Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Մէջ` Մեր Մէջ

Ապրիլ 22, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Լոնտոնի Բանաւոր պատմութեան ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Ողջակիզումի գրադարանին մէջ 30 ապրիլին պիտի ցուցադրուի Սիւզան Խարտալեանի «Իր մէջ` իմ մէջ» (68վ, 2023) վաւերագրական ժապաւէնը, որ ֆինանսաւորուած է Շուէտական շարժապատկերի հաստատութեան կողմէ եւ կը ներկայացնէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ 2014 թուականին առեւանգուած եւ սեռային նպատակով օգտագործման գերիներու վերածուած Իրաքի Սինճապ լեռնային շրջանի բնիկ երեք եզիտի աղջիկներու վկայութիւնները: Տեսերիզը դիտած եմ բեմադրիչին արտօնութեամբ(1):

Մեկնակէտը.- Մանուկը գրկին փախչող եզիտի մօր 2014-ին հրապարակուած լուսանկարը բեմադրիչին մէջ արթնցուցած է զուգահեռ մը` Հայոց ցեղասպանութիւնը վաւերագրող Ա. Թ. Վեկների ծանօթ լուսանկարին հետ: ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոն դարձած Ռաքքան կը գտնուի բնաջնջումի խորհրդանիշ-թատր Տէր Զօրի մէջ:

Տէր Զօրը ներկայ էր նաեւ բեմադրիչին նախորդ գործերէն մէկուն` «Մեծ մօրս դաջուածքները» (2011, 47վ) ժապաւէնին մէջ, որուն անդրադարձած եմ, եւ որ կրկին Լոնտոնի մէջ նոյն ծրագիրով պիտի ցուցադրուի 29 ապրիլին:

Այդ հանգամանքը երկրորդ, անձնական զուգահեռ մըն է, որովհետեւ ստրկութեան դաջուածքներ կրող բեմադրիչին տատ Խանումը` իբրեւ սիրուն աղջնակ, նոյնպէս առեւանգուած եւ բռնաբարուած է: Տատիկը, ինչպէս եզիտի աղջիկներ` Լամիա, Տալալ եւ Ղոսն, նոյնպէս բախտը ունեցած է ազատագրուելու եւ … այնուհետեւ ցմահ կրելու անդարմանելի խոցը:

Ծրագիրը.- Մօտաւորապէս 2015-ին գերման տեղական իշխանութիւն մը եզիտիներու օգնութեամբ յաջողած է շուրջ հազար աղջիկներ ազատագրել եւ տեղաւորել ապահովական մտահոգութեամբ չբացայայտուած վայրերու մէջ: Խարտալեան բարեկամներու միջոցով կարողացած է տեսակցիլ անոնց  հետ, որոշած է վաւերագրել վկայութիւնները եւ հետեւիլ, ըստ կարելւոյն, բնական կեանքի պայմաններ գոյացնելու աշխատանքներուն:

Յատկապէս ծանր է Լամիային կացութիւնը, որովհետեւ երկու ընկերներու հետ փախուստի պահուն պայթած է ական մը: Երկուքը զոհուած են, իսկ Լամիային դէմքը յօշոտուած է, աջ աչքը բոլորովին իսկ ձախը` մասամբ կուրացած: Կողքի լուսանկարը առնուած է նախքան վիրաբուժական գործողութիւն: Յաւելեալ տառապանք է նաեւ այն, որ իր հարազատ եղբայրը չի բաժներ իր ցաւը, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ը լուացած է անոր ուղեղը:

Հոգեբանական.- Որմազդի մէջ կը տեսնենք սեւաթոյր միգամածութիւն մը, որ յիշել կու տայ հոգեբանական փորձերու ընթացքին գործածուող Rorschach մելանի արատները: Պատկերը յաճախ կը կրկնուի: Այդ կը թելադրէ, որ hոգեբանական մեծ բաժին կայ ժապաւէնին մէջ:

Բեմադրիչը կ՛ըսէ, թէ ի հակադրութիւն նախորդ դարու հայ աղջիկներուն` նկարահանումի համար ընտրուած երեք կերպարները (թերեւս եւ այլք) որոշած են հրապարակ գալ առանց ամօթի զգացումի: Նախորդ ժապաւէնին կապակցութեամբ ան ըսած էր, թէ ինք կը բաժնէ այն ամօթը, որ ապականած է մեծ մօր կեանքը (2): Կը տեսնենք նոյնիսկ Տալալի նիստերէն մին հոգեբուժի մը հետ, ինչ որ յոյժ տարականոն է, առաւել եւս երբ ենթական անձնասպանութիւն փորձած է: Եզիտի զոհերու հանդէպ առնուազն սկզբնական շրջանին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը ի հարկէ ամոքող դեր խաղացած է:

Վկայութիւնները ի հարկէ կարելի չէ տառացիօրէն ընդունիլ: Աղջիկներէն երկուքը կ՛ըսեն, օրինակ, որ առեւանգողները յաջողած են զիրենք բռնաբարել միայն այն ատեն, երբ բուռն մաքառումի ընթացքին իրենց ուշքը կորսնցուցած են: Տալալ յօրինած է (եւ թերեւս` ոչ միայն ինք) երկրորդ անձնաւորութիւն մը (alter ego) «Շիրին» (Անուշ), եւ կը պատմէ այդ երրորդ անձի դէմքով: Տալալ կ՛ըսէ, որ կորսնցուցած է ներզգացումը: Պարզ է, որ իրականութիւնը դիմագրաւելու հարցեր կան: Առկայ է նաեւ ծիսական մաքրումի ցանկութիւնը` ե՛ւ աղջիկներու, ե՛ւ անոնց հարազատներուն մօտ: Տալալի վարքին շուրջ ծրագրի կազմակերպիչներու կողմէ գրուած գերմաներէն գիրքին վերնագիրն է «Շիրին. ես լոյսի դուստրն եմ»: Այս առնչութեամբ լոյսը (նուր) եզիտի աստուածաբանութեան մէջ ունի նշանակութիւն մը, որուն ծանօթ չեմ: Եզիտի հաւաքականութիւնը որոշ չափով գաղտնուսոյց (esoteric) է, նաեւ` ներամուսնական (endogamous), այդ պատճառով այդ աղջիկներուն ծննդաբերած զաւակներուն հանդէպ դիրքորոշումը ժխտական է (3): Դիմած է ինքնավիժումի: Փորձած է նաեւ անձնասպանութիւն: Լամիան կը տեսնենք խաղավայրի օրօրոցին վրայ: Այդ թերեւս թաքուն բաղձանք է` վերադառնալու երջանիկ մանկութեան:

Գեղարուեստական.- Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ խորհրդանշական հողմահար փոքր ծառեր: Ժապաւէնը ունի յստակ գեղարուեստական հակում: Այդ յատկապէս նկատելի է կցումի (montage) ընթացքին, որ երբեմն հակադիր է, եւ երբեմն` զուգահեռ: Ցաւոտ պատումի մը կը կցուի գեղեցիկ բնութիւն, այլ տեղ մը կնճռոտ խնդիրի մը կը կցուի ելեկտրական թելերու խճճուած ցանց մը, անել թուացող պատումի մը` կիսամութ անել անցք մը: Կը տեսնենք հայ անտէր մանուկներու դէմքեր, երբ Տալալ կը պատմէ իր վիժումին մասին: Պղտորացուած (out of focus) պատկեր մը խորհրդանշականօրէն աստիճանաբար կը յստականայ (տես կողքի պատկերը): Բեմադրիչը կը թելադրէ ցրուել պատերազմի մշուշը, որ կը պատէ մեր աչքերն ու միտքը:  Կցումներու մէջ կը տեսնենք նաեւ առնուազն երկու մէջբերումներ «Մեծ մօրս դաջուածքները» ժապաւէնէն:

Երաժշտութիւնը համադրուած է «սիրոյ եւ ցաւի երգիչ» վաղամեռիկ Միրա Քալիքսի (1969-2022) գործերէն: Կը լսուին նաեւ եզիտի հոգեւոր եւ սիրային երգեր, որոնք անհասկնալի կը մնան, որովհետեւ ենթագիրներ չունին:

Քաղաքական.- Եզիտի աղջիկներու գաղտնի փոխադրութիւնը եւ տեղաւորումը ի հարկէ ծախսալի եւ մարդուժ պահանջող ծրագիր էր: Նման գործողութիւններ իրականացնելու համար մարդասիրական զգացումները բաւարար չեն: Գերման պետութիւնը եւ հիմնարկները լիովի օգտագործած են այդ դատուած աղջիկները քարոզչութեան եւ դրամահաւաքի նպատակով: Լոյս տեսած են առնուազն ինծի ծանօթ երկու գրքեր: Տալալ եւ Լամիա, օրինակ, ունեցած են բազմաթիւ հրապարակային ելոյթներ: 2016 թուականին Լամիա ստացած է Սախարովի մրցանակը: Այդ ինքնին ծրագրի քարոզչական առաջադրանքի յստակ ցուցանիշ մըն էր: Ճակատային մարտերու մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք գործարքներ տեղի ունեցած են աղջիկները Իրաք վերադարձնելու: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ է անոնց իրավիճակը այսօր:

Ժապաւէնը կը յուշէ ողբերգութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած Արշալոյս Մարտիկանեանին, որ չարաչար կ՛օգտագործուի մինչեւ այսօր: Այս նիւթին նախապէս կրկին անդրադարձած եմ:

Հուսկ բանք.- Սիւզան Խարտալեանի երկու ժապաւէնները (թերեւս` ոչ միայն) ունին էապէս անձնական բնոյթ: Ժապաւէններու ամբողջ ընթացքին սկսած բացման տեսարանէն ան ներկայ է ե՛ւ իբրեւ վաւերագրող, ե՛ւ պատմող-վաւերագրուող: Այս իմաստով այստեղ առկայ է յաւելեալ զուգահեռ մը: Տալալ կորսնցուցած է իր մայրը ֆիզիքապէս, բայց կը յուսայ զայն վերագտնել, իսկ Խարտալեան` ոչ, որովհետեւ մայրը կը գտնուի ալզհայմըրի ուշ փուլի մէջ եւ անդարձ պիտի հեռանայ որպէս անծանօթ: Ձեւով մը կրկին ներկայ է նաեւ քոյրերէն մին, որ հեռախօսով զինք կ՛որակէ «արցունք հաւաքող»: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` արցունքներ սրբող:

———

  1. ՏԱՀԵՇ-ի խժդժութիւնները մարդկութեան դէմ գործուած քրէական յանցագործութիւններ են: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Բայց այն պահուն Իսրայէլի պետութիւնը պաղեստինեան դիմադրութեան իսլամական թեւ Համասը արմատախիլ ընելու առաջադրանքով արմատախիլ կ՛ընէ բնիկ պաղեստինցիներու մնացորդները, հրէական կեդրոնի մը մէջ իսլամական այլ, յոյժ ծայրայեղ խմբաւորումի մը դատապարտելի արարքները լուսարձակի տակ առնող ձեռնարկի մը ժամադրումը անշրջահայեաց էր… առ նուազն:
  2. «Grandma՛s Tattoos՛: A Riveting Film About the Forgotten Women of Genocide», «Ասպարէզ», 1 սեպտեմբեր 2011:
  3. Ինծի ծանօթ չէ որեւէ ձեռնարկութիւն, որ փորձէր բռնաբարուած հայ աղջիկները տանելի կեանքի մը վերադարձնել: Կը յուսամ, որ այդ իմ տգիտութեանս կը վերագրուի, այլ ոչ` մեր անտարբերութեան:
Նախորդը

Ակնարկ. Ներքին Ալեակներու Եւ Արտաքին Արհաւիրքներու Միջեւ

Յաջորդը

Հայերէնը, Հայկականն Ու Մենք

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?