Բ.- Ջատագովական
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
1980-ականներու ազատական միջոցառումներէն եւ 21-րդ դարու նախօրէին Քեմալ Տերվիշի (իմա` World Bank) ցաւոտ վճռական վիրաբուժութենէն ետք թրքական դրամագլուխները համաշխարհայնացուած են: Կարելի չէ խօսիլ թարիքաթներու տնտեսական անկախ քաղաքականութեան մասին:
Երբեմնի ճարտարարուեստական դրամատիրութեան «Դրամագլուխ – նախանիւթ + աշխատանք – աւելի մեծ դրամագլուխ» խնդրայարոյց ձեւաչափը այլեւս գործնական եւ գրաւիչ չէ Արեւմուտքի մէջ: Այժմ կը տիրէ, այսպէս կոչուած, «Finance Capital»-ը, որ էապէս անբարոյական է: Ինչպէ՞ս կարելի է, ուրեմն, ջատագովել թարիքաթներու դրամատիրական յոյժ աշխուժ գործունէութիւնը:
Ի դէպ, նոյն հարցը կը բարձրանար ուշ միջնադարեան վանքերու տնտեսական գործունէութեան կապակցութեամբ: Թերեւս` նոյնիսկ աւելի սուր կերպով, որովհետեւ առաջին քրիստոնեաները կ՛արհամարհէին աշխարհիկն ու նիւթականը: Կը դատապարտէին նիւթականի կուտակումը, «Մամոն» կը նշանակէր նաեւ դրամ, Քրիստոսի կը վերագրուի այն առածը, թէ աւելի դիւրին է ուղտին անցքը ասեղի ծակէն, քան` հարուստին անցքը դրախտի դռնէն:
Տնտեսական գործունէութեան առաջին ջատագովութիւնը կատարած է յետմահու սրբացուած «եկեղեցւոյ դոկտոր» տիտղոսակիր Թովմաս Աքուինաս (1225-1274) իր հաստափոր «Բարոյականութեան աստուածաբանական ամփոփում» (Summa Theologiae Moralis) երկով (1,2):
Իսլամը, որ կազմուած էր վաճառականական ոստան Մեքքայի մէջ, շատ աւելի դրական մօտեցում ունէր նիւթականի հանդէպ: Սիւննի աստուածաբանութեան մէջ ընդհանրապէս եւ այստեղ` իսլամի տնտեսական գործունէութեան ջատագովութեան մէջ տիրական դէմք է Ալ-Ղազալին (1058?-1111): Միաժամանակ փիլիսոփայ այդ պետական այրը կը ջանար պահպանել Աբբասեաններու խալիֆայութիւնը արտաքին, խաչակիր եւ սելճուկ ներխուժումներէ, ինչպէս եւ` ներքին խորհրդապաշտ այլախոհ սուֆիական շարժումներէ, զորս կը նկատէր ծուլապաշտ եւ կործանարար: Գլխաւոր մտքերը այն են, թէ Ղուրանը կը թելադրէ աղօթելէ ետք վերադառնալ ապրուստ (ռիզք) ապահովելու (իմա` տնտեսական) գործունէութեան, թէ` Աստուած մարդոց հաւատքը կը փորձէ զանազան ձեւերով, ոմանց, ինչպէս Յոբի, աղքատութեամբ, իսկ այլոց` հարստութեամբ: Հարուստը պարտաւոր է էմիրին վճարել «խումսը» (եկամուտի 1/5 տուրք) եւ Աստծու պարգեւէն բաժին հանել աղքատներուն, թէ` հարստութեան կուտակումը ոչ միայն մեղք չէ, այլ նաեւ անհրաժեշտ` պայքարելու համար Աստծու թշնամիներուն դէմ, թէ` շահոյթը մեղք չէ, եթէ կ՛իյնայ 5-10 առ հարիւրի սահմանին մէջ (այո՛, սիւննի իսլամը ունի նման ճշգրիտ սահմանումներ) եւ այլն, եւ այլն: Ի դէպ, Թովմաս Աքուինաս վստահաբար քաջ ծանօթ եղած է Ալ-Ղազալիի տնտեսական գրութիւններուն:
20-րդ դարու սկզբին ինչպէս Աբբասեան, այնպէս եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կը դիմագրաւէին արտաքին եւ ներքին օրհասական վտանգներ: Վերջին խալիֆա Կարմիր սուլթանը փորձած էր իսլամ ժողովուրդներու (յատկապէս արաբ եւ քիւրտ, բայց` ոչ միայն) զօրակցութիւնը ապահովել ընդդէմ օտար թէ ռայա անհաւատներու (4): Գերմանիոյ մէջ ծնաւ եւ իր կրթութիւնը ստացաւ ի սկզբանէ սուլթանական կեդրոնի կողքին կանգնած նաքշիպենտի թարիքաթին պատկանող հրամանատարի թոռ, շէյխի զաւակ Սապրի Իւլկեներ (1911-1983): Սուլթանին գահընկէցութենէն ետք քեմալական պետութիւնը կը ճնշէր արեւմտականացումի ընդդիմադիր իսլամական շարժումները: Նաքշիպենտի փաստաբանը պարտականութիւն համարեց ցոյց տալ, թէ ճիշդ ընկալուած իսլամը դէմ չէ Արեւմուտքի հզօրութիւնը կերտող դրամատիրութեան:
Իւլկեներ ներշնչուած էր երկու հիմնադրական երկերէ.
