ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը 7 յունիս 2023-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ իր այլ հիւրախաղերու շարքին, Արտուշ Միքայէլեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց լեհ թատերագիր Սլաւոմիր Մրոժէքի (Slawomir Mrozhek, 1930-2013) «Տունը սահմանին» թատերախաղը: «Ազդակ» եւ «Վանայ ձայն» անդրադարձած են Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին:*
Հեղինակը.- Աշխատանքի սկսած է որպէս վարչակարգի հնազանդ լրագրող եւ ծաղրանկարիչ (տես կողքի գծանկար նմուշը): «Եթէ Գերմանիա ծնած ըլլայի, նացի մը պիտի դառնայի», կ՛ըսէ Մրոժէք: 1963-ին յաջողած է անցնիլ Արեւմուտք եւ լծուած «ամբողջատիրական կարգերու» դէմ պայքարի: Արագ ուշադրութիւն գրաւած է իր «Թանկօ» թատերգութեամբ, որ կը ձաղկէր պատմութեան տրամասացական (dialectical) մեկնաբանութիւնը: Պարզ է, որ այդ գործը ուղղուած էր խորհրդային կարգերու պաշտօնական գաղափարախօսութեան դէմ: Մրոժէք, այսուհանդերձ, յանձնառու ուղղութիւն եւ գործունէութիւն չէ ունեցած: Կարճ շրջան մը եղած է լեհ այլախոհ ղեկավար Լեխ Վալեսայի համախոհ: Մահացած է Ֆրանսա:
Մրոժէքի թատրոնը կը բնորոշուի անհեթեթի սեւ, բայց զուսպ հումորով: Անել իրավիճակներու մէջ գտնուող իր հերոսները, ինչպէս ներկայ թատերակի տանուտէր «Մարդ»-ը, անկարող են ըմբռնել կացութիւնը: Առանց յստակ տեսլականի` ընդվզումի բոլոր փորձերը ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողութեան: Մրոժէք կը պատկանի Բ. Աշխարհամարտէ ետք Լեհաստանի մէջ ծաւալած արտառոց (grotesque) բնոյթի գերիրապաշտ ուղղութեան: Այդ հետեւանք էր քաղաքական կեանքի բացակայութեան: Լեհաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ արուեստի այլախոհ գործերը դիմեցին այլաբանութեան, որ յաճախ ունէր նաեւ բնազանցական երանգ:
Մեզի` ոչ լեհ հանդիսատեսին համար, անհրաժեշտ է գիտակցիլ, թէ Մրոժէքի գործերը մեծապէս կը յենին լեհ ժողովրդական մշակոյթին, յատկապէս անոր առասպելաբանութեան վրայ: Իր գործերուն մէջ կան ակնարկներ եւ ուղղակի մէջբերումներ լեհ դասականներէ, որոնց մենք ծանօթ չենք: Մրոժէք կը գործածէ նաեւ լեհ ժողովրդական լեզուով բառախաղեր, որոնք ի հարկէ հասկնալի չեն մեզի համար: Կողքի իր գծանկարին մէջ «Մրուվիենէ» կը նշանակէ նաեւ ճարպիկ խաբեբայութիւն (տեղական արաբերէնով` «թաշաթոր»), որ կողմնակի եկամուտի միջոց էր Հայաստանի եւ խորհրդային այլ երկիրներու մէջ: (1)
Մրոժէքի դէմքը դարձած է դէպի ետ, դէպի անցեալ (կարօտախտ), այլ ոչ դէպի ապագայ: Յոռետես է, ոչնչապաշտ (նիհիլիստ), չունի նպատակասլաց տեսլական: Իր աշխարհը վատաստան (dystopia) մըն է, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ մարդ արարածը ատակ է գործելու անսահման չարիք:
Խորապատկեր.- Հեղինակը յեղակարծ երեւոյթ մը չէ, կը պատկանի 20-ական թուականներէն սկսած, ի տես Ա. Աշխարհամարտի արհաւիրքներուն, Եւրոպայի մէջ տարածուած «յառաջապահ» (avant-garde) շարժումին, որուն լեհ ներկայացուցիչն էր «CRICOT» փորձառական, կրկէսային բնոյթ ունեցող թատրոնը: Բ. Աշխարհամարտէն ետք այդ աւանդը շարունակուեցաւ ականաւոր Թատէուս Քանթորի (Tadeusz Kantor, 1915-1990) եւ անոր համախոհներու կողմէ արտասահմանի մէջ (եւ հաւանաբար ընդյատակեայ կերպով)` Լեհաստանի: Մրոժէքի մահէն ետք Լեհաստանի մէջ կազմուած է «CRICOTEKA» կազմակերպութիւնը, որ ունի նաեւ արտաթատերային գործունէութիւն: (2) Աւանդը կը շարունակուի:
Բնագիրը.- «Տունը սահմանի վրայ» (1967) յիշեցում մըն է 1934-1939 թուականներու իրադարձութիւններուն, երբ գերակայ ուժերու դէմ լեհերու կարճ դիմադրութենէ ետք նացի Գերմանիա եւ Խորհրդային Միութիւն իրենց միջեւ բաժնեցին երկրի տարածքը: Հեղինակի սեփական «Տունը» խզուած էր երկուքի (տես կողքի քարտէսը):
«Տունը սահմանի վրայ»¬ն առակի բնոյթ ունեցող կարճ պատմուածք մըն է, որ նախ վերածուած է ձայնասփիւռային թատերակի: Կերպարները անանուն են, այդ ցոյց կու տայ քաղաքական առակի համամարդկային ասք ունենալու միտումը: Դիւանագէտները տուն մուտք կը գործեն առերեւոյթ քաղաքակիրթ կերպով: Տան մէջ հաստատուելէ ետք տեղացիներու կեանքը քայլ առ քայլ կը վերածուի արիւնալի մղձաւանջի: Խորհրդանշական կերպով նախ կը սղոցուի ճաշասեղանը, որուն շուրջ կը հաւաքուէր ընտանիքը, ապա կը սպաննուին հոգատար, իմաստուն տատիկն ու (ելոյթին մէջ զեղչուած) անմեղ մանուկները: Իրադարձութիւնները արագօրէն կը դառնան ծայրայեղ անհեթեթ: Փապուղին անվերջ է, չկայ նոյնիսկ հեռաւոր ելքի նշոյլ: Կերպարները անանուն են (մարդ, կին, կէսուր, եւն): Դէպքի թատրը կրնար ըլլալ Լեհաստանէն դուրս: Կերպարները անանուն են, սակայն ունին ճանաչելի նկարագրային գիծեր: Բացման տեսարանին մէջ «ուտան» աներհայրը կը բարձրաձայնէ ընթրիքին անունը` «Փելմենի»: Ապա գլխաւոր կերպար պատմող «Մարդ»-ը (որ հաւանաբար հեղինակի «այլ եսն» է-alter ego) երկո՛ւ անգամ կը կրկնէ ճաշին անունը: Անիկա յատկանշականօրէն արեւելեան եւրոպական է: (3) Այդ ի հարկէ` պատահական չի կրնար ըլլալ:
Բեմադրիչը.- Երեւանի պետական համալսարանը աւարտած է 2019-ին: Համեմատաբար կարճ այս ներկայացումը (մօտ 55 վայրկեան) Ա. Միքայէլեանի առաջին ծաւալուն աշխատանքն է: Աւարտաճառը եղած է իր գրչանունով ծանօթ Ճորճ Օրուէլի (Eric A.Blair George, 1903-1950) «Անասնաֆերմա»-ն (Animal Farm, 1945): Քաղաքական-այլաբանական գործ մը, որ Պաղ պատերազմի առաջին «համազարկը» կարելի է համարել: Ներկայ ելոյթը գաղափարական նոյն հունին մէջ է:
Ելոյթը.- Սեւ հումորը կը սկսի բացման տեսարանէն, որ զուարթ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ցոյց կու տայ տնակ մը, ուր համեստ, համերաշխ ընտանիք մը հաւաքուած է ընթրիքի սեղանին շուրջ: Տնեցիները երանելիօրէն անտեղեակ են դրան շեմին կանգնած սպառնալից խումբի մը գոյութենէն:
Առանց դուռը թակելու ներս կը մտնեն կոկիկ (բայց ոչ իրարանման) հագուկապով բարեկիրթ «դիպլոմատներ» (դիւանագէտներ): (4) Տղամարդը (պետութի՞ւն) կը սկսի անսակարկ գործակցիլ իր հող … ներողութիւն, տուն ներխուժած պահանջկոտ օտարներուն հետ: Այդ պահերուն անոր շարժուձեւերը ծաղրանկարային էին եւ ձեւապաշտ, այդ ձաղկ է: Բարի: Զաւթիչները ի հարկէ չթոյլատրեցին, որ ան իրենց հետ հաւասարէ հաւասար բանակցութեան սեղան նստի (ինչո՞ւ ականջս կը խժժայ): Տես կողքի լուսանկարը: Անոր առընթեր երեք դիւանագէտներու համակարգուած շարժուձեւերը նենգութեան կարծրատիպ էին: Այդ եւս անշուշտ ձաղկ էր: Մանուկներու երաժշտական «աթոռի խաղ» յիշեցնող տեսարանը, ուր անոնք փոխն ի փոխ նոյն աթոռներուն վրայ կը նստէին եւ երգչախումբ կ՛արտասանէին, ցոյց կու տար, որ անոնք փոխանակելի են (interchangeable), թէեւ ռուս «քոմիսար» յիշեցնող կինը առաւել բիրտ կը թուէր: Այդ համահունչ է լեհերու ատելութեան` ռուսերու հանդէպ: (5)
Բեմադրիչը շատ ազատ վերաբերած էր բնագիրին հետ: Զեղչուած էին 12 պատկերներու շուրջ կէսը: Պահպանուած` ամէնէն նշանակալից դրուագները: Բարի: Առաջին զոհը խորհրդանշական էր, ճաշասեղանը, որուն շուրջ ընտանիքը կը հաւաքուէր եւ կ՛ընթրէր: Սեղանի խորհրդանշական կարեւորութիւնը շեշտելու համար բացման տեսարանին մէջ «Մարդը» կ՛ըսէ. «Հաւաքւում ենք ընդհանուր սեղանի շուրջ»: Աներհայրը, որ հետաքրքրուած է միայն իր ստամոքսով, վրդոված է, բայց կը փորձէ հնարքներ գտնել նոր պայմաններու տակ առաւելագոյն սնունդ ապահովելու:
Երկրորդ զոհը հոգատար տատիկն էր, որ կը սպաննուի, երբ առանց անձագիրի կը փորձէր զուգարան երթալ: Նախապէս զուգարանի պատկանելիութեան շուրջ միջպետական բանակցութիւնները համեմատաբար երկար տեւած էին: Մրոժէքեան սեւ հումոր: Ընտանիքի իմաստուն շաղախը հանդիսացող կնոջ սպանութիւնը «պատահար» չէր: Տատիկին պատանքը կը ծառայէ որպէս դիւանագէտներու սեղանի սփռոց:
Մեկնաբանելի այլաբանութիւն: Կացութիւնը արագօրէն կը վերածուի մղձաւանջի: Դիւանագէտներու խօսքով, այդ կը կատարուի` «պատմական արդարութեան դիւանագիտական լաւագոյն աւանդոյթներին համապատասխան»: Բնագրի աւարտական տեսարանին մէջ տունը ոտնակոխ դարձած է անծանօթ բանակներու, մինչ տանուտէրը կ՛ըսէ. «Եկէք ձեւացնենք, որ ամէն ինչ կարգին է» (ինչո՞ւ ականջս կը խժժայ): Ոչինչ, սակայն կարգին է: Խորհրդանշական մթութեան մէջ կը լսուին մարտական թմբուկներ եւ ազդարարութիւն.- «Կանգնի՛ր, ես կը կրակեմ: Կանգնէ՛ք, կանգ առէ՛ք, կանգ առէ՛ք: Մարդը կը փորձէ չորեքթաթ փախչիլ: Կը լսուին կրակոցներ: Աւարտական տեսարանը ամայի ձմեռնային խաղաղ, բայց անկենդան բնապատկեր մըն է: Սեւ հումոր:
Մրոժէքի թատրոնի յատկութիւններէն մէկն է կրկնուող ձանձրալի (banal) անհեթեթ մանրամասնութիւններու օգտագործումը: Նման պատկեր է, օրինակ, մաքսատան երկկողմանի պաշտօնատարներու սահմանի վրայ գտնուող ճաշի սեղանի վրայ երթեւեկող պատառներու հաշուեքննութիւնը: (6) Համեմատաբար երկար եւ գեղեցիկ մնջախաղի վերածուած էր ծաղիկ ջրելու տեսարանը: Շատ բարի: Բեմադրիչը զեղչած էր արդէն իսկ ջարդուած սեղանը: Տան ողջ մնացած անդամները ընթրեցին կանգնած` սնտուկի մը վրայ, որ իրենց հասանելի մնացած միակ կարասին էր, հետեւաբար ծառայեց նաեւ որպէս ամուսիններու մահճակալ: Նախքան ընթրելը, տանուտէրը երրորդ անգամ ըլլալով աղօթեց ծաղրանկարային շարժուձեւերով: Պարզ է, որ մեծ ակնկալութիւն չունէր երկինքէն: Ասիկա բեմադրիչին մեկնաբանելի յաւելումներէն մէկն էր: Աւելցուած էր նաեւ տեսարան մը, ուր դիւանագէտները տան մէջ կարծրատիպ շարժումներով թէյ կը վայելեն, մինչ բնիկները ծուարած են դուրսը, սառնամանիքի մէջ: Ամէնէն տպաւորիչ յաւելումը, սակայն, մասնատուած տան բեկորներու գլխամոլոր «շուրջպար»-ն էր: Շատ բարի: Իսկ ամէնէն հարցայարոյց յաւելումը` վերջաբանը:
Երաժշտական.- Բնագիրին մէջ բազմաթիւ մանրամասն ցուցմունքներ կան կատարումի երաժշտականութեան, շարժուձեւերու կշռոյթին եւ ընկերակցող արտապատկերային (non-diegetic) երաժշտութեան մասին: Ակներեւ է, որ հեղինակը երաժշտութիւնը համարած է կատարումի կարեւոր բաղադրիչ: Այդ կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ ներկայ ելոյթին ընթացքին բեմադրիչը անձամբ կատարած է ձայնային պատասխանատուի պարտականութիւնը:
Հաւանաբար այս մեկնակէտով Կամերային երաժշտական փոքր թատրոնը` Արմէն Մարգարեանի երաժշտական ձեւաւորումով եւ բեմադրութեամբ, ինչպէս նաեւ պարուսոյց Նարինէ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ, թատերակը ներկայացուցած է արդի «պալէ»-ի ձեւաչափով: Կողքի նկարներուն մէջ չորս դիւանագէտները «Պլուզ եղբայրներ»-ու վայել հագուկապով կը պարեն «ճազ» երաժշտութեան տակ: Անհեթեթի թատրոնը կը թուի հասցուած ըլլալ իր տրամաբանական աւարտին: Համացանցին վրայ հասանելի է գովազդային տեսերիզ:
Երկու բեմադրութիւններու երաժշտութիւնը հիմնուած է Կիւրճիեւեան յօրինումներու վրայ: (7) Երկու բեմադրիչները հաւասարապէս հմայուած են Կիւրճիեւով: Այդ մտահոգիչ երեւոյթ է, որովհետեւ, անկախ այդ երաժշտութեան գեղարուեստական յատկութիւններու առկայութենէն եւ կամ բացակայութենէն, Կիւրճիեւ Մարիամ Նուրի դասին պատկանող ապաբարոյ «գաղտագէտ» (esoteric) մըն է, որուն գործերուն հրապարակումն ու ջատագովութիւնը ոչ մէկ հաւաքական դատի կրնան նպաստել:
Հուսկ բանք.- Գլխաւոր կերպարը` տանուտէրը, իր անհեռատես, թոյլ կեցուածքին պատճառով ոչ միայն կ՛արտօնէ զաւթիչներու մուտքը, այլ նաեւ կը գործակցի անոնց հետ: Խորհրդանշական ճաշասեղանը կը մասնատուի ի՛ր մատակարարած սղոցով: Բնագիրին մէջ տղամարդը անվրդով կը մնայ նոյնիսկ երբ իր կինը կը պչրի եւ կը նստի դիւանագէտի մը գիրկը (ելոյթին մէջ` զեղչուած): Ասքը յստակ է, բարի:
Բնագիրին մէջ իրադարձութիւնները կ՛ընթանան դէպի կործանում: Մրոժէք յոռետես մըն էր: Յոռետես մըն էր յատկապէս 1967-ին, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումը ոչ ոք կ՛ակնկալէր:
Ելոյթի մէջ, սակայն, տեղի կ՛ունենայ հրաշք: Թերեւս նախախնամութեան միջամտութեամբ (թատերական եզրով` լատիներէն deus ex machina), դիւանագէտներու հետ յանկարծ չքանան ոչ միայն անոնց ոճրաբարոյ սեւազգեստ թիկնապահները, այլ նաեւ քաղաքայիններու վրայ կրակելու պատրաստակամ զինեալ ուժերը: Ապա տեղի կ՛ունենայ հրաշափառ հոգեփոխութիւն: Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Լիւդվիկ Յարութիւնեանի բացատրութեամբ` «Մասնատուած տնից մնացած մի փոքրիկ բեկորի վրայ (զեղչուած տեղացող ձիւնի տակ) կուչ եկած ամուսինները դանդաղ հանգում են` թեւաթափ անելանելիութեան գիտակցումից, սակայն դա երկար չի տեւում: (Տես վերեւի լուսանկարը): Ինչ որ մի ներքին ուժ նրանց մղում է գործողութեան: Ամուսինները որոշում են մնալ ու պայքարել` միաւորելով մասնատուած տունը: Եւ ինչն է հետաքրքիր, որ նրանք դա անում են պոկելով սեփական տան փայտէ շինուածքը` յոյսը դնելով սեփական ուժերի վրայ: Փորձել ենք նաեւ ցոյց տալ, որ միասնական լինելու դէպքում հնարաւոր է տունը չկորցնել»:
Թատերախումբի երազանքը հասկնալի է եւ ազնիւ: Այսուհանդերձ: Այդ ասքը հանդիսատեսին փոխանցելու համար հարկ էր ընտրել թատերգութիւն, որ ունենար բոլորովին այլ բնոյթ, եւ ոչ յոռետես, ոչնչապաշտ անհեթեթ: Վերջին պահուն մասնատուած տունը երկու գամով միացնելու փորձը աւելի շուտ խելակորոյս ողբերգական ժեստ էր, նոյնիսկ սեւ հումոր, քան քաղաքական ուղեցոյց:
Պէտք է յուսալ, որ թատերագիրներ այժմ կը փորձեն ահաւոր աղէտները «մարսել» եւ արտաբերել գործեր, որոնք մեզ կը մղեն դէպի իրատես հարցադրումներ: Մեր բոլորին սիրոյն, սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ:
* Ցաւօք կարելի չեղաւ ելոյթի լուսանկարներ ստանալ:
————————
- Շնորհակալութիւն լեհաբնակ դոկտ. Արա Սայեղին իր համբերատար բացատրութեան համար:
- CRICOT ֆրանսական հնչիւն ունեցող եւ «կրկէս» յիշեցնող անուանում մըն է, որ թերեւս կազմուած է շարժումի «հաւատամքը» ամփոփող վեց սկզբունքներու լեհերէն եզրերու առաջին տառերով:
- Խոզի միսով պատրաստուած «փելմենի»¬ն վրացական խինկալիի մէկ տարբերակն է:
- Բնագիրին մէջ անոնք չորս են: Թերեւս գործնական պատճառներով բոլորովին զեղչուած են ընտանիքի երկու մանուկները, որոնք արագ կը զոհուին: Ոչինչ, բարի:
- Ելոյթի մէջ տատիկը ներկայացուած էր որպէս քնացկոտ ուտան: Այդ բոլորովին անտեղի հումոր է:
- Զեղչուած դրուագներու շարքը երկար է.- Մաքսանենգը, որ գիշերով կ՛անցնի մարդ ու կնկան անկողնի մէջտեղէն, հարիւրապետը (կապիտան), որ կը կրէ նախնադարեան տապար (մեկնաբանելի անհեթեթ), տարբեր պետութիւններու պատկանող զինուորական սաղաւարտաւոր ջոկատներ, որոնք կը խուժեն տուն, կնոջ տարեդարձի շնորհաւորական քարտեր. սահմանի երկու կողմերէն եկած այցելուներու խումբ…
- George Ivanovich Gurdjieff (1866-1949). Գիւմրիի մէջ ծնած յունական ծագումով շառլաթան մըն է, որ իր ոգեղէն տեսութիւններու ցուցափեղկին տակ մակաբոյծ կեանք վարած է ի հաշիւ 1917-ի յեղափոխութենէն ետք վտարանդի դարձած մեծահարուստ ռուս կիներու քսակներուն: Ցաւօք մինչեւ այժմ ունի հետեւորդներ: