Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղանակի Տեսութիւն – Դ.

Յուլիս 28, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նախորդ «Եղանակի տեսութիւնը» լոյս տեսած էր շուրջ երեք տարի առաջ, նախքան այլազան աղէտներու էջքը ի Լիբանան եւ անոնց պարտադրած թատերական դադարը (1):

Վերջին «Եղանակի տեսութենէն» ետք «Թէաթրոն» թատրոնին կողմէ ներկայացուած են ոչ կատակերգական բնոյթի նորարար երկու թատրերգութիւններ, որոնց նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ  (2, 3, 4, 5): Կարէն Տարագճեանի եւ Սուրէն Խտըշեանի աշխատասիրութիւնը, կորովը, հնարամտութիւնը եւ լիբանանահայ թատրոնին նոր շունչ բերելու ջանքերը մեծապէս գնահատելի են: Ի՛նչ ընենք, որ անոնք ունին գաղափարական ուղղութիւններ, որոնց հետ չեմ կրնար հաշտուիլ: Տէրը դատէ մոլորեալները: Ցանկալի է նաեւ, որ անոնք շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն տան լեզուի բնոյթին: Այդ ի հարկէ հին ցաւ է:

Յետհամավարակ մնացեալ չորս ելոյթները կատակերգութիւններ են, որոնց առաջնեկն էր «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Վտանգաւոր, բայց կայուն»-ը (6): Որոշ ժամանակէ ի վեր կ՛իմանանք, որ թատերախումբը կը պատրաստէ ֆրանսական ժամանակակից կատակերգութիւն մը: Շա՛տ բարի: Ողջունելի է, որ թատերախումբեր կ՛աշխուժանան, առաւել եւս, որ կը կարողանան իրենց մարդուժը համալրել երիտասարդ եւ շնորհալի տարրերով: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Կարծիքներ կան այն մասին, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ մեր տագնապահար ժամանակին յարիր խաղացանկը:

Յիշեցում.- Վերնագիրի կողքին կը տեսնուի լիբանանահայ թատրոնի (ԼԹ) հնարովի նշանակ (emblem) մը` կազմուած բացառաբար ծիծաղող դիմակներէ: Թատերախումբեր չքմեղանքներ կը հրապարակեն կրկին կատակերգութիւն ընտրած ըլլալու համար (ժողովուրդը յոգնած է, անտրամադիր եւ այլն ): Թերեւս յանցաւոր կը զգան: Շա՛տ բարի: Այդ կ՛ենթադրէ, որ ապագային բեմ կրնան բարձրացնել նաեւ այլ սեռի թատրերգութիւններ… եւս: Կատակերգական ելոյթներու պատմականին եղանակի նախորդ տեսութիւններուն մէջ մանրամասն անդրադարձած եմ: Հարկ կը տեսնեմ կրկնելու մէկ նախադասութիւն. «Ի տարբերութիւն զաւեշտի, կատակերգութիւնը պահ մը կը խախտէ ընկերային կարգը, բայց զայն հարցականի տակ չի դներ, չի փորձեր միանգամընդմիշտ տապալել վարչակարգը: Ընդհակառակն, ծիծաղի ճամբով կը փորձէ զայն աւելի տանելի եւ նոյնիսկ ընդունելի դարձնել»:

Օրինաչափային.- Ներկայ յաջող կատակերգութիւններ ունին մնայուն յատկանիշներ, որոնց արմատները կ՛երկարին մինչեւ հռոմէական թատրոն, որուն վաստակաշատ կատակերգակն է Փլոթուս (254-184 ՆՔ): Այս դարաւոր ժառանգի բաղադրիչներէն մէկն է իր տիրոջ հակադրուած ճարտար գերիի (servus callidus) կերպարը, որ այժմ վերածուած է սպասաւորի կամ սպասուհիի, ինչպէս` գիւմրեցիներու «Մերի»-ն կամ «Դուռէ-Դուր»-ի «Պերթա»-ն: Ի դէպ, Փլոթուս հաւանաբար ազատագրուած յոյն գերի մըն էր: Այս նիւթին մասին կան ակադեմական ուսումնասիրութիւններ (7): Կենդանական աշխարհին մէջ արուն կը ջանայ զուգուիլ առաւելագոյն թիւով էգերու հետ` իր ծիները առաւելագոյնս սփռելու համար: Կնամոլ արուներ կ՛արժանանան ոչ միայն ներողամտութեան, այլ նաեւ` հիացմունքի: Արական այս ցնորքը (fantasy) արտայայտուած է Տոն Ժուանի կերպարէն մինչեւ հայ թէ օտար հին աստուածներու առասպելներուն մէջ (8): Արտայայտուած է նաեւ ներկայ կատակերգութիւններուն մէջ: Մետասաներորդ պահու կարկտան վերջաբանները պարզապէս բարոյախօսական կարկտաններ են:

Աշխուժ երթեւեկ.- Բեմայարդարումը հանդիսատեսին անմիջապէս կը թելադրէ ներկայացման բնոյթը: Երեք ելոյթները այս առումով օրինաչափ էին: Թեթեւ կատակերգութեան բեմը կ՛ունենայ բազմաթիւ մուտք քանի մը (կողքի գծապատկերին մէջ` կարմիր խաչով նշուած) մարտավարական (tactical) կայաններ (բազմոցը պարտադիր է) եւ ըստ կարելւոյն` մեծ թիւով դերակատարներ: Այդ կարելի կը դարձնէ երթեւեկի ուղեգիծներու մեծ թիւով տարբերակներ: Կողքի գծանկարին մէջ ցոյց տրուած են աւելի քան 1400 ուղեգիծներէն փունջ մը միայն (9):

Մակնիշաւոր (signé) հեղինակներ.- Արտադրութիւնը շուկայադրելու գործընթացին մէջ բախտորոշ դեր ունի մակնիշը: Ներկայ թատերակներու ընտրութիւնը այս առումով եւս օրինաչափ է:

Ա.- Ընթերցողը թերեւս ծանօթ չէ թատերագիր Քլոտ Մանիէ (Claude Magnier, 1920-1983) անունին, հաւանաբար ծանօթ է, սակայն, անոր հեղինակած «Օսքար» թատերակին (1958), զոր Վ. Խտըշեան բեմադրած է 1994-ին:

Այստեղ շուկայադրական մակնիշը «Օսքար»-ն է: Նախքան այդ թատերակի արագ յաջողութիւնը` Մանիէ ուսանած էր  առեւտրական կառավարում (business administration): Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի ներկայացուցած «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է»-ի վոտվիլի ֆրանսերէն բնագիրը կը կոչուի «Պարոն Պլեզ» ( Monsieur Blaise, 1959):

Չքաւոր նկարիչ մը մեծահարուստի մը աղջկան վայել փեսացու նկատուելու համար կը վարձէ շքեղ յարկաբաժին մը եւ ինքզինքին կու տայ ազնուական տոհմանուն մը Blaise d՛Andrieux: Ապա իր «ապարանք»-ը ճաշի կը հրաւիրէ խաբէութեան թիրախ խնամիները` նախապէս վարձած ըլլալով խոհարար մը: Ինչպէս հանդիսատեսը առաջին պահէն կրնայ գուշակել, տեղի կ՛ունենայ շփոթ: Փոխան վարպետ խոհարար-սպասեակի` կը յայտնուի անփորձ երիտասարդուհի մը: Պլեզի մեղսակիցն է իր… թեթեւաբարոյ ընկերուհին, որ միաժամանակ է մեծահարուստի… «ընկերուհին»: Պէտք չէ ուրեմն այս երեք կերպարները մէկտեղուին բեմին վրայ: Այդ յիշել կու տայ այն ծանօթ հանելուկը, ուր գայլը, գառնուկը եւ խոտի դէզը պէտք է գետի միւս ափ փոխադրել փոքրիկ նաւակով: Ի զուր չէ, որ բեմին վրայ կան հինգ դռներ: Մնացեալը բազում աղմուկ է վասն ոչինչի: Դրան եւ հեռախօսի զանգեր, «ալա ֆէյտօ» ոստոստումներ, պահմտուք եւ այլն: Այո՛, ճիշդ գուշակեցիք, բարեզարդ աւարտը  յիսունական թուականներու վայել բարոյախօսական կարկտան մըն է: Սէրը կը յաղթէ ընչաքաղցութեան: Ծափահարութիւն:

Բ.- Սխալներու կատակերգութեան արմատները կը հասնին, այո՛, մինչեւ Հռոմ եւ անդին: Շէյքսփիրի նոյնանուն կատակերգութիւնը (Comedy of Errors, 1594) համադրումն է նոյնինքն Փլոթուսի երկու կատակերգութիւններու (10): Ֆէյտոյի (Georges Feydeau, 1862-1921) կատակերգութեան բնագրի վերնագիրն է «Մլուկը ականջի մէջ» (La puce à l՛oreille 1907): Գ. Սաթամեան 1972-ին հաւանաբար անգլերէնի հետեւութեամբ թարգմանած է` «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ»: Աւելի քան դար մը առաւել 16 տարի հնութիւն ունեցող այս «ննջարանային զաւեշտ»-ին մէջ Ֆէյտօ գումարած է, մէկի փոխարէն, երկո՛ւ սխալ ընկալում: Կրկնակի սրամտութի՞ւն: Առաջինը անզանազանելի կերպարներու խաղն է, որ նախապէս բազմիցս յաջող կերպով շուկայադրուած է Շէյքսփիրի եւ այլոց (որոնց շարքին նախ  եւ առաջ` նոյնինքն Փլոթուս) գործերուն մէջ: Երկրորդ սխալ ընկալումը նամակ մըն է: Բնագիրի ֆրանսական, որ այժմ անհասկնալիօրէն ժամանակավրէպ հիւմըրը չէ պահպանուած: Կարելի չէր պահպանել: Մնացեալը դիւրաւ ճանաչելի շարժուձեւեր, քիչ մը թոթով կակազում, քաշկռտուք, վազուըրտուք, պահմտուք, ատրճանակի հարուածներ եւ մէկ-երկու կից: Այո՛, ի հարկէ բարեզարդ աւարտ: Գնահատելի էին թատերախումբին եռանդը, շատ արագ կշռոյթը պահելու կարողութիւնը, շարժումներու կարգաւորումը (timing) եւ … հագուկապի ճաշակը:

Գ.- Ննջարանի դռներու կատակերգութիւն.- Boeing Boeing եւս նախապէս յաջող շուկայադրուած կատակերգութիւն մըն է: Հեղինակը (Marc Camoletti, 1923-2003) եւս, ինչպէս Ք. Մանիէ,  թատրոն մտած է այլ մասնագիտութենէ: 60-ականներու սկիզբին հրապարակուած գործը ունի ֆեմինիստական  գունաւորում: «Կնարածութեան» արական ցնորքի (fantasy) ուղղուած ձաղկ մըն է: Երկու արական կերպարները որեւէ պահու կացութեան տէրը չեն: Կիներն են, որ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն եւ ո՛ւր կ՛երթան: Կիները զարմանալիօրէն ծանօթ են նաեւ ճարտարագիտական տեղեկութիւններու: Պարզ է, որ այդ տեղադրուած է կոտրելու համար անճարակ ու տգէտ կնոջ կարծրատիպը: Փլոթուսի տիրոջմէ դժգոհ ճարպիկ սպասաւորը (servus callidus) այստեղ եւս կին մըն է` Պերթան: Հին թատրոնէն առնուած են նաեւ նշանաւոր երեք ոսկի միաւորները` մէկ օր, մէկ վայր եւ մէկ գործողութիւն: Գործողութիւնը այս պարագային տղամարդոց մեծամտութեան խորտակումն է:

Աւելի՛ն. գլխաւոր հերոս Պեռնարը ծիծաղելի կերպար է, որովհետեւ անկարող է ըմբռնել կացութիւնը: Ծիծաղելին կնորս ըլլալ յաւակնող տղամարդն է, այլ ոչ` իր կարծեցեալ «որսերը»: Նկատել նաեւ, որ այս արու հեղինակի մը կողմէ յօրինուած այն հազուադէպ թատրերգութիւններէն մէկն է, ուր իգական կերպարները մեծամասնութիւն կը կազմեն: Հեղինակը իր ժամանակին յարիր ասք մը ունի: Բարի՛: Ամերիկացի տղամարդոց տրուած են ֆրանսական անուններ (Ռոպեր եւ Պեռնար): Հարկ է նկատել սակայն, որ 60-ականներու ֆրանսական պատկերը հազիւ թէ որեւէ նմանութիւն ունենար Միացեալ Նահանգներու բարքերուն: Ո՛չ բարի:

Հաւանաբար հանդիսատեսին կողմէ դիւրին ճանաչելի ըլլալու մտադրութեամբ հեղինակը ներառած է շարք մը կարծրատիպեր: Առաջին հերթին` վերը նշուած անդադար գանգատող ըմբոստ տանտիրուհի Պերթան: Օդանաւային բարեձեւ «հոսթես»-ներ  ի հարկէ թեթեւաբարոյ են, հետեւաբար` որսի դիւրին թիրախ: Գերմանացիք ի հարկէ հեզ չեն եւ կ՛ուտեն երշիկ: Ամերիկացիք պարզամիտ են եւ կ՛ուտեն փենքէյք եւ այլն: Կարծրատիպ մըն է նաեւ Պեռնարը, որ կու գայ Ուիսքանսընէն: Այդ նահանգը կը համապատասխանէ սուրիական Հոմսին, որուն բնակիչները պարզամիտ կը համարուին:

Ուրախալի է նկատել, որ երիտասարդ դերակատարները ներգրաւուած են արտաբեմական աշխատանքներով: Այդ յիշել կու տայ տարագիր առաջին սերունդին  կազմած թատերախումբերու ոգին, որուն աշխատանքներուն վկայ դառնալու բախտը ունեցած եմ որպէս մանուկ: Շա՛տ բարի:

Ոգեկոչումներ եւ  հուսկ բանք.- «Եղանակի տեսութեան» մէջ հարկ է ներառել երկու ելոյթներ, զորս լիբանանահայ բեմադրիչներ ներկայացուցին դրացի գաղութներու մէջ: Նախ հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել այդ գաղութներու պատասխանատու  մարմիններուն` աղէտահար Լիբանանի բեմադրիչներուն աշխատանքի առիթ տալու համար: Առաջինը վաստակաշատ Վաչէ Ատրունին է, որ Հալէպի մէջ դերակատարներու ստուար խումբով մը բեմադրեց «Փայտոջիլներու պահարանը»: Այդ իր հեղինակած կանուխ գործերէն մէկն է, զոր առիթը ունեցած եմ դիտելու, եթէ չեմ սխալիր,  մօտաւորապէս 32 տարի առաջ, երբ դեռ նոր հիմնած էր իր «Շրջուն թատերախումբ»-ը: Սրահի մուտքին տեղադրուած էր «շրջունը» խորհրդանշող ձիաքարշ կառքի մեծ անիւ մը (11): Ներկայացումը կարելի է համարել «ոգեկոչում»:

Երկրորդը Սուրէն Խտըշեան-Կարէն Տարագճեան («Թէաթրոն» թատրոն) զոյգն էր, որ Կիպրոսի մէջ բեմադրեց Ա. Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը: Այդ եւս ոգեկոչում մըն է: Հեղինակի յուշագրութիւնը  բեմականացուած է աւելի քան 23 տարի առաջ,  ականաւոր դերասան Սօս Սարգսեանի հսկողութեամբ, Սուրիահայ երիտասարդաց միութեան կողմէ` անոր Հալէպի մանկապատանեկան «Ռազմիկ» թատերախումբին համար: Ելոյթը դիտելու առիթը ունեցած եմ Պէյրութի մէջ` որպէս հիւրախաղ (12): Հարկ է նշել, որ թատերակը կարելի չէ մանկապատանեկան համարել: Այս նիւթին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (13 ِِԱ, Բ):

Անձնական պատճառով կարելի չեղաւ դիտել բոլոր ներկայացումները: Չեմ փափաքիր, որ բացակայութիւնը մեկնաբանուի որպէս մերժողական կեցուածք: Համացանցի վրայ տեղադրուած ծանուցողական տեսերիզներէն դատած` ակնյայտ է, որ թատերախումբերը կատարած են սիրով, խանդավառութեամբ, եւ որ` բեմադրիչները աշխատանքը պատրաստած են մեծ խնամքով: Շատ բարի: Դերակատարներուն մեծամասնութիւնը կը ցուցաբերէ հիւմըրը ընկալելու կարողութիւն եւ հանդիսատեսին հաղորդելու շնորհ: Շա՛տ բարի: Թատերական կեանքի վերականգնումը ողջունելի է, այս մասին երկու կարծիք չկայ: Պարտք կը զգամ, սակայն, կատարելու ցաւոտ նշում մը. Մանիէ, Ֆէյտօ եւ Քամելոթի անժամանցելի Շէյքսփիրներ չեն, այլ` էապէս ժամանցելի ճարտար հեղինակներ, որոնք թեթեւսոլիկ ապրանքներ արտադրած են որոշ ժամանակի մը շուկային համար:

Կը մաղթեմ, որ բոլոր թատերախումբերուն յաջորդ ընտրութիւնները արտայայտեն մեր ժամանակի բազում տագնապները: Յաջողութիւն:

———————————–

(1).-  Տես «Ազդակ»-ի  26 նոյ.  2016,  22 մարտ 2017 եւ 2 հոկ. 2019-ի թիւերը:
(2).- «Թատրոնի այլափոխումը համավարակի ընթացքին», «Ազդակ»,  9 սեպտեմբեր 2022:
(3).- «Ինկած արհեստի իշխանը», «Ազդակ», 19 հոկ. 2022:
(4).- «Սարսափի թատրոնը», «Ազդակ», 12 մայիս  2023:
(5).- «Օրինաչափ ուրուականը», «Ազդակ», 12 յունիս 2023:
(6).- «Անվտանգ, բայց… սեաւ», «Ազդակ», 23 դեկտեմբեր 2022:
(7).- Տես, օրինակ, F. Stürner, The Servus Callidus in Charge, Plays of Deception, 2020:
(8).- Էգ անասուններ իրենց կարգին կ՛ընդունին զուգուիլ մէկէ աւելի արուներու՝ ծինային բազմազանութիւն ապահովելու համար: Կիներու անհաւատարմութիւնը սկսաւ դաժանօրէն պատժուիլ հայրիշխանութեան շրջանին, որպէսզի կուտակուած նիւթական ժառանգը չծառայէ օտար ծիներու գոյատեւման:
(9).- 13 սկզբնակէտ x 12 վերջակէտ x 9 դերակատար = 1404 առաջին քայլ: Բարդ քայլերու թիւը աւելի մեծ է:
(10).- Այդ օրերուն բանագողութիւնը յանցագործութիւն չէր սեպուեր:
(11).- Միջին դարերուն եկեղեցին եւ տնտեսական պայմանները չէին արտօներ մնայուն նստակեաց թատրոնի գոյութիւնը: Շրջուն թատերախումբի կառք կը տեսնենք «Համլեթ»-ի մէջ:
(12).- Հանգուցեալ բեմադրիչ Գրիգոր Քէլէշեանի ձգած նիւթերը, որոնց շարքին թատերակին բնագիրը այժմ կը գտնուին Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի արխիւին մէջ: Ներկայացումի տեղեկագրութիւնը կը գտնուի ՍԵՄ-ի արխիւին մէջ: Շնորհակալ եմ Շանթ Ուրիշեանին` իր ցուցաբերած օգնութեան եւ տուած տեղեկութիւններուն համար:
(13).- Տես «Մանկական թատրոնը» Ա. եւ Բ., «Ազդակ» 3 եւ 4 հոկ. 2017:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայաստանը Հոս Էր, Դուն Ալ Տեսա՞ր»

Յաջորդը

«Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Գրքի Շնորհահանդէս Երեւանում

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?