Ա.- Մաքս Վեպերի (1864-1920) «Բողոքական բարոյականը եւ դրամատիրութեան ոգին» (1905) (5),
Բ.- Վերներ Սոմպարթի (1863-1941) «Հրեաները եւ արդի դրամատիրութիւնը» (1911) (6,7):
Իւլկեներ, սակայն, չէր հասկցած եւ կամ չհասկնալ կը ձեւացնէր Վեպերի եւ Սոմպարթի թեզերը: Այդ երկուքը, ի տարբերութիւն Իւլկեների, չէին ջանար բարի վարուց վկայագիր տալ դրամատիրութեան, ընդհակառակն:
Տնտեսա-աստուածաբան դարձած թուրք փաստաբանը գրեթէ ոչինչ աւելցուցած է Ալ-Ղազալիի դրոյթներուն: Ինք եւս կ՛առաջադրէ, առանց ոեւէ փաստարկի, թէ Մեքքայի առաջին իսլամները իրենց ողջախոհութեամբ ատակ էին տնտեսական գործունէութեան: Իսկ Պարսկաստանի մէջ ծագած մելամի աղանդը կը նմանեցնէ 16-րդ դարու քալվինականներուն` առանց որեւէ լուրջ փաստարկի: Իւլկեների աշխատանքը աւելի քարոզչական ատենաբանութիւն է, քան` ակադեմական վերլուծում (8, 9): Իւլկեներ կը գրէր ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ իսլամական ուժերը կը գտնուէին ընդյատակեայ պաշտպանողական վիճակի մէջ: Այժմ իրավիճակը գլխիվայր շրջուած է:
Իսլամական դրամատուն հիմնելու նախնական քայլերը առնուած են 50-ական թուականներուն, ոչ զարմանալիօրէն Փաքիստանի մէջ, որ 1947-ի Ռամատանին գոյացուած էր Հնդկաստանի կրօնական հիմքի վրայ բաժնելով երկուքի: Յաջորդ քայլերը առնուած են Եգիպտոսի մէջ, որ նախքան ազգայնական սպաներու յեղաշրջումները` արաբական ամէնէն մեծ, համեմատաբար ճարտարարուեստական տնտեսութիւնն էր: Թուրքիոյ մէջ իսլամականներու իշխանութեան միջնարարը աւարտած էր վարչապետ Մենտերեսը կախաղան բարձրացնելով` որպէս դաւաճան:
1975-ին Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Սաֆիր» օրաթերթը` որպէս յաւելուած, բաժնեց Լիպիոյ նախագահ Քազզաֆիի «Կանաչ գիրք»-ը (ակնյայտօրէն Մաօ Ցէ Թունկի «Կարմիր գիրք»-ի հետեւողութեամբ), որ իսլամական սահմանադրութեան նախագիծ մըն էր: Այդ օրերու յեղափոխական լաւատես մթնոլորտին մէջ արտակեդրոն տիրակալի մարգարէական գրքոյկը դիմաւորուեցաւ անտարբեր հեգնանքով:
1976-ին Թուրկութ Օզալ մասնակցեցաւ «իսլամական տնտեսութեան» համաշխարհային առաջին համագումարին, որ խորհրդանշականօրէն կայացաւ Մեքքայի մէջ: Այդ կը նշանակէ, որ դրամատիրութիւնը հաւատացեալ իսլամներու համար ընդունելի դարձնելու կարիքը կը զգացուէր: Յաջորդ հանդիպումները կայացան Փաքիստանի, ապա Մալեզիոյ մէջ եւ այդպէս` շարունակաբար: Այս մարզին մէջ առաջատար եղած է կրօնի հիման վրայ կառուցուած եւ տնտեսապէս զարգացած Փաքիստանը, ուր 1984-ին հիմնուած է իսլամական տնտեսութեան ուսումնասիրութիւններու առաջին կեդրոնը: «Ակադեմական» ջատագովութեան ջահը ապա փոխանցուած է նոյնպէս բրիտանական գաղութ եղած եւ նոյնպէս համեմատաբար զարգացած մեծ երկիր Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներուն (13):
Էրտողան 2010-ին Պոլսոյ մէջ իսլամական վաքֆի մը պատկանող տարածքի մը վրայ հիմնեց Զայիմի անուան հոյածաւալ համալսարանական համալիր մը, որ կը ծառայէ որպէս իսլամական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն, եւ որ` իրաւասութիւն ունի դոկտորական աստիճան շնորհելու «իսլամական տնտեսութեան» մարզին մէջ:
«Վարպետաց վարպետ» տիտղոսակիր աստուածաբան տնտեսագէտ փրոֆ. Սապահէթթին Զայիմ (1926-2007) մակեդոնացի մըն էր, ինչպէս` Մ. Քեմալ (12): Իբրեւ տնտեսագիտութեան ուսանող` աշակերտած էր ականաւոր Իւլկեների: Ոչ զարմանալիօրէն հետեւորդն էր Նաքշիպենտի օթեակի մը: Փոխնախագահն էր Իսլամական առաջին համագումարին, հեղինակած է «Իսլամ, մարդ եւ տնտեսութին» (Islam, Insan ve Ekonomi 1992) եւ քանի մը այլ երկեր, որոնք այժմ պաշտամունքային (cult) սպասի հանգամանք ստացած են, որովհետեւ, իր հետեւորդներու իսկ մատնանշումով, Զայիմ (թերեւս` դիտաւորեալ) «մածուծիկ» ոճ ունի, կարդացած է ոչ թէ ի՛ր, այլ խումբ մը հետեւորդ ակադեմականներու երկը` իր գաղափարներուն մասին (15): Կ՛իմանամ, թէ`
- – Իսլամ տնտեսութիւն` կը նշանակէ բարոյական վարք:
- Կարելի է շուկայական տնտեսութիւն գործադրել զայն բարոյականացնելէ ետք:
- Արդարութիւն (ատալեթ), մարդիկ եղբայրներ են եւ հետեւաբար պէտք չէ շահագործեն զիրար:
- Աստուած ամբողջ մարդկութեան բարօրութիւնը (ռեֆահ) եւ բարգաւաճումը կը ցանկայ:
- Երկնատուր Ղուրանը սահմանած է ընդհանուր օրէնքներ` առանց մանրամասնելու, որպէսզի ապագայ սերունդներ կարենան զանոնք ինքնուրոյն մեկնաբանել (իճթիհատ), ըստ օրուան պայմաններուն, օրինակ` մերօրեայ տոկոսը «ռիպա՞» է, թէ՞ չէ: Մարգարէն արտօնած եւ քաջալերած է այդ:
- Շարիան կ՛արտօնէ կալուածի վարձքը եւ գործընկերներու շահոյթի բաժանումը (մուշարաքէ):
- Ոչ մէկ պետութիւն ցարդ ճշգրտօրէն գործադրած է շարիան, հետեւաբար գոյութիւն չունի ուսանելի ձեւաչափ:
- Զայիմ երազած է, Իպն Պաթթութայի նման, առանց անձագիրի շրջիլ իսլամադաւան աշխարհի մը մէջ: Իսլամը կը ճանչնայ հաւատացեալ «ումմէ», այլ ոչ` էթնիք ազգութիւններ:
Ծանօթ 1.- Ընթերցումներու ընթացքին իմացայ, որ «բարեպաշտ» սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. իր անձնական ծախսերը (նաֆաքա) հոգացած է հմուտ եւ նուրբ ատաղձագործութեամբ: Աթոռը պաշտպանող ընդարձակ «Իսթիհպարաթ թէշքիլաթ»-ի եւ կայսրութիւնը մաքրագործող համիտիէններու ծախսերը ըստ օրէնի հոգացած է պետական գանձանակը:
Ծանօթ 2.- Անդրադարձայ նաեւ, որ իսլամական կուսակցութիւններու անուններու մէջ գործածուող բառերը, ինչպէս «Ատալեթ», «Ռեֆահ» գաղտնագիր եզրեր են` ուղղուած թարիքաթներու հետեւորդներուն:
Խղճի խայթէ տառապող փաքիստանցի ժամանակակից հաւատացեալ պարկեշտ ակադեմական Մ. Ա. Խան իր վրդովումը յայտնած է շարիայի կեղծաւոր բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու (ֆէզլէքէ) կապակցութեամբ: Կ՛առաջադրէ, որ գոյացուի համաիսլամական տնտեսական (եւ ոչ միայն) աներկբայ օրէնսդրութիւն (16): Խան միակը չէ, համացանցի վրայ կան բազմահարիւր այլ հրատարակուած ելոյթներ:
Հուսկ բանք.- Վոլթեր իր սրամիտ վէպը կ՛աւարտէ անգործնական վերամբարձ փիլիսոփայ Փանկլոսի ուղղուած (այժմ` առածի կարգ անցած) դիտողութեամբ մը. «Հիանալի մտքեր, հիմա երթանք եւ մեր պարտէզը մշակենք» (17): Կը թուի, թէ նոյն «գործնապաշտ» խորհուրդը հետեւորդներուն («մուրիտ»-ներ, ներառեալ` պետական այրեր) կու տան թարիքաթներու առաջնորդները:
Հեռատես մարդիկ ի հարկէ հաշտ չեն կրնար ըլլալ այս ուղղութեան հետ: Համացանցի վրայ հասանելի են տասնեակ հազարաւոր յօդուածներ` այս ուղղութեամբ: Նախկին խորհրդարանի նախագահ, նախկին փոխվարչապետ, նախկին արդարութեան նախարար Ճեմիլ Չիչեք հրապարակաւ հանդէս եկած է` շեշտելով թարիքաթներու տնտեսական գործունէութիւնները հետաքննելու (audit) անհրաժեշտութիւնը (նկատել 3 «նախկին»-ները) (18): Թուրքիոյ նախկին վարչապետներէն Պինալի Եըլտըրըմ լրագրողներուն ամչկոտ բողոքած է. «Ամէն ինչ ըսելու բախտը չունինք» (19, 20): Էրտողան ի հարկէ զայրացած է (տես կողքի ծաղրանկարը):
Բարի լուրը այն է, որ փտած իշխանութիւնը պիտի գոյատեւէ, որովհետեւ անոր ետին կանգնած է թարիքաթներու հսկայ ցանց մը, որ կը տիրէ երկրի տնտեսութեան եւ հանրային կարծիքին: Էրտողան առայժմ վտանգաւոր մրցակից չունի: Տաւուտօղլուի, Կիւլի եւ այլոց անջատ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ հիմնելու փորձերը յաջողութիւն չեն գտներ: Սիւննի իսլամը ատակ չէ համախոհութեան, որովհետեւ, ինչպէս նախապէս յիշած էի, չունի հոգեւոր կեդրոն (21): Բացի այդ, ընդդիմութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ Էրտողանի պաշիպոզուք միլիսները պատրաստ են արեան մէջ խեղդել «առաջնորդ»-ին մրցակիցները:
Թարիքաթներու ժողովը թերեւս օր մը որոշէ Ռեճեփ Էրտողանը (որ, ի դէպ, վատառողջ է) փոխարինել այլ Էրտողանով մը: Կրօնապիտակ դաշինքի ոչ արդիւնաբեր թալանչի իշխանութիւնը, սակայն, կը շարունակուի կիսաթափանց վարագոյրի ետին: Տնտեսագէտ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, թէ նման «բարեպաշտական» տնտեսութիւն ի վերջոյ պիտի յանգի Թուրքիոյ համար ոչ բարենպաստ վախճանի, բայց մինչ այդ…
———
(1).- Benedikt Koehler, The Thirteenth-Century Economics of Thomas Aquinas, 2016
(2).- Տես առցանց հասանելի յօդուածներու հաւաքածոյ «Monastic Economy Across Time», 2021
(3).- S. M. Ghazanfar, «The Economic Thought of Abu Hamid Al-Ghazali and St. Thomas Aquinas», 2000
(4).- «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը», «Ազդակ» բացառիկ, ապրիլ 2015:
(5).- Max Weber, «The Protestant Ethic and the Spirit of Capitalism»
(6).- Werner Sombart The Jews and Modern Capitalism
(7).- Հրեաներու նախադրամատիրական, սեղանապետական գործունէութեան ընկերային երեսը նախապէս վերլուծած էր Ք. Մարքս իր «On the jewish question» գիրքով (1843):
(8).- Է. Չա՛ման, «Իւլկեների բողոքականները», պատմաաշխարհագրական հանդէս, յուլիս, 2016 (թրքերէն):
(9).- Լ. Պերկման, «Իւլկեների մելամիները», 2017 https://islamiktisadi.net/2017/08/17/sabri-ulgenerin-melamileri/
(10).- Հնարամիտ մարդիկ վաղուց գտած են այդ խոչընդոտը շրջանցելու ձեւաչափեր: Օրինակ` Ա. անձը Բ. անձին կը վաճառէ գոյ կամ չգոյ իր մը` 100 տինարի: Ժամանակ մը ետք Ա. անձը Բ. անձէն ետ կը գնէ միեւնոյն գոյ կամ չգոյ իրը` 120 տինարի: Իրը կը վերադառնայ պարտատէր սեղանապետին յաւելեալ 20 տինարի հետ: Նման գործողութիւններ կը կոչուին լիբանանեան բարբառ մտած «ֆէզլէքէ»:
(11).- Մենտերես հաւանաբար անկեղծ հաւատացեալ մըն էր, որովհետեւ անվրդով քաջութիւն ցուցաբերած է մահապատիժի ընթացքին: Զմիւռնիոյ օդակայանը Թ. Օզալի օրով կոչուած է իսլամ նահատակի անունով:
(12).- Հիթլեր եւս աւստրիացի մըն էր: Ազգայնականութիւնը աւելի մշակոյթի, այլ ոչ թէ ծիներու արդիւնք է:
(13).- Ռ. Օք, «Թուրքիոյ մէջ իսլամական տնտեսութեան եւ ֆինանսաւորումի ուսումնասիրութիւնները երէկ եւ այսօր», մագիստրոսական աւարտաճառ, 2018
(14).- Կիւմիւշհանէ, ոչ` Իսկենտերփաշա օթեակին, որովհետեւ պետական այր չէ եղած
(15).- Ա. Էսեն, Թ. Քոչ եւ Ե. Եաւուզ, «Իսլամ տնտեսութեան հիմքերը – Սապահեթթին Զայիմ» (İSLÂM EKONOMİSİNİN TEMELLERİ 1976): Հասանելի համացանցի վրայ:
(16).- M. A. Khan Reconstruction of Islamic Economic Thought: Need for Innovative Thinking (Ijtihad), Academia 2016:
(17).- Voltaire, Candide, 1769, զոր կարդացած եմ որպէս երբեմնի GE202 դասանիւթ:
(18).- «Թարիքաթներու դրամական աղբիւրները պէտք է քննուին, այս դրամները ուրկէ՞ կու գան եւ ինչպէ՞ս կը ծախսուին», Independent, 12 դեկտ. 2022:
(19).- 2018-ի աւարտին Թուրքիա անցաւ նախագահական վարչաձեւի:
(20).- «Պինալի Եըլտըրըմէն խոստովանութեան նման բացայայտում», Siyasi Haber, Պինալի Եըլտըրըմէն թալանի խոստովանութիւն», «Ճումհուրիէթ», 6 յունիս 2017:
(21).- Նոյն երեւոյթը կը նկատենք Լիբանանի մէջ` ի հեճուկս միւֆթիի ջանքերուն:

