Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նռան Գոյները Բ. Քանատահայ Բեմադրիչներ

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ծանօթ.- Հայաստանեան երեք ժապաւէններու ակնարկներ ներառուած էին Ա. մասին մէջ:

Ա.- Կարինէ Թորոսեան.- Ծնած է Պուրճ Համուտ: Ընտանիքը 1978-ին կը գաղթէ Քանատա, ուր Կարինէ կը մասնագիտանայ լուսանկարչութեան մէջ: Ապա Էկոյեանի հետ «Օրացոյցը» (Calendar 1993) ժապաւէնին մէջ (որուն գլխաւոր կերպարը լուսանկարիչ մըն է) սերտ գործակցութենէ ետք կ՛որոշէ անցնիլ շարժապատկերի բեմադրութեան ասպարէզ: Ունի աւելի քան 20 կարճամեթրաժ ժապաւէն: Արժանացած է շարք մը մրցանակներու:

Թերեւս իր լուսանկարչական հակումին եւ հմտութեան յենած` Թորոսեանի ժապաւէնները ընդհանրապէս կայուն պատկերներու շարժուն (kinetic) կցումներու (collage) գրեթէ քաոսային հոսքեր են: Պատկերները պղտոր են, կտրատուած, կիզակէտէ դուրս (out of focus): Կը թելադրեն մշուշոտ կիսկատար շփոթ յուշեր դասաւորելու տագնապը: Պատկերները դիպաշար մը չեն դառնար: Թորոսեան յետարդիական բեմադրիչ մըն է: Յետարդիականութիւնը չունի պատում, որովհետեւ չունի ասք:

Հիմնական բներգն է կարօտախտը  եւ որոնումը` ինքնութեան ու պատկանելիութեան, որոնք խուսափուկ են, թերեւս նաեւ` խաբուսիկ:

Թորոսեան փառատօնին կը մասնակցի երկու ժապաւէններով:

1.- «Այստեղ-այնտեղ» (Here and There) 21 վ. 2019

Ժապաւէնը փոխանորդով (surrogate) կատարուած ուխտագնացութիւն մըն է դէպի իր ծննդավայր թաղերը: Իր առաջին ժապաւէններէն «Girl from Moush»-ի մէջ   («Աղջիկ մը Մուշէն», 6վ, 1993) հերոսուհին հեռաձայնի պաշտօնեայէն  կը պահանջէ զինք կապել իր հայրենիքին: Ոչ մէկ այլ տեղեկութիւն կու տայ: Այս ժապաւէնին մէջ երիտասարդուհի մը Պէյրութ բերած է ծրար մը, որուն հասցէն ոչ միայն անբաւարար է, այլեւ կը թուի խծբծուած եւ փոփոխուած: Անորոշ հեռաձայնային խօսակիցի մը փոխարէն` ունինք անվերծանելի նամակատարական հասցէ: Յոյժ յետարդիական գաղափար: Ծրարը կրողը փոխանորդն է անյայտ հասցէով իր հայրը (իմա` ինքնութիւնը) փնտռող աներեւոյթ դստեր, բայց ակնյայտօրէն փոխանորդն է Թորոսեանի, որ այդ պատրուակով հանդիսատեսը կը տանի իր մանկութեան աշխարհը, իմա` ծննդավայրը: Ժապաւէնը մերթ ընդ մերթ ցոյց կու տայ աղջնակի մը խաղերու տեսերիզի մշուշոտ հատուածներ: Անոնք, ըստ երեւոյթին, կու գան փոխանորդներու մանկութենէն, բայց կարելի չէ այդ աներբայօրէն ընդունիլ: Կը տեսնենք կոշտ կամ  նուրբ ցանցեր, որոնք կը խափանեն ուխտաւորի, հետեւաբար եւ մեր  հասողութիւնը կամ մեր տեսողութիւնը: Կան, ուրեմն, արտապատկերային հանգամանքներ, որոնք կը խանգարեն կամ կը խոչընդոտեն հօր (իմա` պատկանելիութեան) փնտռտուքը: Այսուհանդերձ, ի զարմանս հանդիսատեսի  (յատկապէս իմ), ուխտաւոր երիտասարդուհին իսկապէս կը գտնէ իր հօր տարիքին առանձին (մնացած) տղամարդ մը: Պահարանը կը պարունակէ իր կորած դստեր հասցէն: Տղամարդը, սակայն, ոչ մէկ ակնյայտ  յուզմունք կ՛արտաբերէ: Ինչպէ՞ս հասկնալ այդ հակաբարձրակէտ աւարտը: Արդեօ՞ք նախնիները անտարբեր են յաջորդ սերունդներուն հանդէպ:

2.- «Կառոյցը փտած է, ընկեր»  (The Structure Is Rotten, Comrade, 10վ., 2019)

Փառատօնին միակ գծագիր ժապաւէնն է, նոյնանուն նկարազարդ գրքի (La structure est pourrie, camarade, 2017) պատկերներու կենդանի կցում մըն է: Գիրքին հեղինակը բեմադրիչին ամուսին, նոյնպէս լիբանանահայ երգիծագիր Վիգէն Պէրպէրեանն է, որ բեմագիրն է Թորոսեանի շարք մը այլ ժապաւէններուն (1): Գծապատկերները կը պատկանին ֆրանսացի նկարիչ Եան Քըպպիի: Վերնագիրը առնուած է 1968 մայիսի ուսանողական ըմբոստութեան լոզունգներէն: «Կառոյց»` կրնայ նշանակել նաեւ տիրող վարչակարգը, անոր բարոյական համակարգը:

Ժապաւէնի առ երեւոյթ բներգը Երեւանի դիմագիծի աղաւաղումն է, հաւաքական յիշողութեան ջնջումը: Տուֆի ջերմութիւնը սփռող պատմական շէնքերու փոխարինումը` սառն աշտարակներով:

Կեդրոնական կերպար փոքրիկն Ֆրունզ իր շինարար հօրմէն կը սորվի սիրել «ցեմենտ»-ը (մեր բարբառով ֆրանսերէն beton), կ՛ընկալէ նաեւ, որ սէրը ցեմենտի «ձեւին» է, ոչ փողին: Մանուկի թօթոված առաջին բառն է` «պեթոն»: Ֆրունզ կը մեծնայ եւ կը դառնայ ճարտարապետական ֆաշիզմի քարոզիչ դասախօս մը  Երեւանի մէջ: Ֆրունզ ակնոց կը կրէ գլխուն ետեւ (իմա` աչք կը փակէ), երբ քանդող կռունկներու գունդերը անխնայ կ՛աւերեն մշակութային ժառանգութիւնը: Կ՛անտեսէ իր ոտքերուն փարող քաղաքացիները, որոնք կը խնդրեն, որ դադրեցնէ սպանդը: Ի վերջոյ համբերութեան բաժակը կը յորդի, եւ քաղաքացիք կը դիմեն բռնութեան: Այդ թերեւս ակնարկ է ընդվզումի այն մեծ ալիքին, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» ճարտարօրէն առեւանգեց եւ… խեղդամահ ըրաւ: Ինչեւիցէ, ցուցարարները Ֆրունզի հայրը կը սպաննեն իր ցեմենտ աշտարակէն վար նետելով: Խորհրդանշական արարք: Ֆրունզ ջարդուած գլուխով կը փախչի Փարիզ, իր մօր մօտ եւ կը դառնայ զուգարանի աթոռներ ձեւաւորող պաշտօնեայ մը (2): Անփառունակ վախճան:

Կրնայ թուիլ, թէ վէպը հաւանաբար կոչ մըն է բուռն ըմբոստութեան, բայց վէպն ու բեմադրութիւնը աներկբայ թելադրանք չունին: Յետարդիականութիւնը այդ չ՛արտօներ: Պէրպէրեան կը հաւատայ, որ հիւմըրը ողբերգութեան կարեւոր բաղադրիչ է:  Պատկերազարդ վէպը, սակայն, հեռու է խռովարար սեւ հիւմըրը ըլլալէ:

Ֆրունզ ներկայացուած է որպէս համակրելի կերպար, որ իր ծնողքի գերիշխանութեան տակ է: Կը տեսնենք ցուցամատը իր վրայ թափ տուող բարձրադիր հայրը: Ֆրունզ անդադար կը խճճուի մազերու մէջ, որոնք իր մօր անընդհատ «հոգատարութեան» խորհրդանիշն են: Ֆրունզ անկեղծօրէն կը հաւատայ, որ իր ծրագիրը յօգուտ Երեւանի գեղեցկացման եւ հզօրացման է:

Կռունկներու քանդող գունդերը մութ ու սպառնալից չեն, այլ` գունազարդ պարող փուչիկներ: Մենք չենք տեսներ որեւէ գեղեցիկ կառոյցի աւերում: Թորոսեանի պատկերները երբեք կայուն ու աներկբայ ընկալելի չեն: Պատումը կցկտուր, ոստոստուն եւ շփոթ է: Այդ կրնայ անհատական մակարդակի վրայ յուզմունք յառաջացնել: Բարի՛. այդ իր ոճն ու ընտրանքն է, բայց մայրաքաղաքի դիմագիծի այլանդակումը հաւաքական հարց է, ամբողջ հայութեան հարցը: Հարկ է յեղափոխական խռովարարութիւնը, որ ունենայ յստակ, իմանալի եւ իրագործելի առաջադրանք:

Բ.- Ատոմ Էկոյեան , Եօթը քողեր (Seven Veils) 107 վ., 2023

Մատթէոս աւետարանիչի յիշած մերկապարը հրահրած է բազմաթիւ արուեստագէտներու (եւ ոչ միայն) երեւակայութիւնը: Օսքար Ուայլտի «Սալոմէ» թատրերգութիւնը (1891) բեմադրուած է 1896-ին (3): Ռ. Շթրաուսի նոյնանուն օփերան (1904)  ներշնչած է Վ. Սուրէնեանցը (1860-1921), որուն ծանօթ «Սալոմէ»-ն (1907)  ընթերցողը հաւանաբար տեսած է Ազգային պատկերասրահին մէջ (Տե՛ս վերի նկարները):

Առաջին ժապաւէնը (Tanz der Salome O. Messter) նկարուած է 1906-ին, մեր «Նամուս»-էն մօտ երկու տասնամեակ առաջ: Անոր հետեւած են բազում այլ ժապաւէններ, որոնցմէ ինծի ծանօթ նորագոյնը բեմադրած էր «Կնքահօր» (Godfather) անուանի դերասան Ալ Փաչինօ, 2013-ին:

Տղամարդու մը համար մերկապար կատարել` կը նշանակէ զինք հրաւիրել կենակցութեան (4):   Իշխանուհի Սալոմէ մեծն Հերովդէսի Արքելաւսի թոռն էր (5): Հերովդէս Անթիպաս իր մօր երկրորդ ամուսինն էր: Թագաւորը նաեւ իր խորթ հօրեղբայրն էր: Ուրեմն առկայ է (մասնակի թէ լիարժէք) տոհմապղծութիւն: Բներգ մը, որ առկայ է Էկոյեանի շարք մը ժապաւէններուն մէջ, ինչպէս` «Արարատ» (2002), «Հարազատը» (Next of Kin 1984) եւ մանաւանդ «Անուշ անդենական» (Sweet Hereafter 1997), ուր պղծարարը աղջկան հարազատ հայրն է: Էկոյեանի այս մտասեւեռումը նիւթ դարձած է դոկտորական աւարտաճառի մը, որ ապա հրատարակուած է որպէս 280 էջանոց գիրք, որուն վերնագիրն է «Ատոմ Էկոյեան, տոհմապղծումի կիրքը» (by T. G. Hortiguela, Egoyan, la pasión del incesto, 2010):

Ժապաւէնին դիպաշարը ձեւաւորուած է գոհացնելու համար Էկոյեանի երկու այլ նախասիրութիւններ: Առաջինը յետարդիական գործերու գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը եղող ինքնաակնարկն է (auto-reference) (6): Այս նիւթին շուրջ կայ լայն գրականութիւն (7):

Յետարդի արուեստը կը խօսի արուեստի (այսինքն` ինքնիր) մասին, ոչ արտաքին իրականութեան: Էկոյեան տեսակցութեան մը ընթացքին այդ յայտարարած է բացայայտօրէն. «Կերպարը կը վերադառնայ այլ ժամանակէ մը գործը վերասակագրելու (recalibrate) համար (8, 9):

Կերպարը Էկոյեանի երկրորդ հանգրուան փոխանորդն է: Ժանին (Jeanine) կը բեմադրէ իր Յովհաննէս  Մկրտիչի գլխատումը, մահացած խորհրդատու բեմադրիչի անաւարտ գործը: Բեմադրիչը, իր կարգին, նոյնինքն Էկոյեանի փոխանորդն էր: Կերպարները դուրս կու գան ռուսական մաթրիոշքա իրարու մէջ տեղաւորուող պուպրիկներու նման: Էկոյեան Շթրաուսի «Սալոմէ»-ն բեմադրած է 1996-ին, ապա նաեւ` երկու անգամ: Ներկայ ժապաւէնը երրորդն է: Ժապաւէնը խորքին մէջ մեկնաբանութիւն մըն է ստեղծագործական գործընթացի շուրջ, այլ` ոչ Յովհաննէս Մկրտչի գլխատումին:

Ժապաւէնին ձեւաչափը կը գոհացնէ բեմադրիչին այլ նախասիրութիւն մը եւս` տեսերիզներու եւ այլազան ու այլաբնոյթ տեսողական նիւթերու օգտագործումը: Էկոյեան այս ժապաւէնի պարագային ունի ընդունելի, նոյնիսկ գովելի հիմնաւորում. «Սալոմէ» օփերան արտասովոր էր այն իմաստով, որ Շթրաուս օգտագործած էր ձայներու ոչ աստիճանային (a-tonal) «երանգապնակ», չէր սահմանափակուած քանի մը ներդաշնակ «բանալիներով»: Էկոյեան, իր կարգին, չի սահմանափակուիր իր տեսողական «երանգապնակով»: Բարի՛:

Էկոյեանի ժապաւէնին հերոսները  առանց բացառութեան դիւահարներ են, անցեալի խոր, անբուժելի խոցերը  կը հալածեն զիրենք: «Եօթը քողեր»-ուն մէջ այդ  հասած է ծայրայեղութեան: Ըստ սուրբգրային պատումին, Սալոմէ իր խորթ հօր  հիւանդագին ուշադրութեան առարկան էր կանուխ տարիքէն: Կերպարը` Ժանինա, նոյնպէս կանուխ տարիքէն դարձած է ոչ թէ մէկ, այլ երկու հայրանման տղամարդոց ախտաւոր «ուշադրութեան» առարկան: Ժանինին հրահրուած խոցը ուրեմն եռակի է: Էկոյեան այդտեղ չի կանգնիր: Ժանին հիւանդագին յարաբերութիւն կ՛ունենայ իր խորհրդատուին հետ, որ նախքան իր վաղահաս մահը` Ժանինին «կը կտակէ» Սալոմէի բեմադրութիւնը: Խոցը կը քառապատկուի: Այս անհաւանական ու արտառոց չափազանցութիւնը վստահաբար դիտաւորեալ է: Էկոյեանին իւրաքանչիւր քայլը կշռադատուած է: Կը թուի, թէ այս ժապաւէնին մէջ ինքնավերագրումը հասցուցած է ինքնաքննադատութեան, նոյնիսկ` ծանակի: Ժապաւէնը կարելի է համարել իր տոհմապղծական բներգներու գեղեցիկ ծաղրագրութիւնը (parody): Ժապաւէնին ամէնէն տպաւորիչ տեսարանը Ժանինի ստուերախաղով ներկայացուած պայքարն է զինք հալածող անցեալի դեւերուն դէմ (Տե՛ս կողքի նկարը): Դիւամարտ մը, որ ի հարկէ չ՛աւարտիր դիւահանութեամբ:

Անձնապէս կը փափաքէի, որ Էկոյեան իր անվիճելի տաղանդը ի գործ դնէր մեր հաւաքական ստուերներու գեղարուեստական դիւահանութեան, այլ ոչ թէ սեռային ախտաւոր հանգոյցներու պաստառումին:

Մրցանակներ.-  Դատական կազմը, որ կը բաղկանար շարժապատկերի քանատական ճարտարարուեստին մէջ գործօն երեք քանատահայերէ, շուրջ չորս օրուան խորհրդածութենէ ետք յայտարարեց մրցանակները` խաղարկային դասին մէջ` ականաւոր Ատոմ Էկոյեանի «Եօթը քողերը», վաւերագրական դասին մէջ` ականաւոր ֆրանսահայ դերասան-բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանի «Վերադարձ դէպի Սէօլէօզ», որուն նախապէս անդրադարձած եմ (10),

փորձառական-գծագրային դասին մէջ` ականաւոր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի թոռ Կարին Յովհաննէսեանի «Ոչ մէկ տեղ» (Nowhere) կարճամեթրաժ ժապաւէնը, որ կը խօսի իրենց տէրերէն անջատուիլ ցանկացող ստուերներու քաղաքի մը մասին: Բնազանցական բնոյթի գործը ցաւօք կարելի չեղաւ դիտել, որովհետեւ բեմադրիչը ոչ մէկ ճամբով հասանելի եղաւ` հակառակ իմ յամառ դիմումներուս:

Նախընտրելի էր, որ փառատօնը իր գլխաւոր մրցանակները յատկացնէր նիւթական միջոցներէ զուրկ, անհաւասար պայքար մղող սկսնակ բեմադրիչներու` փոխանակ մեծարելու արդէն իսկ ապահով դիրքերու տիրացած անձնաւորութիւններ:

Հուսկ բանք.- Ութ օրերու վրայ տարածուող «Նուռ» փառատօնը ունի ծաւալուն յայտագիր: Բարի՛: Բազմատասնեակ ցուցադրութիւններու հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի տեղահանուած բնակչութեան կարիքներուն: Շա՛տ բարի:

Քանատա համեմատաբար նիւթապէս ապահովուած ստուար գաղութ մըն է եւ կրնայ այս տարողութեամբ փառատօն մը իրականացնել, բարի՛ այսուհանդերձ, որպէսզի  ձեռնարկը դուրս գայ ընկերային հաճելի ձեռնարկի մը ծիրէն, հարկ է, որ փառատօնը ապագային ունենայ նաեւ` յստակ, իմանալի, ուղղորդուած, կանխապէս հրապարակուած ծրագիր, բաւարար իրազեկ անձնակազմ եւ կազմակերպէ ժապաւէններու գեղարուեստական (եւ ոչ միայն) քննարկումի նիստեր: Յաջողութի՛ւն:

————————–

1.- THE STRUCTURE IS ROTTEN, COMRADE https://vimeo.com/220437227?share

2.- Բարեմիտ, բայց մակերեսային սկեպտիկ մը: 2009-ին գրած է «Das Kapital: a novel of love & money markets» վէպը, որուն առաջադրանքն էր անխնայ «ապամոնթաժել» Մարքսի տեսութիւնը: Իսկ 9/11-էն ետք գրած է «The Cyclist», որ կը պատմէ անձնասպանական ականահարի մը մասին, որ… որկրամոլ է:

3.- Պէրպէրեան եւս, ինչպէս` Ֆրունզ, ապրած ու բանած է Փարիզի եւ Երեւանի մէջ: Վէպը կրնայ ինքնակենսագրական տարրեր պարունակել:

4.- Ի դէպ, ժամանակաշրջանի պատմաբան Ֆլաւիուս Ճոզեֆուս կը յիշէ թագաւորն ու որդեգիր դուստրը, բայց` ոչ մերկապարը, որ հաւանաբար հնարովի մեղադրանք է:

5.- Այդ պատճառով գիշերային վայրերու մէջ կատարուող պարի «strip»-ին (մերկանալ)  կը կցուի tease (կատակ ծաղր) բացատրականը: Պարուհին պիտի չկենակցի սովաչք բազմութեան հետ:

6.- Հերովդէս Հռոմի վասալ թագաւորական տան անունն էր: Կան բազմաթիւ Հերովդէսներ: Այդ պատճառով թիւրիմացութիւն կայ, թէ ո՞ր Հերովդէսը կը մեղադրուի բոլոր նորածիններու սպանդի անհաւանական ոճիրով:

7.- Կարելի է գործածել նաեւ իմքնավերագրում, ինքնամէջբերում կամ ինքնաարտացոլացում եզրերը:

8.- Տե՛ս, օրինակ, Winfried  Nöth «Self-referential postmodernity», Semiotica փետ. 2011 եւ կամ նոյնիսկ Wikapedia:

9.- K. Taylor «Խոց, օփերա, եւ անջատուած գլուխ մը» (Trauma, opera and a severed head) The Globe and Mail, 12 սեպտեմբեր, 2023 Յօդուածագիրը ժապաւէնը կ՛որակէ «սեւ -հոգեբանական ողբերգութիւն»:

10.- «Ոսկէ ծիրան 18. աղէտաբեռն ժամանակի բերքը», «Ազդակ», յունուար 29, 2022:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Նոյեմբեր 2023)

Յաջորդը

Աշխարհի Արգիլուած Վայրեր, Ուր Երբեք Չենք Կրնար Ոտք Դնել

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?