ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Նշմարներ` մեր փոքր ածուէն.- Այս նիւթին շուրջ որեւէ համապարփակ ուսումնասիրութեան չեմ հանդիպած: Պրպտումներու ընթացքին երեւան եկան հետաքրքրական տուեալներ, որոնք նորութիւն էին առնուազն ինծի համար: Հազիւ 21 տարեկանին արեւուն մնաս բարով ըսած Պետրոս Դուրեան, օրինակ, ունի թատրերգութիւն մը, որ ոչ զարմանալիօրէն կը կոչուի «Սեւ հողեր»(14): Ո՞վ գիտէր, թէ «Քաջ Նազար» քաջ ծանօթ կատակերգութեան հեղինակ Դերենիկ Դեմիրջեան նաեւ հեղինակն է Ռոմանոս Մելիքեանի յոյժ յուզական վիպերգին (երաժշտական բարբառով` «ռոմանս»), որ կ՛ըսէ.
Մի՛ լար, մի՛ թացիր աչքերդ, աչքիդ լոյսն ափսո՜ս է, կ՛անցնի՜.
Մի՛ տխրիր, նոր գարուն հասակդ մի օր է վառ մայիս` կ՛անցնի՜:
Ոչ հեռաւոր անցեալին Վ. Խտըշեանի բեմադրած «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը» քնարական թատրի հեղինակ Համաստեղ ունի նաեւ բանաստեղծութիւններ: Կու տամ տողեր իր «Աղօթարան»-էն, ուր ոչ զարմանալիօրէն կը յայտնուի սրնգահար այծեմարդ պանը:
«Եւ փակեցի դուռը, ես` մեղաւորս, ես` անկատարս:
«կը բանամ, եւ Քեզ չեմ տեսներ, Տէ՜ր…»
«Մենք Քու ոտքերուն դրոշմները մեր հոգիներուն մէջ փնտռեցինք:
«Հոն է, որ Մենք կը լսենք սրինգի երաժշտութիւնը Պանին …
Երկու Անուանիներ.
1.- Ու. Սարոյեան.- Ընթերցողը կրնայ դիտած ըլլալ անոր աւելի քան տասնեակ մը թատրերգութիւններէն երկուքը` «Հէ՜յ, ո՞վ կայ այդտեղ» եւ «Իմ սիրտը լեռներում է»: Սարոյեան, ինչպէս Ազնաւուր, մեծ յաջողութիւն գտաւ` դառնալով աւելի պապական, քան` Հռոմի պապը: Ամերիկեան գրականութիւնը ունի երկու դաս` փոքրամասնական տժգուներես (pale face) ակադեմականներ, ինչպէս` Թ. Ս. Էլիոթ, եւ` կարմրամորթ մեծամասնականներ, ինչպէս` անուանի բանաստեղծ Ուոլթ Ուիթման (Walter Whitman Jr. 1819-1892), որ ուսումը լքած էր 11 տարեկանին (15): Սարոյեան եւս համալսարանները կը նկատէ անօգուտ: Իր գրականութիւնը զգացական է, դիւրամատչելի: Ինչեւիցէ: Ունի ինծի ծանօթ միայն քանի մը բանաստեղծութիւն: Շահմուրատեանի յուզական երգեցողութեան նուիրուած տողերը (մօտաւորապէս) կ՛ըսեն(15).
Քու ձայնիդ դէմ իմս փոքր է
Կ՛երգես դուն, մինչ իմ բառերը աղքատ
Ցեխի թոյլ գունդերու նման
Կ՛իյնան մտքերու յորձանքին մէջ
Բայց թէ խուլը երաժշտութիւն լսել կարող չէ
Գիրը ականջ կու տայ անոնց, որ կոյր չեն:
Վերջին երկու տողերը հոգեբանական առումով մեկնաբանելի են:
Լ. Շանթ. կուռք մըն է, որուն նկատմամբ որեւէ նուազ քան հոյամեծար ակնարկ կը յառաջացնէ կոշտ հակազդեցութիւն: Այսուհանդերձ, մեր բոլորին համար կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ անոր կեանքն ու գործը խճճուած էին հակասութիւններով: Շանթ կը պատկանէր այն մտաւորականներու հոյլին, որ 19-րդ դարու աւարտին Եւրոպայի քանի մը համալսարան յաճախելէ ետք վերադարձաւ` առանց որեւէ մասնագիտական աւարտաճառ պատրաստելու: Նման աշխատանք կը պարտադրէ համակարգուած (systematic) մտածելակերպ եւ «դաշտային» ուսումնասիրական աշխատանք (field research), մինչդեռ Շանթ համակուած էր «դէպի վեր խոյանալու», նիցչէական առումով «գերմարդ» դառնալու երազանքով(16): Այդ շրջուած զուգահեռն է Դուրեանի «Ինծի կ՛ըսեն` ինչո՞ւ լուռ ես» ոտանաւորին.
Ինչո՞ւ կը գրես, հարց կու տան ինծի
Ինչո՞ւ կը գոռայ թափովն առիւծի
Ալեկոծ ծովը խոժոռ ժայռին մերձ
եւ ապա`
Գիտեմ, վարէն այն վարանոտ
Խելօք մարդոց երամն ստուար`
«Ի՞նչ գործ ունի այդ խեւը հոդ»
պիտի ըսեն, նային իրար:
Շանթ, որ չէր աւարտած նոյնիսկ Գէորգեան ճեմարանը, հմայուած էր նաեւ Վակների երաժշտութեամբ (որ հետագային որդեգրուեցաւ նացիներուն կողմէ) եւ դրապաշտութեամբ (Positivism), որ գիտական մեծ նուաճումներու թելադրած գինովութեան տխուր հետեւանքներէն մէկն էր (16): Դոկտ. Գրիգոր Շահինեան, որ ծանօթ է իր կիրթ մեղմաբանութեամբ, «Ձիւներն ի վեր» իր մենագրութեան մէջ (1967) կ՛ըսէ. «Երազող բանաստեղծ պատանին հմայուեր էր գիտութեան խելացնոր յառաջադիմութենէն, նետուեր անոր ոլորապտոյտին մէջ` առանց դադրելու նախկին երազողը ըլլալէ»: Նիցչէական ապաբարոյականութեան, Շոփենհաուերի ոչնչապաշտութեան եւ դրապաշտութեան խառնուրդը համատեղելի չէ վիպապաշտութեան եւ ազգայնական ընկերվարութեան հետ: Այդ բախտորոշ եղաւ: Ըստ իս, այդ է պատճառը Շանթի խռոված հոգիին եւ շփոթ մտքերուն: Անհամադիր միտքերու բախումը իրականութեան փորձաքարին (18) կը յանգի պատրանապաշտութեան (ֆանթասիզմ): Առաջին հանրապետութեան փոթորկոտ աւարտը յաւելեալ մեկուսացման, ինքնամփոփման կը մղէ Շանթը: (19): «Ես պատրանքը սիրեցի», կ՛ըսէ Շանթ Արա Արծրունի կ՛ըսէ. «… իւրաքանչիւր արտայայտութեան ետին Շանթ կը տեսնէր զգացում-գիտակցութիւն պայքարը, անխուսափելի ունայնութիւնը ու Մարդու պարտութիւնը»: Ժամանակակից եւ գործակից պատմաբան Կ. Սասունիի վկայութեամբ, չափահաս Շանթ աւելի առատ կը գրէր, քան կը կարդար: Պատմական բներգ ունեցող թատերակները պատմաբանականօրէն հիմնաւորուած չեն: Կերպարները, որոնցմէ մաս մը յօրինուած է, կը մարմնաւորեն դիւրաւ ճանաչելի կարծրատիպ կիրքեր (սէր, վրէժ, փառասիրութիւն) եւ հոգեկան տուայտանքներ:
Պոլսոյ մէջ երիտասարդ Շանթ յօրինած է հովուերգական (փասթորալ) ոտանաւորներ, ինչպէս`
Լեռներ, սէ՛գ լեռներ, ես կը սիրեմ ձեզ
Հպարտ գագաթնիդ` հսկաներ կարծես:
Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան, որ, ի դէպ, հեղինակած է առնուազն երեք թատրերգութիւն` «Մեռնիլը որքան դժուար է», «Սառնարանէն ելած մարդը» եւ «Կիլիկիոյ արքան», թերեւս, իբրեւ մեծարանք, իր «Ո՞ւր մնաց» ոտանաւորին մէջ կը կրկնէ Շանթին տողերը եւ կը շարունակէ.
Լեռներ կային սէգ, լեռներ գեղատես,
Հեքիաթի կախարդ հսկաներ կարծես…
Լեռներն հոն են միշտ, գիւղին շուրջ կանգնած,
Հեքիաթն ո՞ւր մնաց…
Շանթ ունի նաեւ թումանեանական եւ մեծարենցեան ոճի ոտանաւորներ.
Լուսինն անհոգ ու ժպտուն
Գորշ երկինքէն սատափէ
Ծովուն վրայ կը թափէ
Լոյսի խուրձ մը կայծկլտուն
Կ. Սասունի Շանթի կանուխ բանաստեղծութիւնները կ՛որակէ «գողտրիկ»: Միշտ կիրթ Գ. Շահինեան վերապահ է, իսկ Յ. Օշական ոչ զարմանալիօրէն` անխնայ: «Հին աստուածներու» աւարտին (1912) Շանթ արդէն չափահաս տղամարդ էր: Ծանօթ «Իջէք երազներ» մենախօսութեան մէջ ուժի եւ մեծութեան ձգտումը արդէն իսկ կ՛որակէ ցնորք.
Ցնորքներ վառ ու առկայծ,
Հաւատ ուժի, մեծութեան,
Փառքի, կամքի գոյութեան,
Շռինդ, թնդիւն, հպարտանք:
Մայրամուտի շեմին գրուած «Գիշերապահը» աւելի յուզիչ է:
Շուրջս խաւար, հանդարտ ու քուն./ Շուք մը անգամ չի դողդղար.
Հոն դիմացս շշուկներուն/ Մահացումն է լիակատար:
Միակ ձայնը իրարու քով/ Ժամացոյցս ու սիրտս է հո՛ս,
Որ կը համրեն պինդ-պինդ զարկով/Կեանքիս քայլերն արագահոս:
Բանաստեղծականութիւն կարելի է փնտռել Շանթի վէպերու եւ թատերակներու որոշ հատուածներուն մէջ: Այդ ի հարկէ շատ աւելի ընդարձակ ծրագիր է:
Հուսկ բանք.- Թատրոնի բանաստեղծականութեան շուրջ հիմնադրական ուսումնասիրութիւնը, որուն վերնագիրն է «Փորձ թատերական բանաստեղծութեան» (An Essay of Dramatic Poesy 1666) կը պատկանի անգլիացի բազմավաստակ բանաստեղծ-տեսաբան Տրայտնի (John Dryden 1631-1700): Ներկայ յօդուածը ուշացած մատնանշում մըն է հանգամանքի մը, որ ընդհանրապէս կ՛անտեսուի մեր ե՛ւ բեմերու, ե՛ւ թատերական քննարկումներու ընթացքին:
Թատրոնը եւ բանաստեղծութիւնը յօրինուած պատրանքներ են, եւ առ այդ, բնականապաշտ չեն կրնար ըլլալ: Գեղարուեստական թատրոնի եւ բանաստեղծութեան լեզուները բնական կամ բնականանման չեն կրնար ըլլալ: Գեղարուեստական լեզուն կ՛ունենայ ներքին երաժշտականութիւն, կը գրոհէ քերականութեան սահմանները, կը չարչրկէ բառերը, որպէսզի քամէ նոր իմաստ:
Չեխովի եւ Կորքիի թատերակները պատկերած են ցարական Ռուսաստանը: Չեխով շատ աւելի խոր եւ մնայուն հետք թողած է, ոչ որովհետեւ աւելի հմուտ ընկերաբան էր, այլ որովհետեւ` աւելի բանաստեղծական: Շէյքսփիր Իփսընէ աւելի հզօր եղած է, ոչ որովհետեւ աւելի վարպետ էր որպէս թատերագիր, այլ` որպէս բանաստեղծ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
————————–
- Աւելի քան տարիէ մը ի վեր տպագրութեան սպասող Յարութ Գնդունիի Լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւն» գիրքէն կ՛իմանամ, որ այդ մելոտրաման 1946-ին ներկայացուած է Պ. Ադամեան թատերախումբին կողմէ:
- Կրկնութեան գնով շեշտեմ, որ բանաստեղծութիւնը, ըստ էութեան, անթարգմանելի արուեստ է: Բնագիրն է.- To the Voice of Shah-Mouradian.- «Before your own my voice is small/ You sing, while my poor words must fall/ Like so much sodden clay or mud/ Into the rush of thought՛s swift flood/…/ Yet if music the deaf cannot make whole/ The print shall give hearing to those not blind.
- Վակներ եւ Նիցչէ խանդավառ կերպով որդեգրուեցան Եւրոպայի մէջ զարգացող նացիական շարժումին կողմէ:
- 19-րդ դարու ամէնէն ձախաւեր դրոյթները կը վերաբերէին հոգեբանութեան, հոգեբուժութեան եւ տարուինական ընկերաբանութեան մարզերուն:
- Փորձաքարը «Lydite»-է պատրաստուած սալ մըն է, որ կը ծառայէ ոսկիի զտութիւնը որոշելու:
- Կ. Սասունի. «Շանթ որպէս բանաստեղծ», «Ակօս», Ը. տարի 2-3, 1952: