Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

Օգոստոս 12, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Պատմական

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ո՞ւր է թաղուած շան գլուխը.- Թուրքիոյ պետական մեքենան եւ զայն հարուածող ուժերը կը գտնուին Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութեան տնօրինութեան տակ: Որո՞նք են, սակայն, իշխանութեան իսկական տէրերը: Պատասխանը ամէնուր նոյնն է. անոնք, որոնք տէրն են երկրի տնտեսութեան, հարստութեան:  Թուրքիոյ հարստութեան վստահաբար շատ մեծ, բայց ոչ շատ ճշգրտօրէն բացայայտելի տոկոսը կը պատկանի հոգեւոր պիտակներու տակ գործող եւ հետեւաբար անձեռնմխելի, անհաշուետու խմբակցութիւններու, որոնք պատմականօրէն, արաբերէնէ փոխ առնուելով, կոչուած են «թարիքաթ» (դէպի Աստուած տանող ուղի): Այդտե՛ղ է թաղուած ծանօթ առածին շան գլուխը:

Պատմական.- Թուրքիոյ ընկերային քաղաքական կառոյցին նախապէս կրկինս  անդրադարձած եմ (1, 2, 3 եւ 4): Այստեղ կու տամ համառօտ պատմական մը:

Կրօնական գունաւորումով եղբայրակցութիւնները սկսած են կազմուիլ մոնկոլական արշաւանքներէ ետք, երբ կը բացակայէր ընկերային եւ տնտեսական կեանքը կազմակերպող կեդրոնական իշխանութիւն: «Թէքքէ»-ներու շէյխերուն գլխաւորած խմբաւորումները եղած են տարաբնոյթ: Մարգարէի մահէն ետք սիւննի իսլամը զինք միաւորող հոգեւոր կեդրոն չէ ունեցած: Բոլոր թարիքաթները ունեցած են տնտեսական, հետեւաբար եւ քաղաքական գործունէութիւն (5): Ահա թէ ինչո՛ւ քաշքշուքներ տեղի կ՛ունենային տիրանալու համար  «Փոստ»-ին, այն ոչխարի մուշտակին, որուն վրայ կը բազմէր առաջնորդը: Օսմանեան պետութիւնը ի սկզբանէ քաջալերած եւ օգտագործած է կարգ մը վստահելի խմբաւորումներ եւ ի հարկին դաժանօրէն ճնշած` անվստահելի այլախոհները:

Կարելի է այստեղ նշել, որ տնտեսական լայն գործունէութիւն ունեցած են նաեւ վանքերը (6): Վանքերու, ինչպէս հետագային սիւննի «վաքֆ»-երու եկամուտի հիմնական աղբիւր էին բնակելի եւ մշակելի կալուածներու վարձքերը, ինչպէս նաեւ` գինիի, ձէթի եւ բերքերու վրայ հիմնուած այլ արդիւնաբերութիւն: Այս հաստատութիւնները ամբողջովին, կամ առնուազն մեծ մասամբ զերծ եղած են տուրքերէ (7): Եղբայրակցութիւններու (որոնք եւրոպացիք կը կոչէին «Տերվիշի վանք»), ինչպէս նաեւ վանքերու (ընթերցողին թերեւս անծանօթ) գործունէութեան մարզերէն մէկը եղած է  նաեւ միջնորդի դեր կատարել իշխանութեան կեդրոնի եւ հեռաւոր հպատակներու միջեւ: Անոնք նոյնիսկ ունէին շրջուն հարկաւաքներ (taxidiotes), որոնց դերն էր, տուրքերու առընթեր,  հաւաքել նաեւ հպատակներու գանգատները, որոնք վանահօր ճամբով կը փոխանցուէին իշխանութեան: Օսմանեան պետութեան մէջ տուրքերէն որոշ տոկոս մը տեղական եպիսկոպոսներու ճամբով մը հարկ էր, որ հասնէր հայոց պատրիարքարան, որ ներկայացուցիչն էր բոլոր քրիստոնեայ դաւանանքներու: Այս առնչութեամբ տեղի ունեցած է  անկարգութիւն եւ չարաշահութիւն: Անհատներու համար կալուածները «վաքֆ»-ի կամ վանքի մը յանձնելը միջոց մըն էր զանոնք կրօնական պիտակի տակ պահպանելու պետութեան կողմէ բռնագրաւուելէ: Կրօնական պիտակը որոշ չափով կը զսպէր նիւթական ծանր կացութեան տակ գտնուող օսմանեան իշխանաւորները: Տակաւին նախքան «Թանզիմաթ», սուլթան Մահմուտ Բ. յօրինած էր արքայական կալուածներու նախարարութիւն մը (Էվքաֆի Հումայուն նազարէթի)` «վաքֆ»-երու կալուածներուն տիրանալու մտադրութեամբ: Աւելի ուշ Մուսթաֆա Քեմալի առաջին քայլերէն մէկը եղած էր ապօրինի հռչակել թարիքաթները եւ անոնց ինչքերը յայտարարել ազգային հարստութիւն: Թարիքաթներու հաշուոյն պետութեան կեդրոնը հզօրացնելու հին ու նոր երկու ծրագիրները  չյաջողեցան, հարստութեան մեծ մասը մնաց բազմազան կրօնական կեդրոններու հակակշռին տակ: Քեմալական իշխանութեան ճնշումի հետեւանքը եղաւ ա՛յն, որ կրօնական եղբայրակցութիւններու աշխատանքը դարձաւ ընդյատակեայ եւ բոլորովին ոչ թափանցիկ: Այսօր գրեթէ անկարելի է անոնց մասին հաւաստի տեղեկութիւն ստանալ: Պատմականօրէն եւս տեղեկութիւնը ընդհանրապէս սակաւ է, որովհետեւ այդ խմբաւորումները «պաթինի» (գաղտնուսոյց, esoteric) եղած են: Անոնց տոմարները ոչինչ կը հաղորդեն դրսեցիին, որովհետեւ ի սկզբանէ ծածկագրուած են: Կալուածները եւ արդիւնաբերական միաւորները պետութեան մօտ արձանագրուած են ոմն անձերու, եւ ոչ թարիքաթի անունով:

Տասնամեակներ առաջ, «մտաւորական» (ի հարկէ` քեմալական) Էճեւիտի վարչապետութեան օրով ակադեմական տնտեսագէտներու խումբ մը փորձած է ուսումնասիրել, բայց շատ արագ` յուսահատած: Ներկայ, կրօնական ֆաշականութեան օրով նման «անկարելի առաքելութիւն» անձնասպանական կը համարուի:

Գրոհի ալիքներ.- Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրութիւններու ճամբով իշխանութեան տիրացումը յաղթական պսակումն էր իսլամական ուժերու երրորդ գրոհին: Առաջին գրոհը տեղի ունեցած էր 1950-ին, երբ իսլամական ուժերու ձայներով Մենտերեսի գլխաւորած Տեմոքրաթ կուսակցութիւնը խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովեց եւ այդ մեծամասնութիւնը ամրապնդեց 1954-ին: Ի դէպ, «Սպիտակ թուրքերու» ղեկավարած քեմալական «Ճումհուրիէթ հալք փարթիսի»-ն երբեք մեծ  ժողովրդականութիւն չէ ունեցած, մինչեւ 80-ականներ իշխած է բանակի պարբերական միջամտութիւններուն շնորհիւ:

Իսլամական խմբաւորումները որդեգրեցին երկարաժամկէտ հեռատես ռազմավարութիւն: Անցան ընդյատակեայ (իրենց բարբառով` «տար ուլ հարպ» – պատերազմական) վիճակի եւ գործելակերպի:  Սկսան պատրաստել որակաւոր համալսարանական մարդուժ եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցով սիրաշահիլ 50-ականներու ճարտարագիտական յեղաշրջումի իբրեւ հետեւանք` դէպի քաղաքներու շուրջ հապճեպ ծաւալած հիւղաւաններ (կէճէքոնտուներ) եւ ներքին քայքայուող թաղամասեր (ինչպէս` երբեմնի հայկական Կէտիկ փաշա) հոսած թշուառ զանգուածները: Թշուառ զանգուածներու զայրոյթը կը շահագործեն նաեւ ՏԱՀԵՇ-ը եւ այլ զինեալ խմբաւորումներ արաբական երկիրներու մէջ եւ այլուր: Մարդուժի պատրաստութեան մարզին մէջ անհամեմատ մեծ դեր խաղացած է այժմ աքսորական Կիւլեն, որուն պատրաստած սաներն էին Էրտողան եւ ԱԲԿ-ի հիմնադիր կորիզը, որոնք բազմավաստակ քաղաքագէտ Էրպաքանի (նախապէս` յաճախ պարտադրաբար անուանափոխ եղած) Ռեֆահ կուսակցութեան անդամներն էին:

1980-ին ընկերվարականներու ջարդարար Քենան Էվրենի կողմէ վարչապետ նշանակուած էրպաքանական Օզալ անդամ էր պատմականօրէն ազդեցիկ Նաքշիպենտի թարիքաթին: Նշանակումին հետեւեցաւ փեթրօ-տոլարներու վարար հոսք դէպի Թուրքիա: Այդ երկրորդ ալիքն էր, որ կիսատ մնաց Օզալի կանխահաս մահէն ետք կուսակցութեան քայքայումով: Իշխանութեան տիրանալու ենթահողը տակաւին պատրաստ չէր:

Նոր կուսակցութեան հիմնադրութիւնը կարելի չէ պարզապէս Էրտողանի փառասիրութեան եւ կամ քաղաքական  քաշքշուքներու վերագրել: Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Քեմալ Տերվիշի ցաւոտ վիրաբուժութենէն ետք Թուրքիա պատրաստ էր միանալու համաշխարհային դրամատիրական համակարգ (4), ուր մղիչ ուժը ոչ թէ ճարտարարուեստական արտադրութիւնն է, որ բանուորական արհեստակցութիւններու, վայրագ մրցակցութեան, սնանկութեան, երկարաժամկէտ յարմար տոկոսով ներդրում ապահովելու, բնապաշտպաններու, կիներու իրաւունքներու պաշտպաններու, մանուկներու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ այլոց հետ հազար ու մէկ գլխացաւ ունի, այլ` ֆինանսական դրամագլուխը (finance capital), որ արագ եւ անտաղտուկ շահ կ՛ապահովէ: Էրպաքան, որ հաւատացեալ ջատագովն էր անեղծ իսլամական տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի տնտեսութեան, ատակ չէր նման նորարարութեան տնօրինելու:

Յարատեւ ճնշում.- Միջին դարերու աղանդները աղերս չունին աստուածաբանական մեկնաբանութիւններու հետ: Կրօնական բարբառը միակ ընդունելի ձեւաչափն էր ընկերային ասք մը ջատագովելու կամ պարսաւի: Աղանդ կամ կրօնական կարգախօսով խմբակցութիւն ունէին եւ այսօր ալ ունին ընկերային տնտեսական, ընկերային, ուրեմն եւ քաղաքական հիմք: Օսմանեան-թրքական պատմութեան ամբողջ ընթացքին կեդրոնական իշխանութիւնը եւ կեդրոնէն հեռու իսլամական խմբակցութիւններու մեծամասնութիւնը ունեցած են լարուած յարաբերութիւն: Քեմալական «Ճումհուրիէթ հալք փարթիսի»-ի (ՃՀՓ), այսինքն` «Սպիտակ թուրքերու», մենատիրութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 70-ականներ, բայց արդէն իսկ ոչ սպիտակ մեծամասնութեան ճնշումին տակ ընկրկելու սկսած էր 60-ականներուն: Ընկրկումի յստակ ցուցանիշերն էին բանակի կրկնուող միջամտութիւնները: Բանակը, սակայն, ոչ թէ իշխող տնտեսական համակարգի պահապանն է, այլ` կուսակցութեան մը, որուն բաժնետոմսերը կրնան վերիվայրումներու ենթարկուիլ սակարանին մէջ (իմա` ընտրութիւններու): 1967-ին, առաջին միջամտութենէն 7 տարի անց Մ. Քեմալի կողմէ ապօրինի հռչակուած «վաքֆ»-երը վերստացան իրենց օսմանեան շրջանի իրաւական կարգավիճակը եւ տուրքերէ զերծ պահուելու առանձնաշնորհումները: 1980-ի միջամտութիւնը զանգուածային սպանդի ենթարկեց ձախակողմեան, ընկերվարական ուժերը, վարչապետ նշանակեց Էրպաքանի կուսակցութեան եւ Նաքշիպենտի թարիքաթի անդամ Թուրկութ Օզալը: Հիմնուեցաւ առաջին «Իսլամական» դրամատունը, որ առ երեւոյթ կը բանի առանց տոկոսի: ՃՀՓ-ի բաժնեթուղթը … ներողութիւն, քուէն ինկած էր շուրջ 30 տոկոսի, անբաւարար` առանձին կառավարութիւն կազմելու: Սկսած էր զանազան կուսակցութիւններու քաշքշուքը, ինչպէս եւ` տնտեսական տագնապը, որ առնուազն մասամբ հետեւանքն էր պետական (իմա` քեմալական) եւ անհատական «խառն» արդիւնաբերութեան: Նման տագնապներ տեղի ունեցան նաեւ շարք մը արաբական երկիրներու մէջ: 1990-ին, Էրտողանի ընտրական յաղթանակէն աւելի քան տասը տարի առաջ արդէն հիմնուած էր Սպիտակ թուրքերու «Թիւսիատ»-ի (հիմնուած` 1971-ին, երբ ճարտարարուեստը առաջատար դիրքի հասած էր) հզօր մրցակից, այսպէս կոչուած, «Անատոլեան վագրերու» «Միւսիատ»-ը (Միւսթաքիլ իշ ատամլար – գործատէրեր: Բոլորը գիտեն սակայն, որ միւս-թաքիլ-անկախ կը նշանակէ «միւս-իւլման»):

Ուսումնական համակարգը եւ մանաւանդ անոք ուսանողներու օթեւան տուող  գիշերօթիկները կա՛մ ուղղակի զանազան թարիքաթներու կը պատկանին եւ կա՛մ անոնց հակակշռին տակ են: Այս կը նշանակէ հաւատարիմ եւ կարող մարդուժի լայնածաւալ պատրաստութիւն: «Թիւսիատ» այժմ կը բողոքէ նոյնինքն պետութեան կողմէ անոնց յանձնուած տիրական դերին դէմ, բայց ԱԲԿ-ի իշխանութեան ամրապնդումէն ետք արդէն շատ ուշ է (8):

Թարիքաթներու պատկանող մարդոց թիւը (կ՛ենթադրուի, թէ 2-3 միլիոնի միջեւ է) կը գերազանցէ աշխարհիկ (secular) կուսակցականներու անդամակցութիւնը: Բաժանումները ունին ոչ թէ աստուածաբանական, այլ տեղական, աշխարհագրական բնոյթ: Վիճակագրութիւնը գրեթէ անկարելի է: Կը գործեն աւելի քան 30 թարիքաթներ, որոնք ունին 500-ի հասնող ենթաբաժանումներ, որոնք ի հարկէ տեղեկագիրներ չեն հրապարակեր: Էրտողան կը պատկանի պատմականօրէն միշտ սուլթանութեան կեդրոնի կողքին գտնուած Նաքշիպենտի թարիքաթի «Իսքենտերփաշա» «տերկեահ»-ին (օթեակ), որուն անդամներն էին նաեւ յոյժ ականաւոր վարչապետներ Ն. Էրպաքան եւ Թ. Օզալ: Թարիքաթներ վաղուց բախտորոշ դեր կը խաղան Թուրքիոյ մէջ:

Համադաշնական քաշկռտուք.- Գրոհի չորրորդ ալիքն էր բեմադրուած «զինուորական հարուած»-ի պատրուակով կատարուած լայնածաւալ մաքրագործումը (3): ԱԲԳ-ի հիմնադիր կորիզի ուսեալ, տեսլական ունեցող անդամներ, ինչպէս` դոկտորներ Կիւլ եւ Տաւուտօղլու, հեռացած կամ հեռացուած են: Պետութիւնը վերածուած է խայտաբղէտ թարիքաթներու համադաշնակցութեան մը: Խորհրդարանը նման է թարիքաթներու պատգամաւորական ժողովի: Հզօր կիւլենականներու (որոնք «Նուր»-ական էին) տապալումէն ետք, կը կարծուի, թէ աթոռներու շուրջ 30 տոկոսը նաքշիպենտիներու կը պատկանի: Գրեթէ նոյնն է պատկերը կառավարութեան եւ պետական այլ պաշտօններու պարագային (9): Թարիքաթներու հիմնական եկամուտը կը կայանայ պետութենէ ստացուած գործարքներու եւ առանձնաշնորհումներու մէջ: Այդ մեծ կարկանդակի բաժանումը ի հարկէ տեղի կու տայ կատաղի քաշքշուքի եւ հրապարակային ցեխարձակումի: Համացանցի վրայ կարելի է տեսնել գայթակղութիւններու բազմաթիւ բացայայտումներ, յատկապէս` հոգեւոր ղեկավարներու  «մանկապիղծ» (paedophile) ոճրային ախորժակներուն շուրջ: Թարիքաթներ արագ կը հարստանան պետական մշուշոտ գործարքներու եւ արագ շահոյթ ապահովող  ոչ արդիւնաբեր շահադիտական (Speculative) ներդրումներու միջոցով: «Սոլ» (ձախ) եւ «Ճումհուրիէթ» (քեմալական) թերթերէն կ՛իմանանք, որ անձ մը ստացած է ոչ նուազ քան 123 պետական գործարք, իսկ ուրիշ մը` (թերեւս` աւելի փոքր թարիքաթի անդամ) 49 (10):

Ոստիկանութիւնը կը ձեւացնէ, թէ կը զսպէ ակնբախ օրինազանցութիւնները: Դատավարութիւնները, սակայն, կ՛աւարտին սուս ու փուս, բեն-ը-փէ խփէ օրինաչափով: Կարելի չէ ցոյց տալ որեւէ ծանր պատժամիջոցի գործադրութիւն: Ամբոխահաճոյ (populist), «կրօնական ֆաշիստ» վարչակարգը  ընդդիմութիւնը չի հանդուրժեր: Թարիքաթները ունին սարսափելի պաշտպանողական զէնք մը, անոնց վարքը քննադատողները, բախտաւոր պարագային, կ՛ենթարկուին «ընկերային լինչի» եւ մինչեւ իսկ մահապատժի, որովհետեւ այդ է շարիաթի սահմանած պատիժը անհաւատին (11, 12):

Հմուտ քաղաքագէտ Էրտողան պարտաւորուած է գլխաւոր թարիքաթներու կրօնապետներուն հաւանութիւնը ստանալ: Կողքի լուսանկարները ցոյց կու տան անոր ընտրական քարոզարշաւի շրջանին կատարած այցերէն երկու նմուշ: Թարիքաթները միահամուռ (block)  «քուէի  շտեմարաններ» են: Թարիքաթները ունին նուիրապետական կառոյց: Հետեւորդները (մուրիտներ) պարտաւոր են հրահանգները անսակարկ կատարել: Թշուառ մարդոց շնորհուած ընկերային պատսպարանը եւ նիւթական օգնութիւնը անփոխադարձ չեն:

—————

(1).- «Թրքական ազգայնականութեան Մանիֆեսթոն», «Ազդակ» բացառիկ, Նոր տարի, 2015:

(2).- «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը», «Ազդակ» բացառիկ, ապրիլ, 2015:

(3).- «Ելոյթէն տարի մը ետք բեմայարդարումը կը շարունակուի», «Զարթօնք», 11 յուլիս 2017:

(4).- «Թուրքիոյ ներքին պատկերը. դէպի ո՞ւր», «Ազդակ», 24 ապրիլ 2021:

(5).- Օսմաներէնով` «պիր լոխմա,  պիր հըրքա»:

(6).- Ըստ «Մասիս»-ի, 1852 թուականին տակաւին գոյութիւն ունէին 80 վանքեր, որոնք ունէին հարիւրաւոր արտեր, պարտէզներ, ձիթարաններ, ջրաղացներ, զանազան տներ ու խանութներ: Տես «Արեւմտահայ (XIX դարի երկրորդ կէս – XX դարի սկիզբ), Ազատ Համբարեան, Pan Armenian Digital Library:

(7).- Սուլթան Սելիմ Բ. գտած է այդ հարցին լուծումը: Գրաւած, ապա պարտքով ետ «վաճառած» վանքերու կալուածները, բայց քանի որ այդքան պատրաստի մեծ գումար չէին կրնար ունենալ, վանքերը պարտադրուած էին վճարել գումարի անվերջ «տոկոսներ»:

(8).- «Թիւսիատէն ուսումնական նախարարութեան թարիքաթներու  հակազդեցութիւն»,  ճեմաաթներ եւ թարիքաթներ ուսումնական համակարգի մէջ պէտք չէ գտնուին, Politikyol,  21 դեկտ. 2023:

(9).- «Նուր»-ականութիւնը համեմատաբար շատ աւելի նոր, համադրական  (synthetic) ուղղութիւն է, հիմնուած` Սայիտ Նուրսիի  (1877-1960) աւանդին վրայ: Նախապէս անդրադարձած եմ: Տես էջատակ (2):

(10).- «Յատկացումները կը շարունակեն երթալ թարիքաթներ» (Kaynaklar tarikatlara gitmeye devam ediyor),  Sol Haber 10 փետ. 2024:

(11).- Alp Altınörs «Թարիքաթ եւ ճեմաաթներու վերաբերեալ հիմնական հարցը (‘Tarikatlar ve cemaatlerle ilgili temel mesele) «Արթըկերչէք», 12 յունուար 2023:

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ը.)

Յաջորդը

Սիմոն Սիմոնեանը, Իր «Սփիւռք»-ն Ու Տպարան «Սեւան»-ը, Իր Գուրգուրանքը` Հայաշխարհի Մատենագիրներէն Մինչեւ Ժամանակակից Գրողներուն Ու Ուսանողներուն

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?