ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ծանօթ.- Միջազգային «ԿԻՆ» շարժապատկերի 20-րդ փառատօնը կայացաւ 1-5 դեկտեմբեր 2023-ին: Բեմադրիչ Մարիամ Օհանեանի գլխաւորած կնոջական ձեռնարկը ներկայացնող նախորդ ակնարկները (Ա. Բ. եւ Գ.) «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած էին անցեալ երկու տարիներու ընթացքին: Այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն այն գործերուն, որոնց բեմադրիչները հայեր են, եւ կամ բներգը առնչուած է հայկական ներկայ իրավիճակին: Այս տարի ցուցադրուած են 2022-23 թուականներուն նկարահանուած մրցոյթային, յետադարձ եւ հիւր աւելի քան 45 ժապաւէններ: Աչքառու ներկայութիւն ունին ռուսական (10) եւ սպանական (6) գործերը: Նուազած է իրանական ներկայութիւնը: Զանց կ՛առնեմ 4 ժապաւէններ, որոնց նախապէս անդրադարձած եմ: Վաղամեռիկ Մարիա Սահակեանի «Փարոս» գեղեցիկ երկարամեթրաժ ժապաւէնը արժանի է առանձին ակնարկի: Ժապաւէնները դիտած եմ ստանալէ ետք առանձին-առանձին իւրաքանչիւրի բեմադրիչին (եւ երբեմն նաեւ` արտադրողին) արտօնութիւնը եւ ապա ակնարկի պարբերութեան եւ գործածուած նկարներու ու համադրութեան հաւանութիւնը: Տաժանակիր, խոչընդոտներով լի գործողութիւններ:
1.- Գարնան առաջին մեծ լուացքը (The River Flows and the Girl Lives -Գետը կը հոսի, աղջիկը կ՛ապրի) Մարինա Սոլոյեան, խաղարկային,13 վ:
Բացման տեսարանը կը թուի ակնարկ ըլլալ Վենիւսի (Աստղիկ) ծնունդին: Ջուրէն դուրս կու գայ գեղեցիկ աղջիկ մը, որուն թրջուած երկնագոյն (խորհրդանշական) շղարշ-զգեստը չի թաքցներ ցանկայարոյց մերկութիւնը: Հաւաքական «մեծ լուացքի» համար գետեզերք եկած գորշազգեստ հողագոյն կիները Բլուկ (փլած) բերդ աւանի բարբառով կը հեգնեն դուրս եկած Գզգզիկը, որ լուացքի փոխարէն` մատիտով կը գծագրէր: Հետաքրքիր կիները կը խլեն թուղթը, որուն վրայ նկարուած էր բերդ- դղեակ մը: Թուղթին վրայ մենք կը տեսնենք աղջկան շուք-ուրուագիծը: Գեղեցիկ այլաբանութիւն: Աղջիկը կը նկարէր իր երազանք դղեակը, որուն աւերակն է թերեւս իր տան մօտակայ Բլուկը:
Պաստառին վրայ կը յայտնուի քարշակի (tractor) ցցուն յառաջամաս, որ թերեւս խորհրդանիշ է պաստառի վրայ ոչ տեսանելի տղամարդու (1):
Վերադարձի ճամբուն կիները բեռնատարէն վար կը դնեն եթերային աղջիկը, որ իր նկարչական պարկը ուսէն կախ` առանձին կը քալէ դէպի հորիզոն: Այդ տեսարանը որդեգրուած է որպէս փառատօնի պաստառ (կողքի նկարի վերի աջ անկիւն): Յանկարծ կը յայտնուի սպիտակ ձիաւոր … Ներողութիւն, սպիտակ ինքնաշարժով բարեձեւ երիտասարդ, որ գետնէն կը վերցնէ գետի քնացած իշխանուհին … ներողութիւն, ուշաթափ Գզգզիկը: Երկուքով կ՛ուղղուին դէպի Բլուկ: Աւերակէն դուրս կու գայ անոնց պահապան ոգին … ներողութիւն, հնավայրին ծանօթ տեղացի պապուկ մը: Այո՛, բանաստեղծական շունչ ունեցող գեղեցիկ ժապաւէնին մէջ կան շարք մը հեքիաթային տարրեր:
Հետաքրքրական է, որ ժապաւէնի ձայնային խորապատկերը կու գայ բնութենէն, բեմադրիչին բառերով` «բնութեան ձայները, կեանքի բնականոն մեղեդայնութիւնը», այլ ոչ` վիպապաշտ յօրինում:
Արդեօք այդ բեմադրիչի ինքնազգուշացո՞ւմն է: Հերոսուհին ոչ միայն արտաքինով, այլ նաեւ անունով բեմադրիչի փոխնակը (surrogate) պաստառին վրայ: Դերասանուհիի ընտրութիւնը հաւանաբար պատահական չէր (2):
2.- Կօշիկը.- Սառա Աւետիսեան, խաղարկային, 11 վ:
Այստեղ կայ հակահեքիաթ եւ կամ հեքիաթի մը հակապատկերը: Ուշ գիշերին պարզունակ, նուրբ (դիւրաւ խոցելի) աղջիկ մը իր պատուհանին տակ գտնուող քաղաքապետարանի աղբամանին մէջ բան մը կը փնտռէ տագնապահար: Կը փնտռէ իր երազ-հարսանիքի ականազարդ զոյգ կօշիկները, որոնք իր աչքերուն առջեւ աղբաման նետած էր իր ամբարտաւան փեսացուն (կողքի համադրական նկարի վերի ձախ անկիւն): Անտուն ծերուկ մը, որ այդ աղբամանին մօտիկ խորշ մը ապաստանած է, կը մօտենայ եւ կ՛առաջարկէ օգնել: Միացեալ ջանքերը ապարդիւն կը մնան: Կը գտնեն կանգնած ժամացոյց մը (խորհրդանշակա՞ն) եւ կօշիկներէն մէկը: Միւսը, ինչպէս աղջնակներու սիրած Մոխրիկի հեքիաթին մէջ, կորած է: Ծերունին եւս մերժուած է իր սիրած ընտանիքին կողմէ, որովհետեւ խման է: Իր քով ունի անոր լուսանկարը, ինչպէս աղջիկը ունի կենտ, աղտոտած կօշիկը: Երկու մերժուածները կը մտերմանան: Աղջիկը կը խմէ ծերունիի թոյն օղին, առակային «դառն բաժակը»: Լուսաբացի մթնշաղին կը հասնին քաղաքապետարանի աղբահաւաք ինքնաշարժը: Փոխադրութեան ընթացքին կը յայտնուի երազ-կօշիկին զոյգը: Աղջիկը պահ մը մտորելէ ետք կը շպրտէ այդ եւս: Որո՞ւ է հարկաւոր նման անճոռնի փեսացու: Վիրաւոր հարսնացուն գտած էր, գտած` ոչ թէ անպէտ կօշիկ, այլ իմաստութիւն, կեանքը դիմագրաւելու ուժ ու քաջութիւն: Երեք խնձոր: Կը լսուի կշռութային շեփորային ուժեղ երաժշտութիւն: Կը յուսամ տեսնել շնորհալի եւ զգայուն բեմադրիչին երկարամեթրաժ ժապաւէնները:
3.- Լռութիւնը Սպաննում է (Silence Kills), Մարիամ Յարութիւնեան, խաղարկային, 8վ:
Շատ կարճ եւ դժուարամատչելի ժապաւէնը կը թուի ըլլալ յուսախաբ (frustrated) աղջկան մը կեանքի անկիւնադարձային դրուագը: Բացման տեսարանին մէջ դէպի օդակայան երկարող մայրուղիի վրայ (ուր կը գտնուին գիշերային ակումբներ) աղջիկ մը իր մեծ ինքնաշարժով (ուրեմն` ունեւոր դասի) առանց ապահովութեան գօտին ամրացնելու կ՛ուղղուի դէպի մայրամուտ (թերեւս` խորհրդանշական): Արեւու լոյսը անտանելի է իր աչքերուն համար: Հազիւ կը խուսափի վտանգաւոր արկածէ մը: Այդ կը թելադրէ, որ թմրանիւթի ազդեցութեան տակ է: Այստեղ զանց առնուած որմազդը ցոյց կու տայ խառնաշփոթ գլուխ մը եւ տղամարդու սպասող գրկաբաց մերկ կնոջ իրանի մը ուրուագիծը: Այդ կը թելադրէ, որ երիտասարդ կինը նօթի է տղամարդու: Գզրոցէն դուրս բերած բացիկ` ծանուցումէն կ՛իմանանք որ կ՛երթայ դէպի «Silence Kills» party-ն: Կարմիր կիսամութի եւ կշռութաւոր երաժշտութեան տակ ընթացող մասնաւոր հաւաքը տեղի կ՛ունենայ նեղլիկ թաղերու ակումբի վերածուած երկյարկանի տան մը մէջ: Այդ, ցաւօք, հաւանաբար եզակի երեւոյթ չէ: Կը լսուի «Անուշիկ Արմէնի»-ի յօրինած երգը` «Հերիք հոգիդ ուտես»: Կինը արագ կը հիասթափի, այդտեղ գտած է ոչ թէ սփոփանք, այլ` շեշտուած մինակութիւն: Կ՛ուղղուի դէպի վերնայարկի մեկուսացած խուց մը: Առանձնութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ տեսլահարութիւն (hallucination) մը (անճանաչելի ձեռք մը կ՛երկարի դէպի իր աչքերը պաշտպանող արեւու ակնոցը) եւ երկու փայլատակումներ: Աղջիկը կը ցնցուի, կը զգաստանայ, կը փսխէ մարգարտի նմանող երեք դեղահատեր, որոնք հաւանաբար թմրանիւթեր էին: Արդեօք անբացատրելի միջամտութիւն մը զինք ե՞տ կանգնեցուց ինքնասպանութիւն գործելէ: Ցաւոտ պատկեր, թերեւս ակնարկ` Հայաստանի ունեւոր դասի հաճոյամոլ ու մոլորած երիտասարդութեան:
4.- Փայտէ տիկնիկ, Նունէ Ապրէսեան, խաղարկային,10 վ:
Կու գայ վերի մութ ասքի հակադրութիւնը: Լուսավառ մոմ մը` յուսալքող մթութեան մէջ: Բացման տեսարանին մէջ տղամարդ մը կը քալէ դէպի անշուք աւան մը: Կը տեսնենք աւանին շարժակառքը` լքուած ճամբու եզերքին: Ցուցանիշ մը: Անշուք տան մը մէջ տղեկ մը մօր կողքին նստած` կը խաղայ փայտէ տիկնիկով մը: Դուռը կը թակուի, տղան ուրախ կը ցնցուի, կը սպասէր … Կինը կը բանայ դուռը եւ կ՛արձանանայ: Ամուսինը պատերազմէն վերադարձած է հաշմուած դէմքով: «Մի՛ վախենայ»,- կ՛ըսէ տղամարդը դէպի դուռ վազած տղեկին,- «ես քո հօր ընկերն եմ»: Տան պատէն կախ կը տեսնենք երեքի ընտանեկան նկարը: Ուշիմ տղեկը արագ ճանչցած էր իր հայրը: Հասկցած էր նաեւ, որ հայրը կը թաքցնէ իր ինքնութիւնը այլանդակուած դէմքին պատճառով: «Քեզ հետ կը գամ քո տղայի մօտ», կը քաջալերէ հօր, «Ո՛չ, չի վախենայ, նա սպասում է քեզ»: Տղեկը պահպանած է հօր պատրաստած խորհրդանշական փայտէ տիկնիկը` հոգեկան կապը: «Մարդիկ ժամանակի ընթացքին կը սկսեն չնկատել», կ՛ըսէ տղամարդը: Այդքան ծանր ֆիզիքական այլանդակում անշուշտ անկարելի է չնկատել: Բայց մեծ ու խոր սպին, ըստ իս, կը խորհրդանշէր ծանր կորուստներու հոգեկան խոր խոցը: Մարդիկ ժամանակ մը ետք պիտի սկսին չնկատել իր թաքուն խոցը, որովհետեւ զինուորը կը յուսայ ժամանակ մը ետք վերագտնել հոգեկան հաւասարակշռութիւնը` զինք սիրող կնոջ եւ զաւկի օգնութեամբ: Յաջորդ առտու, ի հեճուկս (խորհրդանշական) գորշ ու անձրեւոտ եղանակին, հայր ու որդի ձեռք ձեռքի կը քալեն դէպի դպրոց: Նոր ընտանեկան լուսանկարին մէջ տղեկը խոհուն է, բայց` ոչ տխուր: Վերագտած է իր երկար սպասած հայրը: Ժապաւէնը զուսպ է եւ յոյժ արտայայտիչ: Շատ յարիր կերպով նուազապաշտ է նաեւ երաժշտութիւնը: Սահմանափակ պիւտճէի արտօնած տասը վարկեաններու մէջ կարելի չէր աւելին արտայայտել: Շա՛տ բարի: Պէտք է յուսալ, որ Հայաստանի մէջ եւ այլուր կը նկարահանուին մեր ծանր խոցը դիմագրաւելու բներգով երկարամեթրաժ գեղարուեստական ժապաւէններ:
5.- Լոյսեր (Lights), Շողեր Պետրոսեան, վաւերագրական, 30 վ:
Պատերազմի ընթացքին Արցախէն տեղահանուած մանուկներ իրենց միջոցներով կը փորձեն օգնել ճակատի զինուորներուն: Կը տեսնենք յուզիչ վկայութիւններ, յատկապէս երբ անոնք ազերի քարոզչական երիզներու մէջ կը տեսնեն իրենց դպրոցը, լքած տունը եւ տան կահ-կարասին` փողոցին մէջ ցանուցիր: Կը տեսնենք անոնց ապաստան տուած հարազատներու հետ ցաւոտ հանդիպումները: Աւարտական տեսարանին մէջ «Յաղթելու ենք» ցաւոտ լոզունգի տակ ընկոյզ վաճառող տղեկը Հայատանի մէջ կը ցանէ ընկուզենի մը, որ պիտի աճի եւ պտղաբերէ երկար տարիներ ետք միայն (3): Շատ դժուար էր դիտել ժապաւէնը, որ առնուազն ինծի համար կը շեշտէ մեր բանակի անմխիթար վիճակը օրհասական պատերազմի ընթացքին: Ժապաւէնին համար յօրինուած Անիկ Մարգարեանի «Մնա՛» երգը կ՛ըսէ.
«Ես իմ մտքերում փորձում եմ
Գնալ, գնալ, գնալ, գնալ հեռու,
Այնտեղ, որտեղ արկերն են միշտ լռում:
Ես շտապում եմ, ես խճճւում եմ, բայց երկինքն է գոռում
Մնա, մնա, մնա, մնա, մնա,
Մնա դու քո հողում` այստեղ»
6.- Հայկական հրապարակ (An Armenian Square), Լոլա Կարսիա Ճոֆրին, վաւերագրական, 19վ:
Այստեղ եւս իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան պատերազմի ընթացքին: 2022-ի մայիսին բեմադրիչ-նկարող-բեմագիր ոչ սպանացի լրագրողուհին, որ կը գտնուէր Երեւան, չէր կրնար անտեսել համատարած ցասումի դրսեւորումները: Յատկապէս` որդեկորոյս մայրերու եւ առաջին պատերազմի այժմ զառամած վեթերաններու: Այս ժապաւէնը դիտելը յատկապէս դժուար է, որովհետեւ կը տեսնենք, որ հաւաքներու եւ ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը անհամեմատ աւելի փոքր է` բաղդատած «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Ի տարբերութիւն խորամանկ «թաւշեայ»-ին` այդտեղ բացակայ է կազմակերպող ղեկավարութիւն: Արտասանուած խօսքերը ցոյց կու տան քաղաքական տհասութիւն (4): Տիրող մթնոլորտը յուսալքութիւնն ու անկարողութեան զգացումներ են.- «Ի՞նչ կարող ենք անել, ի՞նչ պիտի լինի մեր վիճակը»: Ժապաւէնը կ՛աւարտի ոչ բազմամարդ երթով` դէպի Եռաբլուր:
7.- Ձեռագրերը չեն այրւում, Մարիամ Օհանեան, վաւերագրական, 54 վ:
Վերնագիրը առած մըն է: Թելադրանք, որ հարկ է պահպանել պատմական ժառանգութիւնը: Ժապաւէնը կը խօսի Ուքրանիոյ Լվով քաղաքի պահոցի մը մէջ գտնուող Սիմիոն դպիր Լեհացիի ուղեգրութեան եւ այդտեղ գտնուող հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցիի մասին, որ տեղւոյն իշխանութիւններու արտօնութեամբ ներկայիս առաքելական է (5): Հետաքրքրական է եկեղեցւոյ որմնանկարը, ուր հանգուցեալ կղերականի մը երբեմնի սաներու ոգիները եկած են իրենց յարգանքը մատուցելու (Տե՛ս կողքի նկարը): Դիակը կրող վարդապետներէն մէկը կը նայի ետեւ (անցեալ), երկրորդը` մեզի (ներկայ) եւ երրորդը` յառաջ (ապագայ):
Եւս` ցաւոտ ժապաւէն մը: Կը պատմէ Լեհաստանի եւ այդ տարածաշրջանի հայկական գաղութներուն մասին, որոնք հիմնուած էին ուշ միջնադարին, միջնորդ-սեղանաւորական դասերու կողմէ եւ հետեւաբար անհետացան դրամատիրական կարգերու ամրապնդումէն ետք: Լվովի համայնքը այժմ կը բաղկանայ արտագաղթած հայաստանցիներէ: Եկեղեցւոյ դպրաց դասը կազմուած է ոչ հայերէ: Ցաւոտ բներգ մը` եւս:
8.- Կինը հայ կինոյում.-Մարիամ Օհանեան, վաւ. , 30 վ:
Փառատօնի հիմնադիր տնօրէն-բեմադրիչը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ շարժապատկերի անծանօթ շարք մը կին գործիչներու դերը` սկսած Խ. Միութեան առաջին օրերէն: Յիշատակելի է մանաւանդ Նինա Աղաջանեանը (1889-1974), որ ռահվիրայ հանճարեղ բեմադրիչ Ս. Այզնշթայնի դասական գլուխ գործոց «Փոթեմքին զրահանաւը» (1925) ժապաւէնի բեմագիրներէն մէկն է: Ժապաւէնի կեդրոնական պատկեր «Օտեսայի աստիճաններու սպանդը» որպէս մեծարանքի ակնարկ, կրկնուած է արդի ժապաւէններու մէջ (6):
9.- Դիմազուրկ (Faceles), Ռիթա Ալեքսան, Լիբանան, վաւերագրական, 7վ:
Բացման տեսարանները տարագրութեան մեզի չափազանց ծանօթ լուսանկարներն են, որոնց կ՛ընկերակցի հակիրճ ծանօթութիւն Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Պատումը ֆրանսերէն է` առանց հայերէն ենթագիրներու: Ուրեմն ժապաւէնը ուղղուած է օտար, յատկապէս ֆրանսացի հանդիսատեսին: Նախաբանին կը հետեւի բեմադրիչին 85-ամեայ (մօրենական) պապին 1952-ին պատահած դրուագի մը պատումը: Դրուագը իր կարգին պատումն է անոր հօր` Յովհաննէս Փամպուքեանին, որ ֆրանսական բանակին ծառայած է, դեսպանատան մէջ կը հանդիպի ֆրանսացի տարեց կնոջ մը, որ կ՛ըսէ, թէ բարձրաստիճան սպայի մը կինը եղած է, եւ որ` հաւատայ, թէ գտած է 1915-ին (պարզ չէ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս) կորած որդին` Անտրէն: Բեմադրիչին վկայող պապը, որ 70 տարի առաջ տղեկ մըն էր, կը յիշէ տարեց կնոջ պատումը, թէ կորսնցուցած է իր 3-ամեայ որդին` Անտրէն, 1915-ին, երբ ֆրանսացիք կը հեռանային: Բայց Յովհաննէս, որ ինքզինք կը կոչէ «Ժան» եւ ջանք թափած է շատ սահուն ֆրանսերէն սորվելու, անսպասելիօրէն կը մերժէ ֆրանսահպատակ դառնալ (7): Արդէն 40-ամեայ Յովհաննէս կը պատմէ, թէ ինք միայն կը յիշէ, որ Անգարայի մէջ մայթին մը վրայ նստած` կու լար, որովհետեւ ընտանիքի տղամարդ մը զինք չէր ուզեր իրեն հետ առնել: Բայց տղամարդու, եղբայրը, պարզ չէ` թէ ինչո՛ւ, կը սպառնայ մահուան գնով Անգարա մնալ, եթէ անտէր, օտար մանուկը իրենց հետ չառնեն: Տարեց կինը (հաւանաբար` կարճ) ժամանակ մը ետք կը մահանայ եւ դեսպանատունը պապի ընտանիքին կը յանձնէ կնոջ աւանդ ձգած լուսանկարներով եւ նամակներով լեցուն սնտուկ մը: Սնտուկը ամբողջովին կ՛այրի 1975-ին, Քեմփ Թոմարզայի (Սին էլ ֆիլ) հրդեհին պատճառով: Պապը ոչ մէկ տեղեկութիւն կու տայ լուսանկարներուն եւ նամակներուն մասին: Պարզ չէ, թէ ինչո՛ւ, այդքան կենսական նշանակութիւն ունեցող փաստեր մինչ այդ մնացած են անծանօթ: Պապին միակ յիշողութիւնը նմանութիւնն է տարեց կնոջ եւ իր 40-ամեայ հօր մազի եւ դէմքի գոյներուն միջեւ:
Կարելի՛ չէ, որ հանդիսատեսը որեւէ հաւաստի, կուռ դիպաշար կազմէ: Ժապաւէնին հիմնական առաջադրանքն է անորոշութիւն թելադրել, թէ արդեօ՞ք բեմադրիչը կը կրէ ֆրանսական արիւն: Հայոց ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան ծանր խոցը վստահաբար իր աւերը գործած էր ե՛ւ Յովհաննէսին ե՛ւ պապին յիշողութեան վրայ (8): Ինքնութեան տագնապի հիմնական ազդակները ոչ թէ ծինային, այլ մշակութային եւ քաղաքական են (9):
Հուսկ բանք.- Փառատօհին մասնակցած հայկական ժապաւէններու մէջ ցցուն են ցաւոտ բներգները, անցեալ եւ ներկայ կորուստի խոցը եւ անորոշութեան տուայտանքը: Գեղեցկութեան ձգտումը եւ յոյսը տեղ գտած են երկու գործերու մէջ: Այդքանն իսկ ուրախալի է: Գետը կը հոսի, մենք պէտք է ապրինք:
———————
(1).- Այդ ենթագիտակցաբար ինծի թելադրեց Պեռնարտա Ալպայի տան անտեսանելի հնձուորներու երգը:
(2).- Բեմադրիչը պատանի տարիքին ինքզինք կոչած է «Գզգզիկ»:
(3).- Ժապաւէնը կը նշէ, որ իր ընկոյզներու ճամբով տղեկը յաջողած է հանգանակել 5 միլիոն դրամ:
(4).- Կ՛իմանանք, որ Հայաստանի մէջ կան 100+ «կուսակցութիւններ», որոնք առաւել եւս կը հրահրեն պառակտումը: Այդ հետեւանքն է Հայաստանի ընկերային կառոյցին եւ համեմատաբար երկարատեւ խորհրդային շրջանէն ժառանգուած մտայնութեան: Հանգամանալից վերլուծումը կը ձգեմ ընկերաբաններու:
(5).- Ձեռագիրը ուսումնասիրուած է Մխիթարեան հայր Ն. Ակինեանի կողմէ: Տե՛ս կողքի նկարը:
(6).- Յովհաննէսի համազգեստին վրայ կը տեսնենք խարիսխ մը, բայց` ոչ գլխարկ եւ ուսադիր: Այդ կրնայ նշանակել, որ կը պաշտօնավարէր նաւահանգիստի մէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ օտար ճամբորդներու: Օդակայանը սկսած է բանիլ 1954-ին, խորհրդաւոր հանդիպումէն երկու տարի ետք:
(7).- Ինչպէս ականաւոր բեմադրիչ Brian De Palma-ի «The Untouchables»-ը (1987):
(8).- «Եղեռնի վկայութեան վաւերագրութիւնը», «Ազդակ», 19 եւ 20 մայիս 2016:
(9).- Եթէ Յովհաննէս ֆրանսացի էր, ապա բեմադրիչը կը կրէ 1/8 ֆրանսական արիւն: Անձապէս թերեւս կը կրեմ 1/16 ասորական արիւն, որովհետեւ նախահայրերս Միջագետքէն եկած են Կիլիկիա եւ Պարսաում արամայերէն է, կը նշանակէ որդի-ծօմի: