ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Անվրէպ բազմամիլիառ տոլարի եկամուտ ապահովող բեմադրիչ Ք. Նոլանի («Օփընհայմըր» (Oppenheimer, 2023) ժապաւէնը կը ցուցադրուի ամէնուր, շքեղ սրահներու մէջ: Բարձր ճարտարագիտութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ Նոլան կը միտի կրկին շշմեցնելու իր համակիրները:
Ամբողջ 3 ժամնոց այս բարդ ժապաւէնին մասին հանգամանօրէն խօսելու համար անհրաժեշտ էր առնուազն երկու անգամ ուշադիր դիտել, բայց այդ կը պահանջէ շատ մեծ եւ տանջալի ներդրում, որ արդարացուած չէ: Կը նախընտրեմ այս վնասակար երեւոյթին արագ անդրադառնալ ոչ լիարժէք ակնարկով: Կը խնդրեմ ընթերցողին ներողամտութիւնը:
Բեմադրիչը.- Գերազանցօրէն յետարդիական Քրիսթոֆըր Ի. Նոլան (1970 – ), որ նաեւ գլխաւոր բեմագիրն է, «բռնած է» մերօրեայ գերազանցօրէն ծուլամիտ հանդիսատեսին բազկերակը: Կողքի երգիծանկարին մէջ Նոլան մեզ կը ձաղկէ. «Դուք իրապէ՛ս չէք ուզեր հասկնալ, կ՛ուզէք խաբուիլ»: Իր 2001-ին հիմնած Syncopy (ուշաթափութիւն !!!) արտադրական հաստատութեան խորհրդանշանն է լաբիւրինթոսը (maze): Սրբագրութիւն մը, խնդրեմ, յարգելի Նոլան, ոչ բոլո՛րը կ՛ուզեն խաբուիլ:
Նոլանի առաջին մեծ յաջողութիւնն էր (աւելի քան միլիառ տոլարի շահոյթ) «Մութ ասպետը», Dark Knight (Batman), որ օրէնք ու կանոնի (իմա` տիրող վարչակարգի) պաշտպան «գերմարդ»-ու կերպար մըն է: Գերմարդը Նիցչէի եւ ապա ցեղապաշտ նացիներու իտէալն էր: Խորհրդաւոր աւազակ մը յայտնաբերելու պատրուակով «Մութ ասպետը» վերահսկողութեան սարքեր կը հաստատէ ամբողջ ընկերութեան վրայ: Ահա թէ որքան ազատատենչ է Նոլան, որ կարճ ժամանակ ետք արձակեց եւս երկու «Մութ ասպետ»-ներ:
Բեմագրութիւնը հիմնուած է Քայ Պըրտ էնտ Մարթըն Ժ. Շերիւն-ի «Ամերիկեան Պրոմեթեւս» (American Prometheus: The Triumph and Tragedy of J. Robert Oppenheimer 2006) գիրքին վրայ: Հեղինակները Նոլանէն ստացած են աւելի քան 300 միլիոն տոլար: Կան առնուազն տասը այլ կենսագրական (նուազ բարենպաստ) գիրքեր, որոնք չեն յիշուիր Նոլանի կողմէ: Չի յիշուիր նաեւ Օփընհայմըրի դասախօսութիւնները պարունակող «Թռչող տրապեզը» (The Flying Trapeze: Three Crises For Physicists 1964), զոր շատ տարիներ առաջ հարեւանցիօրէն թերթատած եմ:
Որդեգրուած կենսագրականի վերնագիրը կը մատնէ խեղաթիւրումը: Պրոմեթեւս Զեւսի կողմէ դատապարտուեցաւ յաւիտեանս դաժանօրէն պատժուելու, որովհետեւ աստուածներու մենաշնորհ կրակը գողցած եւ տուած էր մեզի: Կրակը նախապայման էր մետաղագործութեան եւ առհասարակ քաղաքակիրթ կենսաձեւի: Իսկ Օփհայմըր տուաւ կործանիչ ռումբ մը, որուն համար շռայլօրէն պարգեւատրուեցաւ Զեւսի, իմա` նախագահ Թրումանի կողմէ:
Կենսագրական.- Ճուլիըս Ռոպըրթ Օփընհայմըր (1904-1967) Գերմանիայէն Նիւ Եորք ներգաղթած հրեայ ծնողքի զաւակ է: Եղած է փայլուն ուսանող, ունեցած` բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ, ինչպէս` հնդկական հոգեւոր գրականութիւն: Նոյն ուղղութեամբ հետաքրքրուած է տեսական բնագիտութեան բազմաթիւ ճիւղերով: Հակամէտ եղած է գործածելու թուաբանական չափազանց բարդ տարազներ, որոնք յաճախ սխալներ պարունակած են: Սխալները հետեւանք էին ոչ թէ անճարակութեան, այլ` արագ բարձրանալու ցանկութեան: Ռումբի ծրագիրի հովանաւորը բանակն էր, ո՛չ քաղաքական իշխանութիւնը: Բանակին անդամակցելու դիմումը մերժուած էր վատառողջութեան պատճառով: Եղած է մոլի ծխող, կանուխ մահացած` կոկորդի քաղցկեղով:
Օփընհայմըր ոստոստած է ճիւղէ ճիւղ, բայց` ոչ մէկ տեսութիւն ձեւաւորած: Թերեւս իր լայն ծանօթութեան շնորհիւ եղած է նաեւ հմայիչ դասախօս: Հմայած է իր ուսուցիչներէն մէկուն դուստրը` Ժան Թաթլոք, որ համայնավար մըն էր: Ժան անձնասպան եղած է 4 յունուար 1944-ին, երբ հիւլէական ռումբի ծրագիրը, շնորհիւ Օփընհայմըրի, մօտեցած էր բարեզարդ աւարտի: Օփընհայմըր Ժանի միջոցով յարաբերած էր համայնավար հակումներ ունեցող անձերու հետ: Այդ ծանօթութիւնները խնդրայարոյց եղած են հիւլէական ռումբի ծրագիրին կապակցութեամբ: Օփընհայմըր չունէր քաղաքական գործունէութիւն: «Ոչ ամերիկավայել գործունէութիւններ» հետապնդող «հաւատաքննիչ» յանձնախումբը առանց մեծ դժուարութեան համոզուեցաւ, որ վստահելի տարր էր, եւ ոչ թէ` ազատատենչ Պրոմեթեւս: Աւելի՛ն. Օփընհայմըր առաւ այդ յանձնախումբին իր գործակիցներն ու ուսանողները դատապարտող վկայութիւններ տալու ամօթալի քայլը: Հակաձախակողմեան խուճապի մթնոլորտին մէջ նման խարանում մահացու հետեւանքներ կրնար ունենալ (1): Յետ 50-ական թուականներուն, Օփընհայմըր ղեկավարած է բանակի աշխատանոցները, ատենապետ նշանակուած նորակազմ «Հիւլէական ուժանիւթի յանձնաժողովին» (Atomic Energy Commission): Այդ խղճի խայթէ կամ երկմտութենէ տառապելու ցուցանիշ չէ: Նոլանի պատկերումը պատմութեան խեղաթիւրում է` յաղագս Օփընհայմըրի հերոսացումին:
Խորապատկերը.- Փըրլ Հարպըրի ծանր հարուածը (7 դեկտեմբեր 1941) ստանալէ անմիջապէս ետք Միացեալ Նահանգներ սկսան Ճափոնը համատարած ռմբակոծումի ենթարկել թռչող ամրոցներ համարուող հսկայական (B29) օդանաւներու միջոցով: Գործադրուեցաւ համատարած կործանում եւ ածխացում: Կ՛ենթադրուի, որ մարդկային զոհերու թիւը կը տարուբերի 240- 900 հազարի միջեւ: Հիրոշիման միակ եւ առաջին զանգուածային սպանդը չէր: 230 քկ ծանրութեամբ հրկիզող E-46 ռումբերը Վիեթնամի մէջ գործածուած նափալմի նախատիպերն էին: Հետագայ այդ քայլը եւս խղճահար տառապանքի ցուցանիշ չէ:
Ճափոն արդէն իսկ պարտուած էր ռազմական առումով եւ ենթարկուած` խիստ պաշարումի: Ճափոն հեռու է իր բնակչութիւնը կերակրելու բաւարար սննդամթերք արտադրելէ: Այդ երկրին պետութիւնը, որ պատերազմի առաջին օրէն իսկ սննդամթերքի ամբարումն ու վաճառքը գրաւած էր, շատ լաւ կ՛ըմբռնէր, թէ երկարատեւ պաշարում` կը նշանակէր համատարած սով: Բազմաթիւ մարդիկ, ներառեալ` կարող զօրավար Այզնհաուըր, համոզուած էին, որ Ճափոն շուտով անձնատուր պիտի ըլլար` առանց հիւլէական ռումբի եւ կամ ցամաքահանումի ու արիւնալի ներխուժումի: Ճափոնի վարչապետ Սուզուքի բացայայտօրէն յայտնած էր, որ կարելի չէ պատերազմը շարունակել:
Ռումբի գործածութեան իսկական նպատակը քաղաքական էր, այդ ազդարարութիւն էր Խ. Միութեան, որ գրաւած էր արեւելեան Եւրոպան եւ ճափոնական կարգ մը կղզիներ: Այդ Պաղ պատերազմի առաջին կրակոցն էր:
Գիտնականներու դիրքորոշումը.- Բազմաթիւ առիթներով ակնյայտ դարձած է, որ մարդոց բարոյական ու հետեւաբար քաղաքական կեցուածքները անկախ են անոնց գիտական կարողութենէն: Հիւլէական ռումբի առնչութեամբ ծանօթ են միայն ականաւոր գիտնականներու դիրքորոշումները:
Այս ուղղութեամբ ամէնէն բախտորոշ օրինակը արդի քանակական բնագիտութեան (Quantum Mechanics) անկիւնաքարը համարուող «Անորոշութեան սկզբունք»-ը (Unertainty Principle) յայտնաբերող Հայզընպըրկն է (Werner Heisenberg 1901-1976), որ Հիթլերի կողմէ նշանակուած էր հիւլէական ռումբ արտադրելու ծրագրի ղեկավար: Տաղանդաւոր գիտնականը չէր կրնար ֆիւրհերը մերժել` առանց իր կեանքը վտանգելու: Վտանգը շատ լուրջ էր: Բայց իբրեւ աղաղակող հակադրութիւն Բ. կարգի գիտաշխատող Օփընհայմըրի խանդավառ ժիր ջանքերուն, 1932 թուականի բնագիտութեան Նոպելեան մրցանակակիր ականաւոր գիտնականը դիտմամբ ձգձգեց հաշուարկները` սպասելով պատերազմի աւարտին: Հայզընպըրկի ուղղամտութեան շնորհիւ` նացիական պետութիւնը հիւլէական ռումբ չունեցաւ:
Երկրորդ օրինակը ուժանիւթի հիմնական հանրածանօթ օրէնքը (E=MC^2) յայտնաբերող նոյնպէս (ոչ զարմանալիօրէն) Նոպելեան մրցանակակիր Այնշթայնն (1879-1955) է, որ Հիթլերի` վարչապետի (chancellor) դիրքը զաւթելէ կարճ ժամանակ ետք փախաւ: Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձր դիրքի վրայ փայլուն աշխատանք տանող Այնշթայն բուռն կերպով հակադրուեցաւ հիւլէական ռումբին: Դպրոցականներն իսկ կրնան իր տարազը գործածելով հաշուել, որ նուազ քան մէկ միլլիկրամ նիւթը կրնայ վերածուիլ Հիրոշիմայի ռումբի համազօր ուժանիւթի (2): Ոչ զարմանալիօրէն Այնշթայն ինքն էր, որ հիւլէական ռումբի ահազանգը հնչեցուց, երբ իմացաւ, որ գերմանացի գիտնականներ յաջողած են իւրանիոմի կորիզը արհեստական կերպով քայքայել: Այս կէտը Նոլանի ժապաւէնին մէջ շեշտուած է յաղագս Օփընհայմըրի արդարացումին: Կ՛օգտագործուի նաեւ այն անհեթեթ վարկածը, թէ Ճափոն եւս ունի հիւլէական ռումբի յառաջացած ծրագիր:
Այնշթայն ականաւոր փիլիսոփայ Ռասըլի (Bertrand Russell 1872-1970) հետ հիւլէական ռումբը դատապարտող հռչակագիր (մանիֆեսթօ) մը հրատարակեց, զոր, ի դէպ, Օփընհայմըր մերժած էր ստորագրել: Աւելի՛ն. Oփընհայմըր խաբէութեամբ համոզած էր իր աշխատակիցներէն Էտուարտ Թելլըրը, որ չհրապարակէ նախագահ Թրումընի ուղղուած իր աղերսագիրը, ուր կը խնդրուէր հիւլէական ռումբը չգործածել: Փաստաթուղթը կը կրէր 70 գիտաշխատողի ստորագրութիւնները:
Բազմավաստակ գիտնական Լինուս Փոլինկ, որ իր անունով կոչուած մասնիկներու շառաւիղը եւ ելեկտրական լիցքերը հաշուարկող երկու տարազ ունի, մերժած է Օփընհայմըրի` իր աշխատախումբին միանալու հրաւէրը: Միւս կողմէ` այլ ականաւոր գիտնականներ, ինչպէս` Է. Քոմբթըն, Էֆ. Պլոք եւ Ի. Ֆերմի գործօն մասնակցութիւն բերին ծրագիրին:
Թատերական.– Արդի բնագիտութեան հիմնադիր գիտնականներու բարոյական-քաղաքական կեցուածքներուն շուրջ շարք մը ժապաւէններու կողքին, ինծի ծանօթ են երկու թատրերգութիւններ:
Ա.- Էմ. Ֆրէյն «Քոփընհակըն» 1998.- Թատրերգութիւնը անդրադարձ-հակազդեցութիւն մըն է աւստրիացի լրագրող Ռ. Եունքի ( Robert Jungk 1913-1994) հեղինակած «Աւելի փայլուն քան հազար արեւներ» (Brighter than a Thousand Suns, 1956) գիրքին, ուր կը յիշուի, թէ Ն. Պոր (որ Հայզընպըրկի ուսուցիչն էր) զայրացած է կարդալով այն հատուածը, թէ Հայզընպըրկ խափանած է նացի հիւլէական ռումբի ծրագիրը եւ նոյնիսկ իրենց մէջ 1941-ի Քոփենհակըն հանդիպումի ընթացքին իրեն թելադրած է որդեգրել նոյն կեցուածքը: Ուսուցողական յաւակնութիւն ունեցող գործը կարդացած եմ կիսատ: Պարզ էր, որ գրուած է անձի մը կողմէ, որ բնագիտութեան հարեւանցի տեղեկութիւն, բայց ոչ տեսական պատրաստութիւն ունի: Ինչպէս կարելի է, օրինակ, որ Ն. Պորի կինը խօսի ծնանող հիւլէական բարդերու (breeder reactor) փլիւթոնիոմ արտադրելու մասին` առանց իմանալու, թէ հիւլէական քայքայումը (fission) ի՛նչ է: Բռնազբօսիկ երկխօսութիւնը ունի մէկ նպատակ, հանդիսատեսին թելադրել, որ Հայզընպըրկ բարոյապէս գերադաս չէր Պորէն:
Բ.- Թոմ Մորթըն-Սմիթ, «Oppenheimer» 2018 պատմական վաւերականութենէ զուրկ թատրերգութիւնը համահունչ է Նոլանի ժապաւէնին: Օփընհայմըր (կամ փաղաքշականօրէն` «Oppie») համակրելի հանճար մըն է, անբաղդատելիօրէն գերազանց` իր շրջապատի գիտաշխատողներէն: Կերպարները, հետեւաբար եւ` հանդիսատեսը, անկարող են հասկնալ անոր հոգեբանութիւնը: Այդ ի հարկէ կը ծառայէ ջրելու անոր ուղղուած մեղադրանքները: Բացի այդ` թատերգութեան ամէնէն ուշագրաւ տեսարանը այն է, ուր գիտաշխատողները իրենց ուղեղները կը փոթորկեն կանխելու համար նացիական ռումբը: Այդ եւս Նոլանի հիմնական դրոյթներէն մէկն է, թէ` Օփընհայմըր իր ռումբը կը պատրաստէր կործանելու համար Երրորդ Ռայխը, որպէսզի փրկէ աշխարհը (հանդիսատեսը) անոր չարիքէն:
Բաղադրական.- Ուսանելի է հակիրճ ակնարկել Նոլանի տեսա-լսողական գործերու բաղադրիչներուն:
Տեսողական բաղադրիչին մէջ առաջին հերթին կը հանդիպինք էաբանական յաւակնութիւն ունեցող ականաւոր քերծագրանկարիչ (etching) Էշըրի (M. C. Escher 1898 -1971): Էշըրի տպածոները անկասկած հետաքրքրական են, կրնան դիտողը պահ մը գրաւել: Ծանօթ է իր անկարելի կառոյցներով, որոնք ունին յաւակնոտ վերնագրեր` ինչպէս` վերի «Յարաբերականութիւն» գծապատկերը, որմէ ներշնչուած կրնայ ըլլալ Նոլանի «Մեկնարկ» (Inception 1999) ժապաւէնի դրուագ տեսարանը (3): Էշըրի գործերը արհեստականօրէն թատերականացուած (dramatized), մտացածին կառոյցներ են: Իր հիմնական դրոյթը այն է, թէ իրականութիւնը կարելի չէ հասկնալ կամ պատկերել: Այդ համահունչ է Նոլանի էաբանութեան (ontology):
Էշըր, ինչպէս Նոլան, թուաբանական, գիտական կրթութիւն կամ հմտութիւն չունէր: Ճարտարապետութեան ճիւղին մէջ շատ արագ ձախողելէ ետք անցած է զարդարուեստի (decorative) բաժանմունք, ուր շատ արագ փայլած է: Հարկ է նշել, որ նկարչութեան մէջ տեսողական խաբկանքի (illusion) փորձերը սկսած են առնուազն 4 դար առաջ (4):
Իսկ լսողական բաղադրիչին մէջ կ՛իշխէ գերման Հանս Ցիմըր (Hans Zimmer, 1957-), հոլիվուտեան յօրինող մը, որ իր ճարտար տարազին (formula) շնորհիւ` աւելի քան 150 յաջող (իմա` շուկայական) ժապաւէններու երաժշտութիւն մատակարարած է: Տարազը, որ ոմանք կ՛որակեն «նուազապաշտ վիպականութիւն» (romantic minimalism), կը կայանայ ճարելու մէջ պարզունակ, թերեւս միայն 4 ձայնանիշերէ բաղկացած միաձայն (monophonic) մեղեդիները, որոնք կ՛ընթանան գործողութեան զուգահեռ (4): Այդ մեղեդին ապա ճարտարօրէն կը պաճուճուի հմայելու համար հանդիսատեսը (5): Հետաքրքրական է, որ Ցիմըր, ինչպէս Էշէր, յաճախ կը գործածէ բազումս կրկնուող կառոյց մը: Այդ ձեւաչափը կը կոչուի օսթինաթօ, որ իտալերէն կը նշանակէ «յամառ» (obstinate): Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ նմուշներ: Ցիմըր կը գործածէ ելեկտրոնային երաժշտութիւն, որ յաճախ կը նմանակէ (simulate) սուր շեփորները եւ հարուածային գործիքներ: Ցիմըրի ոճը շատ դիւրաճանաչ է, համացանցի վրայ կան կայքեր, որոնք կը սորվեցնեն յօրինել «Ցիմըրի նման»: Մինչդեռ չկան նման կայքեր, օրինակ, Շոսթաքովիչի եւ կամ Պարթոքի վերաբերող: Միւս բաղադրիչը ներշնչող Էշեր եւս դիւրաճանաչ էր: Դիւրաճանաչութիւնը ժողովրդականութիւն (իմա՛ առատ դրամ) շահելու կը ծառայէ. Ցիմըր ըսած է, որ իր ամէնէն ցցուն յատկանիշը «խաղայնականութիւն»-ն է (playfulness), ակադեմական դրոյթներու անտեսումը: Այդ եւս կրնայ որոշ շրջանակներու մէջ ժողովրդականութիւն շահիլ:
Ժապաւէնը.- Նոլանի միտք բանին հանդիսատեսի ուշադրութիւնը շեղել է ահաւոր ոճիրի պատասխանատուութենէն: Ցաւոտ իրականութեան արժեւորումէն ի՞նչ կը փոխուի, եթէ իմանանք, որ երիտթուրք եւ կամ նացի ոճրագործ մը, որոնց հետ սիրաբանած եւ ինչպիսի հոգեկան տուայտանքներ ունեցած է: Միւս կողմէ` ժապաւէնը լուռ կ՛անցնի շուրջ հինգ հարիւր հազար ճափոնցի քաղաքացիներու վրայէն, որոնք հրկիզուեցան ռմբակոծումներու ընթացքին, նոյնքան մը եւ թերեւս աւելին հաշմուեցան ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Տասնեակ տարիներ ետք մարդիկ տակաւին տառապահար կը մեռնէին քաղցկեղով: Ռումբի փորձերը քաղցկեղ պատճառած են մեքսիքական ծագումով տեղացիներուն, նոյնինքն` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նոլան անտեսած է նաեւ զանոնք: Այլ բեմադրիչներ, ինչպէս Էյ. Ռեսնեյս (Hiroshima mon amour 1959), անհաղորդ չեն մնացած արհաւիրքին:
Առ այդ, Նոլան կը խճճէ աւելի քան պատումներ եւ տարօրինակ կերպարներ: Մերթ ընդ մերթ կաթսայ կը նետէ բնագիտական պատառներ, զորս ոչ ոք (ներառեալ` բեմադրիչը) կը հասկնայ: Ժամանակը կ՛ոստոստէ ետ ու առաջ: Յիշողութիւնները (flashback) խեղուած են, ոչ մէկ ասք հաւաստի է: Հաւաստի չէ մանաւանդ պատումին բարոյականը: Այնշթայն, որ հակադրուած էր ռումբին, կը թուի ըլլալ Օփընհայմըրի մտերիմ եւ սիրալիր խորհրդատուն, մինչդեռ նոյնինքն Օփընհայմըր 1966 թուին «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին ուղղուած նամակին մէջ ըսած է, որ ինք եւ Այնշթայն պարզապէս «քիչ մը ընկեր են» (something of a friend): Հանդիսատեսին կը թելադրուի, որ Այնշթայն եւս թերեւս բարոյապէս գերադաս չէր Օփընհայմըրէն:
Հուսկ բանք. ընկալումի շփոթը եւ բարոյական երկբայութիւնը հանդիսատեսը կը տանին դէպի ապակողմնորոշում եւ հետեւաբար` ապաքաղաքականացում եւ զանգուածային լուսանցքայնացում: Այդ կը ծառայէ տիրող կարգի անխռով գոյատեւման: Նոլան իր ակներեւ ճարտարութիւնը դրած է ի սպաս վայրագ դրամատիրութեան եւ ոչ զարմանալիօրէն «աշխատած» մեծ գումարներ: Շատ ճարտար Նոլան շատ վտանգաւոր հակայեղափոխական մըն է:
(1).- Այդ զոհերէն մէկը զարմիկս Չարլին էր, որ շատ կանուխ մահացաւ անգործ եւ թշուառ:
(2).- Ռումբը համազօր էր 15 քիլօթոն TNT-ի: Այսինքն 6.3×10^13 Joule . m = E/C^2 = (6.3×10^13)/(9×10^16) = 7×10^-4 Kg այսինքն նուազ քան 1 միլլիկրամ:
(3).- Այնշթայնի յարաբերականութեան երկու տեսութիւնները ոչ մէկ առնչութիւն ունին ընկերային բարքերու եւ բարոյական արժէքներու հետ: Մասնաւոր տեսութիւնը (Special Theory) նոյն երեւոյթի երկու անփոփոխ արագութիւն (այսինքն զերօ արագացում [acceleration] համակարգերու [reference frame]) մէջ կատարուած չափումներու յարաբերութիւնն է: Երեւոյթի կշռոյթը, օրինակ, կրնայ թուիլ դանդաղ: Ընդհանուր տեսութիւնը (General Theory) կը վերաբերի արագացումի (ձգողութեան) եւ տարածաչափերու կորացումին: Աստղերը, օրինակ, կրնան թուիլ իրենց իսկական վայրէն շեղած:
(4).- Քամերուն Ի. Սմիթ, Մագիստրոսական աւարտաճառ 2017 «An Analysis of Film Score Production and Composition Traits implemented within the works of Hans Zimmer»:
(5).- Մեղեդին տարափոխութիւններու (variations) ենթարկելու հնարքը դասական երաժշտութեան մէջ սկսած է մօտ 4 դար առաջ, Պարոք ոճի մէջ: