ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Դիտած եմ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի «Հայրս ո՞վ է» (Ray Cooney, It Runs in the Family, 1987) (1) զաւեշտի առաջին ելոյթը` բեմադրութեամբ Վաչէ Տօնէրեանի: Մօտիկ անցեալին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմ հանուած էին հայր Ռէյ ու հայրանման որդի Մայքըլ Գունիներէ ոչ նուազ քան երեք այլ գործեր որոնց անդրադարձած եմ: (2, 3, 4)
Հեղինակը.- Կը նկատուի մեր ժամանակներու Ֆէյտոն (Georges Feydeau 1862-1921), որ ի դէպ, հեղինակն էր թատերախումբի նախորդ ելոյթին, եւ որ` այս ամիս պիտի տօնէ իր 92-րդ տարեդարձը, արտակարգ եռանդի տէր անձ մըն է (5): Մինչեւ 2011 շարունակած է արտադրել եւ բեմ բարձրանալ (տե՛ս կողքի լուսանկարը): Ծանօթ է իր «վեց ոսկեայ օրէնքներ»-ով, որոնց անդրադարձած եմ: Իր բաղադրատոմսի մնայուն տարրերն են` դիւրաւ ճանաչելի կերպարները, հազիւ քողարկուած սեռային ակնարկները (innuendo) եւ թիւրիմացութիւնը, որ յատկապէս կը ծագի երկիմաստ խօսքերէ: Այս խնդրայարոյց կէտ է, որովհետեւ հիւմըրը կրնայ կորսուիլ անուշադիր թարգմանութեան մէջ: «Expecting», օրինակ, նաեւ կը նշանակէ «յղի»: Բեմին վրայ հարկ եղած էր այդ բացատրել… անգլիացի փորձառու բժիշկի մը: Հիւմըրի բացատրութիւնը աղէտալի է, որովհետեւ կը նշանակէ դիահերձում…
Բնագիրը ընկալելու համար էական է շեշտել Գունիի ոսկեայ սկզբունքներու առաջի՛նը, որ կ՛ըսէ, թէ զաւեշտը աւելի նման է ողբերգութեան, քան կատակերգութեան: Այդ երկուքին գլխաւոր հերոսները կ՛ունենան բախտի յանկարծակի շրջում եւ անկարող են տիրապետել կացութեան: Այս, ի դէպ, համահունչ է Արիստոտէլի ողբերգութեան նկարագրութեան եւ կը կոչուի peripeteia (յունարէն` «շրջում»): Գլխաւոր կերպարը կը գտնուի անդունդի եզրին եւ պէտք է տայ ճակատագրական որոշում: Քրիստոսէ երեք դար առաջ թատրոնի մարդիկ գիտակցած էին, որ զաւեշտը չափազանցուած կատակերգութիւն չէ: Կատակերգութիւնը կ՛ունենայ բարեզարդ աւարտ, մինչդեռ այստեղ գլխաւոր հերոսը կրկնապէս կը պատժուի.
Ա.- Կը խորտակուի ասպետական կոչում ստանալու ակնկալութիւնը:
Բ.- Կը յայտնուի, որ իր կինը իրեն կը դաւաճանէ (ի հարկէ) իր ամէնէն մօտիկ ընկերոջ հետ:
Գունի վստահաբար ծանօթ է այս սկզբունքին: Իր վեց ոսկեայ օրէնքներուն չորրորդը կ՛ըսէ, որ զաւեշտի դերակատարները պէտք է ատակ ըլլան խաղալու ողբերգութիւն: Այս կէտը նախապէս բազմիցս շեշտած եմ: Ձայն բարբառոյ …
Կատարողական .- Թատերական (եւ ոչ միայն) կերպարներու տրուած անունները երբեք պատահական չեն: Այս կէտը եւս բազմիցս ձայնարկած եմ … յանապատի: Ինչպէս կողքի դիմանկարները եւ զինանշանը ցոյց կու տան, Մորթիմըր անգլիական ազնուական տոհմ մըն է, որ պալատական եղած է եւ պատմութեան մէջ յիշուած 13-րդ դարէն սկսեալ: Զաւեշտի կեդրոնական կերպար ազնուազարմ բժիշկ Մորթիմըր հասած է այնպիսի դիրքի, որ կը յաւակնի ստանալ ասպետի տիտղոս` երկրի գերագոյն գնահատանքը, որ կը շնորհուի նոյնինքն գահակալին կողմէ:
Յեղանկարծ (improvised) անհեթեթ սուտեր շատ աւելի ծիծաղելի կը հնչեն, երբ կ՛արտասանուին պատկառելի անձաւորութեան մը կողմէ, քան` ծեքծեքուն խեղկատակի մը, որմէ հանդիսատեսը կ՛ակնկալէ ամէն յիմարութիւն: Այս ծանօթ է իբրեւ «անպատշաճութեան (Incongruity) տեսութիւն», ծիծաղը կը յառաջանայ անակնկալ վարմունքէ կամ յայտնաբերութենէ մը: Ասպետութեան շեմին կանգնած պատկառելի անձնաւորութեան մը պատշաճ չէ միամիտ սուտերու դիմել: Այստեղ կը կայանար ելոյթին հիմնական անտեսումը:
Ի դէպ, բժիշկին վրայ ծառացող մեծաւորը կը կոչուի «Drake» (լատին. Draco), որ կը նշանակէ վիշապ, հրէշ, իսկ լաւ ընկերոջ ազգանունը` «Bonney», ոչ զարմանալիօրէն կը նշանակէ բարի, աղուոր: Այո՛, անունները բացայայտ թելադրանքներ են:
Երկրորդական կերպարներու պարագային նման հարց չէր ծագեր, դերակատարները շատ յարիր կերպով կատարեցին այն, ինչ որ պահանջուած էր իրենցմէ, իմա` անընդմէջ խուճապը, որ ներկայացումի հիմնական մղիչ-շարժակն էր: Շա՛տ բարի: Թատերախումբին համար բախտաւորութիւն է ունենալ այսքան մեծ թիւով համակրելի, շնորհալի եւ նուիրուած դերասանուհիներ:
Որմազդը կը խտացնէր քաոսի տարրերը: Կրնար ունենալ աւելի գեղեցիկ կառոյց, բայց` ոչինչ, բարի՛:
Ինչպէս նախորդ ելոյթի, այնպէս եւ այստեղ զգեստաւորումը կատարուած էր բարձր ճաշակով: Շա՛տ բարի: Պարզ չէր սակայն, թէ ինչո՛ւ Լեզլիի մայրը հիւանդանոց փութացած էր գիշերային հաւաքոյթներու յարիր աչքառու զգեստով:
Երաժշտութիւնը (Join In the Chorus, On Parade, եւ այլն) եւ բեմայարդարումը կը ծանուցէր շարքային կատակերգութիւն: Եօթը մուտքեր (5 դուռ + պատուհան + գաղտնուղի) կը ծանուցէին աշխուժ երթեւեկ (7x7x2-7= 91 կարելի ուղեգիծ): Աջ պատը ցոյց կու տար նոյն աղջկան երեք պատկերներ, ինչ որ կրնայ ինքնութեան երկբայութիւն նշանակել: Բարի՛: Պարզ չէր սակայն, թէ ինչո՛ւ ձախ պատը ցոյց կու տար Մոնա Լիզայի «pop-art» քոլաժ մը: Ոչինչ, բարի՛: Բեմի ճակատին բացուած մեծ պատուհանը պարտադրաբար առկայ է զաւեշտի բոլոր կատարումներուն մէջ (տե՛ս կողքի լուսանկարները): Ծիծաղ յառաջացնելու նպատակով յաւելուած են սնտուկ մը, որ գաղտնուղիի (թիւնել) մը մուտքն է, ինչ որ յստակ անհեթեթ է, որովհետեւ հիւանդանոցի ընդունարանը գետնայարկ չէ:
Ծիծաղ յառաջացնելու նպատակով յաւելուած էին` ոչ նուազ քան չորս անդրազգեստ (transvestite) տղամարդ, անճոռնի գլխարկներ, կեղծամներ, վատ ծպտուած կրօնական, բացայայտ սեռային մեկնաբանութիւն ունեցող շարժուձեւեր եւ «մայասըլ», որ կրկնուեցաւ … բազմիցս:
Լուսանկարները ցոյց կու տան նաեւ, որ իբր Մորթիմըր ընտրուած են պատկառելի տեսքով դերակատարներ, այլ ոչ օղ կրող եւ մազի երիտասարդական մօտայիկ կտրուածքով անձ: Ցոյց կու տան նաեւ, որ ապօրինի ծնունդ Լեզլի երիտասարդ մըն է եւ ոչ` աղջնակ մը: Castle Leslie սկովտիական ամրոց մըն է: Անունը կը նշանակէ ուժ, եռանդ, որոնք առկայ են կերպարին մէջ: Սաթամեան սեռափոխութիւն կատարած է թերեւս, որովհետեւ «Լեզլի» իգական կը հնչէ(6):
Լեզուական.- Ելոյթը շեշտը դրած էր ֆիզիքական, տեսողական խեղկատակութեան վրայ, թերեւս որովհետեւ կարելի չէր եղած Գունիի անգլիական հիւմըր պահպանել: Բացի այդ, կը թուի, թէ թարգմանութիւնը կատարուած է թրքախօս անձի մը կողմէ, որ հայերէնի բաւարար ծանօթ չէ: Տաբատը, օրինակ, «կը ծալեն» տեղաւորելու համար ճամպրուկի մէջ, իսկ «կը սոթտեն», օրինակ, անդրազգեստ տղամարդոց մազոտ սրունքները ցոյց տալու: Բժիշկի եւ Լեզլիի յարաբերութիւնը ոչ թէ «ընտանեկան» է, այլ` «արիւնակցական», ոստիկանատան շրջանը ոչ թէ «խճողուած» է, այլ` «բազմազբաղ» կամ «ծանրաբեռն», Լեզլիի երեւակայական հայրը կրնար մահացած ըլլալ գլորուելով վիհ կամ ձորն ի վար, ոչ իյնալով լերան «փոսի» մէջ եւ այլն: Տեղ գտած էին առնուազն տասնեակ մը թրքերէն շարահիւսութիւն եւ դարձուածքներ, ինչպէս` «անոր երեսէն», «հիւանդի նայիլ» եւ այլն: Կը յիշեմ, որ քանիցս անձնապէս չկարողացայ հասկնալ երկխօսութեան տողամիջեան իմաստը, ենթադրեալ ակնարկը: Ճիշդ չէ վաւերական հեղինակի մը հիւմըր փոխարինել սրամիտ թուացող որեւէ խօսքով: Նոյնինքն հեղինակին վեցերորդ (աւարտական) ոսկեայ օրէնքը կը թելադրէ երբեք չստորագնահատել հանդիսատեսին մտային կարողութիւնը: Դժբախտաբար կարելի չեղաւ անգլերէն բնագիրը ստանալ` աւելի հանգամանօրէն արժեւորելու համար թարգմանութեան որակը:
Հուսկ բանք.- Թատերախումբի ներկայ կազմը անկասկած որ ունի բազմաթիւ շնորհալի, բարեձեւ եւ նուիրուած դերակատարներ: Այս մեծ դրամագլուխը հարկ է ըստ արժանւոյն օգտագործել: Բացի այդ` թատրերգութեան ընտրութիւնը պէտք չէ ուղղուած ըլլայ` քաջալերելու կրկէսային հանդիսատես: Ոչ բոլոր զաւեշտները սնամէջ են: Տաղանդաւոր հեղինակներ, ինչպէս` Հարոլտ Փինթըր եւ Տարիօ Ֆօ (որուն գործերէն մէկը դիտելու բախտը ունեցած եմ) ունին իմաստալից զաւեշտներ: Արհեստավարժ բեմադրիչներ վստահաբար ծանօթ են բազմաթիւ այլ հեղինակներու: Կասկած չունիմ, որ թատերախումբը ատակ է նման կատարումի: Բարի՛ երթ:
————————–
- Որ կը նշանակէ «ժառանգական է»
- «Մէկ զաւեշտ, երկու ողբերգութիւն», «Ազդակ», 26 եւ 27 յունիս 2014:
- «Դրամ-Աթիկ թամաշա», «Ազդակ», 19 ապրիլ 2017:
- «Ծաղրանկարային տեղատարափ», «Ազդակ», 20 մայիս 2019:
- Գունի գործածած է նաեւ Ֆէյտոյական հնարքներ: Այսպէս, օրինակ, անձեր, որոնք երբեք պէտք չէր հանդիպէին իրարու (բժիշկի կինն ու ապօրէնի ծնունդի մայրը), կը հանդիպին առաջին տեսարանին մէջ իսկ:
- Գունի վստահաբար գիտէ, որ երբ անունը իգական է, կը գրուի Lesley եւ ոչ Leslie: