Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Բեմերու Խաղացանկը Յետաղէտ

March 18, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Սովորական.- Կը գտնուինք նոր թատերաշրջանի սեմին: Մօտիկ անցեալին «Ազդակ»-ի մէջ երկու բաժնով լոյս տեսած «Հաւաքական խոցի բեմականացումը» յօդուածին վերջաբանը ստուգելու առաջադրանքով գրաւոր դիմեցի ինծի ծանօթ աւելի քան տասը հայրենի թատրոններու` խնդրելով ստանալ անոնց  յետ քառօրեայ պատերազմ, կամ առնուազն յետարցախեան աղէտ խաղացանկերը: Ինչպէս հաւանաբար ընթերցողը գուշակեց, թատերախումբերուն մեծամասնութիւնը անտեսեց խնդրանքս: Երկու թատերախումբեր տուին ներկայ խաղացանկերը, որոնք արդէն իսկ տեսանելի են իրենց կայքերուն վրայ: Ամէնէն անհասկնալին այժմ վտանգուած «Գոյ» եւ «Կամերային» թատրոններուն կեցուածքն էր: Կ՛ենթադրէի, որ արտասահմանի հայերու զօրակցութիւնը պիտի շահագրգռէր զիրենք:

Այս յօդուածը հիմնուած է համացանցի վրայ հասանելի ծանուցումներու յոյժ համբերատար փնտռտուքին վրայ: Կը վերաբերի գլխաւորաբար «Քորոնա» համավարակի տեղատուութենէն ետք բեմադրուած ելոյթներուն:

Վիճակագրական

Յաջողած եմ տեսնել 14 թատերախումբերու 235 ելոյթի ծանուցումները: Ամէնէն գործուն թատրոնը Երեւանի Տրամաթիքականն է: Մայր թատրոն Սունդուկեանը, ցաւօք, ունի համեստ ներդրում: Ակնյայտօրէն աշխուժ են Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի տրամաթիքականները: Տխուր պատկեր կը պարզեն կարգ մը մարզերու թատրոնները, «Կամերային»-ը եւ Ստանիսլասկիի անուան թատրոնը, որ այժմ գրեթէ բացառաբար կը ծառայէ դպրոցական ձեռնարկներու (1):

Ներքեւի տուեալներուն մէջ Գիւմրիի եւ Վանաձորի թիւերը զգալիօրէն ուռճացուած են, որովհետեւ այդ երկու խումբերը առցանց կը պահեն աւելի կանուխ ելոյթներու ծանուցումներ: Այբենական (անաչառ) կարգով տրուած թատերախումբերու ելոյթներուն ընդհանուր թիւերը հետեւեալներն են.

Աբովեան Տրամաթիք… 16
Ալավերդի քաղաքական… 10
Բոհեմ… 14
Գիւմրի Տրամաթիք… 50
Գոյ… 11
Գորիս Տրամաթիք… 9
Տրամաթիքական (Երեւան)… 26
Կապան Տրամաթիք… 18
Համազգային… 12
Հ. Մալեան… 13
Մ. Մկրտչեան… 6
Յ. Պարոնեան… 15
Գ. Սունդուկեան… 16
Վանաձոր Տրամաթիք… 19

Հարկ է նշել, որ հայ հեղինակներու աւելի քան կէսը դասականներն են, ինչպէս` Շիրվանզադէ, Թումանեան, Պարոնեան, Դ. Դեմիրջեան, Վ. Փափազեան եւ այլք:  Շարքին կարելի է աւելցնել մահացած հեղինակներ, ինչպէս` Ա. Արծրունի, Հ. Մաթեւոսեան, Պերճ Զէյթունցեան եւ Պ. Սեւակ: Ժամանակակից հեղինակներու ներկայութիւնը հազիւ թէ 1/6 է, նոյնիսկ` շատ աւելի նուազ, եթէ բացառենք մանկական հեքիաթներն ու ամանորեայ ելոյթները:  Հայրենի մանկական թատրոնին հարկ է առանձին անդրադառնալ: Մանկական թատրոնի բնոյթին նախապէս անդրադարձած եմ (2):

Կողմնակի նշեմ, որ ներկայ թատերաշրջանին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի պատկերը ենթադրաբար նոյնը պիտի ըլլայ: Հայ հեղինակի բաժինը` 1/5:

Ի դէպ, հայ հեղինակներ բեմադրելու առումով առաջին կարգի վրայ է Վանաձորը: Իսկ կատակերգութիւններ բեմադրելու առումով, ի հարկէ` Բոհեմը (86 առ հարիւր եւ 14 առ հարիւր մանկական), ապա Պարոնեանը (60 առ հարիւր), իսկ վերջինն է իր գոյութիւնը վտանգուած «Գոյ»-ը (10 առ հարիւր)

Երկարատեւ պրպտումի գլխաւոր առաջադրանքը ի հարկէ ահաւոր աղէտի, մարդկային եւ տարածքային կորուստներու բներգն էր: Բայց ինչպէս նախապէս յայտնած եմ, որեւէ տուեալ չեմ տեսներ, համոզուելու, որ մեր թատրոնը նման թատրերգութիւն բեմադրած է: Համացանցի վրայ հայրենի թատերագէտներն  ու լրագրողները, ցաւօք, բաւարար չափով չեն անդրադառնար թատերական ելոյթներուն:

Ծանուցումներու բնագիրէն կարելի է ենթադրել, թէ կարգ մը թատերախումբեր իրենց ելոյթներու մէջ աղէտին ուղղուած ակնարկներ կամ յաւելումներ պատուաստած են: Ընթերցողը կրնայ յիշել «Տունը սահմանին» ելոյթը, որուն աւարտական բնագրին (խոտոր) յաւելուած տեսարանը, ուր օտար ուժերու կողմէ մասնատուած տունը տանուտէր զոյգին կողմէ կը վերամիաւորուի: Ելոյթին առանձին անդրադարձած եմ (3): Նամակագրութեան ճամբով կ՛իմանամ, որ Ալավերդիի քաղաքապետարանի թատրոնը բեմադրած է հայաթափութեան բներգով «Ո՞ւմ վրայ են հաչում շները», ինչպէս եւ  ամերիկաբնակ հայրենադարձութեան բներգով Պատրիկ Արտեմի «Ծապան» թատրերգութեան աւարտին յաւելած է ծերունի հերոսին բողոքը որ ուղղուած է իր բացակայ որդիներուն եւ թոռներուն (իմա` արտասահմանի հայութեան), որոնք փող կ՛ուղարկէի, բայց  պատրաստ չէին զէնք վերցնելու, որպէսզի ներխուժող թշնամիէն պաշտպանէին իրենց «պապը» (4): Աւելի յարիր է Գիւմրիի տրամաթիքականի «Ոչինչ չի մնայ» թատրերգութիւնը, որ կը թուի յարմարեցում (իրենց բարբառով` «ադապտացիա») մը ըլլալ է John Osborne-ի «Look back in anger» (բարկացոտ ետ նայիր) թատրերգութեան` այն յաւելումով, որ գլխաւոր հայ հերոսի տանջահար վախճան ունեցող հայրը արցախեան ազատամարտիկ մըն է (5): «Ակնարկներ կան նաեւ ցուրտ ու մութ տարիներուն եւ մարտ 1-ի պոռթկումին: Այո՛, մենք բազմաթիւ պատճառներ ունինք ցաւով եւ զայրոյթով «ետ նայելու» մեր արդի պատմութեան:

Պատերազմի եւ առ հասարակ ազգային բներգի գործերը խիստ սակաւաթիւ են: Հանդիպած եմ միայն մէկ հատին` «Պատերազմի ցեցը», որուն մօտիկ անցեալին հակիրճ անդադարձած եմ (6): Թատրերգութեան ասքը նման է նախորդին: Պառակտուած ընտանիքը (իմա` ազգը) կը յաղթահարէ պատերազմի «ցեցը» վերամիաւորուի եւ կը վերականգնէ Հայաստան-Արցախ սահմանները (տե՛ս կողքի որմազդը), ինչպէս  «Տունը սահմանին» թատրերգութեան յաւելուած աւարտի տանուտէրերը (իմա` ազգը) կը միաւորէին մասնատուած տունը (իմա` երկիրը):

Ալավերդի թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Հրաչեայ Պապինեան կ՛ըսէ, թէ «Ցաւօք, գրական հենքի, այսինքն` տրամատուրկիական ստեղծագործութիւնների լայն ընտրութիւն չի եղել»: Խաղացանկի վրայ են երբեմնի փառքերը ոգեկոչող գործեր, ինչպէս` «Արծուաբոյն», «Ցեղի ֆիզիոլոգիա» (բնախօսութիւն) եւ «Յաղթանակի Կենեզիս» (ծնունդ, ծագում): Նման գործեր ունին ծիսական բնոյթ, որովհետեւ կը միտին ամրապնդել հաւաքականութեան շաղախը, ներշնչել հաւատք , յոյս եւ սէր: Ազնիւ թէեւ` պարզամիտ մտադրութիւն:

Հոգեբանութիւնը գիտութեան ամենադժուար մարզն է: Կը թուի, թէ մենք, հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ, տակաւին կը գտնուինք վիշտի թելադրած փուլերէն առաջին երկուքին մէջ` մերժում եւ ցասում (7): Կը յուսամ, որ երկար չենք սպասեր այն թատրերգութեան, որ պիտի բեմականացնէ գոյութենական ցաւոտ հարցադրումները:

——————

  1. Ստանիսլաւկիի անուան թատրոնի այդ սեռի գործունէութիւնը նոր չէ: Տարիներ առաջ այդ սրահին մէջ դիտած եմ «Փոքրիկ իշխանը», քանի մը հարիւր աղմկոտ դպրոցականներու հետ միատեղ:
  2. Մանկական թատրոնը Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 3 եւ 4 հոկտեմբեր 2017:
  3. Թատերախումբը չէ յայտնած, թէ ելոյթը ո՛ր թատրերգութեան «ադապտացիան» է:
  4. Ռուսերէնէ փոխ առնուած «ծապան» կը նշանակէ սարալանջ կամ պատշգամբ: Հայրենադարձ պապը այդպէս է կոչած իր հաստատած հիմնարկը: Պապը իր «Ոտնակոխ տունը», «Ազդակ» 3 յուլիս 2023:
  5. «Հաւաքական խոցի բեմականացումը» Բ. «Ազդակ» 6 փետրուար 2024:
  6. Թէեւ բոլորս կը յաւակնինք հոգեբաններ ըլլալ:
  7. Kübler-Ross-ի 5 փուլեր դրոյթի հետեւողութեամբ:

 

Նախորդը

Իրաւատիրութիւն Եւ Պահանջատիրութիւն

Յաջորդը

Յակոբ Յակոբեան (ԻԷ.) Մեր Վերջին Հանգրուանը, Կամ` «Մարդկային Վերաբերմունքի Բացակայութենէն…»

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.