Հրանտ Մաթեւոսեան նոյնիսկ «Նա կարողանում էր սիրել» վերնագրով առանձին յօդուած  մը ստորագրած է  Մինասի արուեստին մասին: Սեւն ու կարմիրը ներկայ էին զգեստաւորումին մէջ: Շէկը` թերեւս յարդի կապոցներով: Զմրուխտը` առաստաղի լոյսերով: Բարի՛: Բեմի յառաջամասին աջ կողմը (ամենաուժեղ կէտ) կը սպասէր տակառը, որ կրնար ներկայացնել հովիտի առուակը, ջուրը: Գոմէշը ջրառատ վայրի անասուն է, բացի այդ` թերեւս կար նաեւ առասպելաբանական ակնարկ, հերոսուհին կրկին ու կրկին խմեց ջուրէն, թերեւս այդպիսով յղանալու, ինչպէս Ծովինար յղացած էր Սասնայ հզօր ծռերով:

Արտապատկեր ձայնային խորապատկերներ լսելի դարձան բացման տեսարանին ընթացքին, ինչպէս նաեւ` երկու կամ երեք անկիւնադարձային պահերու: Թմբուկներն ու փողերը կ՛արտայայտէին տագնապահար սրտի տրոփիւն եւ ահազանգ: Կ՛իմանամ, որ երաժշտական տպաւորիչ եւ յարիր հատուածները առնուած էն Arthus Bertrand-ի 2009-ին բեմադրած «Home» վաւերագրական ժապաւէնէն, որ բնութեան աւերը մատնացոյց ընող ահազանգ մըն է, ինչպէս ահազանգային է գոմէշին  կռիւը թուջին դէմ: Շա՛տ բարի: Աւարտական տեսարարանին մէջ յարիր էր Գոմէշի դիջիրիդուի միջոցով (լեռնային շեփոր) մռնչիւնը` ուղղուած չորս ծագերուն: Թուեցաւ նաեւ, թէ թմբուկներու կշռոյթը հեռու չէր հայկական յաղթական պարերու ձեւաչափէն:

Ակնյայտ է, որ կերպարը շատ մօտ էր Նարինէ Գրիգորեանի սրտին: Թերեւս ոչ միայն մօտ, այլ` մէջ: Ակնյայտ էր նաեւ դերասանուհիի ե՛ւ մնջախաղի ե՛ւ ասմունքի արտակարգ կարողութիւնը: Շա՛տ բարի:

Կերպարի լուծումը, սակայն,  գրեթէ անկարելի առաքելութիւն (mission impossible) մըն է: Ինչպէ՞ս համատեղել ցանկայարոյց կանացիութիւնը, քնքուշ թախիծն ու կոպիտ «գոմէշութիւնը»: Առանց նկատի ունենալու ասմունքային բաժինները, ուր հարկ է դառնալ կթուորուհի Մանիշակ կամ բոյնը վտանգուած մայր աղուէս: Արհեստավարժ դերասանուհին այդ կատարեց փոխն ի փոխ: Գոմէշներ ի հարկէ իրենց կոտոշներու ետին մարգարտածաղիկ չեն կրեր, բայց սպանական պարը սերտօրէն կ՛առնչուի ցուլի: Կարելի չէր երեւակայել այլ լուծում: Լայն բացուած սրունքները, օրինակ, կարելի է տեսնել ե՛ւ որպէս մեծ սեւ ծաւալ-գոմէշ, եւ` արու սպասող էգ: Կճղակի ազատումը չուանէն փոխարինուած էր դերասանուհիի ոտքերու ազատումով` կօշիկներէն: Բարի՛:

Կը մնայ հարցերուն մեծագոյնը, թէ որքա՞ն եւ ի՞նչ ընկալեց հանդիսատեսը:

Հաւանաբար` ոչ բոլորը եւ ոչ լիարժէք: Պատճառը ոչ թէ բեմադրութիւնը կամ կատարումն են, այլ` թատերակին բնոյթը:

Թատերակին դիպաշարը կուռ ագուցուած շղթայ մը չէ: Շարժիչ ուժը ոչ թէ իրապաշտ տրամաբանութիւնն է, այլ` խոցերով բեռնաւորուած ենթագիտակցութիւնը: Գոմշուհի-կնոջ պատումը Մաթեւոսեանի գիտակցութեան հոսքն է (stream of consciousness), որ յարիր չէ յոգնակի կերպարներու երկխօսութեան վրայ հիմնուած թատրերգութեան, բայց յարիր է մենաթատրոնի, ուր ներկայ է լոկ մէ՛կ գիտակցութիւն: Բարի՛: «Գոմէշը»-ի ոդիսականը ոլորապտոյտ «կարմիր թել» մըն է (իմա` Մաթեւոսեանի գիտակցութիւնը), որ կ՛անցնի երեւակայուած հայրենի  համայնապատկերի ցրիւ եկած խճանկարին ընդմէջէն: Հանդիսատեսը կը ջանայ բազմաճիւղ առնչութիւններ գտնել առ երեւոյթ պատահական յաջորդականութեամբ ներկայացող բեկորներուն միջեւ: Այս առումով,  գործը յետարդիական բնոյթ ունի:

Արտասահմանի հանդիսատեսին կը պակսի նաեւ հայրենի մշակութային յիշողութեան շտեմարանը: Յատկապէս` այն բաժինը, որ կուտակուած է խորհրդային շրջանին: Ի՞նչ կը խորհրդանշեն, օրինակ` երկրաբանները, որոնք գոմէշի կճղակը ազատեցին պարանէն: Ինչո՞ւ դերասանական շնորհ ունեցող հոլանտուհի աշխատաւոր կիներ պիտի գտնուէին հովիտի մօտկայքին: Ի՞նչ կը խորհրդանշէ թուջը …

Հուսկ բանք. ուրախալի է, որ թատերաշրջանը ընթացք առաւ հայրենի թատերակով մը, որ հանդիսատեսը կը մղէ խորհրդածելու, այլ ոչ` դիւրին ծիծաղի, որ հետք չի ձգեր իր ետին:

——————

(1).- «Երեւակայուած» բառը գաղափարական եզրի հանգամանք ստացաւ Benedict Anderson-ի «An imagined community» գիրքի հրատարակութենէն ետք (1983):

(2).- Հայերու` ճնշող մեծամասնութիւնը քաղաքացի եղած է Վանի, Ակնի, Խարբերդի, Թիֆլիսի եւ այլ ոստաններու մէջ: Ընտրած է արհեստներ եւ այլ ազատ ասպարէզներ, եւ ոչ` խաշնարածութիւն ու հողագործութիւն, որոնք եղած են քիւրտերու զբաղմունքները, ի հարկէ` զինուորագրութեան կողքին:

(3).- Ինչո՞ւ արդեօք Մաթեւոսեանի կերպարներու անուններուն եւ վիպակի վերնագիրին մէջ կը կրկնուի «Մ» տառը:

Նախորդը

Զրոյց

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 116-112

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?