ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Հայֆիլմ» արուեստանոցը (studio) հիմնադրուած է 16 ապրիլ 1923-ին, Համօ Բեկնազարեանի (1892-1965) ջանքերուն շնորհիւ (1, 2): Այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը (9-16 յուլիս) կը համընկնի անոր հարիւրամեակին: Կը համընկնի նաեւ նոյնինքն «Ոսկէ ծիրան»-ի 20-ամեակին: Համավարակի եւ պատերազմի ծանր աղէտներուն պատճառով նախորդ երեք փառատօները տեղի ունեցած էին անաղմուկ: Կարելի էր ենթադրել, որ կրկնակի յոբելենական ձեռնարկը այս տարի ունենար արտակարգ շուք եւ … խորք: Փառատօնի գլխաւոր հովանաւոր Երեւանի քաղաքապետարանը ծէսերուն … ներողութիւն, հանդիսութիւններուն համար, կոկիկ «Կինօ Մոսկուա»-ին փոխարէն, յատկացուց կեդրոնէն աւելի քան 2,5 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Կարեն Դեմիրճեան մարզահամերգային հոյահամալիրը, որ կրնայ ընդունիլ մինչեւ տասը հազար հանդիսատես: Հայ շարժապատկերի պատմութեան մէջ յիշատակելի օր մը պիտի արձանագրուէր, եթէ այդ տարողութեան սիւնաշար մը Երեւանէն հետիոտն ուղղուէր դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Այդ չպատահեցաւ: Պէտք է յուսալ, որ (բուռ մը) օտար հիւրերը տպաւորուեցան… համալիրի ճարտարապետութեամբ:
Ցուցադրութիւններու ծրագիրը կը բաղկանար հետեւեալ բաժիններէն.
– Միջազգային մրցոյթ
– Տարածաշրջանային համայնապատկեր
– Կորիզ-կարճամեթրաժ
– Արտամրցութային
Փառատօնին կանոնաւորապէս անդրադարձած եմ (3, 4, 5, 6, 7, 8, 9): Հայկական համայնապատկերը, որ նախապէս փառատօնին ողնասիւնը կը կազմէր, ինչպէս եւ` 2006 թուականի յաւելուած փորձառական «համարձակ» ժապաւէններու «Ծուռ ծիրան» բաժինները, այժմ զեղչուած են: «Տարածաշրջանը» հասկնալիօրէն այլեւս չի ներառեր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, բայց կը շարունակէ ներառել անոնց դաշնակից, բայց այնուամենայնիւ սիրելի … Իսրայէլը:
Բացման հանդիսութեան համար ընտրուած էր Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործակցութեամբ արտադրուած յոյժ մեկնաբանելի գիտաերեւակայական ժապաւէն մը` «Ղուկաս» (Luka, J. Woodworth, 2022, 88վ): Նորակոչ զինուոր մը` խանդավառ, կ՛ուղղուի դէպի յառաջապահ ամրոց մը հերոսաբար պաշտպանելու համար մարդկային քաղաքակրթութիւնը: Շատ արագ յուսախաբ կ՛ըլլայ, սակայն երբ կը յայտնաբերէ, որ ամրոցը խաբկանք մըն է, եւ որ` անհեթեթ պատերազմը կը վարեն մեծամոլութեան ցնորքով (delusion of grandeur) տառապող հրամանատարներ: Դէպքերը արագ կ՛ընթանան դէպի կործանում: Դերեր վերցուցած են հոյլ մը կիսաստղեր, որոնց շարքին` Շարլի Չեփլինի զառամած դուստրը Ճերալտինը եւ «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնի հերոս Սամուէլ Թադեւոսեանը: Շլացուցիչ խորապատկերը ի հարկէ պատրաստուած է համակարգչային ամէնէն արդի միջոցներով: Անձնապէս կը դժուարանամ այդ հնարովի վատաստանեան (dystopia), վերացական պատերազմը դրական, ուսանելի կերպով առնչել ղարաբաղեան շատ իրական ծանր աղէտներուն: Կը դժուարանամ նաեւ յուսալիք «հերոս»-ը` Luka-ն, առնչել Ղուկաս Աւետարանիչին, որ Պօղոս առաքեալի բժիշկն էր, եւ որ` անոր կողքին մնաց աննկուն, մինչեւ կառափնարան:
Փակման հանդիսութեան համար, յետհայեաց յարգանքի կարգով, ընտրուած է փառատօնի պատուոյ նախագահ Ատոմ Էկոյեանի «Օրացոյցը (1993), որ, ըստ իս, կորուստի ողբերգ մըն է: Երբեմնի տաղանդաւոր բեմադրիչը այժմ, ցաւօք, խամրած Է: Յետարդիականութիւնը ատակ չէ իր այժմէականութիւնը պահող գրաւիչ ասք արտադրելու:
Պիտի անդրադառնամ միայն այն ժապաւէններուն, որոնց բեմադրիչները հայեր են, եւ կամ բներգը առնչուած է մեր ներկայ իրավիճակին:
Ա.- Երկարամեթրաժ ժապաւէններ.-
Ա1.– Գիւղանկար (Landschaft, Daniel Kötter, 2023, 96 վ). գեղեցիկ, զգայացունց եւ ուսանելի ժապաւէն մը, որ ցոյց կու տայ սահմանամերձ Սոթք աւանի առօրեան, երբ բացօթեայ ոսկիի հանքը, որուն տարածքին մեծ տոկոսը (ըստ բեմադրիչին` 70 առ հարիւրը, տե՛ս կողքի քարտէսը) նախքան պատերազմն իսկ կը գտնուէր Ազրպէյճանի մէջ, եւ որուն սեփականատէրը ռուս է, այժմ դադրած է աշխատանքէ: Շրջանի ազերի բնակչութիւնը 1988-ին պարտադրաբար հեռացած էր եւ փոխարինուած` հայ գաղթականներով: Անգործ մնացած հայ հանքագործներ այժմ կրնան զբաղիլ միայն անասնաբուծութեամբ եւ գետնախնձորի ցանքով: Վարդենիսը արեւելքէն եզերող ամբողջ Գեղամասար լեռնաշղթան ազերիներու հսկողութեան տակ է: Բացի ռազմակայաններէն` առկայ են անօդաչու սարքերը եւ … մեկնաբանելի տարաձայնութիւններ` գործակալներու գոյութեան շուրջ: Աւանին մէջ գտնուած է ազերիական դրամանիշ մը (մանաթ), որ վստահաբար տեղադրուած էր հոգեկան ճնշում բանեցնելու համար: Գիւղատնտեսական աշխատանքները եւ վարժարանի դասաւանդութիւնը յաճախ կ՛ընդհատուին: Ոչ ոք կը նորոգէ տան ժանգոտած կտուրը եւ կամ ռմբակոծումին պատճառած աւերները: Բնակչութիւնը կ՛ապրի մնայուն վախի մէջ: Կը տեսնենք կին մը, որ իր խոհանոցի օճախին մօտ ծէս մը կը կատարէ, հաւանաբար` չարը խափանելու համար: Կարելի՞ է մեղադրել իր ճակատագրին լքուած թշուառ մարդիկը (10): Զինուորական տարազով տարեց պատմող մը կու տայ դառն մեկնաբանութիւն. «Թուրքերը ասում են «հո՛ղ, հո՛ղ», մենք ասում ենք «փո՛ղ, փո՛ղ»: Չորս անգամ կը տեսնենք շատ երկար շոգեշարժ մը, որ Սոթքի հանածոն կը տանի դէպի ZOT-ի ոսկիի զտարանը:
Բացման տեսարանը այլաբանական է: Կը տեսնենք Սեւանի վրայ դէպի Վարդենիս ուղղուող նաւակ մը, որուն յատակը ջուր կ՛առնէ: Ուղեւորը փոքր թասով մը կը փորձէ պարպել ներսուզուած ջուրերը: Տխուր, անհեթեթ: Տեսարանը դիտուած է «ձուկերու աչքով»: Այլաբանական է նաեւ դէպի աւան ուղղուող տաւարի անցը կազատար խողովակի դարպասի ընդմէջէն: Այնուհետեւ մինչ այդ անշարժ քամերան կը դառնայ շարժուն: Աւարտական տեսարանը նոյնպէս այլաբանական է: Սահմանամերձ ոչխարի հօտը կը շարժի ամէն ուղղութեամբ: Ոչխարները սահման չեն ճանչնար: Այդ համահունչ է ժապաւէնի այն դրոյթին, թէ հայ-ազերի յարաբերութիւնները համերաշխ եւ սիրալիր էին նախքան 1988: Տեղացի մը կը պատմէ, որ լքելու պարտադրուած է ազերի դրացին իր բնակարանը եւ ամբողջ ունեցուածքն ու անասունները իրեն յանձնած է, որպէսզի պահպանէ մինչեւ իր վերադարձը:
Ժապաւէնը գորշ է, գրեթէ` անգոյն: Բեմադրիչը, որ միաժամանակ նկարողն է, կը բացատրէ, որ այդ հետեւանքն է աշնանային եղանակին: Կարելի էր ի հարկէ նկարահանումները կատարել ամրան:
Ա2.- Թոնրատուն, Իննա Մխիթարեան, 2022, 85 վ: Նկարահանուած է Ազգային կինոկենտրոնի նիւթական օժանդակութեամբ: Հինգ կարօտախտ տարեց կիներ կը հաւաքուին աւելի քան քսան տարի առաջ լքուած կիսամութ թոնրատան մը մէջ` թխելու համար քանի մը լաւաշ: Կատարուածը ոչ թէ տնային տնտեսութիւն է, այլ` ծէս մը, ուր կը վերարժեւորուի անցեալը: Ժապաւէնի յաւակնոտ ենթավերնագիրն է «Հայոց պատմութիւն»: Թերեւս հարկ է այդ կարդալ` «Հայոց կանացի պատմութիւն»: Թոնրատունէն դուրս, ամայի փողոցին մէջ կը տեսնենք ժապաւէնին միակ տղամարդը` անխնամ արտաքինով կեանքէն դառնացած տարեց մը, որ չի կրնար հասկնալ, թէ ի’նչ կը պատահի:
Բ.- Կարճամեթրաժ ժապաւէններ-Կորիզ.-
Բ1.- Ավ՛թոնա (Avt’une, 2023, 26վ) Վաւերագրական, Անի Գրիգորեան:
Գրեթէ դատարկ եզիտիական գիւղը այժմ կը կոչուի «Մեծաձոր» (տե՛ս կողքի քարտէսը): Ավ՛թունէ եզիտիներու լեզուով կը նշանակէ «ջուր չկայ», անջրդի: Շարք մը այլ թխովի վերանուանումներու նման` այս «հայացումը» եւս կորսնցուցած է տեղանունի պատմականն ու իմաստը: Սուքօ` 12 տարեկան, հոգեպէս երկփեղկուած պատանի մըն է, որ գորշ իրականութենէն կը փախչի դէպի երազանք: Հիանալի նկարահանումին կ՛ընկերակցի եզիտիերէն ժողովրդական սիրային հեքիաթ-երգ, որուն ուսանելի խորապատկերներն են եզիտիական առասպելաբանութիւնը եւ տիեզերաբանութիւնը բնութեան չորս տարրերուն (աւանդական հող, ջուր, օդ եւ կրակ) եւ արարչութեան մասին: Ժապաւէնին գեղեցիկ բաղադրիչներէն մէկն է տաղանդաւոր, շատ երիտասարդ երգահան Գրիգորի Բալասանեանի երաժշտութիւնը, որ յօրինուած է նկարահանումի ընթացքին: Նախ կը լսենք պատանիի տնկտնկոցը թիթեղէ տուփի եւ տախտակէ սալիկի վրայ: Ապա այդ պարզունակ մեղեդին եւ կշռոյթը ապշեցուցիչ հմտութեամբ կը զարգանան եւ վերածուին ճոխ ու բարդ երաժշտութեան: Գրիգորեան ունի տեսնելու եւ կողմնորոշուելու բացառիկ կարողութիւն: Վստահ եմ, որ իր յաջորդ ժապաւէնը պիտի չուշանայ: Բարի՛ երթ:
Բ2.- 250 քմ. Յասմիկ Մովսիսեան, 2022, 22վ խաղարկային:
Բացման տեսարանը պատգամ-երազ մըն է: Պատանին անհորիզոն (այլաբանակա՞ն) ջուրի տարածութեան մը ափին, շիւղ մը ձեռին անզօր ուտիճ մը կը չարչրկէ: Կը յայտնուի բացակայ հայրը եւ կը թելադրէ իր ճակատագիրը իր ձեռքերուն մէջ առնել: Ահազանգի փողեր: Ռմբակոծումը սկսած է: Լուսնշաղի կիսամութին մէջ մայրը կը շտապէ անչափահաս զաւակները պատրաստել, որպէսզի տունը լքեն:
Պատանին կ՛անցնի հօր ինքնաշարժի ղեկի ետին եւ կ՛ուղղուի դէպի Հայաստան: Իրենց հետ կ՛առնեն երկու դրացի կիներ, որոնցմէ մին ունի նորածին մը, իսկ միւսը յղի է: Ճանապարհին կը հանդիպին հրացանը ձեռին տարեց մարտիկի մը, որ կը փորձէր թուլամարմին որբ մանուկ մը փրկել: Մարտիկը իր տաք գլխանոցը կը յանձնէ որբ մանուկին, իսկ ինք կ՛ուղղուի դէպի ճակատ: Աւարտական տեսարանը ցոյց կու տայ սահմանագծի ցուցատախտակը` «Ազատ Արցախը կ՛ողջունէ ձեզ»: Գերազանցօրէն զգացական ժապաւէն մը:
Բ3.- Դատարկութիւն (Emptiness, 2022, 16 վ) Տիգրան Աղաջանեան, խաղարկային:
Ստացած է «Յատուկ յիշատակութիւն»: Գիտաերեւակայական-փիլիսոփայական ժապաւէն մը, որուն թատրն է կործանած քաղաքակրթութիւնը (բեմադրիչի բառերով` a post-apocalyptic world, 11) Հերոսը, որ սրունքէն եւ ձեռքերէն վիրաւոր է (այլաբանական առումով` հաշմուած) նոյնինքն բեմադրիչն է, թմբիրի մէջ կը զգայ կանացի ձեռք մը, որ իր դէմքը կը շոյէ (12): Կը հրաժարի իր ատրճանակով ինքնասպանութենէ եւ յատուկ սարքի մը միջոցով (նկարին մէջ վարի աջ անկիւն, աթոռի մը վրայ) կը սկսի կեանքի նշաններ փնտռել: Ահաւոր խոցի ազդեցութեան տակ հերոսին ընկալումը շփոթ է, անկարող զանազանելու իրականութիւնը պատրանքէն: Իր ցաւն ու զայրոյթը կ՛արտայայտէ շրջապատ իրերը ջարդելով եւ այրելով: Սարքին նշանները զինք կ՛ուղղեն դէպի լքուած բնակարան մը: Հերոսը այդտեղ ապաստանած զինք շոյող կինը կ՛ընկալէ որպէս ուրու: Կինը կը սոսկայ իր հերոսին արտառոց վարմունքէն եւ կը կրակէ: Սեւաթոյր ժապաւէնը կը միտի ցոյց տալ մարդկային յիմարութիւնը: Իսկական ցաւը Հայաստանի անհորիզոն երիտասարդութիւնը ջլատող հիւանդագին յոռետեսութիւնն է, զոր նման ժապաւէններ կ՛արտայայտեն:
Բ4.- Գիւղը, որ կանգնի (It takes a village, 2022, 20 վ), Օրֆելիա Համբարձումեան, խաղարկային:
Հայերէն վերնագիրը վերցուած է ժողովրդական այն առածէն, որ կ՛ըսէ` «Գիւղը կանգնի, գերան կոտրի», իսկ անգլերէն վերնագիրը` ափրիկեան առածէն, որ կ՛ըսէ` «It takes a village to raise a child» (Մեծնալու համար մանուկը ամբողջ գիւղի խնամքին կը կարօտի): Ցաւոտ բներգը առանց տղամարդ աւաններն են, ուր կիներ կը կատարեն գիւղատնտեսական աշխատանքները: Արտագնայ աշխատանքի գացած տղամարդոց կիներու վաւերագրութիւնը 2020 թուին բեմադրած էր Բամբ Վ. Ստեփանեանի դուստրը` Թամարան: Ժապաւէնին անդրադարձած եմ (13): Խաղարկային տարբերակը ունի յուզական տեսարաններ, ինչպէս` այնտեղ, ուր իր տարեդարձի երեկոյեան գլխաւոր հերոսուհին կը շպարուի սպասելով ամուսինին… հեռաձայնին, եւ կամ` այնտեղ, ուր արցունքոտ աչքերով կը փորձէ սիրտ տալ իր տարաժամ ծննդաբերող ընկերուհին: Նանօր Պետրոսեան հիանալի մարմնաւորած է լքուած կնոջ կերպարը:
Բ5.- Սատանայի գործերից.- (From the works of the Devil), 2022, 21վ, վաւերագրական, Տեսիլ Մեղդիկեան:
Ստացած է «Freedom Broker Armenia»-ի յատուկ մրցանակը (14): Եգիպտոս ծնած ֆրանսահայ երիտասարդուհին քանի մը օրուան համար Գահիրէ կը վերադառնայ, որպէսզի հայ լուսանկարիչներու եւ իր ընտանիքին վերաբերող տեսագրութիւն մը պատրաստէ: Արդիւնքը հեւքոտ գործ մըն է, որ հազիւ թէ կը շօշափէ այդ արուեստագէտ-արհեստաւորներու վաստակը: Կը տեսնենք երկու հանդիպումներ` լուսանկարիչի մը արհեստանոցին եւ հայկական ակումբի մը մէջ, նարտիի սեղանին շուրջ: Բեմադրիչը ներառած է նաեւ տեսարան մը Կիզէի անապատին մէջ, ուր անձամբ կը վերարտադրէ իր մեծ մամիկին աքսորը Տէր Զօրի մէջ: Ժապաւէնը աւելի շատ բեմադրիչին ինքնութեան փնտռտուքի մասին է, քան` լուսանկարչութեան: Վերնագիրը հաւանաբար կ՛ակնարկէ նկարներու հանդէպ կրօնական վերապահութեան:
Բ6.- Թռչող տերեւների երգը (The song of flying leaves), Արմինէ Անդա, 2023, 12վ, գծագրային:
Ստացած է իր դասի «Ոսկէ ծիրան» մրցանակը: 12 տարեկան աղջիկ մը անտառի յատակին պառկած է, ինքզինք ծածկած` չոր տերեւներով: Ծերունի մը զայն ոտքի կը հանէ եւ կը ծանօթացնէ բնութեան գաղտնիքներուն: Աղջնակը որբ է, անտառի ոգին … ներողութիւն, իմաստուն ծերունին իր վրայ կը վերցնէ անոր ծնողներու անկատար պարտականութիւնը: Արբունքի տարիքի աղջկան փոխակերպութիւնը կրկնուող բներգ մըն է, որուն ամէնէն ծանօթ օրինակներն են «Ալիսը կախարդական աշխարհի մէջ» պատմուածքը (Lewis Carroll1862) եւ «Գտնուած երազ» երաժշտական գծապատկերը (Յովհաննէս Դիլաքեան, 1976): Նմանութիւնը աւելի ցայտուն է երկրորդին մէջ: Ժապաւէնը ունի գաղտնուսական (esoteric) հակում, որ բացայայտօրէն կ՛արտայայտուի մեհենագիր կարճ ուղերձներու միջոցով: Բեմադրիչը նամակակցութեամբ յայտնեց, թէ մեհենագրութիւնը յօրինած է ներշնչուելով «հայկական հին խորհրդանիշներէ»:
Բ7.- «Քարեր» (Stones, 2023, 16 վ) Արման Այվազեան, վաւերագրական:
Փառատօնի թերեւս ամէնէն ցաւոտ ժապաւէնը: Ստացած է իր դասի «Արծաթ ծիրան» մրցանակը: Յանձնուած տարածքներու բնակիչները հինգ օր պայմանաժամ կը ստանան հեռանալու համար: Մինչ ոմանք կրակի կու տան բնակարանները, Բերձորի մէջ բուռ մը տղամարդիկ իրենց անհատական ինքնաշաժներով կը ձեռնարկեն խաչքարեր փոխադրել: Մթութեան մէջ քարքարուտ արահետներու վրայ քարշ կու տան մարդահասակ քարեր, որոնք աւելի քան երկու թոն ծանրութիւն կրնան ունենալ: Կատարուածը աւելի շատ ինքնամխիթարութեան սրտակոտոր ծէս մըն է, քան` աւանդի փրկութիւն: Կարելի՞ է գաղտագողի փոխադրել Դադիվանքը, Ամարասն ու հազարամեայ պատմութեան անհամար կոթողներն ու բեկորները:
Աւարտական տեսարանին մէջ ճամբու եզերքին փրկութեան սպասող տարեց ուսուցչուհի մը յուսահատ կը վերադառնայ տուն (տե՛ս կողքի նկարը): Ակամայ յիշեցի դպրոցական տարիներուն զիս ցնցած պատմուածքը` Դերենիկ Դեմիրճեանի «Աւելորդը» (1917):
Հուսկ բանք.– Երկու ցաւ.- Ա.- «Ոսկէ ծիրան»-ի կազմակերպիչներուն առաջնահերթութիւնները յետ աղէտ փոփոխութիւն կրած ըլլալ կը թուին: Նախորդ շուրջ տասը տարիներու ընթացքին մամլոյ հետ կապի պատասխանատուն սիրով կ՛օգնէր կապ հաստատելու բեմադրիչներու եւ արտադրողներու հետ, որպէսզի ժապաւէնները առցանց դիտելու արտօնութիւն ստանամ: Անցեալ տարի դիմումս մնաց անպատասխան, իսկ այս տարի ստացայ մերժում: Պատասխանատուն (15) պատճառաբանեց, որ կազմակերպիչները կը յարգեն մասնակիցներու առանձնութեան (privacy) ցանկութիւնը, մինչդեռ բոլոր այն բեմադրիչները, որոնց դիմած եմ, հաճոյքով անբացառ ոչ միայն կ՛արտօնեն, այլեւ բացատրութիւններ կու տան, որովհետեւ ցանկալի է, որ իրենց գործը արձագանգ ունենայ:
Բ.– Շատ աւելի խոր ցաւը այն է, որ հայկական շարժապատկերը (ինչպէս եւ թատրոնը, եւ ոչ միայն) տակաւին չեն փորձեր աղէտներու համայնական, գեղարուեստական ընկալումը ձեւաւորել: Կը տեսնենք մանրապատում, կարօտախտ եւ սեւաթոյր անհատական խուսափանքներ (escapade): Ցուցադրուած միակ ժապաւէնը, որ ուսանելի հարցադրումներ կը ներկայացնէ, բեմադրուած է գերմանացի Դ. Քէօթլերի կողմէ, եւ որ` արտադրուած է «Կէօթէ» հաստատութեան աջակցութեամբ:
———————-
- «Կ՛ուզուի.- «Հայֆիլմ»-ի ծռեր», «Ազդակ», 10 սեպ., 2018:
- «Հայկական շարժապատկերի ժառանգը եւ ժառանգորդները», «Ազդակ», 13 հոկ., 2018:
- «Փոքր ածուի ծիրանը», «Ազդակ», 2 օգ, 2014:
- «Փոքրացող ածուի ծիրանը», «Ազդակ», Ա. եւ Բ. 14, 20 եւ 21 օգ. 2015:
- Փոքրիկ Ածուի Ծիրանը», «Ազդակ», Ա. եւ Բ., 31 օգ եւ 1 սեպտ. 2016:
- «Թօշնող Ծիրանի Հեւքը», «Ազդակ», 29 յուլիս 2017:
- «Ծիրանի մանր ցոգոլ» Ա. եւ Բ., «Ազդակ», 6 եւ 7 սեպտ. 2019:
- «Ոսկէ Ծիրան եւ խոր տապկուած նապաստակի ականջներ», «Ազդակ», 14 դեկ. 2020:
- «Ոսկէ Ծիրան, աղէտաբեռն ժամանակի բերքը», «Ազդակ», 29 յունուար 2022:
- Ենթակայի գլխուն վերեւ պնակ մը ջուրի մէջ հալած կապար թափել:
- Յովհաննու Յայտնութիւնը անգլերէնով կը կոչուի apocalypse որ լատիներէնի ճամբով կու գայ յունարէնէ: Տառացիօրէն կը նշանակէ ապա-ծածկել: Բառը այժմ կը նշանակէ համատարած պատերազմ-աղէտ որ կը կործանէ աշխարհը:
- Հաշմուած ֆիզիքականը կրնայ այլաբանական ըլլալ: Հանճարեղ Սոֆոկլեսի ծանօթ բարդոյթահար Էդիբ Արքայի (Oedipus) անունը կը նշանակէ «ուռած ոտք»:
- Տես «Կանացի աչքերով», «Ազդակ» 26 յունուար 2021:
- Ներդրումներու միջնորդութեան հաստատութիւն մը:
15. Ռոզա Գրիգորեան, լեզուագէտ:
Աս գրւածքը շատ աղվոր է: Աս գրողին գրածները միշտ լաւ են, մէկ արւեստէ բան կը սորուի: Մէկ բան մը կրնա՞մ ըսել. իր հայերէնը քիչ մը բարցր է, եթէ քիչ մը դիւինցնէ, շնորհակալ կըլլանք: