Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաքական Խոցի Բեմականացումը

Փետրուար 6, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հայ հեղինակներ.- Այստեղ զանց կ՛առնեմ յուշատօնային-ծիսական բնոյթի ելոյթներ, ինչպէս`  Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի «Գրիգոր Զոհրապ, գողգոթայի ճանապարհին» եւ Անահիտ Կիրակոսեանի «Փրկութեան հրեշտակը»: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ Վ. Ատրունիի «Գարնան երեք օրերը» եւ Լիլի Թովմասեանի «Կոմիտաս` Աստուծոյ պարգեւը», որոնց նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (12, 13): Կը ներկայացնեմ ինծի ծանօթ այն գործերը, որոնք  թատերագրական յաւակնութիւն ունին:

Ե. «Գտնուած» (Found),  Անուշ Պաղտասարեան, 2014:

Մէկ արարանոց թատերակ մը, որ հեղինակի մարդկային իրաւունքներու ճիւղի մագիստրոսական աշխատանքն է` հիմնուած 200 հարցազրոյցներու վրայ, որոնք կատարուած են Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու հետ: Մաս կը կազմէ «Յիշողութեան վայրեր» (Places of Memory) ծրագիրին, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ ոչ հայկական աղէտահար հաւաքականութիւններու խոցահար յիշողութիւնները: Իր ամբողջ ընտանիքի սպանութեան ականատես եղած խոցահար Անուշ (նկատել անունը) տասը տարի անց տակաւին կը յուսայ գտնել եղբայրը, որ յաջողած էր փախչիլ:

Զ. «Հարիւր տարի անց», Պերճ Զէյթունցեան, 2014:

Ճեմալ փաշայի թոռը` Ճեմալ, Երեւան կու գայ հանդիպելու համար իր մեծ հայրը սպաննող Արտաշէս Գէորգեանի թոռան` Անդրանիկի (11): Երեւակայական թատրերգութիւնը թերեւս ունի  դրդապատճառ: Ճեմալի թոռ Հասան Ճեմալ (1944-) լրագրող մըն է, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք եկած է Երեւան եւ ծաղիկներ զետեղած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ներողութիւն խնդրած է հայերէն եւ հեղինակած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը» անունով (1915. Ermeni Soykırımı, 2012, 235 էջ) գիրք մը: Այն սակաւաթիւ թուրք մտաւորականներէն մէկն է, որ սպանդի, տեղահանութեան եւ թալանի վրայ հիմնուած պետութեան մը բարիքները վայելելու համար խղճի խայթ կը զգայ: Զէյթունցեանի կարծրատիպ կերպարները, սակայն, չե՛ն հիմնուած ապրող իսկական, լիարիւն անձերու վրայ, անոնք պարզապէս հեղինակին խօսափողերն են բարձրաձայնելու համար շատ ծանօթ ասքեր (14): Թուրքը շնական է, հանդարտ, անզիջող, իսկ հայը` տագնապահար, աններող: Բեմի վրայ կը յայտնուին Գրիգոր Զոհրապ եւ շարք մը հայ եւ թուրք ծանօթ այլ դէմքեր: Անցեալն ու ներկան միախառնուած են, ժամանակը կանգնած է, որովհետեւ ոճիրը անժամանցելի է: Ժամանակը պիտի վերսկսի իր բնական հոսքին, երբ յանցագործը պատժուի, եւ հատուցուին մեր կորուստները: Հանդիսատեսը սրահէն դուրս կու գայ` առանց գոյութենական հարցադրումներու շուրջ նոր ընկալում ձեռք բերած ըլլալու: Զէյթունցեան մահացաւ հարիւրամեակէն կարճ ժամանակ ետք, նախախնամութիւնը թերեւս զինք խնայեց նորագոյն աղէտներու խոցէն:

Է.- «Աքսոր օրօրոցին մէջ», Exile in the Cradle, Լորն Շիրինեան, 2003:

Հեղինակին «Կոթողական»-ը 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մԷջ ներկայացուած էր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կողմէ (15):

Շիրինեանին մայրը մէկն է այն 39 աղջնակներէն, որոնք 20-ականներու սկզբին տեղաւորուած էին Օնթարիոյի Ճորճթաուն որբանոցին մէջ: Այլ խօսքով, հեղինակը, ինչպէս ես, իր մօր կաթին հետ ստացած է յարադրական խոց:

Գործը ունի դաստիարակչական, դասագրքային բնոյթ եւ ուղղուած է ամերիկեան ցամաքամասի նոր սերունդին: Առ այդ, կը սկսի ծանուցողական նախաբանով մը: Դէպքերը կը սկսին 1915-ին, երբ գլխաւոր կերպար, գիտակից բանաստեղծ Փիեր Սրապեան կը յաջողի փրկուիլ` ինքզինք դուրս նետելով գնացքէն, որ զիրենք դէպի մահ կը տանէր, մինչ մեծահարուստ Գրիգոր Քէօսերեան, որ կը վստահէր ազդեցիկ թուրք բարեկամներուն, կը մնայ գնացքին մէջ եւ կը կորչի: Ակնարկը թերեւ Գրիգոր Զոհրապին է: Երիտթուրքերը ներկայացուած են ճիւաղային Սելիմ պէյով, որ կ՛արտասանէ թուրք ազգայնականութեան գլխաւոր տեսաբան Զիա Կէօքալփի դրոյթները (16): Ծանուցողական առաջադրանքով Շիրինեանին Սելիմ պէյը կ՛արտասանէ նաեւ (աւելի քան 3 տասնամեակ ետք) Հիթլերին վերագրուած ծանօթ ակնարկը.  «Վերջապէս այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերու բնաջնջումը»:

Կը փոխադրուինք ներկայ Քանատա: Առաջին սերունդին պատկանող, արդէն իննսունամեայ Փիեր տակաւին կը տառապի անբուժելի մղձաւանջէն: Ի դէպ, հեղինակը 79-ամեայ է: Երկրորդ սերունդի պատկանող փեսան, իր կարգին, կը տառապի ժառանգուած յարադրական խոցէ: Դասագրքային բնոյթի տարր մը:

Փիերին ընտանիքը քանատական համայնքին ներկայացուցիչն է: Փիեր որդի կամ արու թոռ չունի, այդ կրնայ խորհրդանշական ըլլալ: Երկու թոռներ Արմիկ (հայկական անուն) եւ Լիզ (օտար անուն) կը դրսեւորեն (ի հարկէ) հակոտնեայ կեցուածքներ: Լիզ կը նախընտրէ հեռանալ հայութեան տաղտուկէն: Արմիկ, որ փոխնակն (surrogate) է Փիերի, որ իր կարգին փոխնակն է հեղինակին, բանաստեղծութիւններ պիտի յօրինէ իր ուսանողներուն համար, որպէսզի պատմէ, որպէսզի փոխանցէ կտակը (17):

Աւարտական տեսարանին մէջ Արմիկ կը գրկէ նորածին Երջանիկը (սեւ հիւմը՞ր). «Անուշի՛կս, ո՞վ քեզի պիտի պատմէ, ժամանակին կար ու չկար, զինուորներ գիւղ մտան եւ մարդիկը դուրս բերին տուներէն…»: Շուրջ տասը վայրկեան տեւող մենախօսութիւնը կ՛աւարտի շուրջ 15 տող բանաստեղծութեամբ, զոր կու տամ համառօտ կերպով` իմ թարգմանութեամբ.

եւ եթէ լսես
քեզի պիտի չտամ սփոփանք
պիտի երազես անվերջ արահետ մը լեռներու միջեւ
անկողին մը տատասկ, կրծող մութին մէջ
մղձաւանջներ կոյր սողացող, աւազին վրայ հրաշէկ
պիտի գիտնաս, որ քեզ կ՛ատեն եւ կը խորշին
լեզուդ պիտի ուռչի եւ ի վերջոյ
պիտ ուրանաս ամէն ինչ:

Այս է Արմիկին կտակը իր սնարին մէջ իսկ աքսորուած նորածինին:

Ընթերցողը կրնայ յիշել, որ «Կոթողական»-ը եւս ունէր սեւաթոյր աւարտ:

Շիրինեան եղերերգակ մըն է, այլ ոչ` ուղեգիծ փնտռող յառաջապահ հետախոյզ:

Թատրերգութիւնը այս յօդուածին մէջ ներառած եմ, որովհետեւ կը պարունակէ սփիւռքահայու հաւաքական խոցը արտայայտող բազմաթիւ տարրեր: Թերեւս նոյն նկատառումով ներառուած է նաեւ 2008 թուականին J Graham Jones-ի խմբագրութեամբ հրատարակուած «The Theatre of Genocide» (Ցեղասպանութեան թատրոնը) հաւաքածոն (anthology), որ ունի թատերագէտ փրոֆ. Robert Skloot-ի գրչով ուսանելի քննադատական ներածական:

Զգուշացում.- Ներկայ քննադատական մթնոլորտը էապէս սկեպտիկ է հաւաքական խոցի պատումներու նկատմամբ: Հասկնալի է, որ խոցահար անձը անկարող է կուռ ինքնաներդաշնակ (consistent) վկայութիւն արտաբերել: Միւս կողմէ` տիրող մշակութային համակարգը խիստ պայմաններ կը պարտադրէ հրապարակային ելոյթներու գաղափարական արեւելումի նկատմամբ: Բեմադրիչներ կը պարտաւորուին ինքնագրաքննութեան: Այս մասին կայ համացանցի վրայ հասանելի լայն գրականութիւն (Տե՛ս, օրինակ,  18, 19 եւ 20):

Հուսկ Բանք.- Արցախեան աղէտը գեղարուեստականօրէն բեմականացնելու համար  տակաւին կանուխ է:  Ինծի ծանօթ է միայն մէկ փորձ. անցեալ հոկտեմբերին Կապանի նորակազմ «Շունչ» թատերախումբը ներկայացուցած է «Պատերազմի ցեցը»: Հայաստանի ընկերութիւնը ներկայացուած է ընտանիքով մը: Կը մէջբերեմ. «Պատերազմը ցեց դարձած` փորձում է խարխլել ընտանիքը … Ինչպէ՞ս յաղթահարել պատերազմի տուած ցաւը, ողբերգութիւնն ու հետեւանքը»: Յաւելեալ տեղեկութիւն կամ անդրադարձ չեմ կարողացած գտնել (22): Կը թուի, թէ հայրենասիրութեան եւ համերաշխութեան հերթական կոչ մըն է: Գործին կարելի է անդրադառնալ, երբ բաւարար տեղեկութիւն հասանելի դառնայ:

Երկար պրպտումէ ետք հասած եմ այն տխուր եզրակացութեան, որ մեր «խօսուն» թատրոնը տակաւին չէ յաջողած Հայոց ցեղասպանութեան եւ արցախեան աղէտի ահաւոր խոցերը բեմականացնել գաղափարական  բարձր մակարդակով:

Հաւաքական խոցի գեղարուեստական բեմականացումի ինծի ծանօթ միակ գործը Մնջախաղի թատրոնին ելոյթն է` հետեւողութեամբ Դերենիկ Դեմիրճեանի (1877-1956) պատմուածքներէն «Գիրք ծաղկանց»-ին, որուն խորապատկերն է միջին դարերուն վայրագ հորդաներու տարածաշրջանի իրերայաջորդ ասպատակումները: Նկատել, որ անասելի խոցի դրսեւորումը անխօս է եւ գրեթէ դար մը հեռու` պատմական իրադարձութիւններէն:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

(11).- Քառեակի միւս երեք գործերն են «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս», «Մեծ լռութիւն», «Փարիզեան դատավճիռ», որոնք, սակայն, չեմ կարողացած դիտել:

(12).- «Առ յայտնութիւնն գարնանային» Ա. եւ Բ. «Ազդակ» 23 եւ 24 յունիս 2015:

(13).- «Կոմիտաս եւ առասպելագրութիւն» Ա., Բ., Գ. եւ Դ., «Ազդակ» 15, 16, 17, եւ 18 յունուար 2020:

(14).- Խօսափող կերպարներ ցաւօք տեղ գտած են նաեւ հեղինակի այլ գործերուն մէջ:

(15).- «Առ կոթողն երկբայական» Ա. եւ Բ., «Ազդակ», 29 եւ 30 յուլիս 2015:

(16).-  Մեհմեթ Զիա (1876-1924), որ տոգորուած էր Նիցչէական գաղափարներով, գործածած է Կէօք-ալփ գրչանունը, որ կը նշանակէ երկնային կտրիճ:

(17).- Շիրինեան կը գրէ անգլերէն լեզուով, արտայայտելու համար խոցահար սփիւռքահայու տագնապը: Նմուշներ կարելի է տեսնել հետեւեալ կայքին մէջ https://armenian-poetry.blogspot.com/2008/09/lorne-shirinian-armenian-poets.html

(18).- M. Hyvärinen եւ այլք, «Beyond Narrative Coherence», 2010:

(19).- Kurt Borg, Narrating Trauma: Judith Butler on Relationality and the Politics of Self-Narration, 2018:

(20).- Դոկտորական աւարտաճառ,  2011:

(21).- Հեղինակին, բեմադրիչին, թատերախումբի ղեկավարին եւ արտաքին յարաբերութիւններու մասնագէտի յաջորդաբար ուղղուած հարցումներս կը սպասեն պատասխանի:

(22).- Kuburović, Branislava Performance Of Wit(h)nessing Trauma and Affect in Contemporary Live Art:

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կը Գործէ Նշանի Լեզուն (Sign Language)

Յաջորդը

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?