Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղիողորմ Կրկնեփ

May 25, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Երուանդ Օտեան» թատերախումբը ներկայացուց Վաչէ Ատրունիի Հալէպի մէջ յօրինած  եւ բեմադրած «Մամէի վիզան» թատերախաղին մէկ տարբերակը (1): Դրդապատճառը սփիւռքի «Մայր գաղութէն» խուճապահար արտագաղթն է, գլխաւորաբար` դէպի Քանատա: Հեղինակը բազմաթիւ առիթներով յայտնած է, որ իր գործերու բներգը «սփիւռքի գոյավիճակ»-ն է: Գնահատելի եւ օրինակելի առաջադրանք է, ասոր շուրջ երկու կարծիք չկայ: Կը մնայ փշոտ հարցումը. «Ինչպէ՞ս»:

Նախքան վարագոյրին բացուիլը` հանդիսատեսը կը լսէ արտագաղթած տղամարդու մը դառն տրտունջը, որուն կը հակադրուի ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար պարտադրուած հաւատարմութեան երդումը եւ` «Ինչ հիանալի աշխարհ» (What a Wonderful World, Sam Cooke 1967) ծանօթ երգը, որ Լուի Արմսթրոնկի ծանօթ կատարումէն ետք յաճախ կ՛օգտագործուի  հեգնական առումով (2): Հանդիսատեսը ի սկզբանէ տեղեկացուած է, թէ ինչպէ՛ս հարկ է կողմնորոշուիլ: Հանդիսատեսին հետ երկխօսութեան կարողանալ մտնելու համար կը մնայ լոկ նեղլիկ լուսանցք:

Դիպաշարը.- Ելոյթին շուրջ լոյս տեսած են առնուազն երկու ակնարկներ, հետեւաբար կարելի է այստեղ կրճատել:

Թատր ընտրուած է դեսպանատան սպասման սրահը, որպէսզի վիզայի (3) դիմորդ այլազան «դրական» եւ «ժխտական» կերպարներ  մէկտեղուին: Բարի՛: Դրական է կատակախօս արհեստաւոր Գալուստը, որ պէտք է լքէ իր խանութը, շուկայի (եւ ոչ միայն) մտերիմները, առաւօտեան ֆուլի պնակը ու երթայ (քանի մը առումով) սառն Քանատա:

Բացայայտօրէն բացասական են երկու պատեհապաշտ եւ նիւթապաշտ երիտասարդներ` Սամուէլն ու Ճանիկը: Այո՛, այո՛, այդպիսի հայեր ալ կան: Անոնց կը հակադրուի յեղափոխականացած (Աղբիւր) Սերոբը, որ դուրս կու գայ իր մակաբոյծ կեանքէն, աշխատանք կը ճարէ եւ կը մերժէ միանալ իր քանատացի կնոջ:

Ողբերգականօրէն երկբայական կերպար է թեհրանահայ Նահատակ Մարտիրոսեանը… ներողութիւն, Մարտիրոս Նահատակեանը, որուն «Մամիկ»-ը վիզա չի կրնար ստանալ, որովհետեւ ներկայ չէ, լքուած է: Միւս կողմէ` վիզա ստացած է  յանկարծ մահացած զոքանչը: Ա՛յ քեզ թրաժիքոմետի:

Մեր օրերու «Հաճի Աղա»-ն.- Մարտիրոսին ընտանիքը Թեհրան ձգած է մամիկը եւ… տան հաւատարիմ շունը: Այդ յիշել կու տայ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Աւելորդը» (1917) պատմուածքը, ուր ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին (1877-1878) այդ պահուն քաղաքին մօտեցող թրքական բանակէն փախչող ընտանիքը հարկ էր, որ լքէր հարազատ տարեց քոյր Սրբուկը, որովհետեւ կառքին մէջ անոր համար տեղ չէր մնացած: Իսկ այստեղ Միջին Արեւելքի նահատակութենէն փախչող ընտանիքը հարկ է, որ լքէ հարազատ տարեց մամէն, որովհետեւ անոր համար վիզա չէ մնացած… ներողութիւն, չէ շնորհուած:

«Աւելորդ»-ի աւարտական տողերուն մէջ կը կարդանք. « Արտասուքը խեղդեց նրան (իմա` ընտանիքի գլուխ Հաճի Աղան): Շունչ առաւ եւ հառաչեց …»: Ուշացած զղջումի արտասուքը այստեղ եւս կրկին ու կրկին խեղդեց ընտանիքի գլուխ (հետեւաբար` յանցանքի գլխաւոր պատասխանատու) Մարտիրոսը: Կերպարի կրկնուող երկարաշունչ լալագին ատենաբանական մելոտրամային մենախօսութիւնները չէին օգներ հանդիսատեսը կապելու բեմին: Այդ յիշել տուաւ «Խնձորի բուրմունքը» (2017), ուր նոյն դերակատարը արտաբերած էր նման երկարաձիգ ողբ մը (4):

Երգիծական.- Ինչպէս հեղինակին շարք մը այլ գործերուն մէջ, այստեղ եւս երգիծանքի երկու բաղադրիչներն էին`

Ա.- դիւրին ճանաչելի ֆիզիքականը, ինչպէս` ամուսին ծեծել, կարծրատիպ դարձած լաչառ շարժուձեւ կամ կարճատես ձեւանալ,

Բ.- Թրքախառն գռեհիկ բառեր եւ դարձուածքներ, ինչպէս` «փիս պողազ», «նաալեթ», «պէտքարան» (քանի մը անգամ կրկնուած), «փոր քշել», «վարտիք փոխել», «թո՜ւ», «ճանըմ»,  «ալլահ ալլահ ալլահ»  (քանի մը անգամ կրկնուած), ինչպէս նաեւ` անգլերէն գիտնալ ձեւացնել, օրինակ` «my ամուսին»:`

Երգիծանքի (եւ ցաւօք` ոչ միայն) նշաձողը յարմարեցուած է ամէնէն տգէտ եւ դանդաղամիտ հանդիսատեսի մակարդակին: Այդ ցոյց կու տայ հեղինակին մտապատկերը մեր, այսինքն հայ հանդիսատեսին մասին: Այլ առիթներով Ատրունի ակնարկած է այս ուղղութեամբ: Քրքջացող հտպիտը եւ հտպիտավարի դիմայարդարումը, որոնք առկայ են բեմադրիչին բազմաթիւ գործերուն մէջ, թերեւս ցուցանիշն են այս մտայնութեան:

Ոչ դիտաւորեալ երգիծական էր նաեւ արեւմտաբարբառ արեւելահայերէնը, զոր հայաստանցիք հեգնականօրէն կը կոչեն «ուզպեքերէն»: Այսպէս կը լսենք. «Ո՞ւր ենք մնալու», կամ «Ով ինչ կ՛ուզէ թող անի»:

Իրապաշտական.- Հեղինակը բազմաթիւ առիթներով յայտնած է, թէ ինք իրական կեանքն է, որ մեզի ցոյց կու տայ բեմի վրայ: Արուեստի ոչ մէկ ճիւղ, ներառեալ` նոյնիսկ լուսանկարչութիւն, իրականութեան տառացի հայելին չէ, այդ անիմաստ եւ տաղտկալի պիտի ըլլայ: Ինչեւիցէ, այդ առանձին նիւթ է:

Յամենայն դէպս բեմը ոչ մէկ նմանութիւն ունէր Աուքարի ամերիկեան ամրոցի գաւիթին եւ այնտեղ բանող դրանիկներուն:

Հալէպահայ կամ պէյրութահայ  ընտանիքի հայր ներկայացնող Գալուստը աւելի շատ կարօտախտի խօսափող է, քան` իրականութեան խտացում: Հայ արհեստաւոր վարպետները, որոնցմէ մին հայրս էր, արագ անհետացող վտանգուած սեռ (endangered species) են: Ծնած ու մեծցած եմ բացառապէս հայ արհեստաւորներու թաղամասի մը մէջ, որ այժմ անհետացած է: Անձնապէս անկամ, անկար վկան դարձած եմ ինծի ծանօթ աւելի քան երեսուն արհեստանոցներու շիջումին: «Էրմէնի»-ն այլեւս հոմանիշ չէ «արհեստաւոր»-ի: Այս առումով, անհամեմատ աւելի դիպուկ էր «Թէաթրոն թատրոն»-ի քորոնահար օրերուն առցանց ներկայացուցած «Կարմիր մոմ»-ը (5):

Աւելի իրապաշտ չէ դեսպանատան բարեհամբոյր պաշտօնեան, որ լայն ժամանակ կը տրամադրէ բոլորին, ներառեալ` խռովարար ու անյարգալից դատարկապորտ երիտասարդը, եւ վիզա կը շնորհէ խարդախութեան մեղսակից Մարտիրոսի մօր` գնահատելու համար անոր ուշացած մայրասիրութիւնը:

Եւ ի վերջոյ, ի՞նչն է մեր հիմնախնդիրը, դեսպանատան դրան առջեւ կատարուած խարդախութեան խեղկատակ ու միամիտ փորձե՞րը, թէ՞ սփիւռքեան գոյավիճակի յարատեւ փոփոխութիւնները: Ելոյթը հայապահպանական աւանդը անգամ մը եւս հաստատող դիւրամատչելի ծիսակատարութիւն  մըն էր, այլ ոչ` բանականութիւնը տանջող հարցադրումներու եւ երկխօսութեան նիստ:

Սրտցաւ յուշ.- Առիթ ունեցած եմ ներկայ ըլլալու «Շրջուն թատերախումբ»-ի առաջին ելոյթին, որ ձեւով մը շարունակութիւնն էր քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Պուրճ Համուտի մէջ ծնունդ առած տեղական (indigenous) ծաղրանկարային թատրոնին (6): Վարագոյրէ առաջ Ատրունի բեմ բարձրացած էր` յայտարարելու, որ ձեռնարկած է թատրոնի նորարար «խենթութիւն»: Իմ (եւ հաւանաբար` այլ շատերու) բաղձանքն է, որ այդ ոգին աճէր, այլ ոչ` վերածուէր կրկնուող միալար մելոտրամի:

—————–

  1. Քանատականը փոխարինուած է ամերիկեանով, զեղչուած են կարգ մը երկրորդական կերպարներ, եւ Մարտիրոսի որդին փոխարինուած է դուստրով:
  2. Visa = Այցեգի՞ր:
  3. Ինչպէս, օրինակ, Barry Levinson-ի բեմադրած «Goodmorning Vietnam» (1987) ժապաւէնին մէջ:
  4. Հարկ է նշել, որ Տիրան Սարգիսեան ունի հիւմըրի ակնյայտ զգացում եւ կատակերգութիւններու ընթացքին բազմիցս ցուցաբերած է փայլուն խաղարկութիւն:
  5. Տես «Ինկած արհեստի իշխանը», «Ազդակ», 19 հոկ. 2022:
Նախորդը

«Դէպի Հայրենիք Սփիւռքը Արձանագրեց Յաջորդական Մակընթացութիւններ Եւ Տեղատուութիւններ». Միհրան Քիւրտօղլեան

Յաջորդը

Անձնատուութիւնը Խաղաղութիւն Չէ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը Ապաստան (Ա.)

November 4, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

October 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.