– Այս Թանգարանը Աղբանոց Է Բառացիօրէն
– Հին Վարպետները Միտումնաւոր Կերպով Խառնած Են Ձէթն Ու Հաւկիթի Դեղնուցը` Իրենց Գլուխգործոցները Ստեղծելու Համար
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Այս Թանգարանը Աղբանոց Է Բառացիօրէն
Կերպընկալը յեղափոխեց մեր կեանքը, սակայն մոլորակը մեծապէս տուժեց: Այս թանգարանը մտահոգիչ ապացոյց մը կու տայ մեր աղբի դիմացկունութեան մասին:
Չորս տարի առաջ Էնզօ Սումա կը զբօսնէր իր տան մօտ գտնուող ծովեզերքը, երբ յայտնաբերեց արեւապաշտպան քսուքի շիշ մը, որ հետագային պիտի փոխէր իր կեանքը: Բնապատմագէտը, որ այժմ 40 տարեկան է, կ՛ապրի Փուլիոյ մէջ` հարաւային Իտալիոյ շրջան մը, որուն երկար ափը կը նայի դէպի Ատրիական ծով: Ծփացող թափօնները համեմատաբար կը կուտակուին Միջերկրական ծովու այս փակ հատուածին մէջ` ի տարբերութիւն բաց ովկիանոսի, ուր անոնք հակուած կ՛ըլլան ցրուելու հսկայական տարածքի մէջ: Ալիք վարելու մոլի Սուման սովորութիւն դարձուց հաւաքել այն աղբերը, որոնք կը թափուէին ափի երկայնքին, յատկապէս` ձմեռնային մեծ փոթորիկներէն ետք:
Սումա նկատեց հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը Ambra Solare-ի այն շիշին վրայ, զոր ան գտաւ օր մը: Վարի բաժինը յստակ տպուած գինը լիրով էր, դրամանիշ մը, զոր չէ օգտագործուած Իտալիոյ մէջ 2001 թուականէն ի վեր, երբ ան փոխարինուեցաւ եւրոյով: Կարելի՞ է, որ կերպընկալէ այս շիշը Միջերկրական ծովուն մէջ անեղծ մնացած է գրեթէ երկու տասնամեակ, կը մտածէր ան:
Ի յայտ եկաւ, որ շիշը անկէ շատ աւելի հին է: Համացանցի վրայ պրպտում մը կատարելէ ետք Սումա eBay-ի վրայ գտաւ ծանուցում մը, որ կ՛ապացուցէր, որ շիշը պէտք է արտադրուած ըլլայ 1968-1970 թուականներուն: Այդ մէկը կը դառնայ առաջին կտորը Archeoplastica-ի` հաւաքածոյ մը բաղկացած 500 եզակի կտորներէ, որոնք բոլորն ալ գտնուած են իտալական ափերէն: Երեւոյթ մը, որ ցոյց կու տայ շրջակայ միջավայրին մէջ կերպընկալի թափօններու մտահոգիչ կայունութիւնը: Սումա նաեւ հանրութեան կը ցուցադրէ իր հաւաքածոյէն ընտրուած իրեր, ինչպէս վերջերս տեղի ունեցած Նէշընըլ Ժէոկրաֆիքի «Մոլորա՞կ, թէ՞ կերպընկալ» ցուցադրութիւնը Մարկարիթայի թատրոնին մէջ` Պարիի ծովափնեայ թանգարանին մէջ:
«Դպրոցը մեզի` բոլորիս կ՛ըսէին, որ կերպընկալը կրնայ մնալ հինգ հարիւր տարի», կ՛ըսէ Սումա: (Իրականութեան մէջ կը հաշուարկուի, որ փոլիսթրենի պահածոները կը քայքայուին 800 տարի ետք, իսկ որոշ կերպընկալէ շիշեր կրնան դիմանալ աւելի քան մէկ հազարամեակ): Սակայն 30,40,50 տարի առաջ քու գործածած շիշդ այդքան տարիներ ետք ամբողջովին անեղծ տեսնելը այլ պատմութիւն մըն է եւ ուղղակի յուզիչ»:
Սումա նաեւ կը ցուցադրէ Archeoplastica հաւաքածոյի ընտրուած նմուշները իր հայրենի Օսթունի քաղաքի տեղական դպրոցներուն մէջ: «Շատ պատանիներու համար այս կտորները նոյնքան հին են ու կեանք ունին, որքան` իրենց ծնողները կամ մեծմայրերն ու մեծհայրերը: Անոնք աւելի շատ նման են հնագիտական մնացորդներու, քան` աղբի»:
Սումա, որ միջավայրի գիտութիւն ուսանած է Վենետիկի համալսարանին մէջ, կ՛օգտագործէ իր լուսանկարչական հմտութիւնները` իւրաքանչիւր կերպընկալէ առարկայի թուային եռաչափ նմուշներ ստեղծելու համար, ինչպէս նոյն ձեւով թանգարանները կը ներկայացնեն հին յունական եւ հռոմէական ծաղկամանները: Այս նմուշներէն 60-ը այժմ կարելի է դիտել Archeoplastica տեսողական թանգարանին մէջ, ուր նաեւ կը ցուցադրուին տպագիր եւ հեռատեսիլէն քաղուած ծանուցումներ: Հաւաքածոյի ամենահին առարկան շիշի կափարիչ մըն է, որուն վրայ դրոշմուած է 1958 թուականի «Moplen» վաճառանիշը` արտօնագրուած այն փոլիմերը, որուն ներդրումով սկիզբ առաւ կերպընկալի դարաշրջանը: Այդ գիւտին շնորհիւ` 1963 թուականին քիմիագիտութեան բնագաւառին մէջ Նոպելեան մրցանակի արժանացաւ իտալացի քիմիական ճարտարագէտ Ճիուլիօ Նաթթան:
Կերպընկալէ առարկաներու թուականները ճշդելը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ: Անոնք յաճախ կը խամրին արեւի լոյսի ազդեցութեան տակ կամ պատուած կ՛ըլլան կռախեցիներով (Barnacle): Երբեմն Սումա բախտաւոր դուրս կու գայ, օրինակ` չիփսի տոպրակի մը պարագային, որուն ժամկէտը տպագրուած է (նոյեմբեր 1983), կամ 1990 թուականի ֆութպոլի Մոնտիալի նշանով գնդակը: Պարքոտի առկայութիւնը կը յուշէ, որ առարկան արտադուած է 1980-ականներու կէսէն ետք. ուղղակիօրէն կերպընկալին վրայ տպուած ըլլալը ցոյց կու տայ, որ այդ պատրաստուած է 1970-ականներուն կամ աւելի կանուխ: Անկէ ետք փակցնելիք պիտակները սովորական դարձան (Պիտակները շիշերէն շուտ կ՛անջատուին ծովու ջուրին մէջ` դառնալով մանր կերպընկալի աղբիւր, որ կը ներծծէ թոյներ, եւ հաւանական է, որ ծովային կենդանիներու կեր դառնան): Երբ Սումա կը ձախողի համացանցի վրայ քննիչի մը աշխատանքով առարկայ մը բացայայտելու, ան կը դիմէ իր 300.000 հետեւորդներուն Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի վրայ:
Այդպէս էր չարաբաստիկ արտաքինով «Il Gobbo»-ն («the hunchback»)` կապոյտի զարնող ճերմակ շիշը, որ նման էր մէջքը կուզ բաճկոն հագած մարդու մը: «Հիւսիսային Իտալիայէն կին մը կապուեցաւ ինծի հետ` ըսելով, որ ինք ունի անկէ օրինակ մը, որ իր մեծ մայրն ու մեծ հայրը շահած են տեղական տօնավաճառի մը ընթացքին: Բայց իր ունեցածը դեղին էր»: Ֆրանսայի մէջ հաւաքարար մը իրեն ուղարկեց 1960-ականներու ապրանքանիշի օճառի շիշի լուսանկարները: Շիշերը պիտակաւորուած էին «Soaky Bubble» վաճառանիշով, բայց անոնք բոլորովին նոյնը չէին: Շիշին վերը բացուածքի մը առկայութիւնը Սումային կը ստիպէ կասկածիլ, որ այդ կրնայ գանձանակ մը ըլլալ: «Բայց ես հարիւր առ հարիւր վստահ չեմ. Il Gobbo-ն կը մնայ առեղծուած»:
Նման մանրամասնութիւններու նկատմամբ Սումայի մոլուցքային ուշադրութիւնը իրեն վրայ խորապէս ազդող խնդիրներու դէմ պայքարելու իր ձեւն է: Որպէս Փուլիոյ դարաւոր ձիթենիներու եւ ծովափի ուղեցոյց` ան յատկապէս զգայուն է շրջակայ միջավայրի վրայ մարդու գործունէութեան ազդեցութեան նկատմամբ: Ան կամաւոր կերպով կը պաշտպանէ ծովեզերքի վրայ գտնուող վտանգի տակ եղող թռչուններու ապրելավայրը եւ կ՛օգնէ փրկելու ծովային կրիաները, որոնք կրնան խճճուիլ կերպընկալի թափօններու մէջ:
«Աշխատանքի մէկ կողմն ալ այն է, որ թոյլ կու տայ տեսնելու իրերու ոչ այնքան գեղեցիկ կողմը», կը խոստովանի ան: Կերպընկալի քանակը, որ կը յայտնուի ովկիանոսներու մէջ, տարեկան կը հասնի մինչեւ 12,7 միլիոն թոնի. քանակ մը, որ բաւարար է աշխարհի ծովեզերքներու իւրաքանչիւր քայլ ծածկելու աղբի հինգ տոպրակներով: Կ՛ենթադրուի, որ մինչեւ 2050 թուական ովկիանոսներու կերպընկալի թափօնները կը գերազանցեն երկրի բոլոր ձուկերուն: Այժմ աշխարհի վրայ կերպընկալի ամենամեծ քանակը Միջերկրական ծովուն մէջն է, եւ Սումա մտահոգ է, որ ծովամթերքներով հարուստ սննդականոններու շնորհիւ` անոնք կը յայտնուին մարդոց օրկանիզմին մէջ:
«Ես չեմ փորձեր դիւացնել կերպընկալը,- կը պնդէ Սումա: – Այդ մէկը շատ օգտակար նիւթ է, բայց աներեւակայելի է, որ ջուրի շիշը պատրաստուած է նիւթէ մը, որ նախատեսուած է դիմանալու երկար ժամանակ: Շիշը կրնայ օգտագործուիլ ընդամէնը քանի մը օր, կամ նոյնիսկ` վայրկեան, ու դառնալ ուղղակի աղբ:
«Կարեւոր է միաժամանակ աշխատիլ քանի մը մակարդակներու վրայ,- կ՛աւելցնէ Archeoplastica-ի համադրողը: – Մաքրեցէ՛ք ծովեզերքները, մաքրեցէ՛ք ովկիանոսները, վերամշակեցէք: Բայց եթէ մենք տակաւին թափենք կերպընկալը հոս ու հոն, ապա ասոնցմէ ոչ մէկը երկարաժամկէտ լուծում կրնայ ըլլալ»:
Աղբիւր` National Geographic
Հին Վարպետները Միտումնաւոր Կերպով
Խառնած Են Ձէթն Ու Հաւկիթի Դեղնուցը`
Իրենց Գլուխգործոցները Ստեղծելու Համար
Հին վարպետները, ինչպիսիք են` Լէոնարտօ տա Վինչին, Սանտրօ Պոտիչելլին եւ Ռեմպրանտ վան Ռէյնը, հաւանաբար իրենց նկարներուն խառնած են իւղ եւ սպիտակուցներ, ինչպէս հաւկիթի դեղնուցը: Այդ մէկը պարզուած է երեքշաբթի «Նէյչըր Քոմունիքէյշընզ» Communications ամսագիրին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութեան մը մէջ:
Թէեւ պարզ էր, որ այդ դարաշրջանի բազմաթիւ արուեստագէտներ իրենց արուեստին համար կ՛ապաւինէին արագ չորցող հաւկիթի խառնուրդներու (egg tempera) (1), հիմնականին մէջ կ՛ենթադրուէր, որ այս նկարիչները կը նախընտրէին իւղը, որուն մէջ պէտք չէր ըլլար սպիտակուցի որպէս կապող նիւթ, եւ այդ մէկը շատ աւելի դանդաղ կը չորնար, քան` հաւկիթի թեմփրան: Նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ նկարիչները կրնան նպատակաուղղուած ձեւով կապել իւղը հաւկիթի դեղնուցի միջոցով, բան մը, որ նախապէս կը կարծուէր, թէ պատահական եղած է:
«Այս մասին շատ քիչ գրաւոր աղբիւրներ կան, եւ անցեալին ոչ մէկ գիտական աշխատանք չէ տարուած սոյն թեման այդքան խորութեամբ ուսումնասիրելու համար», «Սի.Էն.Էն.» ըսած է ուսումնասիրութեան հեղինակ Օֆելի Ռանքէ` Կարլսռուի, Գերմանիոյ մէջ արհեստագիտութեան ճիւղի մեքենական գործընթացներու ճարտարագիտութեան հիմնարկէն: «Մեր արդիւնքները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ շատ փոքր քանակութեամբ հաւկիթի դեղնուցի պարագային կրնանք հասնիլ իւղաներկի յատկութիւններու զարմանալի փոփոխութեան` ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս այդ մէկը կրնար օգտակար ըլլալ նկարիչներուն համար»:
Հին եգիպտացիները կը մշակէին թեմփրա` հաւկիթի դեղնուցի, փոշիացուած գունանիւթերու եւ ջուրի համադրութենէ, իսկ հին հռոմէացիները յաճախ որմնանկարներ (frescoes) կը պատրաստէին ջուրի խառնուրդներու եւ թաց ծեփի վրայ փոշիացուած գունանիւթերու միջոցով: Իւղաներկը, որ ծագում առած է 7-րդ դարու Կեդրոնական Ասիայէն, արտասահմանի մէջ չէր տարածուած մինչեւ միջնադարեան (Հիւսիսային Եւրոպա) եւ Վերածնունդի (Renaissance) (Իտալիոյ) շրջանները:
Հետազօտողներ վերստեղծած են հին վարպետներու ներկերու պատրաստման գործընթացը` օգտագործելով չորս բաղադրիչ` հաւկիթի դեղնուց, թորած ջուր, կտաւատի իւղ (flaxseed oil), կապարի սպիտակ եւ անդրծովեան (ultramarine) կապոյտ գունանիւթեր:
Անոնք պարզած են, որ հաւկիթի դեղնուց աւելցնելը ազդած է ներկի «կեանքին» վրայ` պատճառ դառնալով, որ անոր օքսիտացումը աւելի երկար ժամանակ պահանջէ: Ասիկա կրնայ ազդել ներկի վարքին վրայ: Անոնց արտադրած կապարի սպիտակ ներկը, օրինակ, զգայուն էր խոնաւութեան, բայց ան աւելի դիմացկուն կը դառնար լրացուցիչ սպիտակուցին շնորհիւ:
Խումբը նաեւ պարզած է, որ հաւկիթի դեղնուցի օգտագործմամբ անհատը կրնայ աւելի հաստ վրձինահարուածներ ընել, որոնք կ՛օգտագործուին իմփասթօ (2) անունով յայտնի թեքնիքին մէջ: Սա թոյլ կու տար օգտագործել աւելի քիչ գունանիւթ, որ կրնար դրամական առումով օգտակար ըլլալ լափիս լազուլիով աշխատած ժամանակ: Վերջինս նիւթ մըն է, որ կ՛օգտագործուէր անդրծովային կապոյտ գոյնը ստեղծելու համար, որ այն ժամանակ աւելի սուղ էր, քան` ոսկին:

Լէոնարտոյի աւելի կանուխ աշխատութիւններէն մէկը` «Մեխակի Մատոննան» (1478), դիտարկուած է ուսումնասիրութեան համար: Ըստ հետազօտողներու, Մարիամի եւ Յիսուսի դէմքերու կնճիռներէն կարելի էր խուսափիլ հաւկիթի դեղնուց օգտագործելով:

Պոտիչելիի «Քրիստոսի ողբը» կտաւը (մօտ 1490–1495), որ նոյնպէս ներառուած է ուսումնասիրութեան մէջ, հիմնականին մէջ պատրաստուած է թեմփրայով, սակայն խումբը պարզած է, որ յետսամասն ու խոտը ներկուած են սպիտակ պարունակող իւղով` որպէս կապող նիւթ:

(1) Հաւկիթի թեմփրա- կազմուած է հաւկիթի դեղնուցէ, փոշիացուած ներկէ եւ թորած ջուրէ: Հաւկիթի դեղնուցը կը ծառայէ որպէս կապող նիւթ, որ իրար կապուած կը պահէ ներկը: Ջուրի աւելցումը ներկը կը վերածէ օգտագործելի մածուկի տեսակի:
(2) Իմփասթօ– Նկարի մը մէջ հաստ ներկի կամ հիւսուածքի տարածք:
Աղբիւր` ARTnews.com