Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
18 յունիս 1901 թուականին Փապլօ Փիքասօ սկսաւ նոր ինքնութիւն մը ունենալ` առանց գիտնալու այդ մէկը: Ան սկսած էր դառնալ «օտարերկրացի թիւ 74.664»-ը. պիտակ մը, զոր իրեն տրուած էր ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ, որ կը շարունակէր իրեն շնորհել «Fiché S.»(1)-ի կարգավիճակը ` այլ մոլորակային մը, որ ենթարկուած էր պետութեան հսկողութեան:
Փիքասօ, որ ծնած էր աւելի քան 20 տարի առաջ Սպանիոյ Մալակա քաղաքին մէջ, յարուցած էր իշխանութիւններու կասկածը, որովհետեւ շփում ունեցած էր Փիեռ Մանիաքի հետ` առեւտրական մը, զոր ֆրանսական ոստիկանութիւնը անիշխանական կը սեպէր: «Կը խնդրեմ հետաքննել վերը նշուած Փիքասոյի պարագան եւ պարզել անոր ներկայի հաւատալիքները», գրած է ոստիկանապետը ճակատագրական նամակի մը մէջ:
Թէեւ Փիքասօ չորս տարի ետք խզեց իր կապերը Մանիաքի հետ` հաւատալով, որ սպանացի առեւտրականը կը շահագործէ զինք, սակայն ոստիկանութիւնը չհրաժարեցաւ զինք հետապնդելէ: Անոնք կը շարունակէին Փիքասոյի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ հաւաքել եւ իրենց գտածոները կը շարունակէին խանգարել նկարիչը, որ բազմիցս ամբաստանուած էր որպէս métèque,. օտարերկրացի մը` այն երկրին մէջ, որ զայն «տուն» կոչած էր իր գործի ասպարէզի երկար տարիներու ընթացքին: Ոստիկանական հետաքննութիւնը կը շարունակուէր անոր հանդէպ, ինչպէս, օրինակ, 1940 թուականին, երբ մերժեցին իրեն քաղաքացիութիւն տալ` հիմնաւորելով, որ ան «ազգային տեսակէտէ կասկածեալ է»: 50-ականներու վերջը Փիքասօ ընդհանրապէս հրաժարեցաւ ֆրանսացի դառնալէ` ընդունելով օտարի իր կարգավիճակը:
Դժուար է յիշել ժամանակ մը, երբ Ֆրանսան կ՛ատէր Փիքասոն, որ այժմ ունի իր արուեստին եւ կեանքին նուիրուած թանգարաններ Փարիզի, Անթիպի, Վալաուրիսի մէջ եւ այլուր: «Փարիզ» հաստատութիւնը մէկն է այն բազմաթիւ հաստատութիւններէն, որոնք այժմ իր կենացը կը խմեն` նշելու 1973 թուականին պատահած անոր մահուան 50-ամեակը: Ուստի զարմանալի է, որ ամերիկացի շատ մը ընթերցողներ այժմ կ՛ողջունեն Աննի Քոհեն-Սոլալի «Picasso the Foreigner. An Artist in France 1900-1973», որ վերջապէս հասած է Միացեալ Նահանգներ Սամ Թէյլըրի անգլերէն թարգմանութեամբ, Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնելէ երկու տարի ետք:
Գիրքը, ոստիկանութեան արխիւներուն եւ այլ տեղեր կատարած Քոհեն-Սոլալի հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած 2021-ի ցուցահանդէսին հետ մէկտեղ մեծ ուշադրութիւն գրաւած է Ֆրանսայի մէջ, եւ Փիքասոյի այս ամուր, ոչ սովորական կենսագրութիւնը պէտք է նմանատիպ ճանաչում գրաւէ այստեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ամէն տարի նկարիչին մասին բազմաթիւ գրականութիւն կը ստանանք, իսկ իրական նիւթէն շատ քիչ գրականութիւն: Այս գիրքը, սակայն, տարբեր է. ներկայացուած հետազօտութիւնը նոր չէ, ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ Փիքասոյի հետապնդման մասին խօսքը առաջին անգամ յայտնուեցաւ 20 տարի առաջ, բայց Քոհեն-Սոլալի վերաբերմունքը անոր վերաբերեալ նորութիւն մըն է, թարմ է:
Մեր օրերուն նորաձեւութիւն է Փիքասոյին նիւթը ընելը, ինչպէս այդ մէկը ըրաւ կատակերգակ Հաննա Կացպին, երբ ան 2018 թուականի իր «Նանեթ» գործին մէջ զայն անուանեց` «կրքոտ, տանջուած, հանճարեղ, յանդուգն»: Ան այժմ կ՛աշխատի Պրուքլինի թանգարանի ցուցադրութեան վրայ, ուր նոյնպէս կը նշուի Փիքասոյի մահուան յիշատակը: Ցուցադրութիւնը կը քննարկէ «կնատեացութեան (misogyny), առնականութեան, ստեղծագորղութեան եւ հանճարի հետ փոխկապակցուած խնդիրները» անոր ստեղծագործութեան մէջ: Այս գծով Միացեալ Նահանգներու մէջ շատեր կ՛ակնկալեն Փիքասոյի մասին ուսումնասիրութիւններ 2023 թուականին:
Քոհեն-Սոլալի գիրքը Փիքասոյի հանդէպ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, քան` Կացպիի գործը, բազմիցս ան օգտագործելով վերջին բառը` «հանճարեղ»-ը, զայն աւելի բարեհամբոյր բնութագրելու համար եւ աւելի քան մէկ անգամ զայն համարելով «20-րդ դարու մեծագոյն արուեստագէտներէն մէկը»: Ոմանք համաձայն չեն Փիքասոյի հանդէպ Քոհեն-Սոլալի այս վերաբերմունքին. արուեստագէտ մը, որ այնուամենայնիւ անոր կարիքը չունի: Բայց երբ Քոհեն-Սոլալ կը գործէ ձեռքի տակ եղած ապացոյցներով, դժուար է արհամարհել անոր երեւան բերած որեւէ բացայայտում:
Գիրքի առաջին բաժինը, որ կեդրոնացած է 20-րդ դարասկիզբի Փիքասոյի խեղճուկ կեանքին վրայ, ամէնէն ուժեղն է: Այդ մէկը կը խօսի այն ժամանակուան մասին, երբ Փիքասօ Փարիզի Մոնմարթ թաղամասի մէջ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ էր. իրավիճակ մը, որ ստիպեց ֆրանսական ոստիկանութեան դիտել զայն այնպէս, կարծես ան կը գտնուի «ընկերային խաւերու ամէնէն ստոր բաժինը», ինչպէս կը գրէ Քոհեն-Սոլալ:
«Երբ ոստիկանութիւնը մէկու մը թղթածրարը կազմէր,- կը շարունակէ ան,- անհատին պաշտօնական դասակարգումը երկար ժամանակ կը մնար»: Փիքասոյի պարագան ալ տարբեր չէր:
«Picasso the Foreigner»-ի մեծ մասը իրականութեան մէջ արուեստի մասին չէ, եւ Քոհեն-Սոլալ խորապէս կը թափանցէ Փիքասոյի մասին բերնէ բերան պատմուող նիւթերուն մէջ` պարզապէս ստուգելով մարդոց անունները, արուեստի գործերը եւ վայրերը: Այնուամենայնիւ, Քոհեն-Սոլալ պարբերաբար կը յաջողի հրապուրիչ պատկերացումներ յառաջացնել Փիքասոյի արուեստի մասին, ինչպէս այդ մէկը կ՛ընէ «Family of Saltimbanques»-ի պարագային(1905թ.), ուր խումբ մը մեկնաբաններ, տխրած, կը նային իրենց շուրջը` բաց անապատի դաշտին մէջ: Ան կը նոյնացնէ ադամանդէ նախշեր ունեցող զգեստով հտպիտը նոյնինքն Փիքասոյին, եւ կը բացատրէ, որ անոր քարացած հայեացքը կը խորհրդանշէ իր զգացմունքները տնտեսապէս վտանգուած գաղթականին Ֆրանսայի մէջ:

«Անոնք պատկերուած են այնտեղ` իրարու անծանօթ, աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր հաղորդակցութիւնները սառած են», կը գրէ Քոհէն-Սոլալ` նշելով, որ նկարը, կարելի է ըսել, կը ներկայացնէ «ընկերութեան այն ճեղքերը», զորս կ՛ապրին «լուսանցքէն դուրս մնացած մարդիկ»: Ճակատագրի հեգնանքով նկարը Փիքասոյի ամենաշատ ճանչցուած նկարներէն մէկն է, որ այժմ կը գտնուի արտերկրի մէջ` Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային պատկերասրահին մէջ, եւ այդ մէկը կրնար ի վերջոյ այնտեղ չհասնիլ, եթէ չդրուէր աճուրդի` Փարիզի Drouot աճուրդի տան մէջ, 1914 թուականին:

Մինչեւ 1914 թուականի վաճառքը, նշանաւոր առեւտրական Տանիէլ-Հենրի Քահնվէյլըր վեր առած էր Փիքասոյի համբաւը` որպէս Փարիզի ամենակարեւոր արուեստագէտներէն մէկը, եւ նկարը գնուեցաւ Տրուըթի մէջ, Միւնիխի Թանհաուզըր պատկերասրահի կողմէ, ոչ աննշան գումարով: Մամուլը այդ ժամանակ դաշտային օր մը ունեցաւ. լրագրողներէն մէկը յայտնեց, որ «չափազանց մեծ գիներ վճարուած են անցանկալի օտարերկրացիներու ստոր, այլանդակ նկարներուն համար», եւ ողբաց, որ նկարը շահած է գերմանացի մը: Քիչ մը աւելի հեռուն դիտելով ու խոր վերլուծելով` պիտի տեսնենք, որ դժուար չէր ըլլար հակասեմականութեան(2) երանգ տեսնել այս վերջին տրամադրութեան մէջ, հաշուի առնելով, որ Թանհաուզըրներու ընտանիքի անդամները գերմանացի հրեաներու կարգին էին: Անոնց ունեցուածքն ու հարստութիւնը խլած էին նացիները, իշխանութեան հասնելէ ետք:
Այս պահուն Փիքասօ ինքզինք հռչակեց յառաջապահական(3) առաջնորդ, եւ Ֆրանսայի մէջ արդէն աչքի կը զարնուէր խորանարդական նկարներ գծելով, որոնց մէջ անկենդան բնութիւնը կը կոտրուէր տարբեր հարթութիւններու, կարծես անոնք միանգամայն կ՛երեւէին քանի մը տեսանկիւնէ:
Քոհեն-Սոլալ կը բացատրէ, որ Փիքասօ եւ Ժորժ Պրաք, որ ծնած է Նորմանտի, Ֆրանսայի մէջ շատերու կողմէ հռչակուած են «շառլաթաններ»: (Սպանացի Խուան Կրիս պարբերաբար կը յայտնուի այս գիրքին մէջ, բայց Քոհեն-Սոլալ կը նսեմացնէ անոր ազդեցութիւնը խորանարդական շարժումին վրայ): Կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ այն փաստը, որ ոչ քաղաքացիները հիմնականօրէն ռուս եւ ամերիկացի հաւաքորդներն էին իրենց խորանարդական արուեստը գնողները:
«Գերմանացի արուեստի առեւտրականի [Քահնվէյլըրի], սպանացի արուեստագէտին ու Ռուսիոյ, Գերմանիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հաւաքորդներու միջեւ տեղի ունեցած սադրանքը քիւպիզմը դարձուց յառաջապահական շարժում, որ «լաւ ֆրանսիացիները» կրնային նշել որպէս կեղծարարներու եւ շառլաթաններու կողմէ ղեկավարուող եւ ազգի ամբողջականութեան «վտանգ» սպառնացող»,- կը գրէ Քոհեն-Սոլալ: Այդ մէկը բարիի եւ չարի կռիւ էր, աւանդոյթն ընդդէմ նորի, Ֆրանսացի ազնիւ մարդը` վտանգաւոր օտարերկրացիներու ներխուժման դէմ»:
Այդ վերջին նախադասութիւնը հիանալի կերպով կը նկարագրէ գիրքին երկրորդ կէսը, ուր Փիքասօ բազմիցս զրկուած է իր իրաւունքներէն միջպատերազմեան ժամանակաշրջանին: Ամբողջ ընթացքին Քոհեն-Սոլալ կը ցրուէ իր ժամանակի նկարագրութիւնները` մաղելով արխիւային նիւթերու ծրարները: Անոր տագնապը եւ զգացած ամօթը, երբ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս իր ազգը Փիքասոյի նման օտարերկրացիներու հետ վարուած է, հազիւ թէ քողարկուած է:
Երբ ան կ՛ուսումնասիրէ 20-ականներուն Փիքասոյի վրայ գաղթականներու օրէնքներու ազդեցութիւնը, ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս վերաբացած է անոր ոստիկանական ծրարը եւ ցնցուած է այն դէպքերէն, ուր Փիքասօ կը ներկայանար ոստիկանութեան մօտ: Բայց ան երբեք զինք որպէս զոհ չի ներկայացներ:
«Այնքան տեսակցութիւններ եղած են, այնքան շատ մատնահետքեր առնուած, այնքան շատ նկարներ, որոնց մէջ ան նման է նախկին բանտարկեալի, եւ, այնուամենայնիւ, ան կարծես թէ ենթարկուած է այդ այցելութիւններուն առանց բողոքի, – կը գրէ ան: -Ինչպէ՞ս Փիքասօ համակերպած է ոստիկանութեան հետ այս հանդիպումներուն»:
«Միջազգային ճանաչում ունեցող, բայց իր բնակութեան երկրին մէջ խարանուած` ան յայտնուեցաւ փարատոքսային իրավիճակի մէջ,- կը շարունակէ ան: Ֆրանսական պատկերասրահներու եւ քննադատներու աշխարհին մէջ ան իտէալ մը դարձաւ, իսկ պաշտօնական կառոյցներուն մէջ ան մնաց անտեսանելի, եւ ֆրանսական օրէնքի ու կարգի աչքով` կասկածեալ մը: Իր քաղաքական վերլուծութեան եւ այնուհետեւ ինքնավար տիրոյթի մը կառուցման շնորհիւ, ուր ան կրնար ապրիլ որպէս իր բոլոր ուսումնասիրութիւններու տէրը, կրցաւ վերահսկել իրավիճակը եւ վերջապէս զայն դարձնել իր օգտին»:
Այստեղ նաեւ ան կ՛ակնարկէ Ֆրանսայի դէմքին, որ Փիքասօ տեսաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Փիքասօ յանկարծակի գրկուեցաւ նոյն այն փարիզեան հաստատութիւններուն կողմէ, որոնք ժամանակին կը խուսափէին իրմէ: Յանկարծ 1947-ին Փիքասօ դարձաւ առաջին կենդանի արուեստագէտը, որ կախեց իր աշխատանքները Լուվրի մէջ. ան իր արուեստը դրաւ Զուրպարանի, Տելաքրոյի եւ այլոց գործերու կողքին, իսկ 1955-ին աւելի քան 100.000 մարդ այցելեց Musée des Arts Décoratifs-ը` դիտելու համար ներկայացում մը` նուիրուած իր ծննդեան 75-ամեակին:
Այնուամենայնիւ, նախապաշարումները արտահանելի են եւ կարելի է զանոնք ներածել. մինչ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային` Էֆ-Պի-Այ-ը նկատեց, հաւաքեց այն, ինչ որ ֆրանսական իշխանութիւնները կուտակած էին Փիքասոյի մասին, եւ սկսաւ իր սեփական հետաքննութիւնը: Որպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ համայնավարութեան դէմ պայքարի մէկ մաս` Փիքասօ հռչակուեցաւ «վտանգ Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան» նոյնիքն Ճոն Էտկար Հուվըրի կողմէ:
Ըստ Քոհեն-Սոլալի, իրավիճակը վատթարացաւ այն աստիճան, որ երբ 1957 թուականին Ժամանակակից արուեստի թանգարանի հիմնադիր տնօրէն Ալֆրետ Հ. Պար որոշեց Փիքասոն ընդհանրապէս չհրաւիրել Միացեալ Նահանգներ` իր աշխատանքներու ցուցահանդէսին համար, վախնալով արուեստագէտը ետ իր երկիրը ղրկելու ամօթէն: (Այդ ժամանակ թանգարանը հաւաքած էր Փիքասոյի գործերէն զգալի հաւաքածոյ մը, որ կը ներառէր 1907 թուականի անոր հռչակաւոր Les Demoiselles d՛Avignon կտաւը, եւ որոշ ժամանակ եղած էր նոյնիսկ 1939 թուականի իր «Կերնիքա» կտաւին խնամակալը, նախքան զայն Սպանիա ուղղարկելը` Ֆրանքոյի վարչակարգին վերջաւորութեան):

Փիքասօ երբեք ԱՄՆ-ի այցագիր (վիզա) չստացաւ այդ նոյն տարին MoMA-ի (Museum of Modern Art) հարցախոյզը տեսնելու համար: Փոխարէնը ան մնաց Ֆրանսայի մէջ, ուր 16 տարի ետք մահացաւ` երբեք պաշտօնապէս այդ երկրի քաղաքացին չդառնալով:
Ալեքս Կրինպրկըր
————
(1) Fiché S.- Ցուցիչ մը, որ կ՛օգտագործուի իրաւապահներու կողմէ` ազգային ապահովութեան համար լուրջ վտանգ նկատուող անձ մը նշելու համար: S-ը այստեղ կը նշանակէ Sûreté de l՛État («Պետական ապահովութիւն»):
(2) Սեմականութիւն- հրեայ ժողովուրդի նկատմամբ թշնամանք ու նախապաշարմունք տածող ուղղութիւնը:
(3) Avant-garde- Նորաձեւ եւ փորձարարական գաղափարներ եւ մեթոտներ` արուեստի, երաժշտութեան կամ գրականութեան մէջ, յառաջապահական:
Աղբիւր` ARTnews