ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Գիւմրիի միջազգային թատերական Բ. փառատօնը կայացաւ մայիս ամսուն: Ծրագրի մասնակից 23 թատերախումբերէն միայն չորսը օտար էին (1): Հայրենի խաղացանկերու շուրջ նախորդ յօդուածի դրոյթը ստուգելու միտումով հետեւեցայ առցանց հրապարակումներուն, որոնք ցաւօք բացառապէս կը կատարուէին փառատօնի կայքէջին վայ (2): Ցարդ կարելի չեղաւ տեսնել որեւէ անդրադարձ` նոյնիսկ հայաստանեան մամուլին կողմէ:
Պատկերը ցոյց կու տայ որմազդերու մեծ տոկոսը: Զանց առած եմ այն գործերը, զորս որոշ մանրամասնութեամբ պիտի ներկայացնեմ:
Ժապաւէններու ճնշող մեծամասնութիւնը կը շօշափէ կենցաղային եւ հոգեբանական բներգներ: Աչքառու ներկայութիւն են պարայինները. Fe-Show, որ ցանկայարոյց «Քապարէ» մըն է ( Fe- Եր-Կա-Թ կրճատումն է վտանգուած ԵՐ-եւանի ԿԱ-մերային Թ-ատրոնի) , Եւկենի Օնեկին (Չայքովսքի) եւ «Ձգողականութիւն» (Gravity), որ Շանթի «Հին աստուածներ»-ու սեռային մեկնաբանութիւն մըն է: Որմազդը ցոյց կու տայ աբեղան եւ Նիւթոնի առածի կարգ անցած խնձորը (3): Ձգողականութիւնը այստեղ երկու սեռերու միջեւ է: Խնձորը թերեւս նաեւ խորհրդանիշն է ադամորդիի սկզբնական մեղքին:
Պիտի անդրադառնամ հայաստանեան այն ելոյթներուն, որոնք այս կամ այն կերպով առնչուած են ներկայ իրավիճակին:
Ա.- Մայրը.- Ծանօթ դերասանուհի Լալա Մնացականեան բեմադրած է չեխ վաղամեռիկ Քարել Չափեքի (Karel Čapek 1890-1938) գործը, որ ուղղուած էր Սպանիոյ ֆաշական վարչաձեւին դէմ (4): Այստեղ կարելի է յիշել, որ ականաւոր հեղինակ Հեմինկուէյ, որ հակաֆաշական ճակատին միացած էր իբրեւ Կարմիր խաչի վարորդ, բացի իր ծանօթ «Որո՞ւ մահը կը գուժէ զանգը» վէպէն, ունի «Հինգերորդ զօրասիւնը» թատրերգութիւնը, որ յօրինուած է, երբ կը գտնուէր ճակատի վրայ (5):
Գլխաւոր հերոսուհին կը կոչուի «Dolores» (ֆրանսերէն` douleurs), որ կը նշանակէ ցաւեր, բայց այլաբանականօրէն` աստուածածին: Ընթերցողը հաւանաբար ծանօթ է Գիւմրիի Աստուածածին եկեղեցիին, որ կը կոչուի «Եօթ վէրք»: Տոլորես հոգեկոչելու (evocation) գերբնական կարողութիւն ունի: Այդ թատերական հնարք մըն է բեմ բերելու համար մահացած հարազատները (6): Ոգիները պարզապէս կը յայտնուին վշտահար կնոջ երեւակայութեան մէջ: Ամուսինը եւ աւագ որդին մահացած են հեռաւոր Ափրիկէի մէջ տապի պատճառով: Մեռած են, երբ կը ծառայէին իրենց գաղութարար պետութեան: Երրորդ որդին մահացած է, երբ կը փորձէր բարձր լեռնագնացութեան մրցանիշ կոտրել: Մեռած է ոչ յանուն ազգանուէր նպատակի: Յաջորդ երկու որդիները սպաննուած են ֆաշականներու կողմէ: Մնացած է վերջին` 17-ամեայ որդին, որ կ՛ուզէ զէնք վերցնել` կռուելու համար հակաֆաշական ճակատին մէջ: Մայրը երկար հոգեհարցութենէ (իմա` ինքնա-հոգե-հարցութիւն) ետք հրացան կու տայ իր վերջին ապաւէն հարազատին: Բարոյական. հայրենիքի ազատութեան համար հարկ է զոհել ամէն ինչ: Հարկ կա՞ր, սակայն, բեմ հրաւիրելու հինգ ոգիներ: Գուցէ Տոլորես ինքզինք ամոքելու համար ծնած ըլլար նաեւ դուստր մը:
Բ.- «Խենթը» Րաֆֆիի համանուն վէպի խորապատկերն է ռուս-թրքական (1877-78) պատերազմը: Հայերու ապաստանած բերդը (Բայազիտ) թրքական քսան անգամ գերակայ զօրքի պաշարումէն փրկելու համար հերոսը` Վարդան (նկատել անունը), խենթութիւն կը ձեւացնէ եւ կ՛անցնի թշնամի բանակի օղակէն: Արարքը իսկապէս որ «խենթութիւն» է, որովհետեւ ամէն պահու կրնար սպաննուիլ: Վէպը գրուած է պատերազմի աւարտէն երկու տարի ետք: Կերպարի նախատիպը կամաւոր Սամսոն Տէր Պօղոսեանն է (1851-1911), որ իսկապէս ծպտուած եւ անցած է թշնամի բանակի մէջէն: Բեմադրիչ Դաւիթ Յարութիւնեան կ՛ըսէ. «Նման խենթերի կարիքն ունի հայրենիքը, ազգը: Այսօր, երբ մեր մէջքը կոտրուած է, ընկճախտի մէջ ենք, ոգեւորիչ խթանների կարիք ունենք»: Թատերակը նախապէս բեմ բարձրացած էր Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ:
Բեմագրութեան հեղինակ Սուրէն Յարութիւնեանը, ինչպէս եւ բեմադրիչը թատրերգութեան տուած են որոշ կրօնական երանգ, որ բացակայ է Րաֆֆիի երկերուն մէջ: Աւարտական տեսարանին մէջ քահանան կ՛ըսէ. «Ի՛նչ եկեղեցի կառուցում եմ` բերդ է ստացւում»: Հերոսը երկար մտածելէ ետք քանի մը անգամ կը կրկնէ. «Միանում, մէկ են դառնում»: Բարոյական` եկեղեցին նաեւ բերդ է:
Գ.- Մարդը ափի մէջ.- Ըստ բանասէր Ներսէս Աթաբէկեանի, Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան մէջ առկայ են հայ միջնադարեան թատրոնի աւանդներ: Բեմադրիչն է Նարինէ Գրիգորեան, որ մօտիկ անցեալին բեմադրած եւ կատարած էր գրական այլ երկ մը, Հ. Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» երկին տուած է երաժշտական, կշռութային (ինչպէս պարապ-կարապ-քարափ) բնոյթ, որ, ըստ թատերագէտ Տիգրան Մարտիրոսեանի, հիմնուած է Սեւակի «կէտադրական նշանի իմաստային առաքելութեան գրողական մեկնութեան» վրայ: Բեմին վրայ են բռնկող, վիճող, խմող ու երգող չորս «պայմանական թաղի տղաներ» (իմա` սեւակներ եւ կարմրազգեստ կին մը (նկարի խորքին` շրջանակով նշուած), որ կը ներկայացնէ Սեւակին մուսան:
Ստեփանակերտցի Գրիգորեան, որ ելոյթը պատրաստած էր Սեւակի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով, կ՛ըսէ, որ այս գործով սփոփանք գտած է կորսնցնելէ ետք իր հայրենի տունը:
Դ.- Art Փսիխոզ.- Հայերէնով` «Արուեստի մտախտ»: Տեղական տարբերակն է ֆրանսացի Yasmina Reza-ի «Art» թատերակին (1994): Բեմադրիչը` Արշալոյս Յարութիւնեան, նաեւ վերցուցած է կեդրոնական կերպարի դերը:
Գաղափարը հիմնուած է ռուս գեղանկարիչ Kazimir Malevich-ի (1879-1935) «Սպիտակ սպիտակի վրայ» պաստառէն, որ մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր 1918-ին, այսինքն` Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան թէժ շրջանին: Մալեւիչ հիմնադիրն է կարճակեաց «Գերակայապաշտ» (Suprematist) դպրոցին, որ վերացականութիւնը կը տանէր ծայրայեղութեան, ձեւով մը կը խզուէր յեղափոխական արուեստէն, որ իրապաշտ էր: Բեմադրիչը անտեղեակ է, կամ անտեղեակ ըլլալ կը ձեւացնէ այս առնչութեան, թէեւ բեմի վրայ առկայ պաստառը Քազինիրի պաստառին ակնյայտ մէկ տարբերակն է, սպիտակ ֆոնի վրայ` սպիտակի դոյզն, հազիւ զանազանելի երանգի երկու բիծեր:
Ինչպէս գերակայապաշտն Քազիմիր, այնպէս եւ թատրերգութիւնը իր կապերը խզած է տիրող իրավիճակէն, Հայաստանի գոյութենական հարցերէն:
Երեք ընկերներէն մին 50 հազար եւրօ վճարած է գնելու համար այդ անհեթեթ պաստառը: Պարզ է ուրեմն, որ կերպարները կը պատկանին Օղակաձեւ այգիի սահմաններէն ներս գտնուող առանձնաշնորհեալ դոյզնամասնութեան, այլ ոչ` Կոնտի, Քանաքեռի կամ Պանկլատեշի մեծամասնութեան:
Ելոյթին մէջ պաստառը պարզապէս պատրուակ մըն է, ոչ թէ` արուեստ, փիլիսոփայութիւն կամ, քաւ լիցի, քաղաքական ճգնաժամ քննարկելու, այլ` իրարու թերութիւնները եւ կուտակուած մաղձը:
Բեմադրիչը կը բացատրէ, որ ներկայացուածը սեւ հիւմըր է: Իմ մէջ յառաջացուց արցունք, ոչ` ծիծաղ:
Ե.- Բաբելոն Շոու հայերէնով` «Բաբելոնեան ցուցք»
Վեց մասերէ բաղկացած կցում մըն է, ուր երկու կիսամերկ երիտասարդներ, որոնցմէ մին նոյնինքն հեղինակ-բեմադրիչ Յարութիւն Յովհաննիսեանն է, ձեւով մը խօսափողերն են այլմոլորակային էակներու, որոնք կը փորձեն մեր մոլորակի չարիքներու արմատը յայտնաբերել: Կը պարզուի, որ այդ … նախա՛նձն է, սկսեալ Կայէն-Աբէլէն, անցնելով Սալիերի-Մոցարթէն եւ հասնելով մեր օրեր: Աստուած կը մասնակցի քուլիսի ետին գտնուող երաժշտական «Վանական» խումբին միջոցով: Խումբը եւս խօսափող մըն է:
Ինչպէս «Art փսիխոզ», այնպէս եւ «Բաբելոն շոու» բեմադրիչներու բառերով «տեղայնացուած» չեն, այսինքն կ՛անտեսեն մեր ահաւոր ճգնաժամը: Այս ելոյթը եւս ճանաչողական բնոյթ չունի:
Կայէն-Աբէլի դրուագը այլաբանական է: Կը վերաբերի նախնական ընկերութեան անցքին` դէպի նստակեաց հողագործութիւն: Կայէն ա՛յդ իմաստով «կը սպաննէ» Աբէլը: Գիրք Ծննդոցը կը յիշէ նաեւ, որ Կայէնի սերունդը եղած է նաեւ մետաղագործ եւ այլն: Իսկ Սալիերի-Մոցարթ նախանձի բներգը հիմնուած է Forman-ի «Ամատէուս» (Amadeus, 1984) ժապաւէնին վրայ, որ հիմնուած էր Պուշկինի «Սալիերի-Մոցարթ» թատերակին վրայ, որ հիմնուած էր Մոցարթի վաղաժամ մահէն ետք շրջող տարաձայնութիւններու վրայ:
«Փսիխոզ» եւ «Բաբելոն» կը թուին տեղայնացուած ըլլալ այն առումով, որ կ՛արտայայտեն (Բաբելոնը` ակնյայտօրէն) մեր ընկերութեան մէկ մասի «սեռային նախընտրութիւնները»:
Հուսկ բանք.- Կը թուի, թէ հարկ չկայ նախորդ յօդուածին դրոյթը բարեփոխելու (2): Փառատօնին խաղացանկը կը թելադրէ, որ հայրենի թատրոնը տակաւին չէ արտադրած թատրերգութիւն, որ ճակատային կերպով դիմագրաւէր ներկայ աղէտները: Կարգ մը սրտցաւ բեմադրիչներ կը փորձեն անցեալի գործերու ընդմէջէն ակնարկներ սպրդեցնել, իսկ մեծամասնութիւնը ցաւօք պարզապէս ա՛յլ տեղ է:
——————————–
- Ռուսիա, Վրաստան, Ֆրանսա եւ Պելճիքա: Անցեալ տարի մասնակցած էին այլ երկիրներ, որոնց շարքին էր մեր միակ բարեացակամ դրացի Իրանը:
- Տե՛ս «Հայրենի բեմերու խաղացանկը զետաղէտ», «Ազդակ», 18 մարտ 2024:
- Ի գիտութիւն անգիտաց` Նիւթոն իր օրէնքը ձեւաւորեց հիմնուած է ոչ թէ խնձորի մը, այլ լուսնի ծիրին վրայ, որ յարատեւ կը կորանայ եւ կը վերածուի շրջանակի` «իյնալով» դէպի երկիր:
- Չափէք գիտաերեւակայական թատրերգութիւններու հեղինակ է: Հեղինակն է նաեւ «ռոպոթ» եզրին, որ հիմնուած է չեխ «ռոպոթա» (բռնի աշխատանք) բառին վրայ: 1920-ին հեղինակած թատրերգութեան վերնագիրն է «Rossum՛s Universal Robots» կամ «Ռոսումի տիեզերական մարդամեքենաները»:
- Հակաֆաշական հեղինակները համախմբուած էին որպէս «Teatro de masas» (զանգուածներու թատրոնը):
6. Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Չափեք երեւակայապաշտ է: