Արուեստ - Մշակոյթ

Էյմի Շումըր

Էյմի Շումըր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Այրերու տիրական ներկայութեամբ յատկանշուող կատակերգութեան ասպարէզին մէջ վերջին տարիներուն սկսած է «գլուխ ցցել» գրող, դերասանուհի, հասարակական գործիչ Էյմի Շումըր, որ բոլորովին վերջերս այրերու այլ մարզ մը նկատուող զէնքի տարածման դէմ պայքարին մէջ եւս «քիթը մխրճած է»: Եթէ հաւաքական քանդումի զէնքերու տարածումը այսօր մարդկութեան հրատապ հարցերէն է, նուազ կենսական չէ Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան համար անհատական զէնքերու աւելի խիստ...

Բեղմնաւոր Որոնումներ…

Բեղմնաւոր Որոնումներ…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Կապ, 26x10սմ, պրոնզ Մարդը վզնոցով, 65x21x15սմ., պրոնզ Ժամանակին խորհրդային մանկավարժ փիլիսոփաներէն շատեր կը հաւատային, թէ` «Մանուկը սպիտակ թուղթ է», եւ դաստիարակութեամբ կարելի է տալ անոր որեւէ մասնագիտութիւն եւ «արտադրել» տարբեր տեսակի գիտնականներ ու արուեստագէտներ: Սակայն խորհրդային մասնագիտական փորձը ցոյց տուաւ, թէ (յատկապէս արուեստի պարագային) այս տեսութիւնը խոտոր կը համեմատի գործնական կեանքի հետ: Ճիշդ է, որ դաստիարակութիւնը, միջավայրն ու...

INSTALLATION, HAPPENINGS, PERFORMANCE

INSTALLATION, HAPPENINGS, PERFORMANCE

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Արուեստաբանական գրականութեան մէջ այս բառերը կարելի է թարգմանել` զետեղում, պատահար եւ ներկայացում: Սակայն մինչեւ այն ատեն որ չեն բացատրուած յիշեալ բառերը, պիտի չհասկցուին ամբողջութեամբ եւ կամ ալ սխալ պիտի ընկալուին: Նախ յստակացնենք հարցը: Կերպարուեստագէտներն են, որ առաւելաբար կը զբաղին յիշեալ արուեստներով, որոնք ո՛չ ճարտարապետութիւն են, ո՛չ քանդակ եւ ո՛չ ալ գեղանկարչութիւն, այլ` համադրական արուեստի մտայղացքային նոր տեսակներ, ուր...

Երուանդ Քոչարի Վարդան Մամիկոնեանը

Երուանդ Քոչարի Վարդան Մամիկոնեանը

Եթէ միջազգային առումով քանի մը հայ կերպարուեստագէտներու անուններ պիտի յիշատակենք, ապա առաջիններէն մէկը Երուանդ Քոչարը պիտի ըլլայ: Ինչո՞ւ: Անցեալ դարու սկիզբին Երուանդ Քոչար Փարիզի մէջ երբ կը ցուցադրուէր Փապլօ Փիքասոյի, Ֆեռնան Լեժէի եւ կամ Խուան Սիրոյի հետ հաւասարապէս, իբրեւ նորարար-յառաջապահ կերպարուեստագէտ` յաճախ աւելի բարձր կը գնահատուէր, քան` իր ժամանակակից վրձնակիցները: Ան «Գեղանկարչութիւն տարածութեան մէջ» (Peinture dans l'espace) կերպարուեստի տեսակի ստեղծողը,...

Page 14 of 14 1 13 14

Արխիւներ