ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Դիտեցի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի` Յարութ Գնդունիի թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ ներկայացուցած «Օթել փլազայի սենեակը» (Plaza Suite, Neil Simon, 1968) թատրերգութեան երրորդ ելոյթը: Ներկայացումին մասին արդէն իսկ հրապարակուած են աւելի քան հինգ ակնարկներ: Հաճելի եւ իմաստալից մրցանիշ մը: Շա՛տ բարի (1):
Խոտոր խորապատկեր.- Թատրոնը հաւաքական երեւոյթ է, կարելի չէ զայն մեկուսացնել քաղաքականութենէ: Ներկայ պարագային, առաջին հերթին հարկ է նկատել թուականը: 1968-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ սպաննուած էին Մարթին Լուտեր Քինկն ու Ռոպերթ Քենետին: Վիեթնամի պատերազմին դէմ բողոքի շարժումները այնքան համատարած եւ ուժեղ էին, որ վարչակարգը կը պարտադրուէր ռազմամէտ նախագահ Լ. Ճոնսընը փոխարինել դիւանագէտ Ռ. Նիքսընով: Հակադրամատիրական «Հիփփի» հոսանքը պիտի կազմակերպէր «Woodstock»-ի եռօրեայ հոյահաւաքը (շուրջ կէս միլիոն): 1968-ին բեմ բարձրացած էր երաժշտական «Hair» ռոք-թատրերգութիւնը, ուր ամերիկեան բարքերու հաւատացող երիտասարդի փոխարէն` Վիեթնամի պատերազմին զոհ կը դառնայ անոր ընկերութեան վտարանդի անդամ նոր ընկերը: 1968-ը նաեւ այն տարին էր, երբ Ֆրանսայի տաք գարունը, որ պարտադրած էր կուռքի հանգամանք վայելող տը Կոլի հրաժարականը, յորդեցաւ Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս` հասնելով Լիբանան եւ անդին: Բազմաթիւ մարդիկ սկսան հաւատալ, որ համաշխարհային յեղափոխութիւնը եւ նոր, մարդկային կարգերու հաստատումը տեղի պիտի ունենան իրենց ձեռքով, իրենց կեանքին ընթացքին:
Սայմըն կը թուի երանելիօրէն անտեղեակ ըլլալ շատերու համար բախտորոշ այս իրադարձութիւններէն: Ելոյթին յայտագիրը կը շեշտէ, որ ներկայացուած երեք պատկերներուն բներգն է կեղծիքի մատնանշումը: Այդ ի հարկէ առկայ էր կարգ մը պատկերներու մէջ: Անտեղի մեծարանք է նման կենցաղային կսմիթները «այժմէական» որակել: Հիմնական բներգը, որ նոյնպէս ընկերա-քաղաքական առումով վերածննդային, կամ, լաւագոյն պարագային «ֆէյտոյական» է, այլ ոչ այժմէական, ճակատային գրոհն է միազոյգ (monogamic) ամուսնական հաստատութեան վրայ: Այս կատակերգութեան մէջ Սայմըն զայն անգամ մը եւս ամբաստանեալի ճաղավանդակ կը տանի: Այդ թերեւս առնչուած է այն իրողութեան, որ ինք անձնապէս ունեցած է հինգ ամուսնութիւններ, ուրեմն եւ` քանի մը ապահարզան, որոնցմէ մէկը` փոթորկոտ:
Որպէս կցուած հետեւութիւն (corollary)` այստեղ կարելի է յիշել, որ Սայմըն, մեղմ ըսած, մեծ համարում չունի իգական սեռին հանդէպ: Ըստ անոր, տղամարդիկ կրնան սխալիլ կամ խոտորիլ, բայց կիներ պարզապէս ապիկար են, գերի` տհաս մտասեւեռումներու: Կը յիշենք, օրինակ, որ «Կոճատ զոյգ»-ի անգլիացի քոյրերը «հաւու խելք» (bird brain) ունէին: Այստեղ առաջին արարի կերպարը` Քարեն, ատակ չէ ամենապարզ թուաբանութեան: Կին կերպարներէն ոչ մէկը որեւէ նշանակելի բան իրագործած է: Երկրորդ արարի չէ կարողացած շրջանցել իր մարզիկ դասընկերոջ հանդէպ պատանեկան երազանք-ցանկութիւնը: Երրորդ արարի տարեց տիկին Հապլի ձախաւեր է եւ կը կրէ արտառոց գլխարկ: Անոր քմայքոտ դուստրը, ընտանի անասունի նման, արագ կ՛ենթարկուի փեսացուի կարճ ու կտրուկ հրահանգին եւ դուրս կու գայ բաղնիքէն:
Հեղինակը.- Նիլ Սայմընի մօտեցումին նախապէս անդրադարձած եմ (2, 3): Կրկնութեան գնով հարկ է կատարել շարք մը մատնանշումներ: Պատկերուած ծիծաղաշարժ կացութիւններուն մէջ միշտ ներկայ է ցաւը: Ներկայ գործին մէջ առկայ են երեք կիներուն տուայտանքները: Միշտ առկայ են նաեւ աններդաշնակութիւնն ու անհամաձայնութիւնը, կոճատ զոյգերը:
Սայմընի բներգները համամարդկային չեն, կը վերաբերին Նիւ Եորքի միջին դասակարգին: Տիպարները առհասարակ դժբախտ են, որովհետեւ այդ դասակարգը քանի մը առումով անապահով է: Բոլո՛րը կանգնած են դժուարին երկընտրանքներու առջեւ, բայց զարմանալիօրէն ո՛չ մէկը երբեւիցէ հարցականի տակ կը դնէ վարչակարգը: Ոչ մէկը կը տագնապի գոյութենական հարցադրումներով, որովհետեւ ինքնակեդրոն են, անձնապաշտ: Տիպարներէն եւ ոչ մէկը դրական է, եւ ոչ մէկը կարելի է համարել դատի մը ջատագով (protagonist): Սայմըն ընտրած էր (յատկապէս տղամարդոց)… հաճելի «փախուստ» վաճառելու մասնագիտութիւնը: Փախուստը ի հարկէ կը ծառայէ տիրող կարգերու պահպանման եւ գոյատեւման: Անոր թատրերգութիւնները պատրուակներ են կատարելու համար չարաճճիութիւններ եւ արտասանելու «մէկ տողնոց սրախօսութիւններ» (one liners), բայց քանի որ ունի անուրանալի տաղանդ, այդ սրախօսութիւնները անտեղի կարկտան չեն թուիր: Գեղագիտական առումով, կատակերգութիւնները մակերեսային են: Այդտեղ չենք տեսներ բազմաշերտ խօսք կամ գործողութիւն: Սայմըն մեծ վարպետութեամբ եւ մեծ քանակով արտադրած է տիրահաճոյ վաճառելի «ապրանք» (commodity) (4): Սայմըն թատրերգութիւններու բնագիրներուն մէջ կու տայ շատ մանրամասն ցուցմունքներ կատարումի շուրջ. ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս նստիլ կամ կենալ, ինչպէ՞ս արտասանել եւ այլն, եւ այլն: Այդ ձեռնտու է բեմադրիչներու համար: Զարմանալի չէ, որ եղած է իր ժամանակի ամէնէն փնտռուած, հետեւաբար եւ հարուստ թատերագիրը:
Համեմուած կրճատ դիպաշար.- Որմազդը ցոյց կու տայ շքեղ սենեակ մը` դրան էմքին ընդմէջէն: Հանդիսատեսը արդեօք գաղտագողի՞ կը հետեւի իրարու կռնակ դարձուցած ստուերներու յարաբերութեան: Մեկնաբանելի, բայց` ուշագրաւ ճաշակաւոր եւ հետաքրքրաշարժ: Շա՛տ բարի:
Թատերակը նախապէս ունեցած է 4 արար: Չորրորդը, որ կը պատկերէր ձախորդութիւններու մատնուած ոչ նիւեորքցի ամոլ մը, շուկայագէտ Սայմըն շահարկած է` որպէս առանձին շարժապատկերի նիւթ (The Out-of-Towners, «Դրսեցիները», 1970):
Երեք ամոլներու յարաբերութիւնները պատկերող երեք արարներու թատրը փառահեղ հիւրանոց Փլազայի թիւ 719 յարկաբաժինն է (suite): Նման բեմայարդարում կարելի է ակնկալել միայն «Պրոտուէյ»-ի կամ «Ուեսթ Էնտի»-ի հոյապիւտճէ թատրոններու մէջ: Այստեղ հարկ է գնահատել կոկիկ եւ յարիր բեմայարդարումի աշխատանքին մասնակցած թատերախումբի անդամներուն պատրաստակամութիւնն ու շնորհը: Շա՛տ բարի:
Ա. արարին մէջ կը տեսնենք «Nash» ամոլը: «Nash» կը սերի «ash»-է, որ կը նշանակէ մոխիր: Այդ ի հարկէ խորհրդանշական է: Միջին տարիքի համակրելի տիկին Քէյթ ամուսնութեան տարեդարձի պատրուակով կը փորձէ վերաշահիլ իր (հակակրելի) ամուսինը, բայց` ի զուր, որովհետեւ անոր սէրը մոխրացած է: Ի դէպ, «Kate» կը նշանակէ մանկական, մաքուր, եւ այդտեղ է առաջին կնոջական ցաւը:
Բ. արարին մէջ երեք զաւակներու մայր Միւրիէլ եկած է հանդիպելու անուանի արտադրող Ճեսի Քիփլինկըրի, որ իր փայլուն մարզիկ դասընկերը եղած էր: Մ. Նահանգներու պատմութեան մէջ կան շարք մը անուանի «Ճեսի»-ներ: Իսկ Քիփլինկ թերեւս ակնարկ է շատ ծանօթ «Եթէ կրնաս գլուխդ պահել» ոտանաւորի հեղինակին, իմա` ոտանաւորին: Միւրիէլ տասնամեակներ ետք իսկ չէ՛ր կարողացած «գլուխը պահել», չէր ձերբազատած պատանեկան զակատուն յափշտակութենէն: Ճեսիի կը մնար հիւրանոցի մուտքին արդէն իսկ երկու «ստինքըր» (քոնեաքի քոքթէյլ մը) ճնկած աւելի քան պատրաստակամ կինը առաջնորդել անկողին: Մէկուն համար տարիներու երազանք, իսկ միւսին` շարքային հաճոյք: Կնոջական ցաւ մը եւս:
Գ. արարի, կամ կանացի երրորդ ցաւի պատկերին մէջ կը տեսնենք «Hubley» ամոլը, որոնք կու գան «Forest Hill»-է (Անտառ-բլուր): «Հապլի» կը նշանակէ «լեռնցի», անտաշ: Այդ հանգամանքի ցուցանիշ է կնոջ անյարիր հագուկապը նրբաճաշակութիւն չի թելադրեր: Բեմադրիչը զանց առած էր բնագրի թելադրութիւնը: Շա՛տ բարի: Դստեր քմայքը պատրուակ մըն է, որ զոյգը իրար մազ փետէ` արտաբերելով տարիներու ընթացքին կուտակուած դժգոհութիւնները եւ անհամատեղիութիւնը: Ակնյայտ է, որ ամուսինը եղած է իշխող: Արարի աւարտին կնոջ երկչոտ դուստրը եւս կ՛արժանանայ իշխող ամուսինի մը: «Աւելի լաւ էր, որ մնար բաղնիքին մէջ», կը կրկնէ մայրը: Այդ թատրերգութեան եզրափակիչ հաստատումն է, ատեանի վճիռը. «Յանցաւո՛ր»:
Լեզուական.- Թարգմանութիւնը չէր պահպանած տողամիջի հիւմըրը, այլ տուած է մօտաւոր իմաստ, որ երբեմն նոյնիսկ խոտոր է բնագիրին: Առաջին արարին մէջ ամուսինը մատիտ կը փնտռէ արձանագրելու համար պիզնեսի տեղեկութիւն մը: Կինը խորհրդանշական ժեսթով կու տայ իր շրթունքի կարմիրը (իմա` ինձմով զբաղիր, ո՛չ պիզնեսով) եւ կ՛աւելցնէ` «Արիւն կու տայի, բայց կապոյտ չէ» (I՛d have given you blood. But it isn՛t blue): Կապոյտ արիւն ի հարկէ կը նշանակէ ազնուազարմ: Յուսախաբ կինը իր ափսոսանքը կ՛արտայայտէ: Թարգմանուած է «Քեզի արիւն տուի, բայց կապոյտ չէ»: Փոխուած է բային ժամանակը, հետեւաբար` իմաստը: Բնագրին մէջ տեղ գտած է համեմատաբար երկար երկխօսութիւն մը ամուսինի որովայնին շուրջ: Կինը կը նախընտրէ մեծ որովայն` որպէս խորհրդանիշ գոհ տնակեաց ամուսինի: Ամուսինը մեծ ուշադրութեամբ (բազէի նման) կը հետեւի իր մարմնի բարեկազմութեան եւ Metrecal-ներուն (cal-Քալորի, meter-չափ), որովհետեւ երիտասարդ սիրուհի ունի: Այս բոլորը մէկ կողմ դրուած են եւ փոխարինուած` «սուղնոց գօտի»-ի ակնարկով:
Կան ակնարկներ` անձերու եւ կենցաղային նիւթերու, որոնք հասկնալի էին 60-ականներու ամերիկացի հանդիսատեսին, բայց` ոչ մեզի: Ո՞վ էր Ֆրանցպլաու, ի՞նչ են «charge plate» եւ «sizzle sticks», «One knock two knocks», ի՞նչ կը նշանակեն եփած (իմա` տաք) գետնախնձոր եւ «միայն չորս քայլ» դէպի պատուհան: Այս բոլորը ի հարկէ հասկնալի կը դառնային իմաստի, այլ ոչ տառացի թարգմանութեամբ (5): Հարկ է նշել, որ կարելի չէ ժամանակը արհեստականօրէն փոխել 2024-ի, բայց միաժամանակ պահել 60-ականներու յարիր ակնարկութիւնները, ինչպէս` Ֆրենք Սինաթրա եւ իր «Fly me to the moon» երգի մեղեդին:
Այստեղ եւս առկայ էր թրքերէնը: Կը լսենք, օրինակ, որ կերպարի գլուխը «պէտք եղածէն աւելի (ֆազլա) կը ցաւի» (6): Կը լսենք նաեւ` «վազ անցնիլ», «գիտնալով ընել», «պառկիլ» (քնանալու իմաստով) եւ այլն: Թրքերէնը, որ ցաւօք կիլիկեցի հայերու լեզուամտածողութեան, ասացուածքներու եւ բառապաշարի անբաժանելի հիւսուածքն է, կը փոխադրուի բեմ` առանց խորթ թուալու ե՛ւ բեմադրիչներուն, ե՛ւ հանդիսատեսներու մեծամասնութեան:
Կատարողական.- Բացումը կատարուեցաւ բեմը ողողող կիսամութ կարմիր լոյսով (վտա՞նգ), որ հակոտնեայ էր ընկերակցող սիրոյ ծանօթ երգի մեղեդիի զուարթ կատարումին: Մեկնաբանելի խոտոր զուգորդութիւն, այսուամենայնիւ` բարի, թերեւս ընտրուած էր խորհրդածութիւն թելադրելու համար: Բարի՛:
Երկար փորձառութեան տէր Գնդունի խաղարկութիւնը կը պատրաստէ մեծ բծախնդրութեամբ: Այդ կը նշանակէ, որ կշռոյթը, արտասանութիւնը եւ տեղադրումն ու շարժումը գրեթէ անթերի էին: Փորձառու դերակատարներու կողքին շատ հաճելի եւ ուրախալի էր տեսնել նորեկ համակրելի երիտասարդներու շնորհն ու հնարամտութիւնը (7): Դժուար էր հաւատալ, որ Միւրիէլի դերակատարուհի սիրուն աղջնակը երեք զաւակներու մայր է, բայց ոչինչ, փայլուն խաղարկութիւնը արդարացուց բեմադրիչին պարտադրուած ընտրութիւնը: Շա՛տ բարի:
Ելոյթի ամէնէն դրական յատկութիւնը այն էր, որ շատ տպաւորիչ կերպով արտայայտած էր երեք կատակերգական թուացող դրուագներու մէջ առկայ ցաւը: Նախընտրելի էր, որ երրորդ արարը պահպանէր ելոյթի պրոշիւրին մէջ խոստացուած այդ ողջունելի մօտեցումը: Թերեւս բեմադրիչը այդպիսով ուզած էր գործնականով ցուցադրել, որ թատերախումբը ատակ է նաեւ ձեւապաշտ զաւեշտական (mannerist) կատարումի: Բարի՛ երթ:
———–
(1).- Այս ակնարկի ուշացումը պէտք է վերագրել որակաւոր լուսանկարներու սպասումին:
(2).- «Յարազօդ կոճատ զոյգը Ա.- Կորսուած բառը», «Ազդակ», 6 փետրուար 2017:
(3).- «Մեծարանքի զարտուղիներ», «Ազդակ», 23 օգ. 2019:
(4).- Նկատի ունիմ իր երկրային, այլ ոչ երկնային Տէրը:
(5).- One knock two knocks, հեգնական ակնարկ է հոգեհարցութեան: Ոգիները հարցումներուն այդպէ՛ս կը պատասխանեն: «Charge plate» «credit card»-ի նախնական ձեւն էր, «տաք գետնախնձոր»-ը ձեռք կ՛այրէ, այլաբանութիւն է վտանգաւոր հարցերու, «չորս քայլ» ակնարկ է մահուան վիշտը ընդունելու չորս փուլերուն, Dr. Franzblau հրէական կրօնական քոլեճի մը այդ օրերու տնօրէնն էր:
(6).- Ի՞նչ է արդեօք «պէտք եղած» գլխացաւի ճշգրիտ «dose»-ը:
(7).- Հիւրանոցի սպասեակը, առանց շփոթելու, վերձուց պատահմամբ գետին ինկած մատիտը, իսկ երկրորդ արարի սկիզբին ականաւոր արտադրիչը շատ հանդարտ հեռացուց առաջին արարի աւարտին սեղանին վրայ մոռցուած փաստաթուղթերը: Շա՛տ բարի:
