ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Դիտած եմ իր ըմբոստ ոգիով ծանօթ Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ «Թեաթրոն» թատրոնի ներկայացուցած «Սեւազգեստ կինը» ելոյթը, որ գոթական սարսափ թատրոն սեռի առաջնեկն է մեր բեմերուն վրայ (1, 2): Նոր, դժուար սեռի գործ մը բեմադրելը յոյժ ողջունելի է: Երկու կարծիք չկայ այս մասին: Աւելի քան երկու կարծիք կայ, սակայն, այն մասին, թէ ի՞նչ էր, եւ թէ ի՞նչ կրնար ըլլար այդ դժուարին, մեծ ներդրում պահանջող նորարարութիւնը:
Վիպական.- Բեմագրութիւնը (1987) հիմնուած է Ս. Հիլի (Suzan Hill, 1942- ) մօտ երկու հարիւր էջանոց նոյնանուն վիպակին վրայ (The Woman in Black, 1983): Հիլ արհեստավարժ հմտութեամբ մէկտեղած է սարսափ սեռի բաղադրիչ ա՛յն տարրերը, որոնք նախապէս շուկայական յաջողութիւն գտած են: Վէպը էապէս կը յենի անգլիական ժողովրդական մշակոյթին ու «անկլեւսաքսոն» սարսափի գրականութեան վրայ: Ամանորի գիշեր կրակարանի շուրջ հաւաքուած տարաշխարհիկ, վախազդու պատմութիւններով մրցելու նիստը «անկլեւսաքսոն» աւանդոյթ է: Ականաւոր ամերիկացի սարսափագիր Հենրի Ճէյմզի (1843-1916) գոթական սարսափի «Մամլակի պտոյտը» վիպակը (The Turn of the Screw, 1898) կը սկսի միեւնոյն ձեւաչափով, Ամանորի երեկոյ ճարճատող կրակի շուրջ հաւաքուած հարազատներու սարսափի պատմութիւններով: Այո՛, ճիշդ գուշակեցիք, այդտեղ եւս կը տեսնուին քինախնդիր ուրուներ եւ արտառոց պառաւ մը: Ամայի (ապա կիսաւեր) դղեակ եւ գոթական սարսափի այլ տարրեր կան նոյնիսկ ականաւոր ռահվիրայ ֆեմինիստ Շ. Պրոնթէի ծանօթ «Ճէյն էյր» (Jane Eyre 1847) վէպին մէջ:
«Սեւազգեստ կինը» վիպակի եւ ապա թատերակի յաջողութեան գաղտնիքը այն է, որ հեղինակները վարպետօրէն շահարկած են ընթերցողի եւ հանդիսատեսի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրագրուած գոթական սարսափի տարրերը: Այդ տարրերը ի հարկէ առկայ չե՛ն այստեղ: Լիբանանցի հանդիսատեսի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրագրուած են ա՛յլ բնոյթի սարսափի (բազում) տարրեր: Ի դէպ, այս առումով Հիլ նման է Ակաթա Քրիսթիի, որ անխնայ կը շահարկէր շուկայական այլ տարրեր(4):
Արթուր Քիփս անունը բացայայտ ակնարկ է բազմավաստակ սարսափագիր, «Կարմիր սենեակ»-ի հեղինակ Հ. Ուելզի (H.G. Wells 1866-1946) «Պարզունակ հոգիի մը պատմութիւնը» (The Story of a Simple Soul 1905) վէպին: Այդտեղ Քիփս ապօրինի ծնունդ մըն է, որ հակառակ իր ջանքին, չի յաջողիր ընդունելութիւն գտնել ընկերութեան կողմէ: Ոչ յատկանշական, պարզունակ հերոսի մը կերպարը սարսափի գրականութեան յատկանշական «փասթիշ»-ներէն (pastiche) մէկն է: Սեւազգեստ կինը մայրն է աւազուտի մէջ խեղդուած մանուկ Նաթանայէլի (հայերէն` Աստուածատուր) , որ նոյնպէս ապօրինի ծնունդ է: Անմեղներու մահը սարսափ սեռի մնայուն բներգ է, որովհետեւ անբացատրելի ցաւ կը պատճառէ եւ կը ստորնացնէ բանականութիւնը:
Ձիաքարշ կառքը, որ դէպի մահ տանող փոխադրամիջոց մըն է, իր կարգին ընթացիկ խորհրդանիշ մըն է, որ կը տեսնուի Տրաքուլայի ծանօթ վէպին մէջ եւ յաճախ` այլուր: Մնայուն տարրեր են նաեւ հնամաշ գիրքերը, անվերծանելի նամակներն ու փաստաթուղթերը եւ վախազդու ձայները: Մեկուսացած, հնաբոյր, մշուշապատ տունը ի հարկէ սարսափի պարտադիր թատրն է: Յաւելեալ պրպտումով հաւանաբար պիտի կարենայի «Սեւազգեստ կնոջ» մէջ գործածուած «քլիշէ»-ներու եւ ճանաչելի «փասթիչ»-ներու շարքը շատ աւելի երկարել: Գաղափարը, սակայն, յստակ է, հեղինակը կու տայ այն, ինչ որ շուկայական սպառում ունի: «Սեւազգեստ կինը» գերազանցօրէն սարսափի «օրինաչափ» արտադրութիւն է:
Հեղինակը.- Ծնած է 1942-ին, Եորքշայր (Անգլիոյ հիւսիսարեւելեան գորշ ու սառն ծովեզերք), որ նոյնինքն «Սեւազգեստ կնոջ» դէպքերու թատրն է: Ոճիր-սարսափ սեռի վէպեր յօրինելու սկսած է 2004-ին, այսինքն` ուշացած, երբ արդէն թեւակոխած էր իր 62-րդ տարին: Ինչպէս սեւազգեստը, հեղինակը եւս կորսնցուցած է զաւակ մը (իր մէկ ամսական դուստրը), հետեւաբար իր մորթին վրայ զգացած այդ ցաւը: Մօտ տասը տարի առաջ բաժնուած է ամուսինէն եւ կենակցած` նոյնպէս սարսափագիր Պարպարա Միչընի հետ, որ իր կարգին լքած է զինք եւ կենակցած` դերասանուհիի մը հետ: Այլ խօսքով, գրագիտուհիին «սեռային նախընտրութիւնները» հարցական են: Վէպը գրուած է գերպահպանողականներ Մ. Թեչըր եւ Տ. Ռեկընի օրով, երբ ընտանիք-հաստատութիւնը բուռն բանավէճի նիւթ էր: Սեւազգեստը կարելի է մեկնաբանել որպէս մատնանշում պահպանողական ըմբռնումի աղէտալի հետեւանքներուն: Բացի այդ, սեւազգեստը կին մըն է, որ սարսափի ճամբով կ՛իշխէ տղամարդոց վրայ: Կը թուի, թէ հեղինակը ունի «ֆեմինիստ» հակում: Այս իմաստով վէպը ունի ընկերային ակնարկ:
Հակիրճ դիպաշար.- Երիտասարդ Արթուր Քիփս նոտարի օգնական մըն է, որ կը ստանայ Անգլիոյ հեռաւոր մէկ անկիւնին մէջ մահացած տարօրինակ կնոջ մը փաստաթուղթերը դասաւորելու պարտականութիւնը: Այդտեղ կը յայտնուի, որ հանգուցեալը իր քրոջ (եւ ամուսնի) ապօրինի զաւակը որդեգրած է, ապա` անտարբեր դիտած, երբ ան կը խեղդուէր աւազուտի մէջ: Վշտահար մայրը հիւծած եւ մահացած է` վերածուելով վրիժառու ուրուականի մը` «Սեւազգեստ կնոջ», որ կը սպաննէ աւանի մանուկները: Տեղացիք կը պատժուին, որովհետեւ իրենց կեղծաւոր բարոյականի պատճառով խլած եւ ձեւով մը սպաննած են երիտասարդ մօր զաւակը: Քիփս ուրուականին կը հանդիպի գերեզմանոցի եւ մահացած կնոջ տան մէջ: Ուրուականը կը սպաննէ նորապսակ Քիփսի մանուկ որդին եւ կինը: Երեսուն տարի ետք միջին տարիքի վերամուսնացած Քիփս այս իրադարձութիւնները կ՛ուզէ հաղորդել իր հարազատներուն` իբրեւ Ամանորի պատմութիւն: Այդ պատումը իր «դիւահանութեան» (exorcism), «մաքրումի» (արիստոտելեան catharsis) միջոցը պիտի ըլլայ: «Կ՛ուզեմ պատմել, որպէսզի հանգստանամ», կը կրկնէ Քիփս բացման բանալի տեսարանին մէջ: Այդ նպատակով Քիփս կը դիմէ արհեստավարժ դերասանի մը, որպէսզի կարենայ իր մղձաւանջը համոզիչ կերպով ներկայացնել իր հարազատներուն:
Թատերակին կառոյցը.- Թատերակը բանալի դրուագներու պատում մըն է: Առերեւոյթ, երկրորդ արարը առաջինի անընդմէջ շարունակութիւնն է: Այդտեղ կայ, սակայն, շրջադարձ եւ ա՛յլ շեշտադրում: Ուրուականներու հանդէպ թերահաւատ Քիփս անմիտ ոտնձգութեամբ կը փոխադրուի ուրուականի դաշտէն ներս, ուր իր մորթին վրայ կը զգայ ցաւագար սեւազգեստին ֆիզիքական միջամտութիւններ կատարելու կարողութիւնը: Ի դէպ, ուրուականներու հանդէպ թերահաւատ, ինքնավստահ կերպարի չարաչար հոգեփոխութիւնը սարսափի գրականութեան մնայուն բներգներէն մէկն է(3): Որպէս պահապան Քիփսին տրուած շունը, ինչպէս անունը կը թելադրէ (Spider=սարդ), օգնութեան կարօտ մանր էակ մըն է, շնիկ մը: Սեւ հիւմըր մը` մատնանշելու, թէ մեր դիմադրութեան միջոցները անզօր են:
Թատրոն թատրոնի մէջ ձեւաչափի առաջին նմուշը` «Հորաշիօ կրկին խելագարած է» թատերակը, ունի աւելի քան չորս դարու հնութիւն: Առ այդ, դերակատարը կը ներկայացնէ մէկէ աւելի կերպարներ: Այդտեղ եւս կը յայտնուի ուրուական մը (ո՛չ, կրկին կին մը չէ, այլ` տղամարդ), որ կ՛ուզէ իր սպաննուած որդիին (ո՛չ, Նաթանայէլ չէ, այլ` Հիրոնիմօ) վրէժը լուծել: Մալատրաթ, իր կարգին, իր արհեստին քաջատեղեակ սարսափաբեմագիր է: Ի դէպ, գործը նախատեսուած է որպէս Ամանորի թատերակ: Անկլեւսաքսոն մշակոյթին մէջ գոյ է շուկայական պահանջ: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Բրիտանիոյ Շարժապատկերի հաստատութեան պատրաստած Ամանորի սարսափի տեսերիզներու հաւաքածոյ մը, ինչպէս եւ սարսափի պատմութիւններու ծաղկաքաղ մը (anthology)` անոնց համար, որոնք նման աղբիւրներու կարիք ունին ճոխացնելու համար իրենց Ամանորի տօնական ծէսը:
Լեզուական.- Թատերակը առաջին հերթին անգլիական բծախնդիր «Պի. Պի. Սի.» կայանին կողմէ սփռուած է որպէս ձայնասփիւռային թատրոն: Այդ կը նշանակէ, որ հիմնական շեշտը ոչ թէ տեսողական է, այլ` լսողական: Այս իմաստով թատերակի լեզուի որակը բախտորոշ դեր կը խաղայ: Այդ, ցաւօք, հիմնովին անտեսուած էր ելոյթին մէջ:
Երկու կերպարները ոչ միայն ուսեալ մարդիկ են, այլ նաեւ ծանօթ` թատերական մշակոյթին: «Ես Հենրի Ըրվինկ մը դառնալ չեմ ուզեր», կ՛ըսէ տարեց Քիփս: Henry Irving (1838 -1905) անգլիական համազօրն է մեր Վ. Փափազեանին: Ստացած է ասպետի կոչում: Լոնտոնի մէջ ունի անդրի մը: «Այլապէս քեզ կը պարտադրեմ Շէյքսփիրի հնչեակներ արտասանել», կը սպառնայ մարզիչ դերասանը: Շէյքսփիրի հնչեակները դերասաններու մարզումի եւ զտումի պարտադիր հատուածներ են: Նման ակնարկներ պարզապէս զեղչուած էին:
Լեզուն յոյժ անյարիր կերպով պուրճհամուտեան էր: Լեզուամտածողութիւնը բացայայտ եւ կամ թաքուն թրքերէն էր: Կը լսենք.
Փոխան կիրթ «Աստծու սիրոյն»-ի (For God՛s sake)` գռեհիկ «Խերնանիծածս»,
Փոխան կիրթ «Տէր Աստուած»-ի (Good heavens)` «Մայրը թաղածս»,
Փոխան կիրթ «Աշխարհի հեռաւոր անկիւն»-ի (far flung part of the world)` «իշուն սատկած տեղը»,
Թատրոն-մատրոն մոռցիր, սատկեցնելու ելլեն, անոր երեսէն, Մասնագէտ մը ըսելով, հինգ ժամ կ՛ուզէ, տակէն ելլել, գործիդ նայէ, հանգիստիդ նայէ, դժուարութիւններ քաշել, երթալէն, վրաս իջաւ, եւ այլն, եւ այլն …
Թաղումի ընթացքին լսուող աղօթքի լեզուն աւելի նման էր օտար միսիոնարներու Աւետարանի հապճեպ թարգմանութիւններուն` աշխարհաբարի: « … իմ Փրկիչս ողջ է ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ երկրի վրայ …»: Կան նաեւ բազում սխալ կամ անգրագէտ թարգմանութիւններ, ինչպէս`
«Շուկայ», փոխան` «սակարան»-ի: Շուկան կենսունակ է, մինչդեռ սակարանի ծանուցումները չոր են, անարիւն
«Ծանրութիւն»` փոխան «բեռ»-ի, գերեզման, փոխանակ գերեզմանատան (Burial ground), «ալիք»` փոխան «մակընթացութեան», «ցածնալ»` փոխան «իջնել»-ու, «զարնուած» (արաբերէն)` փոխան «տարօրինակ»-ի, խանգարուած դէմք` փոխան «դալուկ» կամ մաշած (wasted)-ի, «անմարդաբնական ամրոցներ» (դղեակներ) , ձայնագրուած ձայներ, «առջեւ-ետեւ»` փոխան «առաջ-ետ»-ի, մենակեաց տուներ, մութին մէջ կը սուլեն վախը ծածկելու համար, այդ չի նշանակեր «խաւարի հետ խաղալ», եւ այլն, եւ այլն…
Նման բարբառ կարելի չէ «ջինջ ու մաքուր» հայերէն որակել:
Կատարողական.- Հագուկապը ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի քան գոհացուցիչ էր: Սեւազգեստ կնոջ բեմը ընդհանրապէս դատարկ կ՛ըլլայ, որովհետեւ պատումը կը յենի հանդիսատեսին երեւակայութեան վրայ: Բեմի շրթունքէն վար կախուած էին պատառոտած գորշ լաթեր` թերեւս ներկայացնելու համար ճախճախուտը: Բարի՛: Նոյն արկղը կը ծառայէ որպէս գրասեղան, երկանիւ կառք եւ անկողին: Շա՛տ բարի: Պարզ չէր սակայն, թէ ինչո՞ւ բեմին վրայ ծածանեցաւ դրօշակը Բրիտանիոյ, որ այդ ժամանակաշրջանի տիրական գաղութարար պետութիւնն էր: Ո՛չ բարի: Բեմի աջ (ուժեղ) խորքին տեսանք (նկարին մէջ` սլաքով նշուած) խորհրդաւոր սենեակի բարձրադիր (ուրեմն` իշխող) փակ դուռը, որ կը կրէր անհասկնալի զինանշան մը (ուրեմն խոհանոցի դուռը չէր): Բարի՛: Չարաբաստիկ դրան կողքի պատը, սակայն, սպիտակ եւ կիսաթափանց էր: Կարելի եղաւ տեսնել անոր ետի շուքերը: Այդ անհեթեթ է: Ո՛չ բարի: Բացի այդ` դուռը որոշ ժամանակ մնաց կիսաբաց: Նոյնպէ՛ս անհեթեթ: Շղարշի ետին տեսնուող սպիտակ տախտակով պատրաստուած խաչերը աւելի նման էին ատաղձագործի շտեմարանի, քան` գերեզմանատան: Հաւանաբար սեղմ նիւթականի պատճառով բեմայարդարումը ընդհանրապէս դիպուկ եւ որակաւոր չէր:
Պարզ չէր, թէ ինչո՛ւ մանուկի լքուած սնարի ետին զետեղուած էր լուսարձակ: Այդ ժամանակաշրջանին, այդ կորած անկիւնին մէջ իրապաշտ չէ գտնել ելեկտրական լուսամփոփ եւ ջահ (flashlight): Կզակի տակ բռնած փոքրիկ ջահը ոչ յաջող «փասթիշ» մըն էր(6): «Փասթիշ» էին նաեւ կրկնուող արհեստական «մշուշ»-ը, պաստառի վրայ ցոլացուած դղեակի ուրուագիծը եւ սեւազգեստ կնոջ տեսքը: Բեմադրիչը փորձած էր կշիռ տալ տեսողականին: Այս մասին` աւելի ուշ:
Երաժշտական խորապատկերի ամէնէն տպաւորիչ բաժինը շնչահատ հեկեկանք յիշեցնող կնոջական երգչախումբի ողբերգ մըն էր: Ինծի, ոչ երաժշտագէտիս, թուեցաւ, թէ յօրինուած է 19-րդ դարու «cantata»-ներու ոճով: Բարի՛: Բեմագիրի թելադրութեամբ կը լսէինք հարուածներու խուլ ձայներ, որոնք մօտեցող անորոշ վտանգ կ՛ազդարարէին: Բարի՛: Սեւազգեստ կնոջ յուսակտուր ճիչերը հարկ էր, որ ըլլային աւելի «անդենական», անմարդկային: Մերթ ընդ մերթ հասկնալիօրէն կը լսուէր սրտի ուժեղ տրոփիւն: Տրոփիւնը, սակայն, ոչ հասկնալիօրէն ելոյթի ամբողջ ընթացքին մնաց հանդարտ եւ անփոփոխ: Ո՛չ բարի:
Խաղարկութիւնը աելի քան տպաւորիչ էր: Կարէն Տարագճեան անիծուած անկիւնի մէջ ապրող կերպարները ներկայացուցած էր խեղուած ֆիզիքապէս (հաշմուած սրունք) եւ հոգեպէս (ալքոլամոլ): Մասիս Լեփեճեան ունի բեմական ներկայութիւն, ձայն եւ համակրելի արտաքին: Շա՛տ բարի: Հանդիսատեսի դրական ներզգայնութիւնը կենսական է յատկապէս ներկայ թատրերգութեան պարագային, որովհետեւ հակակրելի հերպարի վախը չի փոխանցուիր հանդիսատեսին, ընդհակառակն, կրնայ տուն տալ հեգնանքի: Երկու դերակատարները բաւական մտածուած ձեւով արտայայտեցին կերպարներու աստիճանական հոգեփոխութիւնը: Բեմագիրին կողմէ նախատեսուած դադարները, որոնք կը միտին հանդիսատեսին ժամանակ տալ մտորելու, երբեմն «կը լեցուին» կողմնակի շարժումներով, ինչպէս` բաճկոն հագնիլ եւ կամ կահ-կարասի դասաւորել: Այդ իր կարգին յաւելում է «տեսողական»-ին: Հարկ էր, որ Մ. Լեփեճեան շատ աւելի մեծ տագնապով պատմէր իր զաւկին կորուստը: Իր շոյած երեւակայական պահապան «սփայտըր»-ը շնիկ մըն է, ոչ գամբռ: Ոչի՛նչ, շատ բարի: Երկու շնորհալի, խելամիտ եւ աշխատունակ դերակատարները բեմին վրայ կրկին տեսնելու առիթներ պիտի ունենանք, վստահաբար:
Մեկնաբանութիւն.- Կան շարք մը հիմնական հարցեր: Առաջինը այն է, որ թատրերգութեան ասքը եւ լեզուն գերազանցօրէն անկլեւսաքսոն են, այլ ոչ համամարդկային: Կերպարները չէին կրնար ապրած ըլլալ Պուրճ Համուտի մէջ: Երբեք պիտի չըսէին «մայրը թաղածս»: Համացանցի վրայ որեւէ ակնարկութիւն չկայ, որ թատրերգութիւնը մեծ յաջողութիւն գտած է Անգլիայէն դուրս: Ինծի ծանօթ են միայն երկու ոչ անգլերէն ելոյթներ, որոնք ունին իրենց յատուկ միջավայրը եւ քաղաքական պայմանները:
Բ.- Թատրերգութիւնը գերազանցօրէն կը յենի երեւակայութեան վրայ: Դերակատարներու պատումն է, որ պիտի թելադրէ սարսափը: Սեւազգեստը առնուազն վեց անգամ յստակօրէն տեսնուեցաւ եւ նոյնիսկ հանդարտ քայլերով երթեւեկեց դէպի խորհրդաւոր դուռ, որ այդ պահուն լուսաւոր էր: Այդ կարելի է նոյնիսկ զաւեշտական համարել: Անտեղի պատկեր էր նաեւ լուսաւոր մեծ խաչի առջեւ ակնածանքով կանգնած պատկերը: Սարսափի սեռը կը խուսափի քրիստոնէական պատկերաբանութենէ: Ոգեղէն սարսափի ակունքը հեթանոսական է: Հարկ էր, որ երկնաբարձ շողշողուն հսկայ խաչը, խափանէր չարը: Կարելի չէ բեմի վրայ սարսափազդու ուրու արտաբերել: (1) Բարեձեւ աղջիկ մը սարսափելի չի դառնար, երբ դէմքը գաճով պատենք: Արհեստական մշուշը բեմին վրայ յաճախ կը տեսնուի: Անձնապէս` «մանղալը նորէն վառեցին», հոգոց կը քաշեմ մտովի: Այլաբանական ի՞նչ իմաստ ունի մահաբեր մշուշը լուսաւորել մեծ լուսարձակներով: Տեսանելիի վրայ շեշտադրումը նպատակայարմար չէր:
Գ.- Բեմադրութիւնը հարազատ մնալով կը գործածէ ծանօթ «փասթիշ»-ներ, ինչպէս` ամայի դղեակ, մշուշ, գլխանոցով վերարկու եւ կամ տարօրինակ ձայներ: Աւարտական տեսարանը կ՛ըսէ, որ սեւազգեստ կինը այստեղ է, մեր մէջ: Այդ հանդիսատեսը կը մղէ դէպի բնազանցական պատրանքներ (fantasy) եւ ոգեպաշտութեան: Նման գործեր հաճելի են, օրինակ, պատանի կախարդ Հերրի Փաթըրի եւ կամ «Օղակներու տէրը» (of the Rings) դիպաշարի երկրպագուներուն: Ի զուր չէ, որ միեւնոյն դերակատարը ընտրուած է շարժապատկերի մէջ մարմնաւորելու համար երիտասարդ Քիփսը:
Դ.- Սարսափ, բեմադրիչի խօսքով` «վախազդու», թատրոնի հիմնական առաջադրանքն է առատ «ատրենալին» հոսեցնել հանդիսատեսի երակներուն մէջ: Տպաւորութիւնս այն է, որ հոսած ատրենալինին քանակը անբաւարար էր: Ելոյթը չէր գործադրած իր սպառնալիքը:
Հուսկ Բանք .- Կրկնութեան գնով կ՛ողջունեմ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի եւ «Թեաթրոն»-ի ակնյայտ հսկայ ճիգը մեր «թատրոն»-ը դուրս բերելու սնամէջ ժամանցի մտայնութենէն: Շա՛տ բարի: Կը մաղթեմ եւ կը յուսամ սակայն, որ աշխատախումբը իր ջանքն ու շնորհը ի գործ դնէ ներկայացնելու համար թատրերգութիւններ, որոնք ընկերային ասք ունին եւ հանդիսատեսին կը թելադրեն գոյութենական եւ ընկերային հարցադրումներ, այլ ոչ` բնազանցական ցնորք եւ հանդիսատեսը ջլատող յոռետեսութիւն: Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ:
—————————
1. Տե՛ս «Սարսափի թատրոնը», «Ազդակ», 12 մայիս 2023:
2. Գիւմրիի պետական դրամատիկական թատրոնը այժմ կը ներկայացնէ սարսափի այլ տարբերակ, թատրոնի այլ տարբերակ մը` «Միզերի» որ նոյնպէս բեմականացումն է սարսափ սեռի վիպակի մը:
3. Տե՛ս, օրինակ, Ghost Stories, հեղինակ-բեմադրիչներ` J.Dyson եւ A. Nyman, մէկ արարանոց թատրերգութիւն, ուր ուրուականներու գոյութիւնը մերժող սկեպտիկ փրոֆեսէօր մը չարաչար դարձի կու գայ:
4. Տես «Առկախի թատրոնը», «Ազդակ», 30 յունուար 2018:
5. Բեմադրիչը նման շղարշ մը գործածած էր նաեւ «Շրջուն վաճառորդի մը մահը» թատրերգութեան մէջ:
6. Ջահը փոքր էր, հազիւ թէ կը լուսաւորէր կզակը: