ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Ծիրանի ծառ» շարժապատկերի 9-րդ փառատօնը տեղի ունեցաւ ոչ թէ Ուջանի, այլ գեղատեսիլ եւ ջրառատ Դեբետի մէջ (Լոռի): Ցուցադրուած կարճամեթրաժ տասը ժապաւէնները մեծաւ մասամբ վաւերագրական եւ փորձառական բնոյթ ունէին: Ծրագիրը ունէր նաեւ արտամրցութային բաժին մը` «Մենք ուրուր օնինք» (արցախեան բարբառով` «Մենք զիրար ունինք»), ուր ցուցադրուեցան Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը ներկայացնող 8 գեղարուեստական ժապաւէններ, որոնցմէ ոմանց նախապէս անդրադարձած եմ: Օտար հիւրերը այս տարի եւս հիւրընկալուեցան գիւղացիներու բնակարաններուն մէջ:
Մրցութային բաժնին մէջ կարելի է նկատել բներգներու խմբաւորումներ: Առաջինը նիւթապաշտութեան գործած աւերն է մարդկային կեանքի եւ բնութեան վրայ: Երկրորդը` նկարչութեան արտայայտչական հզօրութիւնը: Երրորդը սեւ հիւմըրն է: Կարգ մը ժապաւէններու մէջ բներգները առկայ են միատեղ:
Կարճամեթրաժ ժապաւէններն են.-
Piblokto .- Անասթասիա Շուպինա Վաւերագրական, 38վ, 2023:
Սիպերիոյ ծայրամասի վրայ` Սառուցեալ ովկիանոսի ափին, կ՛ապրի մեկուսացած հաւաքականութիւն մը: Անոնք կ՛որսան գլխաւորաբար կիտազգիներ, ձուկեր, որոնց ճարպը եկամուտի աղբիւր է` որպէս ճարտարարուեստի հում նիւթ: Անասունին հսկայ սատակի ընտիր մասը կ՛օգտագործուի որպէս սնունդ, իսկ մնացեալ մեծ տոկոսը` կերակրելու վանդակներու մէջ բուծանուող աղուէսներ, որոնց մուշտակը կը գործածուի հագուստեղէնի նորաձեւութեան ճարտարարուեստին մէջ:
Փիպլոքթօ հոգեկան խանգարումի մը տրուած բժշկական եզրն է(1): Աւանի հոգեւոր-մշակութային վերնակառոյցը (superstructure) տակաւին շամանիզմն է, հանգանակ մը, որմէ թրքական (օղուզ) ցեղեր, մոնկոլներ եւ այլ հաւաքականութիւններ հրաժարած են աւելի քան ութ դար առաջ: Ձայնային խորապատկերին մէջ մենք շարունակ կը լսենք թմբուկի (կամ դափի) միօրինակ հարուածներու ընկերակցութեամբ անհասկնալի երգ մը, բայց միակ ծէսը, որ ցոյց կը տրուի, արջի մը մասնատումն է: Անասունին գլուխը կը նետուի ծով, իսկ անդամները ցրիւ կը տրուին չորս ծագերուն: Մանուկ մը երկու ափերով կը ծածկէ աչքերը: Տարեց այր մը, որ ըստ բեմադրիչին շաման մըն է, կը պատմէ, որ արջերը իրենց կարգին կը յօշոտեն եւ ցրիւ կու տան մարդոց դիակները, որոնք ծածկուած կ՛ըլլան միայն քանի մը քարէ սալերով: Մահացող մարդոց արջերու կեր դառնալու աւանդը կը տեսնուի նաեւ անոնցմէ ոչ հեռակայ էսքիմօ հաւաքականութիւններու մէջ: Ազգագրագէտ ընկերաբաններ թերեւս «հայելի» առնչութիւն գտնեն երկու արարքներուն միջեւ: Փիպլոքթօ հոգեբուժական եզր մըն է` տրուած մտայիին խանգարումի ախտանշաններու համընթացութեան մը (syndrome), որուն ենթակայ անձը տարօրինակ վարմունք կ՛ունենայ: Այդ ախտի առկայութիւնը նման աւաններու մէջ բնաւ զարմանալի չէ ապրելակերպի այդ ծայրայեղ պայմաններուն տակ: Համայնքը իր կեանքով կը վճարէ ճարտարարուեստին հում նիւթեր հայթայթելու համար: Անմխիթար եւ սրտառուչ է մանաւանդ վիճակը մանուկներու, որոնք անդադար արիւնոտ յօշատումի հանդիսատես են, եւ որոնց խաղալիքները սատակներու մնացորդներն են: Շամանը կը պատմէ դաժան դրուագներ, որոնցմէ մէկուն մէջ որսորդը դաշոյնով կը կտրէ իր մատները, որոնք հաշմուած էին խճճուելով կէտի վրայ արձակուած տէգերու պարաններուն մէջ: Ակամայ յիշեցի Հ. Մելվիլի ականաւոր այլաբանական «Մոպի Տիք» (1851) վէպը, որուն աւարտին նաւապետ Ահապ ծովամոյն կ՛ըլլայ խճճուած կէտի վրայ իր արձակած տէգերու պարաններով:
Fantasmagoria (Պատրանաբանութիւն), Խուան Ֆ. Կոնզալեզ վաւերագրական, 14վ, 2022:
1926 թուականին Չիլիի Աթաքամա սաստիկ չոր անապատին մէջ գերմանական հաստատութիւն մը կը յայտնաբերէ բորակատի (nitrate) հանք եւ կը հիմնէ հսկայ զտարան մը: Այսպէս կոչուած` «սպիտակ ոսկին» կը գործածուի պայթուցիկ նիւթերու, իմա` զինամթերքի արտադրութեան մէջ (յիշենք նաւահանգիստը): Հանքագործները գործարանին կից կը գոյացնեն մեծ հիւղաւան մը: Ժամանակի ընթացքին հանքը ոչ հասութաբեր կը դառնայ եւ ի վերջոյ 1996-ին կը փակուի: Մակերեսային հանքը, որ գոյացած էր կենսոլորտի չորացումէն, դուրս կը բերուի պայթումներու միջոցով: Այդ թունաւոր փոշի կը սփռէ (կրկին յիշենք նաւահանգիստը): Հանքագործներ, որոնց թոքերը աւերուած էին թունաւոր փոշին շնչելով, կը վերածուին վատառողջ անգործներու: Դրամատիրութիւնը քամած մարդոց արիւնը եւ անպէտ աւելցուք կճեպը շպրտած` աղբանոց: Աւանի նօսրացած բնակչութիւնը կը շարունակէ իր թշուառ գոյութիւնը: Պատկերը յիշել կու տայ Սոթքի հանքագործներու աւանը, որուն անդրադարձած եմ (2) ինչպէս եւ` Ալավերդին (Լալվար) եւ բազում այլ գործարաններ, որոնք տխուր աւերակներու վերածուեցան շնորհիւ մեր «բիզնես»-ամտութեան: Ցնցող այս ժապաւէնին համար թուայնային միջոցով պատրաստուած երաժշտութիւնը կը շեշտէ աւերակներու տարաշխարհիկ բնոյթը:
Դաշտերու դեւերը (I diavoli dei campi) Բեմագիր-բեմադրիչ Քիարա Ֆաճիոնաթօ, վաւերագրական, 15վ, 2019:
Թոնի Քարթա (1928-2014) ինքնուս գեղանկարիչ մըն է: Ծնած է հիւսիսային Իտալիոյ (Վիչենզա) գիւղերէն մէկուն մէջ: 16 տարեկանէն մինչեւ չափահաս տարիք` կը դառնայ բանուոր այդ շրջանին մեծ թափով զարգացող ծանր ճարտարարուեստի (ինչպէս` «Ֆիաթ» ինքնաշարժի) գործարաններուն մէջ: Միաժամանակ կը ծանօթանայ իր ծննդավայրի մշակոյթի դէմքերուն եւ նկարչական աւանդին ու կը մշակէ ի՛ր ոճը, որ կը բնորոշուի կառոյցի պարզութեամբ: Պաստառները կ՛արտայայտեն ցաւոտ անցումը պարզ, հովուերգական (idyllic) կեանքէն դէպի բնութեան նիւթապաշտ արդիականութիւն եւ բնութեան կործանում: Կողքի նկարներուն մէջ կը տեսնենք հակադրութիւնը կանաչապատ բնութեան եւ գորշ գործարաններուն, որոնց հիմերուն տակ երկարած է մահը: Սրտցաւ (իտալացի) բեմադրիչը զուսպ, այսուհանդերձ յուզական ձեւով ներկայացուցած է արուեստագէտի պատմական արժէք ներկայացնող վկայութիւնը:
Յայտնաբերողները յայտնաբերողը (The Discoverer of the Discoverers) C Slind Nicholson, 25վ, 2022:
Ժապաւէնը կարելի է համարել պատմագրութեան սեւ ձաղկ: Կը ներկայացնէ բոլորովին անհիմն ասք մը այն մասին, թէ ինչպէ՛ս եւրոպացիք մուտք գործած են Պենին: Հանդիսատեսը կը մղուի մտածելու, թէ ո՞վ կը գրէ պատմութիւնը, թէ` ինչպէ՞ս կը կազմաւորուի հաւաքական յիշողութիւնը: Այդ տարածքը, որ Ուըհիտա կը կոչուէր, կը գտնուի Ափրիկէի արեւմտեան ընդարձակ ծոցին վրայ, որ այնուհետեւ ստացաւ «Գերիներու ծովափ» անուանումը: Առաջին եկուորները գաղութարարներու հետախոյզներն էին: Պատումը կը կատարէ քփաթենոն մը, հպարտ ժառանգը Քփաթայի, այն արթնամիտ մարդուն, որ «յայտնաբերած» էր եւրոպացիները եւ զանոնք առաջնորդած` դէպի անոնց զոհերը… իր ցեղակիցները:
Քփանեթոններու հիմնադրական առասպելը հետեւեալն է. 1548 թուականին նախահայր Քփաթա իր (անորոշ) ընկերոջ հետ ծովափ կ՛երթայ խեչափառներ հաւաքելու համար: Սրատես որսորդը կը նկատէ առագաստանաւ մը: Ընկերները կ՛ենթադրեն, թէ այդ հրեղէն աստուած մըն է (իսկ ինչո՞ւ հրեղէն): Երկչոտ ընկերակիցը կը փախչի: Անվեհեր Քփաթա, սակայն, կ՛ուզէ հաղորդակցիլ անծանօթ էակին հետ: Խարոյկ մը կը վառէ եւ իր լանջին կապած լաթը շարժուն դրօշի վերածելով` կը յաջողի գրաւել անծանօթին ուշադրութիւնը, ապա` վստահութիւնը: Հետախոյզները զինք կը պարգեւատրեն յախճապակի պնակեղէնով եւ ճաշասեղանի այլազան սպասներով: Եւրոպացիք քաղաքակրթութիւն կը ներմուծեն մթութեան մէջ կորած բնիկներուն: Տարածքը կ՛արդիականանայ եւ կը բարգաւաճի: Ժողովուրդը` առ ի երախտագիտութին, կը սրբացնէ Քփաթան: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ ունեւոր Քփաթոններու հանգստաւէտ ընդարձակ բնակարանը: Փողոցին մէջ կը տեսնենք ջարդոտած, խանգարուած ինքնաշարժերու շարան, որոնց տէրերը կը փորձեն նորոգել զանոնք: Կը տեսնենք անժպիտ մարդիկ, որոնք չեն գիտեր, թէ ո՛ւր են եւ ո՛ւր կ՛երթան: Կը տեսնենք երթեւեկի ցուցատախտակ մը, որ սակայն դատարկ է: Յաւելեալ սեւ հիւմըր: Կողքի նկարին մէջ տեղական «applique» ոճի (3) պատկերներու մէջ այլ դրուագներու շարքին կը տեսնենք Քփաթան` մատնիչ դրօշակը ձեռքին: Ժողովրդական, ոչ արհեստավարժ նկարչութիւնը այստեղ եւս կը ծառայէ պահպանելու ասք մը, աւանդ մը:
Թերեւս պատմաբաններ յաջողին բացատրութիւն գտնելու, թէ ինչո՛ւ գազանաբարոյ գերեվարողներու գործակալ դարձած անձը կը փառաբանուի` փոխանակ խարանուելու որպէս դաւաճան: Անձնապէս կը կարծեմ, թէ այդ բեմադրիչին կողմէ ցցուն կերպով ներկայացուած սեւ հիւմըր է, որ մեզ կը մղէ մտորելու մե՛ր հիմնադրական առասպելներու վաւերականութեան շուրջ:
Կրիայ.- (Լաքփեշթ) Ռեզա Աքպարեան, Իրան, 12վ, 2022:
Կասպից ծովու հիւսիսային տափարակ շրջանի ճախճախուտի բնիկ (indigenous) անասուններէն մէկն է «Կասպեան կրիան» (Mauremys caspica rivulata), որուն նախշուն պատեանը կը գործածուի զարդեղէններ արտադրելու համար: Այդ կը նշանակէ սանձարձակ սպանդ: Մարդը իր պերճանքին սիրոյն կ՛աւերէ կենսոլորտի դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը: Բեմադրիչը իրավիճակը ցոյց կու տայ կրիայի մը աչքերով: Կրիան խճճուած է որսորդի ուռկանին մէջ եւ ի հարկէ փրկութեան ոեւէ միջոց չունի: Կը թուի, թէ հոգեվարքի մէջ գտնուող կրիան կը վերյիշէ իր անցեալը, երբ կը շրջէր բուսականութեան մէջ: Պատկերը բարեզարդ չէ, մենք ամէն դի կը տեսնենք ուռկաններ եւ նեխող սատակներ: Խոտերու արանքէն կը նշմարուին որսորդներ, որոնք նաւակով կը շրջին վստահաբար հաւաքելու համար թակարդուած կրիաները: Բեմադրիչը ներառած է սեւ հիւմըրի տեսարան մը: Օձի մը բերնին մէջ գորտ մը տակաւին ողջ է: Գորտը եւս տագնապահար կը սպասէ մահուան: Մահը ամէնուր է: Նախընտրելի է, որ զեղչուէր այդ դրուագը: Օձերու առկայութիւնը կործանարար չէ: Տեսարանը կը մեղմացնէ յանցագործ մարդու պատասխանատուութիւնը:
Aqueronte .- Մանուէլ Ռիվաս, այլաբանական, 26վ, 2023:
Մշուշի մէջ թաղուած լաստ մը մարդիկ կը փոխադրէ գետի մէկ ափէն դէպի միւսը: Տխուր, անարիւն մարդիկ, որոնք կը թուին թմբիրի մէջ ըլլալ: Անոնք, որոնք ծանօթ են յունական դիցաբանութեան, պատկերը անմիջապէս պիտի առնչեն նաւավար Քարոնի, որ մահացողներու հոգիները Սթիքս գետի վրայով կը փոխադրէ դէպի Հադէս, դէպի դժոխք: Այդ նկարուած է բազմաթիւ կաւէ կուժերու եւ այլ անօթներու վրայ (տե՛ս կողքի նկարը): Վերնագիրը ինքնին աղաւաղումն է յունարէն «Ախերոն»-ի, որ կը նշանակէ «ողբ», եւ որ Հադէսի գետերէն մէկն է: Թմբիրն ու տխրութիւնը թելադրութիւն են մահուան: Մենք չենք տեսներ գետին միւս ափը: Ճամբորդները անկարող են տեսնելու, թէ ո՞ւր կ՛երթան, թէ` ի՞նչ կը սպասէ իրենց դժոխքին մէջ: Սեւաթոյր ժապաւէն մը, որուն բեմադրիչը, ի տարբերութիւն միւսներուն, ոչ զարմանալիօրէն անհասանելի մնաց ի հեճուկս իմ անդուլ ջանքերուն:
Հայու Ցաւեր .-
Ճայը.- (Չայքա) Արման Այվազեան, 2021, 14 վ:
Որդի մը կը վերյիշէ իր հայրը: Վերնագիրը առնուած է ամերիկացի Ռ. Պախի «Jonathan Livingston Seagull» (1970) այլաբանական վիպակէն, որ ի տես ստացած մեծ յաջողութեան, 2014-ին վերահրատարակուած է յաւելուած վերջաբանով մը(4): Հեղինակը Ճային տուած է անունը օդանաւորդի մը, որ 74 տարեկանին իր կառուցած օդանաւով լարախաղացային շարժումներու ընթացքին ծանր արկած ունեցած է եւ կարճ ժամանակ ետք` մահացած: Պախի ճայը, ի տարբերութիւն իր սեռի միւս անդամներուն, չէ հետաքրքրուած որսով (իմա` նիւթականով, առօրեայով), կ՛ուզէր կատարելագործել իր թռիչքը, հասնիլ մինչեւ ծիածան: Մահացած հայրը փոքր տարիքին հմայուած էր ծովով, կ՛ուզէր դառնալ ծովանկարիչ, աւարտած էր գեղարուեստական ակադեմիան (կողքի նկարը ցոյց կու տայ անոր պաստառներէն մին), բայց ընտանիք պահելու պարտականութիւնները արգելք եղած էին: Գեղեցիկ ժապաւէն մը, որ Հայաստանի ընտանեկան մթնոլորտի խորապատկերին վրայ ցոյց կու տայ արգելափակուած արուեստագէտի թաքուն տուայտանքը:
Ձին.- Աշոտ Մկրտչեան, 38վ, 2022:
Արցախեան անասելի աղէտը ուղղակի, ճակատային կերպով ներկայացնել կարելի չէ: Բեմադրիչը դիմած է գեղարուեստական հնարքի: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս գեղանկարիչ Ալիկ Ասատրեան, որ (առնուազն ինծի) ծանօթ է հայրենի իրավիճակը խտացնող արտայայտիչ պաստառներով (ինչպէս` «Հաց բերողը»), պաստառներու շարք մը կը պատրաստէ` հիմնուած Արմէն-Արխէ Խեչումեանի «Ձին» բանաստեղծութեան վրայ, որ, ի դէպ, գրուած է Լոռիի բարբառով: Մհեր ճակատ մեկնելէ առաջ իր սիրելի կարմիր ձին կը յանձնէ հօր: Կարճ ժամանակ ետք կը հասնի սեւ թուղթը: Վշտահար մայրը կը մահանայ, իսկ ձին կ՛անհետանայ: Ամբողջ գիւղը ոտքի կ՛ելլէ` օգնելու խելակորոյս հօր, որպէսզի գտնէ իր որդիէն մնացած միակ աւանդը: Ձիուն բնազդը զինք տարած զոհուած զինուորի շիրիմ:
Կու տամ աւարտական տողերը.
Ահել ու ջահել,մեր,մանուկ ու ծեր,
Լրիվ թոփ էլան ման գալու ձիուն,
Մինը ներքեւից գոռաց,-գդել ե՜մ,
Հասավ ի՜նչ տէհավ,տղու գրեզմանը,
Ձին էլ կանգնածա նկարի կոխկին, …
Նորընծաներ.-
Փակման հանդիսութեան ընթացքին այս տարի եւս ցուցադրուեցան պատանի ուսանողներու բեմադրած վեց կարճամեթրաժ (6-10վ տեւողութեամբ) ժապաւէններ: Ժապաւէնները հասանելի են փառատօնի կայքէջին վրայ:
Բոլոր գործերուն մէջ կարելի է նկատել գողտրիկ պատկերներ: Կ՛ուզեմ առանձնացնել անոնցմէ երկուքը.-
Ա.- Կարեւորը.- Անուշ Յակոբեան: Դեբետ գետի ափին տնուող աւանը ջուրի մատակարարում չունի, ոչ իսկ` մէկ ծորակ: Կը տեսնենք երիտասարդ մայր մը (վստահաբար` ոչ միակը), որ պարտաւորուած է դոյլերով ջուր կրել գետէն դէպի տուն: Ապա տաշտերու մէջ կատարել լուացք եւ բաղնիք: Սրտառուչ եւ գեղեցիկ ժապաւէն մը: Երեւանի Օղակաձեւ այգիէն դուրս Հայաստանի առօրեան թշուառ է: Աւարտական տեսարանին մէջ աղջնակը կը նկարէ … կեանքի առաջին նախապայմանը` ջուր: Պաստառը բացայայտ ուղերձ մըն է հայ թէ օտար հանրային կարծիքին:
Բ.- Տղան եւ Ֆեմինիզմը .- Բակուր Գորգինեան, 10 վ:
Անոնք, որոնք գտնուած են Ալավերդի եւ այլ հեռաւոր աւաններ, կրնան հասկնալ, թէ ինչո՛ւ պատանին կ՛երազէ դուրս գալ այդ գորշ, անհրապոյր եւ անհեռանկար իրականութենէն: Բացման տեսարանին մէջ Բակուր բնութեան մէջ կ՛երգէ առանց բառերու «Նա, նա, նա, նա …»: Ապա կը տեսնենք դատարկ գնացք, ջուրի հոսանք եւ այլ խորհրդանշական շարժումներ, որոնք դուրս կու գան պաստառէն:
Պատանին կը սկսի մենախօսութիւն մը: Այդ տարիքի տղու մը համար անոնք առաջին հերթին մտորումները կը վերաբերին աղջիկներու եւ սիրոյ: Ցոյց կու տայ շարք մը տեսակցութիւններ, ուր ինք լուռ ունկնդիր է, կը թուի, թէ` նաեւ սկեպտիկ:
Աւարտական տեսարանին մէջ Բակուր ամայի ճամբու մը եզերքը նստած` կարկանդակ կամ նման բան կ՛ուտէ: Հանդիպակաց կողմը կը տեսնենք մեծ հանրային աղբաման մը եւ անտէր շնիկ մը: Ցնցող վկայութիւն մը:
Հուսկ բանք.- Կարելի չէ անտեսել Հայաստանի անտեսուած անկիւններուն մէջ տեղի ունեցող մշակութային աշխատանք մը, որ յառաջ կը տարուի բուռ մը անձնուէր մարդոց կողմէ: Տեղացիք կը ծանօթանան արուեստի որակաւոր եւ բովանդակալից գործերու: Պատանիներ, իրենց կարգին, առիթ կ՛ունենան փորձառութիւն ձեռք բերելու. ինչպէս եւ` իրենց պատկերաւոր խօսքը հրապարակելու: Սրտանց յարատեւութիւն կը մաղթեմ:
- Տե՛ս, օրինակ, https://psychologydictionary.org/piblokto/
- «Կրկնակի յոբելենական ծիրանը», «Ազդակ», 11 օգոստոս 2023
- Տե՛ս, օրինակ, https://nomad4now.com/2015/07/23/african-applique/
- Չեխովի ծանօթ թատրերգութեան Ճայը ծովային թռչուն մը չէ: Անգլերէն Seagull շփոթեցնող