Արուեստ - Մշակոյթ

Սպասում

Գիտա-Երեւակայական Հերթական Ահազանգ «Նոր Սառցէ Դար»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.- Լիբանանը եւս վերջին շրջանին ենթակայ եղաւ ցուրտի անսովոր ալիքի մը: Այդ կրնայ թեւ տալ այն վարկածին, որ երկրագունդը կ՛ընթանայ դէպի նոր սառցէ դար, ինչպէս կը գուշակեն «Վաղուան յաջորդ օրը» ժապաւէնը եւ շարք մը այլեւայլ խուճապասէրներ (Տե՛ս կողքի որմազդը եւ, օրինակ, youtube watch? v=BMoRDo7V_Bw) : Հաւատալի ըլլալու համար հարկ է, որ վարկածը պարունակէ ճշմարտութեան որոշ բաժին: Երկրագունդը...

Սպասում

Լռեցուած Զանգեր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հարցական.- «Լուռ Զանգեր» (Silent Bells -  «Սեսսիզ չանլար», 2020, 59 վ) Վանեցի քիւրտ արուեստաբան Մեհմեթ Ֆ. Կիւտենի կողմէ արտադրուած վաւերագրական-խաղարկային ժապաւէն մըն է Վանայ լիճի աւազանին մէջ գտնուող հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու մասին (1): Անցեալ տարի ժապաւէնը դիմած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին, բայց չէ ներառուած ցուցադրութեան ծրագրին մէջ: Կիւտեն կ՛ըսէ, որ իր միջոցներով ժապաւէնը պիտի ցուցադրէ Հայաստանի մէջ...

Սպասում

Կանացի Աչքերով Շարունակ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շարժապատկերի 18-րդ «Կին» միջազգային փառատօնը տեղի ունեցաւ առցանց, անցեալ տարուան «համավարակային» ձեւաչափով եւ տարողութեամբ (1 Ա)  (1 Բ): Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ փառատօնը կարեւոր հարթակ է սկսնակ հայ թէ կին բեմադրիչներու համար: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի գլխաւորաբար օտար կազմակերպութիւններու կողմէ (տես կողքի որմազդը): Այս տարի իր ներդրումը ունեցած է նաեւ ՀԲԸՄ-ը, որ նաեւ տրամադրած է իր սրահը: Մուտքը...

Սպասում

«Ոսկէ Ծիրան» 18. Աղէտաբեռն Ժամանակի Բերքը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը հասկնալիօրէն անցաւ առանց կարմիր գորգերու եւ շեփորումի: Փառատօնը արդէն իսկ լրջօրէն դիմափոխուած էր «թաւշեայ» յեղաշրջումէն ետք, այսինքն` նախքան ջլատող համավարակ եւ նախքան պատերազմի ահաւոր կորուստներ:  Հիմնական փոփոխութիւնները հետեւեալներն են. Ա.- Փառատօնը այժմ շուկայադրական է (կազմակերպիչներու բարբառով` մարկետինգային): Այդ համահունչ է տիրող «բիզնեսամոլ» մտայնութեան: Բ.- Տեղական արտադրութեան ոսինութեան պատճառով «Հայկական համայնապատկեր»-ը փոխարինուած է «Տարածաշրջանային համայնապատկեր»-ով:...

Սպասում

Ծածուկ Ծիրանի Յամառ Տունկը Հոգեւոր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Վերնագիրը համադրումն է նախորդ երեք ակնարկներու վերնագրերուն (1, 2, 3): Հայաստանի այլապէս կորած մէկ անկիւնի` Ուջան աւանին մէջ կազմակերպուող «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական եւ ազգագրական ժապաւէններու միջազգային փառատօնը, ի հեճուկս դժուարութեանց ամենայն, կը շարունակէ իր ընթացքը: Այս տարուան ծրագրին մէջ աւելի ցայտուն դարձած է փառատօնին հոգեւոր հակումը: Ցուցադրութիւններու ծրագիրը կարելի է տեսնել կայքէջին վրայ (4): Օտարահպատակ մասնակիցներ կրկին հիւրընկալուած...

Սպասում

Փոխան Գրախօսականի. «Թաքնուած Պատմութեան Հետքերով, Օսմանեան Պետութեան Արդիականացումը, Ընկերվարութիւն Եւ Հայ Երեսփոխաններու Դերը», Քատիր Աքըն, 2021, 391 Էջ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Քատիր Աքըն մտաւորական մըն է, որ կ՛ուսումնասիրէ ընկերվարական շարժումներու պատմութիւնը Թուրքիոյ մէջ: 2011-ին հրատարակած է «Ընկերվարութեան տագնապը»  հատորը: Իր գլխաւոր առաջադրանքն է ընկերվարութիւն դաւանիլ յայտնող շարժումները ձերբազատել ազգայնամոլութենէ (իր բացատրութեամբ` «սոսեալ շովինիզմ»-է): «Ընկերվարութենէն ոչինչ կը մնայ, եթէ անկէ զեղչես միջազգայնականութիւնը», կ՛ըսէ Աքըն: Թուրքիոյ ձախը մեծապէս թերացած է եւ կը շարունակէ թերանալ ազգային հարցերու գետնին վրայ: Հեղինակին անդրադարձած էի,...

Սպասում

Թատերական Ստուերներու Վերակենդանացում

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.- Կարելի է ենթադրել, թէ բոլոր նախնական հաւաքականութիւններու մէջ մշակութային աւանդը փոխանցուած է բանաւոր պատումով եւ խորհրդանշական պատկերներով: Արտայայտութեան երկու միջոցները ունեցած են ծիսական բնոյթ: Ստուերներու թատրոնին շուրջ պատմական արձանագրութիւնները ժլատ եւ անորոշ են: Ժլատ են ուրեմն նաեւ ուսումնասիրութիւնները: Հին Յունաստանի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ (թերեւս եւ այլուր) գոյութիւն ունեցած է պատկերաշարանի առընթեր կատարուող պատումի ձեւաչափը: Շարքը նման...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Հայը Եւ Մարդը. Գրիգոր Խանջեան Դ.

Վարդանանք – Գրիգոր Խանջեան ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ     Երկու հակոտնեայ կարծիք կար իր մասին: Շատ վատ եւ շատ լաւ: Ոմանք կը հաւատային, որ իր ունեցած համապետական հովանաւորութիւնն ու մենաշնորհումները ուղղակիօրէն կապուած էին իր մատուցած խորհրդայնամէտ ծառայութիւններուն հետ, իսկ ուրիշներ այդ կը վերագրէին նախ իր տաղանդին եւ ապա նաեւ` վերնախաւի մէջ իր ձեռք բերած անձնական ծանօթութիւններուն: Զիս հետաքրքրողը իր գծանկարչական բացառիկ տաղանդն էր,...

Սպասում

Թատրոնի Այլափոխումը Համավարակի Ընթացքին

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Էութենական.- Համավարակը փակեց սրահներուն դռները եւ արգիլեց դերակատար-հանդիսատեսի միջեւ անմիջական հաղորդակցութիւնը: Այդ կը թուէր մահացու հարուած ըլլալ: Թատրոնի մարդիկ, սակայն, մերժեցին յանձնուիլ եւ յանկարծ վրայ տուած մթութեան մէջ սկսան խարխափել` գտնելու համար գոյատեւման միջոցներ: Պարզ է, որ համավարակի պայմաններուն մէջ կարելի չէր նոյն ձեւով շարունակել: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է փոխել ձեւը` առանց փոխելու էութիւնը: Այստեղ կը ծագին փիլիսոփայական...

Սպասում

Համավարակի Պատկերումներու Հոլովոյթը Սպիտակ Պաստառի Վրայ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Համաճարակի արհաւիրքը այլազան ձեւերով արտայայտուած է արուեստի եւ գրականութեան մէջ: Գեղարուեստական առումով, հետաքրքրական են այն գործերը, որոնք համաճարակը կը ներկայացնեն առասպելական, այլաբանական եւ կամ փոխաբերական առումով: Թերեւս ամէնէն ծանօթ գործերն են Փիեթըր Պրիւկելի «Մահուան յաղթանակը» պաստառը (1562) եւ Ալպէր Քամիւի «Ժանտախտ»-ը (1947): Ընկերաբանական առումով, ուսանելի են շարք մը գործեր, որոնք ձեռք կ՛առնեն մարդկային յարաբերութիւնները եւ իշխանութեան վարքը համավարակի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Սահակդուխտ` Առաջին Հայ Կին Բանաստեղծը, Երաժիշտը, Երաժշտութեան Ուսուցչուհին Եւ Հոգեբուժը

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Սահակդուխտի մասին տեղեկութիւնները մեզի հասած են` պատմիչ Ստեփանոս Օրբէլեանէն, Ղեւոնդ Ալիշանէն, Մանուկ Աբեղեանէն, բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանէն, Նորայր եպս. Պողարեանէն, Գրիգոր Յակոբեանէն, Յակոբ Քէօսէեանէն, Շահան Արծրունիէն եւ այլ աղբիւրներէ: Քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ 8-րդ դարուն կը  յայտնուի առաջին հոգեւոր երգի հեղինակ, երաժիշտ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դասատու հայ կինը` Սահակդուխտ, որ կ՛ըլլայ Դուին մայրաքաղաքի կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սահակ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Պէյրութի Համազգայինի «Արտուտիկ» Ձայնապնակի Արձանագրութիւնը 1979-ին

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ալեք Մնակեան Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան երաժշտական թեքնիք յանձնախումբը 1977-ին կազմակերպած էր «Ծնծղայ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի: «Ծնծղայ» երգչախումբը երկու տարի շարունակ լիբանանահայութեան ներկայացուց շարք մը երգահանդէսներ, որոնք պսակուեցան մեծ յաջողութեամբ: Կարգը եկած էր ձայնապնակի մը պատրաստութեան: Ուստի թեքնիք յանձնախումբը նախաձեռնեց «Արտուտիկ» ձայնապնակի պատրաստութեան: Յանձնախումբը 1979-ի սկիզբը այս աշխատանքին պատասխանատու եւ խմբավար նշանակեց երաժիշտ Ալեք Մնակեանը: Ան...

Սպասում

Հայ Դասական Ժապաւէններ Եւ Երեւանի Դիմագիծի Հոլովոյթը – Բ.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ 1.- Ընտրած եմ ժապաւէններ, որոնք արտադրուած են 1965-85 .- թուականներու միջեւ: Այդ շրջանը կարելի է համարել մշակութային «ոսկեդար»: Ներկայացուած առաջին ժապաւէնն էր «Բարե՛ւ, ես եմ», որ հիմնուած է ականաւոր աստղաբնագէտ (astrophysicist) Արտեմ Ալիխանեանի գործունէութեան վրայ: (Տես «Ազդակ», 10 ապրիլ 2021)   Բ.- Երեւանեան Օրերու Ժամանակագրութիւնը (Chronicle of Yerevan Days-Երեւանեան օրերի խրոնիկա) 105վ, 1972 (1) Բեմադրիչ.- Ֆրունզէ Դովլաթեան...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Արկածախնդրութիւնը Արուեստի Զարգացման Գրաւականն Է

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Իմ աւանդապա՛շտ ընթերցող, Ռոպերթոն անմիջապէս անցաւ կարկահին դիմաց, իսկ Սիլիան ներսէն նուռի փոխարէն խնձոր մը բերաւ, պարեգօտը հանեց, մէջտեղը դրուած հռոմէական խոյակին վրայ ելաւ ու պտուղը երկարեց ամուսինին` ծիսական երկիւղածութեամբ: Ռոպերթոն, ուսումնասիրելէ ետք Սիլիայի կեցուածքը, չհաւնեցաւ: Հնաոճ ծածկոց մը գտաւ, գետին փռեց ու խնդրեց, որ Սիլիան անոր վրայ սկսի քալել ու, մերկ ըլլալով հանդերձ, ան պէտք է, որ...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Արկածախնդրութիւնը Արուեստի Զարգացման Գրաւականն Է

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ A work of art is above all an adventure of the mind Eugene Ionesco Մայիս 2000, Ֆլորանս: Առաւօտուն, երբ կը պատրաստուէի դուրս գալ Brunelleschi-ի անուան պանդոկի նախասրահէն, յանկարծ ներկայանալի կին մը կեցուց զիս ու ըսաւ. - Մոյսէյը դո՞ւք էք: - Այո՛, ես եմ, իսկ դո՞ւք... - Ես Սիլիան եմ, Ռոպերթոյի կինը: Անոր անգլերէն չգիտնալուն պատճառով իրեն փոխարէն ես...

Սպասում

Հայ Դասական Ժապաւէններ. Եւ Երեւանի Դիմագիծի Հոլովոյթը – Ա.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ընտրած եմ ժապաւէններ որոնք արտադրուած են 1965-85 թուականներու միջեւ: Այդ ժամանակաշրջանը կարելի է համարել մշակութային «ոսկեդար»: Հայաստանի մէջ սկսած էր «սառցահալ», արուեստագէտներ ունէին պետական հովանաւորութիւն եւ որոշ ազատութիւն: Տաղանդաւոր մարդիկ կը վայելէին ընկերային բարձր վարկ: Կար արուեստասէր հասարակութիւն: Հրատարակուած որակաւոր գործեր արագ կը սպառէին: Ապա եկաւ մեծ հիասթափութիւն, եւ սկսաւ ծաղկիլ  շուկայական մշակոյթ: Գործերու ընտրութիւնը անձնական է: Պարզ...

«Hyperallergic» Հանդէսի Յաւելուած` Արցախեան Վտանգուած Մշակոյթին Նուիրուած

«Hyperallergic» Հանդէսի Յաւելուած` Արցախեան Վտանգուած Մշակոյթին Նուիրուած

  Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած «Hyperallergic» արուեստի առցանց հանդէսը հիմնուած է 2009-ին, Հրակ Վարդանեանի եւ Վիգէն Կէյիկեանի կողմէ: Անոր գլխաւոր խմբագիրն է Հրակ Վարդանեանը: Հանդէսին 28 փետրուար 2021-ի կիրակնօրեայ յաւելուածը նուիրուած է Արցախի մէջ սպառնալիքի տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան, յուշարձաններու, եկեղեցիներու, եւ տարբեր վայրերու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ` ինքնութեան անտեսուած հարցերու: Տարբեր անուանի ակադեմականներ եւ լրագրողներ ներդրում ունեցած են այս...

Սպասում

Արմ-Մոնօ Եւ Մենաթատրոնի Ընկալման Թուաբանական Ձեւաւորումի Փորձ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Անցեալ ամառ Հայաստանի մէջ կայացած մենաթատրոնի փառատօնը` «Արմմոնօ 18»,  նուիրուած էր Հրանտ Մաթեւոսեանի ծննդեան 85-ամեակին: Սեռային .- Բացման եւ փակման ելոյթներու ընթացքին Նարինէ Գրիգորեան ներկայացուց «Գոմէշը», որ հիմնուած է Մաթեւոսեանի համանուն պատմուածքին վրայ: Դերասանուհին միաժամանակ ներկայացման բեմադրիչն էր: Այս երեւոյթը կը թուի ձեւաչափ դարձած ըլլալ ժամանակակից մենաթատրոնի համար: Ակնբախ էր նաեւ, որ փառատօնի հեղինակ-կատարողներու առնուազն երկու երրորդը կիներ...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Մինչ Դաւիթ Կը Փորձէ Իմաստաւորել Միջոցը, Անոր Մերկուհիները Կը Յամենան Երկրի Վրայ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ   Մինչ գիտնականները կ՛անճրկին վաւերականօրէն եւ կամ իրեղէն ապացոյցներով երեւոյթ մը բացատրել ու մեկնաբանել, «իմաստուն»ները կը դիմեն տրամաբանութեան: Իսկ արուեստագէտները հարցը կը տեղափոխեն զգայական դաշտի վրայ եւ վստահելէ ետք ենթագիտակիցի ներքին մղումներուն, թափ կու տան իրենց երեւակայութեան: Ահաւասիկ հո՛ս է, որ կը սկսի գործել  յարաբերականութեան տեսութիւնը, ուր շօշափելին կը թուի խաբկանք, խաբկանքը` ճշմարիտ, ճշմարտանմանը կը շփոթուի իրականութեան հետ, եւ...

Սպասում

Սողոմոնի Երգերը Ամերիկեան Պաստառի Վրայ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հայաստանի շարժապատկերի աշխատաւորներու («Կինեմատոգրաֆիստներ») միութիւնը գաղտնի քուէարկութեամբ միաձայնութեամբ որոշած է «Օսկար» մրցանակի համար Հայաստանը ներկայացնել Արման Նշանեանի «Սողոմոնի երգերը» (Songs of Solomon, 2020, 103 վ) ժապաւէնով: Անձնական նամակակցութեան ճամբով տեղեկացայ, որ ժապաւէնը եղած է քուէարկութեան դրուած միակ թեկնածուն: Այս ցաւոտ իրավիճակը սպասելի էր: Անցեալ տարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծրագիրէն զեղչուած էր փառատօնը իմաստաւորող առանցքային  «Հայկական համայնապատկեր» դասը, որովհետեւ...

Page 2 of 12 1 2 3 12

Արխիւներ